Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 5/1 էջ 13-18
  • «Զինք չտեսաք՝ բայց սիրեցիք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Զինք չտեսաք՝ բայց սիրեցիք»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անոնց Լսած Բաները
  • Անոր Ցուցաբերած Հոգին
  • Խոնարհութեամբ Աստուծոյ կ’Ապաւինի
  • Իրեն Հանդէպ Մեր Սէրը Արտայայտել
  • Մարզուած՝ ամբողջական վկայութիւն տալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Եհովա ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ՝ ներկայիս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Հաւատարիմ մնաց փորձութիւններու դիմաց
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 5/1 էջ 13-18

«Զինք չտեսաք՝ բայց սիրեցիք»

«Զինք չտեսաք՝ բայց սիրեցիք, եւ առանց զինք տեսնելու կը հաւատաք, ուրախանալով այն անպատմելի ու փառաւոր խնդութեամբ»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 1։8, ՆԱԹ։

1. Թէեւ ներկայիս երկրի վրայ ո՛չ մէկը տեսած է Յիսուսը, սակայն կարգ մը կրօնասէր անհատներ ի՞նչպէս կը ջանան նուիրում ցուցաբերել իրեն հանդէպ։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ, երկրի վրայ ապրողներէն ո՛չ մէկը տեսած է Յիսուս Քրիստոսը։ Սակայն, միլիոնաւոր մարդիկ կը դաւանին զինք սիրել։ Ամէն տարի, Յունուար 9–ին, Ֆիլիպեան Կղզիներու Մանիլա քաղաքին մէջ, Յիսուս Քրիստոսի լման–հասակով խաչակիր արձանը կը քաշքշուի փողոցներուն մէջէն։ Ասիկա նկարագրուած է որպէս երկրին մէջ ժողովրդականութիւն ունեցող կրօնքին ամենէն զանգուածային եւ ամենէն շքեղ ցուցադրութիւնը։ Ոգեւորուած ամբոխը կը հրէ ու կը հրմշտկէ. մարդիկ նոյնիսկ իրարու վրայ կը մագլցին, արձանին դպչելու մոլեգին ջանքով մը։ Հոն ներկայ եղողներէն շատեր, գլխաւորաբար տօնական մթնոլորտով հետաքրքրուած են։ Սակայն, անկասկած անոնցմէ ոմանք, անկեղծօրէն Յիսուսով հրապուրուած կը զգան։ Որպէս ապացոյց, անոնք իրենց վրայ խաչեր կը կրեն, եւ կամ կանոնաւորաբար եկեղեցի կը յաճախեն։ Բայց եւ այնպէս, այսպիսի կռապաշտութիւն որպէս ճշմարիտ պաշտամունք կրնա՞յ նկատուիլ։

2, 3. (ա) Յիսուսի հետեւորդներէն որո՞նք իրապէս տեսան եւ լսեցին զինք։ (բ) Առաջին դարուն, որո՞նք ալ Յիսուսը սիրեցին եւ իրեն հաւատք ընծայեցին, թէեւ բնաւ անձնապէս չտեսան զինք։

2 Առաջին դարուն, Յուդայի, Սամարիայի, Բերիայի եւ Գալիլիայի հռովմէական նահանգներուն մէջ հազարաւորներ անձնապէս տեսան Յիսուս Քրիստոսը եւ լսեցին զինք։ Անոնք մտիկ ըրին, մինչ ան կը բացատրէր Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սրտապնդիչ ճշմարտութիւններ։ Անոնք ականատես եղան Յիսուսի կատարած հրաշքներուն։ Անոնցմէ ոմանք իր նուիրուած աշակերտները եղան, համոզուելով՝ թէ ան էր «Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ (Մատթէոս 16։16) Սակայն, ասոնք մաս չէին կազմեր անոնց՝ որոնց Պետրոս առաքեալ յղեց իր առաջին ներշնչեալ նամակը։

