«Տունէ տուն»
«ԱՄԷՆ օր տաճարը ու տուներուն մէջ [տունէ տուն (ՆԱ)] չէին դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ (Գործք 5։42) Եհովայի Վկաները յաճախ այս եւ Գործք 20։20–ի համարը կը գործածեն իրենց դռնէ դուռ քարոզելու գործին սուրբ գրային հիմը փաստելու համար։ Գերմանիոյ մէջ, սակայն, Եհովայի Վկաները քննադատողներէն ոմանք ասպարէզ կարդացած են Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան այս համարները թարգմանած կերպին, դաւանելով որ անիկա բնագիր Յունարէնը կը խեղաթիւրէ։
Արդեօք այսպիսի դաւանութիւններ վաւերակա՞ն են։ Բնաւ երբեք։ Նախ, առնուազն վեց ուրիշ Աստուածաշունչի Գերմաներէն թարգմանութիւններ այս համարները նոյնանման կերպով կը թարգմանեն։ Անոնց մէջ է Ռուբէրթ Սթոր–ի, Ֆրանզ Սիկկը–ի եւ Ժագոպ Շաֆֆըր–ի կողմէ (վերստուգուած՝ Ն. Ատլըր–ի կողմէ) վերստուգեալ Zürcher Bibel–ը եւ «Նոր Կտակարաններ»ը՝։ Շատ մը Անգլերէն թարգմանութիւններ համաձայն են։
Գերմանացի ուսումնական Հանց Պրունզ, Գործք 5։42–ի մէջ, «տունէ տուն» իր թարգմանութիւնը կը ջատագովէ, ըսելով. «Ըստ բնագրին, կը թուի որ անոնք տունէ տուն կ’երթային»։ Այո, այս համարին մէջ բնագիր արտայայտութիւնը՝ քաթոյիքօն, մակբայական իմաստով («տան մէջ») չի գործածուիր, այլ՝ բաշխողական իմաստով, բառացիօրէն նշանակելով «ըստ տան»։ (Յոգնակի ձեւը՝ քաթոյիքուս, նշանակելով՝ «ըստ տուներուն», կը գտնուի Գործք 20։20–ի մէջ)։ Ուրիշ ուսումնականներ, ինչպէս Հայնց Շիւրման, այս արտայայտութիւններուն բաշխողական թարգմանութիւնը կը ստուգեն։ Հօրսթ Պալզ եւ Կերհարթ Շնայտըր՝ Նոր Կտակարանին մեկնաբանական բառարանի մը հրատարակիչները՝ կ’ըսեն որ այս արտայայտութիւնը կրնայ «տունէ տուն» թարգմանուիլ։ Անգլերէն բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ այս համարը նոյն կերպով կը բացատրեն։
Անգամ մը եւս, ուրեմն, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը քննադատներու յարձակումներուն դէմ դրած է։ Աւելի կարեւորը, յստակ է որ տունէ տուն ծառայութեան համար սուրբ գրային հաստատ հիմ մը կայ։ (Բաղդատել Մատթէոս 10։11–14. 24։14)։ Եհովայի Վկաները առանձնաշնորհումը ունին այս մարզին մէջ ընդօրինակելու առաջին դարու իրենց համանմանները։