Կրնա՞ս երեկոները վկայել
1. Ուսումնականի մը համաձայն, Պօղոս առաքեալ ե՞րբ տունէ տուն քարոզեց։
1 Գիրքի մը համաձայն (Daily Life in Bible Times), Պօղոս առաքեալ սովորաբար տունէ տուն քարոզեց «կ.ե. ժամը 4–էն մինչեւ ուշ գիշեր»։ Չենք գիտեր եթէ ասիկա Պօղոսին սովորական յայտագիրն էր, բայց գիտենք թէ ան պատրաստ էր ‘ասիկա աւետարանին համար ընելու’ (Ա. Կոր. 9։19-23)։ Ասիկա պիտի պարփակէր իր գործերը կարգի դնել, որպէսզի տունէ տուն քարոզէր այն ժամերուն, երբ մարդիկ ընդհանուր առմամբ տունը կ’ըլլային։
2. Երեկոները ծառայելը ինչո՞ւ կրնայ յարմար ժամանակ ըլլալ։
2 Շատ մը շրջաններ, հրատարակիչները սովորաբար առտուները տունէ տուն քարոզած են։ Բայց ինչ կը վերաբերի քու շրջանիդ, ասիկա տակաւին լաւագոյն ժամանա՞կն է։ Ռահվիրայ մը իր թաղամասին ակնարկելով կ’ըսէ. «Ցերեկը դժուար թէ տուները մարդիկ գտնես։ Բայց երեկոյեան ժամերուն, գրեթէ ամէն մարդ տունը կ’ըլլայ»։ Երեկոները վկայելը կրնայ լաւագոյն պատեհութիւնը տալ, որ բարի լուրը յատկապէս տղամարդոց հասցնենք։ Տանտէրները յաճախ աւելի հանդարտ եւ տրամադիր կ’ըլլան զրուցելու։ Եթէ այսպէս ընելը օգտակար է, երէցները պէտք է երեկոյեան հաւաքավայրեր կազմակերպելու կարգադրութիւն ընեն։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք խորաթափանց ըլլալ, երբ երեկոները կը վկայենք։
3 Խորաթափանց եղիր։ Երեկոները վկայելու ատեն, խորաթափանց ըլլալը կարեւոր է։ Օրինակի համար, եթէ անյարմար ժամանակ մը տանտիրոջ այցելելու ըլլաս, ինչպէս՝ իր ընթրիքի ընթացքին, լաւագոյն բանն է առաջարկել՝ յետոյ վերադառնալ։ Եթէ մութ է, կեցիր տեղ մը ուր տանտէրը կրնայ քեզ տեսնել, եւ անմիջապէս դուն քեզ ներկայացուր եւ ըսէ այցելութեանդ նպատակը։ Նաեւ իմաստութիւն է զոյգ–զոյգ քարոզել (կամ խումբով երթալ թաղամաս) եւ մնալ լուսաւոր եւ ոչ–ամայի փողոցները։ Շատ ուշ ժամերուն մի՛ այցելեր, որպէսզի չխանգարես տանտէրները որոնք կը պատրաստուին քնանալու (Բ. Կոր. 6։3)։ Եթէ որոշ թաղամաս մը մթննալէ ետք անապահով է, երեկոյեան կանուխ ժամերուն վկայէ (Առ. 22։3)։
4. Երեկոները վկայելը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։
4 Օրհնութիւններ։ Ծառայութիւնը շատ աւելի հաճելի կ’ըլլայ, երբ կարող կ’ըլլանք վկայութիւն տալու։ Եւ ո՛րքան աւելի կարելի ըլլայ վկայելը, ա՛յդքան աւելի պատեհութիւններ կ’ունենանք մարդոց օգնելու, որ «փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Կրնա՞ս յայտագիրդ յարմարցնել՝ երեկոները վկայելու։