3 Պետրոս իր նամակը ուղղած էր հռովմէական նահանգներու՝ Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ գտնուողներուն, որոնք ներկայ Թուրքիոյ շրջանին մէջ են։ Պետրոս անոնց գրեց. «Զինք չտեսաք՝ բայց սիրեցիք, եւ առանց զինք տեսնելու կը հաւատաք, ուրախանալով այն անպատմելի ու փառաւոր խնդութեամբ»։ (Ա. Պետրոս 1։1, 8, Նոր Աշխարհաբար Թարգմանութիւն) Անոնք ի՞նչպէս այն աստիճան ճանչցած էին Յիսուս Քրիստոսը, որ զինք սիրէին եւ հաւատք ի գործ դնէին իր վրայ։

4, 5. Յիսուսը բնաւ չտեսած անհատներ ի՞նչպէս իր մասին բաւարար գիտցան, որպէսզի զինք սիրեն եւ հաւատք ընծայեն իրեն։

4 Բացայայտօրէն, ոմանք Երուսաղէմ կը գտնուէին, երբ Պետրոս առաքեալ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի տօնին ներկայ գտնուող բազմութեան վկայեց։ Տօնէն ետք, բազմաթիւ աշակերտներ Երուսաղէմ մնացին, առաքեալներէն յաւելեալ ցուցմունքներ ստանալու համար։ (Գործք 2։9, 41, 42. բաղդատել՝ Ա. Պետրոս 1։1։) Միսիոնարական կրկնակի ճամբորդութիւններով, Պօղոս առաքեալ ջանադրութեամբ այդ շրջանի բնակիչներուն ալ ծառայեց, որոնց Պետրոս առաքեալ իր անունը կրող առաջին սուրբ գրային նամակը յղեց։—Գործք 18։23. 19։10. Գաղատացիս 1։1, 2

5 Այդ անհատները որոնք երբեք Յիսուսը տեսած չէին, ինչո՞ւ այդքան զօրաւոր կերպով հրապուրուած էին իրմով։ Մեր օրերուն, ինչո՞ւ համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ խորապէս կը սիրեն զինք։

Անոնց Լսած Բաները

6. (ա) Եթէ պատահէր որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին Պետրոսի վկայութիւնը լսէիք, թերեւս ի՞նչ պիտի սորվէիք։ (բ) Հոն ներկայ եղող շուրջ 3,000 անհատներու ասիկա ի՞նչպէս ազդեց։

6 Եթէ Երուսաղէմի մէջ ըլլայիք, երբ Պետրոս այդ տօնակատարութեան ներկայ գտնուող ամբոխին խօսեցաւ Հ.Դ. 33–ին, Յիսուսի մասին ի՞նչ պիտի սորվէիք։ Անկասկած՝ իր կատարած հրաշքները ցոյց տուին թէ ան Աստուծմէ ղրկուած էր։ Թէ մեղաւոր մարդիկ Յիսուսը մահուան մատնած էին, բայց ան գերեզմանին մէջ չէր մնացած, այլ յարուցանուած, ապա երկինք՝ Աստուծոյ աջ կողմը բարձրացուած էր։ Նաեւ՝ թէ Յիսուսը՝ Քրիստոսն էր, այն Մեսիան, որու մասին մարգարէները գրած էին։ Թէ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ սուրբ հոգին թափուած էր իր հետեւորդներուն վրայ, որպէսզի կարող ըլլային բազմաթիւ ազգերէ եկած մարդոց վկայել, իր Որդւոյն միջոցաւ Աստուծոյ կատարած հոյակապ բաներուն մասին։ Այդ առիթով, Պետրոսին խօսքերը լսողներէն շատերուն սրտերը խորապէս ազդուեցան եւ անոնցմէ 3,000 հոգիի չափ մկրտուեցան, որպէս Քրիստոնեայ աշակերտներ։ (Գործք 2։14-42) Եթէ հոն ըլլայիք, այսպիսի վճռական քայլ մը պիտի առնէի՞ք։

7. (ա) Եթէ պատահէր որ Անտիոքի մէջ գտնուէիք երբ Պօղոս առաքեալ հոն կը քարոզէր, թերեւս ի՞նչ պիտի սորվէիք։ (բ) Ինչո՞ւ այդ բազմութեան մէջէն ոմանք հաւատացեալներ եղան եւ բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնեցին։

