Յայտագիրդ կրնա՞ս յարմարցնել
1. Քարոզչութեան մեր յայտագիրը ինչո՞ւ պէտք է յարմարցնենք։
1 Ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ըլլալով, «մարդոց որսորդ» ըլլալու հրաւէրը ընդունած ենք։ (Մատթ. 4։19) Բառացի ձկնորսին նման, որսորդութեան մէջ կրնանք աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգել, եթէ քարոզելու ժամանակը այնպէս մը յայտագրենք որ մարդիկ տունը գտնենք։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, յառաջիկայ ամիսներուն՝ արեւը աւելի ուշ ատեն մայր պիտի մտնէ։ Երեկոյեան կանուխ ժամերուն, շատեր տունը կը գտնուին եւ յաճախ լաւ տրամադրութիւն կ’ունենան եւ դիւրաւ այցելուներ կ’ընդունին։ Կրնա՞ս յայտագիրդ յարմարցնել որ այդ ժամերուն քարոզես։—Ա. Կորն. 9։23
2. Ի՞նչ կերպերով կրնանք բարի լուրը աւելի շատ մարդոց ներկայացնել։
2 Երեկոյեան վկայութիւն. Երեկոյեան ժամերուն քարոզելու համար կանխաւ ծրագրելը կ’օգնէ որ բարի լուրը աւելի շատ անհատներու ներկայացնենք։ (Առ. 21։5) Պատանիները դպրոցէն արձակուելէ ետք կրնան քարոզչութեան մասնակցիլ, իսկ ուրիշներ՝ իրենց գործերէն ետք։ Գիրքի ուսումնասիրութեան խումբերէն ոմանք կրնան շաբաթական ուսումնասիրութենէն առաջ մէկ ժամ քարոզելու կարգադրութիւն ընել։
3. Ուշ յետմիջօրէին եւ երեկոյեան կանուխ ժամերուն, ի՞նչ կերպերով կրնաս թաղամասիդ մէջ քարոզել։
3 Ուշ յետմիջօրէին եւ երեկոյեան կանուխ ժամերուն տունէ տուն քարոզելը առիթ կու տայ որ հանդիպինք անոնց, որ սովորաբար տունը չենք գտներ։ Շատ մը թաղամասերու մէջ, երեկոները կրնանք նաեւ ընել փողոցի քարոզչութիւնը եւ հանրային վկայութեան միւս կերպերը։ Իսկ շատերու համար երեկոները լաւագոյն ժամանակն են վերայցելութիւններ ընելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելու։
4. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երեկոյեան վկայութեան ատեն խորատես ու նկատառու ըլլանք։
4 Խորատեսութեան հարկ կայ. Երեկոյեան վկայութեան մասնակցիլը լաւ դատողութիւն կը պահանջէ։ Սովորաբար նախընտրելի է վկայել երեկոյեան կանուխ ժամերուն, քան թէ՝ մարդոց դռները զարնել, երբ անկողին պիտի մտնեն։ (Փիլ. 4։5) Երբ դուռ մը զարնես, կեցիր ուր կրնան քեզ տեսնել, եւ ինքնութիւնդ յստակօրէն բնորոշէ։ Այցելութեանդ նպատակը անմիջապէս գիտցուր։ Եթէ անպատեհ ժամանակ մը դուռը զարկիր, ինչպէս երբ ընտանիքը կ’ընթրէ, առաջարկէ ուրիշ անգամ այցելել։ Միշտ նկատառու եղիր։—Մատթ. 7։12
5. Ի՞նչպէս կրնանք քարոզելու ատեն հաւանական վտանգներէ խուսափիլ։
5 Պէտք չէ անտեսենք հաւանական վտանգները։ Եթէ իրիկնամուտին կամ մթննալէն ետք պիտի վկայէք, նախընտրելի է որ զոյգ–զոյգ կամ խումբով ըլլաք։ Լուսաւոր փողոցներ գործածեցէք ու մի՛ մեկուսանաք։ Վկայեցէք միայն այն վայրերուն մէջ, ուր ապահով կը զգաք։ Խուսափեցէք այն շրջաններէն, որոնք մութը կոխելէ ետք կրնան ապահով չըլլալ։—Առ. 22։3
6. Ուշ յետմիջօրէին եւ երեկոյեան կանուխ ժամերուն քարոզելը ի՞նչ յաւելեալ օգուտ կը բերէ։
6 Ուշ յետմիջօրէին եւ երեկոյեան կանուխ ժամերուն քարոզելը մեզի թոյլ կու տայ որ օժանդակ ու կանոնաւոր ռահվիրաներուն հետ ծառայենք։ (Հռովմ. 1։12) Ծառայութեան այս երեսակին մասնակցելու համար, կրնա՞ս յայտագիրդ յարմարցնել։