Տունէ տուն վկայել
1. Տունէ տուն ծառայութեան վերաբերեալ ի՞նչ հարցում կը ծագի եւ ինչո՞ւ։
1 «Ճշմարտութիւնը տարածելու զանազան կերպերուն վարժ եղողները կը համաձայնին թէ Հազարամեայի արշալոյսը ցրուելով՝ տունէ տուն ծառայելու արշաւը, ցարդ Ճշմարտութիւնը քարոզելու ամենէն ազդու կերպն է»։ Սիօնի Դիտարան 1 Յուլիս 1893 թիւին մէջ նշուած այդ խօսքը ընդգծեց տունէ տուն ծառայութեան արժէքը։ Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ զայն կը նկատեն Եհովայի Վկաներուն մէկ առանձնայատկութիւնը կամ վաճառանիշը։ Այս մեթոտը տակաւին ազդո՞ւ է, մանաւանդ որ կարգ մը երկիրներու մէջ մարդիկը տունը գտնելը հետզհետէ կը դժուարանայ։
2. Տունէ տուն վկայելու աստուածաշնչական հիմը ի՞նչ է։
2 Աստուածաշնչական ու կարեւոր. Տունէ տուն վկայելը աստուածաշնչական հիմ ունի։ Յիսուս 70 աշակերտներու պատուիրեց որ երկու–երկու մարդոց տուները երթան։ (Ղուկ. 10։5-7) Յիսուսի մահէն քիչ ետք, Աստուածաշունչը իր աշակերտներուն մասին կ’ըսէ. «Ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ (Գործք 5։42) Պօղոս առաքեալն ալ նախանձախնդրաբար տունէ տուն սորվեցուց։—Գործք 20։20
3. Տունէ տուն վկայելուն կարգ մը առաւելութիւնները ի՞նչ են։
3 Ներկայիս տունէ տուն վկայելը տակաւին բարի լուրը տարածելու կարեւոր մեթոտ մըն է։ Անիկա կարելի կը դարձնէ որ կանոնաւոր ու կազմակերպուած կերպով արժանաւորները ‘փնտռենք’։ (Մատթ. 10։11) Ընդհանրապէս մարդիկ իրենց տան մէջ աւելի հանգիստ կը զգան։ Անոնց հետ դէմ յանդիման խօսիլը,– անոնց ձայնը լսելը, անոնց դէմքի արտայայտութիւնները տեսնելը եւ անոնց շրջապատը դիտելը,– թոյլ կու տայ որ անոնց հետաքրքրութիւններն ու մտահոգութիւնները զատորոշենք։ Ասիկա յաճախ լաւագոյն պատեհութիւնը կու տայ մեզի որ անոնց հետ ճոխ խօսակցութիւն մը ունենանք։
4. Ի՞նչպէս կրնանք տունէ տուն վկայելը աւելի արդիւնաբեր դարձնել։
4 Անձնապէս ճշդումներ ըրէ. Պօղոս առաքեալ պատրաստ էր «աւետարանին համար» անձնապէս ճշդումներ ընելու։ (Ա. Կորն. 9։23) Թերեւս կրնանք մեր յայտագիրը յարմարցնել, որ քարոզենք այն ատեն երբ աւելի մարդիկ տունը կ’ըլլան, ինչպէս՝ յետմիջօրէին, շաբաթավերջերուն կամ արձակուրդներուն։ Տունը չեղողներուն մասին արձանագրութիւն մը պահէ եւ շաբթուան ուրիշ մէկ օրը կամ օրուան ուրիշ մէկ ժամը վերադարձիր։
5. Առողջապահական սահմանափակումներ ունեցողները ի՞նչպէս կրնան տունէ տուն քարոզչութեան մասնակցիլ։
5 Նոյնիսկ առողջապահական սահմանափակումներ ունեցողները կրնան տունէ տուն քարոզչութեան մասնակցիլ։ Թերեւս ծրագրենք այսպիսիներու հետ երթալ այն տուները, որոնք դիւրամատչելի են, եւ թոյլ տալ որ դանդաղօրէն քալեն ու հանգստօրէն ծառայեն։ Շունչի նեղութիւն ունեցող քոյր մը կրցաւ ամէն կէս ժամ միայն մէկ դուռ զարնել, բայց շատ ուրախ ու գոհունակ զգաց, որ կարգ մը Վկաներ զինք իրենց ծառայութեան յայտագրին մէջ պարփակեցին։
6. Ինչո՞ւ տունէ տուն վկայելը մեր ծառայութեան կանոնաւոր մէկ երեսակը պէտք է դարձնենք։
6 Տակաւին տունէ տուն ծառայութեան միջոցաւ բազմաթիւ ոչխարանման անհատներ կը գտնենք։ Հրատարակիչ մը դուռ մը զարնելէն ետք, մէկը իրեն ըսաւ. «Նե՛րս մտիր։ Գիտե՛մ թէ ով ես։ Աստուծոյ կ’աղօթէի որ մէկը ղրկէ որ ինծի օգնէ, ապա դրան զարկը լսեցի։ Աստուած ինծի լսեց եւ քեզ ղրկեց»։ Արդիւնքները ցոյց կու տան թէ Եհովա քարոզելու այս մեթոտը կ’օրհնէ։ (Մատթ. 11։19) Վճռէ տունէ տուն վկայելը ծառայութեանդ կանոնաւոր մէկ երեսակը դարձնել։