7 Եթէ դուք ալ գտնուէիք անոնց մէջ, որոնց Պօղոս առաքեալ կը սորվեցնէր հռովմէական Գաղատիոյ նահանգի Անտիոքին մէջ, տակաւին ի՞նչ կրնայիք սորվիլ Յիսուսի մասին։ Կրնայիք լսել Պօղոսի բացատրութիւնը թէ Երուսաղէմի իշխաններուն կողմէ Յիսուսի մահուան դատապարտուիլը մարգարէներուն կողմէ նախագուշակուած էր։ Նաեւ կրնայիք լսել Յիսուսի յարութեան մասին ականատեսներու վկայութիւնը։ Վստահօրէն տպաւորուած պիտի ըլլայիք Պօղոսի տուած բացատրութենէն թէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանելով, Եհովա հաստատած էր որ անիկա արդարեւ Աստուծոյ Որդին էր։ Իսկ ձեր սրտերը պիտի չտոգորուէի՞ն սորվելով թէ Յիսուսի հաւատք ընծայելով կարելի էր մեղքերու թողութիւն ունենալ, որ յաւիտենական կեանքի կրնար առաջնորդել։ (Գործք 13։16-41, 46, 47. Հռովմայեցիս 1։4) Իրենց լսածին իմաստը ըմբռնելով, Անտիոքի մէջ ոմանք աշակերտներ եղան, բարի լուրը ուրիշներու հետ ժրաջանութեամբ բաժնելով, հակառակ անոր որ այդ քայլը առնելով սաստիկ հալածանք պիտի դիմագրաւէին։—Գործք 13։42, 43, 48-52. 14։1-7, 21-23

8. Եթէ պատահէր որ Եփեսոսի ժողովքին մէջ, ժողովի մը ընթացքին հոն գտնուէիք երբ Պօղոսի նամակը ստացան, ի՞նչ կրնայիք սորվիլ։

8 Եթէ երբեք Ասիոյ հռովմէական նահանգի՝ Եփեսոսի՝ քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցած ըլլայիք, երբ անոնց յղած Պօղոսի ներշնչեալ նամակը հասաւ, անկէ ի՞նչ կրնայիք սորվիլ Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի ունեցած դերին մասին։ Այդ նամակին մէջ Պօղոս կը բացատրէր թէ՝ ի՛նչ որ երկինքը ու ի՛նչ որ երկրի վրայ կայ, Քրիստոսի միջոցաւ ետ ներդաշնակութեան մէջ պիտի բերուէր Աստուծոյ հետ, թէ՝ Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ պարգեւը, բոլոր ազգերէն մարդոց վրայ տարածուած էր, թէ՝ իրենց մեղքերուն պատճառաւ Աստուծոյ աչքին մեռած անհատներ, Քրիստոսի հաւատք ընծայելով կը վերակենդանանային, եւ թէ՝ այս կարգադրութեան որպէս արդիւնք, մարդոց համար դարձեալ կարելի էր որ Աստուծոյ սիրելի որդիները ըլլային։—Եփեսացիս 1։1, 5-10. Եփեսացիս 2։4, 5, 11-13

9. (ա) Ի՞նչ բան կ’օգնէ ըմբռնելու թէ Եփեսացիներուն գրած Պօղոսի նամակին նշանակութիւնը անհատապէս հասկցած էք թէ ոչ։ (բ) Պետրոսի կողմէ յիշուած հռովմէական նահանգներու մէջ գտնուող եղբայրները Յիսուսի մասին իրենց սորվածէն ի՞նչպէս ազդուած էին։

9 Այս բոլորը գնահատելը Աստուծոյ Որդւոյն հանդէպ ձեր սէրը պիտի խորացնէ՞ր։ Այդ սէրը պիտի ազդէ՞ր ձեր առօրեայ կեանքին, ինչպէս Պօղոս առաքեալ քաջալերեց Եփեսացիս 4–էն 6–րդ գլուխներուն մէջ։ Այսպիսի գնահատութիւն մը պիտի մղէ՞ր ձեզ որ կեանքի մէջ ձեր անձնական նախապատուութիւնները ուշադրութեամբ քննէիք։ Աստուծոյ հանդէպ սէրէ եւ իր Որդւոյն հանդէպ գնահատութենէ մղուած՝ պէտք եղած վերաճշդումները պիտի ընէի՞ք, որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարելը ձեր կեանքին կորիզը դառնար։ (Եփեսացիս 5։15-17) Ասիոյ, Գաղատիոյ, ինչպէս նաեւ հռովմէական այլ նահանգներու մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն վրայ, իրենց սորված բաներուն ունեցած ազդեցութեան նկատմամբ, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Զինք [Յիսուս Քրիստոսը] չտեսաք՝ բայց սիրեցիք, . . . [անոր] կը հաւատաք, ուրախանալով այն անպատմելի ու փառաւոր խնդութեամբ»։—Ա. Պետրոս 1։8, ՆԱԹ

10. (ա) Ի՞նչ բան անկասկածօրէն սատարեց Յիսուսի հանդէպ նախկին Քրիստոնեաներուն սիրոյն։ (բ) Մենք ալ ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

10 Անկասկած, ուրիշ բան մըն ալ սատարեց այն սիրոյն, զոր նախկին Քրիստոնեաները կը զգային Աստուծոյ Որդւոյն հանդէպ, որոնց Պետրոս ուղղեց իր խօսքերը։ Ի՞նչ էր այդ։ Պետրոս իր առաջին նամակը գրած ժամանակ, առնուազն երկու Աւետարաններ՝ Մատթէոս ու Ղուկաս, արդէն իսկ շրջաբերութեան մէջ էին։ Առաջին դարու Քրիստոնեաները, որոնք Յիսուսը երբեք տեսած չէին, կրնային կարդալ այս Աւետարանները։ Մե՛նք ալ նոյնը կրնանք ընել։ Աւետարանները երեւակայական պատմութիւններ չեն. անոնք ամենէն վստահելի պատմութեան բոլոր յատկանիշները կը կրեն։ Այդ ներշնչեալ արձանագրութիւններուն մէջ, շատ բան կը գտնենք, որ Աստուծոյ Որդւոյն հանդէպ մեր սէրը կրնայ խորացնել։

Անոր Ցուցաբերած Հոգին

11, 12. Ուրիշներուն հանդէպ Յիսուսի ցուցաբերած հոգիին ի տես, ի՞նչ բան կը մղէ ձեզ որ զինք սիրէք։

11 Յիսուսի կեանքին գրաւոր այդ արձանագրութեան մէջ, կը սորվինք թէ ան ինչպէ՛ս վարուեցաւ ուրիշ մարդոց հետ։ Անոր ցուցաբերած հոգին, նոյնիսկ այսօր, իր մահուընէ աւելի քան 1,960 տարիներ ետք ապրող մարդոց սրտին կը դպչի։ Բոլոր ապրողները մեղքի հետեւանքներով ծանրաբեռնուած են։ Միլիոնաւորներ անարդարութեան զոհ դարձած են, հիւանդութեան հետ կը մարտնչին, կամ այլ պատճառներով ջախջախիչ յուսախաբութիւն կը զգան։ Բոլոր այսպիսիներուն Յիսուս կ’ըսէ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։—Մատթէոս 11։28-30

12 Յիսուս քնքոյշ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց աղքատներուն, անօթիներուն եւ վշտացեալներուն հանդէպ։ Ի պահանջեալ հարկին, ան նոյնիսկ հրաշալի կերպով մեծ բազմութիւններ կերակրեց։ (Ղուկաս 9։12-17) Ան ազատագրեց զանոնք ստրկացնող աւանդութիւններէ։ Ան նաեւ անոնց հաւատքը կերտեց քաղաքական եւ տնտեսական կեղեքումի վերջ մը դնելու Աստուծոյ կարգադրութեան հանդէպ։ Յիսուս չջախջախեց արդէն ոտնակոխուած հոգիները։ Քաղցրութեամբ ու սիրով, ան հեզերը ճարտարօրէն բարձրացուց։ Ան թարմացուց ջախջախուած եւ ոտնակոխուած եղէգի, ինչպէս նաեւ, պլպլացող պատրոյգի, նման եղողները։ Մինչեւ այսօր, իր անունը յոյս կը ներշնչէ, նոյնիսկ զինք բնաւ չտեսնողներուն սրտերուն մէջ։—Մատթէոս 12։15-21. 15։3-10

13. Ինչո՞ւ մեղաւորներու հետ Յիսուսի վարուելակերպը կը հրապուրէ մարդիկը։

13 Յիսուս յանցագործութեան չէր հաւաներ։ Սակայն, ան հասկացողութիւն ցուցաբերեց այն մարդոց հանդէպ, որոնք իրենց կեանքին մէջ սխալներ գործած էին, բայց զղջալով՝ իրեն դարձած էին օգնութեան համար։ (Ղուկաս 7։36-50) Ան սեղան կը նստէր համայնքին մէջ անարգուած անհատներու հետ, եթէ զգար որ անիկա հոգեւորապէս անոնց օգնելու պատեհութիւն մը պիտի ներկայացնէր։ (Մատթէոս 9։9-13) Որպէս հետեւանք իր ցուցաբերած հոգիին, նոյնանման պարագաներու ներքեւ գտնուող միլիոնաւոր մարդիկ, Յիսուսը բնաւ չտեսնելով հանդերձ, մղուած են զինք ճանչնալ ու հաւատք ընծայած են անոր։

14. Հիւանդ, անկարող եւ վշտահար մարդոց օգնելու Յիսուսի կերպին մէջ ի՞նչ բան գրաւիչ կը գտնէք։

14 Հիւանդ կամ անկարող մարդոց հետ Յիսուսի վարուելակերպը կը փաստէ իր ջերմութիւնն ու կարեկցութիւնը, ինչպէս նաեւ, զանոնք ամոքելու իր կարողութիւնը։ Ուստի, երբ բորոտութեամբ լեցուն հիւանդ մարդ մը մօտեցաւ իրեն եւ օգնութիւն հայցեց, Յիսուս զայն տեսնելով ետ չքաշուեցաւ։ Ո՛չ ալ մարդուն ըսաւ որ թէեւ կը խղճար իր վրայ, բայց քանի որ իր վիճակը շատ գէշ էր, կարելի չէր բան մը ընել։ Մարդը աղերսեց, ըսելով. «Տէ՛ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Առանց վարանելու, Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ բորոտին ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ (Մատթէոս 8։2, 3) Ուրիշ առիթով մը, կին մը բժշկուելու միտումով, գաղտնաբար անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ։ Յիսուս անոր հետ ազնիւ եւ սրտապնդիչ կերպով վարուեցաւ։ (Ղուկաս 8։43-48) Իսկ երբ յուղարկաւորութեան մը հանդիպեցաւ, ան խղճաց վշտահար այրիին վրայ, որուն մէկ հատիկ զաւակը մահացած էր։ Թէեւ Յիսուս մերժած էր հրաշալիօրէն ինքն իրեն կերակուր հայթայթելու համար իր աստուածատուր զօրութիւնը գործածել, սակայն զայն յօժարօրէն գործածեց այդ մեռած անհատին յարութիւն տալու եւ զայն իր մօրը վերադարձնելու համար։—Ղուկաս 4։2-4. 7։11-16

15. Յիսուսի մասին յիշուած դրուագները կարդալը եւ անոնց մասին խորհրդածելը ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ ձեր վրայ։

15 Երբ այս դրուագները կը կարդանք, եւ կը խորհրդածենք Յիսուսի ցուցաբերած հոգիին մասին, մեր սէրը կը խորանայ անոր հանդէպ, որ իր մարդկային կեանքը զոհեց, որպէսզի կարենանք յաւիտեան ապրիլ։ Թէեւ զինք բնաւ չենք տեսած, սակայն կը հրապուրուինք իրմով, եւ կ’ուզենք իր քայլերուն հետեւիլ։—Ա. Պետրոս 2։21

Խոնարհութեամբ Աստուծոյ կ’Ապաւինի

16. Յիսուս գլխաւոր ուշադրութիւնը որո՞ւ վրայ հրաւիրեց, եւ քաջալերեց որ ի՞նչ ընենք։

16 Անկէ աւելի, Յիսուս իր եւ մեր ուշադրութիւնը իր երկնաւոր Հօրը՝ Եհովա Աստուծոյ՝ վրայ հրաւիրեց։ Ան Օրէնքին մեծագոյն պատուիրանը բնորոշեց, ըսելով. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։36, 37) Ան իր աշակերտները խրատեց, ըսելով. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք»։ (Մարկոս 11։22) Երբ հաւատքի լուրջ փորձ մը կը դիմագրաւէին, զանոնք յորդորեց, ըսելով. «[«Շարունակաբար», ՆԱ] աղօթք ըրէք»։—Մատթէոս 26։41

17, 18. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս ապացուցանեց որ խոնարհաբար իր Հօրը կ’ապաւինէր։ (բ) Իր ըրածը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է մեզի համար։

17 Յիսուս անձամբ օրինակ հանդիսացաւ։ Աղօթքը անոր կեանքին կարեւոր մէկ մասն էր։ (Մատթէոս 14։23. Ղուկաս 9։28. 18։1) Երբ իր առաքեալները ընտրելու ժամանակը եկաւ, Յիսուս պարզապէս իր անձնական դատողութեան չապաւինեցաւ, թէեւ նախապէս, երկնքի մէջ գտնուող բոլոր հրեշտակները իր վերակացութեան ներքեւ կը գտնուէին։ Ան խոնարհութեամբ ամբողջ գիշերը իր Հօրը աղօթելով անցուց։ (Ղուկաս 6։12, 13) Երբ ձերբակալուեցաւ եւ ցաւալի մահ մը դիմագրաւեց, Յիսուս դարձեալ իր Հօրը դիմեց, ջերմեռանդօրէն աղօթելով։ Ան այդ տեսակէտը չունեցաւ որ ինք Սատանան լաւ կը ճանչնար եւ կրնար դիւրութեամբ գլուխ ելլել այդ չարին որեւէ ծրագրին հետ։ Յիսուս գիտէր թէ որչա՜փ կարեւոր էր չթերանալ։ Իր թերացումը ի՜նչ մեծ նախատինք պիտի բերէր իր Հօրը։ Իսկ ի՜նչ մեծ կորուստ պիտի նշանակէր ատիկա մարդկութեան համար, որու կեանքի ակնկալութիւնները կախեալ էին Յիսուսի մատուցանելիք զոհագործութենէն։

18 Յիսուս կրկին անգամ աղօթեց, երբ իր առաքեալներուն հետ Երուսաղէմի վերնատան մը մէջ էր եւ, նոյնիսկ աւելի ջերմեռանդօրէն, երբ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ էր։ (Մատթէոս 26։36-44. Յովհաննու 17։1-26. Եբրայեցիս 5։7) Երբ տանջանքի ցիցին վրայ կը տառապէր, ան զինք անարգողները չնախատեց։ Ընդհակառակը, աղօթեց անոնց ի նպաստ, որոնք տգիտութեամբ կը վարուէին, ըսելով. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ (Ղուկաս 23։34) Ան իր միտքը կեդրոնացած պահեց իր Հօրը վրայ, ‘ինքզինք արդար դատաւորին յանձնելով’։ Տանջանքի ցիցին վրայ իր արտասանած վերջին խօսքերը, իր Հօրը ուղղուած աղօթք մըն էին։ (Ա. Պետրոս 2։23. Ղուկաս 23։46) Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ լիովին Եհովայի ապաւինելով, Յիսուս հաւատարմօրէն ամբողջացուց այն նշանակումը, որ իր Հայրը իրեն վստահած էր։ Թէեւ Յիսուս Քրիստոսը բնաւ տեսած չենք, սակայն որքա՜ն խոր կերպով կը սիրենք զինք, իր ըրածին համար։

Իրեն Հանդէպ Մեր Սէրը Արտայայտել

19. Յիսուսի հանդէպ սէր արտայայտելու մէջ, ի՞նչպիսի սովորութիւններէ պէտք է խուսափինք, որոնք ամբողջովին անպատշաճ են։

19 Ինչպէ՞ս կրնանք ապացուցանել թէ իրեն հանդէպ մեր դաւանած սէրը պարզապէս բառեր չէ։ Քանի որ իր Հայրը, զոր Յիսուս կը սիրէր, արձաններ շինելը, ապա անոնց երկրպագութիւն ընելը արգիլած է, վստահօրէն Յիսուսի պատիւ բերած պիտի չըլլանք, եթէ այսպիսի խորհրդանիշ մը շղթայի մը վրայ անցընելով մեր վիզը կախենք, կամ այսպիսի արձան մը շալկելով փողոցներուն մէջ պտըտցնենք։ (Ելից 20։4, 5. Յովհաննու 4։24) Յիսուսը պատուած չենք ըլլար կրօնական արարողութիւններու յաճախելով, նոյնիսկ շաբաթը քանի մը անգամ, եթէ իր ուսուցումներուն հետ ներդաշնակ կեանք մը չապրինք շաբթուան մնացեալ օրերը։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի»։—Յովհաննու 14։21, 23. 15։10

20. Ի՞նչ են կարգ մը բաներ որոնք ցոյց կու տան թէ ճշմարտապէս Յիսուսը կը սիրենք թէ ոչ։

20 Ան ի՞նչ պատուիրաններ տուաւ մեզի։ Առաջնագոյնն է՝ միմիայն ճշմարիտ Աստուածը, Եհովան, պաշտել։ (Մատթէոս 4։10. Յովհաննու 17։3) Աստուծոյ նպատակին մէջ իր ունեցած դերին պատճառաւ, Յիսուս նաեւ սորվեցուց որ իրեն հաւատք ընծայենք որպէս Աստուծոյ Որդին, եւ անիկա ցուցնենք չար գործերէ հեռու կենալով եւ լոյսին մէջ քալելով։ (Յովհաննու 3։16-21) Ան խրատեց որ առաջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ու անոր արդարութիւնը խնդրենք, զանոնք դնելով մեր ֆիզիքական կարիքներէն առաջ։ (Մատթէոս 6։31-33) Ան պատուիրեց որ մէկզմէկ սիրենք ինչպէս ի՛նք մեզ սիրեց։ (Յովհաննու 13։34. Ա. Պետրոս 1։22) Մեզի յանձնարարութիւն տուաւ որ Աստուծոյ նպատակին համար վկաներ ըլլանք, ինչպէս որ ինք էր։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Յայտնութիւն 3։14) Թէեւ երբեք Յիսուսը տեսած չեն, այսօր շուրջ հինգ միլիոն Եհովայի Վկաներ իրեն հանդէպ ճշմարիտ սէրէ մղուած, այս պատուիրանները կը պահեն։ Զինք անձնապէս չտեսնելը, ո՛չ մէկ կերպով իրեն հնազանդ ըլլալու իրենց վճռակամութիւնը կը տկարացնէ։ Անոնք կը մտաբերեն ինչ որ իրենց Տէրը ըսաւ Թովմաս առաքեալին. «Որովհետեւ դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան»։—Յովհաննու 20։29

21. Կիրակի 23 Մարտ 1997–ին, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելով, ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

21 Կը յուսանք որ դուք ալ պիտի ըլլաք անոնց մէջ, որոնք բովանդակ աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ պիտի հաւաքուին, Կիրակի 23 Մարտ 1997–ին, մայրամուտէն ետք, մտաբերելու համար մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն մեծագոյն արտայայտութիւնը, եւ իր հաւատարիմ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մահը յիշատակելու համար։ Այդ առիթով ինչ որ ըսուի ու կատարուի, պէտք է մեր սէրը խորացնէ Եհովայի եւ իր Որդւոյն հանդէպ եւ Աստուծոյ պատուիրանները պահելու մեր փափաքը աւելցնէ։—Ա. Յովհաննու 5։3

Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Անոնք, որոնց ուղղուած էր Պետրոսի առաջին գիրքը, ի՞նչպէս Յիսուսը ճանչցան եւ սիրեցին։

◻ Նախկին Քրիստոնեաներու լսած բաներէն ոմանք ի՞նչ են որ ձեզ կը տպաւորեն։

◻ Յիսուսի ցուցաբերած հոգիին ի տես, ի՞նչ բան իրեն հանդէպ ձեր սէրը կը խորացնէ։

◻ Յիսուսի խոնարհութեամբ Աստուծոյ ապաւինիլը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է մեզի։

◻ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր սէրը ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ։

[Նկար՝ էջ 16]

Յիսուսով կը հրապուրուինք, իր ցուցաբերած հոգիին համար

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել