Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 3/1 էջ 8-13
  • Աստուծոյ Խօսքը յաւիտեան կը մնայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Խօսքը յաւիտեան կը մնայ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Զայն Մէջտեղէն Վերցնելու Փորձեր
  • Ապականութեան Դէմ Խօսքը Պահպանել
  • Պատգամը կը Հասնի Աշխարհի Շուրջը
  • Եհովան հաղորդակցող Աստուած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ ունի շատ թարգմանութիւններ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս հասաւ մեզի
    Զարթի՛ր 2007
  • Հաւատարմօրէն սատար կանգնինք Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 3/1 էջ 8-13

Աստուծոյ Խօսքը յաւիտեան կը մնայ

«Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 40։8

1. (ա) «Մեր Աստուծոյն խօսքը» արտայայտութիւնը հոս ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Ի՞նչ բաղդատութիւն կարելի է ընել մարդոց խոստումներուն եւ Աստուծոյ խօսքին միջեւ։

ՄԱՐԴԻԿ կարկառուն այրերու ու կիներու խոստումներուն վստահելու հակամէտ են։ Բայց այդ խոստումները որքան ալ ցանկալի թուին իրենց իրավիճակը բարելաւելու տենչը ունեցող մարդոց համար, անոնք թառամող ծաղիկներու պէս են, երբ բաղդատուին Աստուծոյ խօսքին հետ։ (Սաղմոս 146։3, 4) Աւելի քան 2,700 տարիներ առաջ, Եսայի մարգարէն Եհովա Աստուծոյ կողմէ ներշնչուելով, գրեց. «Ամէն մարմին խոտ է։ Անոր բոլոր վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է։ Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Եսայեայ 40։6, 8) Ի՞նչ է այդ դիմացող «խօսքը»։ Անիկա իր նպատակը յայտնող Աստուծոյ խօսքերն է։ Ներկայիս այդ «խօսքը» արձանագրուած ունինք Աստուածաշունչին մէջ։—Ա. Պետրոս 1։24, 25

2. Ի՞նչպիսի կեցուածքի ու արարքներու դիմաց Եհովա Իսրայէլի ու Յուդայի նկատմամբ իր խօսքը կատարեց։

2 Վաղեմի Իսրայէլի օրերուն ապրողները Եսայիի խօսքին ճշմարիտ ըլլալուն փորձառութիւնը ունեցան։ Իր մարգարէին միջոցաւ, Եհովա նախագուշակեց որ իրեն դէմ գործուած լուրջ անհաւատարմութեան պատճառաւ, նախ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը եւ ապա Յուդայի երկու–ցեղեան թագաւորութիւնը գերութեան պիտի տարուէր։ (Երեմեայ 20։4. Ամովսեայ 5։2, 27) Անոնք թէեւ հալածեցին եւ նոյնիսկ սպաննեցին Եհովայի մարգարէները, Աստուծոյ ազդարարական պատգամը պարունակող մագաղաթ մը այրեցին եւ անոր կատարումը արգիլելու համար Եգիպտոսէն զինուորական օգնութիւն հայցեցին, բայց Եհովայի խօսքը անարգել կատարուեցաւ։ (Երեմեայ 36։1, 2, 21-24. 37։5-10. Ղուկաս 13։34) Ասկէ զատ, զղջացող Հրեայ մնացորդ մը իրենց հայրենիքը վերադարձնելու Աստուծոյ խոստումն ալ ակնբախ կատարում մը ունեցաւ։—Եսայեայ՝ գլուխ 35

3. (ա) Եսայիի արձանագրած ո՞ր խոստումները մասնաւորաբար կը հետաքրքրեն մեզ։ (բ) Ինչո՞ւ համոզուած էք որ այս բաները իրապէս տեղի պիտի ունենան։

3 Եսային գործածելով, Եհովա Մեսիայի միջոցաւ արդար իշխանութիւն մը, մեղքէն եւ մահէն ազատագրում եւ երկրին դրախտի մը վերածուիլն ալ նախագուշակած էր։ (Եսայեայ 9։6, 7. 11։1-9. 25։6-8. 35։5-7. 65։17-25) Ասոնք ալ տեղի պիտի ունենայի՞ն։ Ա՛նկասկած։ «Աստուած չի կրնար ստել»։ Ան իր մարգարէական խօսքը գրի առնել տուած է մեր օգտին համար եւ անոր պահպանումն ալ ապահոված է։—Տիտոս 1։2, ՆԱ. Հռովմայեցիս 15։4

4. Թէեւ Աստուածաշունչի նախնական բնագիրները չպահպանուեցան, բայց Աստուծոյ խօսքին «կենդանի» ըլլալը ի՞նչպէս կրնանք տեսնել։

4 Եհովա այս մարգարէութիւնները գրող վաղեմի գրչագիրներուն բուն բնագիրները չպահպանեց։ Բայց իր «խօսքը», իր ծանուցանած նպատակը կենդանի խօսք մը եղած է։ Այդ նպատակը անդիմադրելիօրէն յառաջ կ’ընթանայ եւ այսպիսով անոր հետ շփման մէջ եկողներուն ներքին խորհուրդներն ու մղումները բացայայտ կ’ըլլան։ (Եբրայեցիս 4։12) Դարձեալ, պատմական արձանագրութիւնները ցոյց կու տան որ աստուածային նախախնամութեամբ է որ ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւնները պահպանուած եւ թարգմանուած են։

Զայն Մէջտեղէն Վերցնելու Փորձեր

5. (ա) Սուրիացի թագաւոր մը ի՞նչ ջանք թափեց ներշնչեալ Եբրայերէն Գրութիւնները փճացնելու համար։ (բ) Ան ինչո՞ւ ձախողեցաւ։

5 Բազմաթիւ առիթներով կառավարիչներ ջանացած են կործանել ներշնչեալ գրութիւնները։ Հ.Դ.Ա. 168–ին, Սուրիոյ Անտիոքոս Եփիփանոս (ցուցադրուած 8–րդ էջին վրայ), Եհովայի նուիրուած տաճարին մէջ Զեւսի խորան մը կանգնեց։ Ան նաեւ «Օրէնքի գիրքերը» բերել տուաւ եւ զանոնք այրեց, եւ յայտարարեց որ այսպիսի Գրութիւններ ունեցող ոեւէ անհատ մահուան պիտի դատապարտուէր։ Հոգ չէ թէ ան քանի օրինակներ կրցաւ այրել Երուսաղէմի եւ Յուդայի մէջ, բայց կարող չեղաւ Սուրբ Գրութիւնները բոլորովին մէջտեղէն վերցնել։ Այդ ժամանակ շատ մը երկիրներու մէջ հրէական գաղութներ գոյութիւն ունէին եւ իւրաքանչիւր ժողովարան մագաղաթներու իր հաւաքածոն ունէր։—Բաղդատել՝ Գործք Առաքելոց 13։14, 15։

6. (ա) Նախկին Քրիստոնեաներուն գործածած Սուրբ Գրութիւնները բնաջնջելու հսկայական ի՞նչ ջանքեր թափուեցան։ (բ) Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

6 Հ.Դ. 303–ին, Հռովմէացի Կայսր Դիոկղետիանոսն ալ հրաման արձակեց որ քրիստոնէական ժողովատեղիները քանդուին եւ անոնց ‘Սուրբ Գրութիւնները կրակով այրուին’։ Տասնամեակ մը շարունակուեցաւ ասիկա։ Թէեւ հալածանքը ահաւոր էր, բայց Դիոկղետիանոս չկարողացաւ Քրիստոնէութիւնը ջախջախել, ոչ ալ Աստուած թոյլ տուաւ որ Կայսրին գործակալները Իր ներշնչեալ Խօսքին որեւէ մէկ հատուածին բոլոր օրինակները բնաջինջ ընեն։ Բայց Աստուծոյ Խօսքին ցրուումին եւ քարոզչութեան հանդէպ իրենց հակազդեցութեամբ, հակառակորդները յայտնեցին թէ ի՛նչ կար իրենց սրտին մէջ։ Անոնք ապացուցանեցին որ Սատանայի կողմէ կուրացած մարդիկ էին եւ անոր կամքը կը կատարէին։—Յովհաննու 8։44. Ա. Յովհաննու 3։10-12

7. (ա) Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Աստուածաշունչի գիտութեան տարածումը խեղդելու համար ի՞նչ ջանքեր թափուեցան։ (բ) Աստուածաշունչի թարգմանութեան ու հրատարակութեան մէջ ի՞նչ իրագործումներ եղած են։

7 Աստուածաշունչի գիտութիւնը տարածելու ջանքերը խեղդելը ուրիշ երեսակ ալ ստացաւ։ Երբ Լատիներէնը մեռեալ լեզու մը դարձաւ, ո՛չ թէ հեթանոս կառավարիչները, այլ Քրիստոնէութիւն դաւանողներն էին որ բուռն կերպով հակառակեցան Աստուածաշունչը հասարակ ժողովուրդին գործածած լեզուներով թարգմանելու աշխատանքին, որոնց կարգին էին Գրիգոր Է. Պապը (1073-1085) եւ Իննովկենտ Գ. Պապը (1198-1216)։ Եկեղեցիի հեղինակութեան դէմ եղած անհամաձայնութիւնները ճզմելու ջանքով, 1229–ին, Թուլուզի (Ֆրանսա) Հռովմէական Կաթողիկէ Խորհրդաժողովը հրամանագիր մը հանեց, ըստ որու աշխարհականներ չէին կրնար Աստուածաշունչի գիրքերը ունենալ իրենց մայրենի լեզուով։ Այս հրամանագիրը պարտադրելու համար Հաւատաքննութիւնը յարձակողականի լծեցին։ Սակայն, Հաւատաքննութենէն 400 տարիներ ետք, Աստուծոյ Խօսքին սիրահարները ամբողջ Աստուածաշունչը թարգմանած եւ անոր տպուած հատորները շրջագայութեան մէջ բերած էին շուրջ 20 լեզուներով եւ յաւելեալ բարբառներով, իսկ 16 ուրիշ լեզուներով ալ՝ անոր կարեւոր մեծ մասը։

8. ԺԹ. դարու տեւողութեան, Ռուսերէն Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ ցրուումի դաշտին մէջ ի՞նչ կ’իրագործուէր։

8 Միայն Կաթողիկէ Եկեղեցին չէ որ ջանաց Աստուածաշունչը հեռու պահել հասարակ ժողովուրդէն։ ԺԹ. դարու սկիզբը, Սէնթ Փէթէրզպուրկի Աստուածաբանութեան Ակադեմիայի ուսուցչապետ՝ Փավսգի՝ Մատթէոսի Աւետարանը Յունարէնէն Ռուսերէնի թարգմանեց։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն ուրիշ գիրքերն ալ Ռուսերէնի թարգմանուեցան եւ Փավսգի զանոնք հրատարակեց։ Անոնք չափազանց լայնատարած եղան, մինչեւ որ 1826–ին եկեղեցիին դրդումով, ձարը Ռուսերէն Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը Ռուսական Ուղղափառ Եկեղեցիին «Սուրբ Սինոդ»ին հսկողութեան ներքեւ բերել տուաւ, որմէ ետք արդարեւ անոր գործունէութիւնները չէզոքացուեցան։ Հետագային, Փավսգի Եբրայերէն Գրութիւնները՝ Եբրայերէնէն Ռուսերէնի թարգմանեց։ Գրեթէ նոյն ժամանակամիջոցին, Ուղղափառ Եկեղեցիի վանահայրերէն մէկը՝ Մակարիոսն ալ Եբրայերէնէն Ռուսերէնի թարգմանեց Եբրայերէն Գրութիւնները։ Երկուքն ալ պատժուեցան իրենց ջանասիրութեան համար, իսկ իրենց թարգմանութիւնները եկեղեցիին արխիւներուն մէջ դրուեցան։ Եկեղեցին որոշած էր հին Սլաւոներէնով պահել Աստուածաշունչը, լեզու մը որ այդ ժամանակ մարդիկ ո՛չ կը կարդային եւ ոչ ալ կը հասկնային զայն։ Սակայն, երբ Աստուածաշունչի գիտութիւն ձեռք ձգելու ժողովուրդին ջանքերը չկրցան մարել, միայն այն ատեն է որ «Սուրբ Սինոդ»ը 1856–ին իր անձնական թարգմանութիւնը կատարեց, եկեղեցիին տեսակէտներուն համաձայն եղող՝ խնամքով պատրաստուած արտայայտութիւններու գործածութեամբ։ Հետեւաբար, Աստուծոյ Խօսքը սերմանելու հարցով, յստակ զանազանում մը կատարուած է կրօնական առաջնորդներու դրսերեւոյթին եւ իսկական միտումներուն միջեւ, որոնք ի յայտ եկած են իրենց խօսքերով եւ արարքներով։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 4

Ապականութեան Դէմ Խօսքը Պահպանել

9. Աստուածաշունչի թարգմանիչներէն ոմանք Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իրենց սէրը ի՞նչպէս ցոյց տուին։

9 Սուրբ Գրութիւնները թարգմանող եւ զանոնք արտագրող տղամարդոց մէջ կային անհատներ, որոնք Աստուծոյ Խօսքը ի՛րապէս կը սիրէին եւ զայն բոլորին մատչելի դարձնելու համար անխոնջ ջանքեր թափեցին։ Ուիլիըմ Թինտէյլ նահատակուեցաւ (1536–ին), Աստուածաշունչը Անգլերէնով մատչելի դարձնելուն համար։ Ֆրանչիսգօ տէ Էնցինաս Կաթողիկէ Հաւատաքննութեան կողմէ բանտարկուեցաւ (1544–էն ետք) Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները Սպաներէն թարգմանելուն եւ հրատարակելուն համար։ Ռոպէրթ Մորիսըն (1807-1818) իր կեանքի գնով Աստուածաշունչը Չինարէն թարգմանեց։

10. Ո՞ր օրինակներէն կը տեսնուի որ կարգ մը թարգմանիչներ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէրէ մղուած չէ որ այս գործը ըրին։

10 Երբեմն սակայն, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ ոչ թէ սէրէ, այլ յարգանքէ մղուած զայն արտագրած կամ թարգմանած են։ Չորս օրինակ նկատի առէք. (1) Սամարացիները Գարիզին Լերան վրայ տաճար մը կառուցանեցին, մրցելու համար Երուսաղէմի տաճարին հետ։ Անոր սատար կանգնելու համար, Սամարացիներու Հնգամատեանին Ելից 20։17–ին մէջ աղաւաղում մը կատարուեցաւ։ Որպէս Տասնաբանեային մէկ մասը, Գարիզին Լերան վրայ քարէ խորան մը շինելու եւ անոր վրայ զոհեր մատուցանելու պատուէրը աւելցուեցաւ։ (2) Այդ անհատը որ առաջին անգամ Դանիէլի գիրքը թարգմանեց Յունարէն Եօթանասնից–ին համար, այս գործին մէջ ինքզինքին որոշ ազատութիւններ տուաւ։ Ան կարգ մը նախադասութիւններ ներմուծեց, որոնք ինք կը կարծէր որ պիտի բացատրէին կամ յստակացնէին Եբրայերէն բնագիրը։ Ան զեղչեց կարգ մը մանրամասնութիւններ, որոնք ըստ իրեն, ընթերցողներուն անընդունելի պիտի ըլլային։ Երբ Դանիէլ 9։24-27–ի մէջ Մեսիայի երեւնալուն մասին մարգարէութիւնը կը թարգմանէր, ան նշուած ժամանակաշրջանը խեղաթիւրեց եւ հոն բառեր աւելցուց, կամ բառերուն տեղերը փոխեց, երեւութապէս որպէսզի մարգարէութիւնը թիկունք կանգնի Մակաբայեցիներու պայքարին։ (3) Հ.Դ. չորրորդ դարուն, Լատիներէն ճառի մը մէջ, բացայայտօրէն մոլեռանդ Երրորդութենական մը Ա. Յովհաննու 5։7–ի վրայ աւելցուց՝ «երկնքի մէջ կը վկայեն, Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են» բառերը։ Հետագային այդ հատուածը ուղղակիօրէն դրուեցաւ Լատիներէն Աստուածաշունչի ձեռագրին մէջ։ (4) Ֆրանսայի մէջ Լուի ԺԳ. թագաւորը (1610-1643), Բողոքականներուն ջանքերը ի դերեւ հանելու միտումով, արտօնութիւն տուաւ որ Ժագ Գորպէնը Աստուածաշունչը Ֆրանսերէնի թարգմանէ։ Այս նպատակակէտը հետապնդելով, Գորպէն բնագրին մէջ կարգ մը աղաւաղումներ ըրաւ, Գործք Առաքելոց 13։2–ի մէջ «Սուրբ Պատարագ»ի ակնարկութիւն ընելով։

11. (ա) Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս գոյատեւեց, հակառակ կարգ մը թարգմանիչներու անպարկեշտութեան։ (բ) Աստուածաշունչի նախնական միտքը փաստելու համար ո՞րքան հին բնագիրներ գոյութիւն ունին։ (Տես շրջագիծը։)

11 Եհովա արգելք չհանդիսացաւ իր Խօսքին մէջ կատարուած այս նենգափոխութիւններուն, ոչ ալ իր նպատակը անոնցմով փոխուեցաւ։ Անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Գարիզին Լերան վրայ այդ ակնարկումներուն աւելցուիլը, Սամարացիներուն կրօնքը մարդկութիւնը օրհնելու համար Աստուծոյ գործակալը չդարձուց։ Ընդհակառակը, անիկա ապացուցանեց որ թէեւ Սամարացիներուն կրօնքը կը դաւանէր Հնգամատեանին հաւատալ, բայց ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար կարելի չէր անոր վստահիլ։ (Յովհաննու 4։20-24) Եօթանասնից–ի բառերուն խեղաթիւրումը արգելք չհանդիսացաւ որ Մեսիան գար Դանիէլ մարգարէին կողմէ նախագուշակուած ժամանակին։ Ասկէ զատ, թէեւ առաջին դարուն Եօթանասնից–ը գործածութեան մէջ էր, բայց հաւանաբար Հրեաները վարժութիւն ունէին իրենց ժողովարաններուն մէջ Եբրայերէնով կարդալու Սուրբ Գրութիւնները։ Որպէս հետեւանք, երբ մարգարէութեան կատարման ժամանակը մօտեցաւ, «ժողովուրդը կը սպասէր»։ (Ղուկաս 3։15) Իսկ ինչ կը վերաբերի Երրորդութիւնը պաշտպանելու համար Ա. Յովհաննու 5։7–ի աղաւաղման, եւ Գործք Առաքելոց 13։2–ի մէջ Պատարագը արդարացնելու ջանքերուն. անոնք որեւէ կերպով ճշմարտութիւնը չեն փոխած։ Իսկ ժամանակի ընթացքին խարդախութիւնները ամբողջովին երեւան ելած են։ Աստուածաշունչի բնագիրներու շատ մեծ պահածոյ մը գոյութիւն ունի, որով որեւէ թարգմանութեան վաւերական ըլլալը կարելի է ստուգել։

12. (ա) Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանիչներ ի՞նչ լուրջ փոփոխութիւններ կատարած են։ (բ) Այս փոփոխութիւններու տարողութիւնը ո՞րքան էր։

12 Սուրբ Գրութիւնները փոխելու ջանքերը միայն կարգ մը բառերու հետ խաղալով չեն վերջացած։ Անիկա ուղղակիօրէն ճշմարիտ Աստուծոյ ինքնութեան վրայ յարձակումով եղած է։ Փոփոխութիւններու բնոյթը եւ տարողութիւնը բացայայտ դարձուցած են որ ոեւէ մարդէ կամ մարդկային կազմակերպութենէ գերիվեր եղող աղբիւրէ մը եկած է այս ազդեցութիւնը. այո, անիկա եկած է Եհովայի գերագոյն թշնամիէն՝ Բանսարկու Սատանայէն։ Այդ ազդեցութեան տեղի տալով, թարգմանիչներ եւ արտագրողներ՝ ոմանք ջանադրութեամբ, իսկ ուրիշներ տատամսելով՝ Աստուծոյ անձնական Եհովա անունը իր ներշնչեալ Խօսքէն հանած են, ուր անոր տեղ տրուած էր հազարաւոր անգամներ։ Սկիզբը, Եբրայերէնէն Յունարէնի, Լատիներէնի, Գերմաներէնի, Անգլերէնի, Իտալերէնի եւ Հոլանտերէնի կատարուած կարգ մը թարգմանութիւններ աստուածային անունը ամբողջովին հանեցին, կամ միայն քանի մը տեղեր պահեցին։ Անիկա Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու օրինակներէն ալ հանեցին զայն։

13. Աստուածաշունչը խեղաթիւրելու ընդարձակ ջանքերը ինչո՞ւ չկարողացան Աստուծոյ անունը սրբել մարդոց յիշողութենէն։

13 Սակայն, այդ փառաւոր անունը մարդոց յիշողութենէն չսրբուեցաւ։ Եբրայերէն Գրութիւնները Սպաներէնի, Փորթուկալերէնի, Գերմաներէնի, Անգլերէնի, Ֆրանսերէնի եւ ուրիշ բազմաթիւ լեզուներու թարգմանութիւններուն մէջ, Աստուծոյ անունը պարկեշտօրէն պահպանուած է։ ԺԶ. դարուն, Աստուծոյ անձնական անունը դարձեալ ի յայտ եկաւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու շատ մը Եբրայերէն թարգմանութիւններուն մէջ. ԺԸ. դարուն՝ Գերմաներէնի մէջ. ԺԹ. դարուն՝ Խրուաթերէնի եւ Անգլերէնի մէջ։ Եթէ նոյնիսկ մարդիկ ջանան Աստուծոյ անունը մէկ անկիւն նետել, երբ «Եհովայի օրը» գայ, այն ատեն, ինչպէս Աստուած կ’ըսէ, ‘ազգերը պիտի գիտնան որ ես եմ Եհովա’։ Աստուծոյ այս ծանուցուած նպատակը ձախողութեան պիտի չմատնուի։—Բ. Պետրոս 3։10, ՆԱ. Եզեկիէլ 38։23, ՆԱ. Եսայեայ 11։9. 55։11

Պատգամը կը Հասնի Աշխարհի Շուրջը

14. (ա) Ի. դարուն, Եւրոպայի մէջ քանի՞ լեզուներով Աստուածաշունչը տպուած էր եւ ի՛նչ հետեւանքով։ (բ) 1914–ի վերջաւորութեան, Աստուածաշունչը ափրիկեան քանի՞ լեզուներով մատչելի էր։

14 Ի. դարու արշալոյսին, Աստուածաշունչը արդէն տպուած էր Եւրոպայի 94 լեզուներով։ Անիկա աշխարհի այդ մասին մէջ գտնուող Աստուածաշունչի աշակերտները զգուշացուց այն իրողութեամբ, թէ աշխարհացունց դէպքեր տեղի պիտի ունենային 1914–ին Հեթանոսաց Ժամանակներու վերջաւորութեան, եւ այդպէս ալ եղաւ։ (Ղուկաս 21։24) 1914 պատմական տարին իր աւարտին հասնելէն առաջ, Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ, կամ անկէ կարգ մը գիրքեր, ափրիկեան 157 լեզուներու թարգմանուած էր, լայն տարածութիւն ունեցող Անգլերէնէն, Ֆրանսերէնէն եւ Փորթուկալերէնէն զատ։ Ուստի, հոն ապրող բազմաթիւ հեզ ցեղերու եւ ազգային խմբակներու հոգեւորապէս ազատագրող Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվեցնելու համար հիմը նետուած էր։

15. Երբ վերջին օրերը սկսան, Աստուածաշունչը ո՞ր տարողութեամբ մատչելի էր Ամերիկաներու բնակիչներուն համար։

15 Երբ աշխարհը նախագուշակուած իր վերջին օրերուն մէջ մտաւ, Աստուածաշունչը դիւրութեամբ մատչելի էր Ամերիկաներուն մէջ։ Եւրոպայէն գաղթողները տարբեր լեզուներով իրենց հետ բերած էին զայն։ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան հսկայ յայտագիր մը սկսած էր, հանրային ճառերով եւ Աստուածաշունչի գրականութիւններու ընդարձակ ցրուումով, հրատարակուած՝ Աստուածաշունչի Միջազգային Աշակերտներու կողմէ, ինչպէս կը ճանչցուէին Եհովայի Վկաները այն ժամանակ։ Ասկէ զատ, ուրիշ 57 լեզուներով Աստուածաշունչի ընկերութիւնները արդէն Սուրբ Գրքեր կը տպէին, Արեւմտեան Կիսագունդի բնիկներուն կարիքները լեցնելու համար։

16, 17. (ա) Երբ համերկրային քարոզչութեան ժամանակը հասաւ, Աստուածաշունչը ո՞րքանով մատչելի էր։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս իրապէս փաստած է դիմացկուն եւ շատ ազդու գիրք մը ըլլալ։

16 Երբ ‘վախճանը գալէն առաջ’ բարի լուրի համերկրային քարոզչութեան ժամանակը հասաւ, Ասիոյ եւ Խաղաղականի կղզիներուն մէջ Աստուածաշունչը նորութիւն մը չէր։ (Մատթէոս 24։14) Անիկա արդէն այդ շրջանին յատուկ եղող 232 լեզուներով հրատարակուած էր։ Կարգ մը լեզուներով լման Աստուածաշունչը, շատ մը լեզուներով Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները, իսկ ուրիշ լեզուներով՝ Սուրբ Գրութիւններու գիրքերէն միայն մէկ հատը։

17 Պարզ էր ուրեմն, որ Աստուածաշունչը թանգարանի մէջ ցուցադրուելու վիճակուած չէր։ Գոյութիւն ունեցող գիրքերուն մէջ, անիկա ամենէն շատ թարգմանուած եւ ամենէն ընդարձակ տարածութիւն ունեցող գիրքն էր։ Աստուծոյ հաճութեան այս զօրաւոր ապացոյցին կողքին, այդ գրքին բոլոր ըսածները կը կատարուէին։ Անոր ուսուցումներն եւ անոր ետին գտնուող հոգին, ամէնուրեք մնայուն ազդեցութիւն մը կը ձգէին մարդոց կեանքին վրայ։ (Ա. Պետրոս 1։24, 25) Բայց տակաւին շա՜տ աւելին կը սպասուէր։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Ի՞նչ է «մեր Աստուծոյն խօսքը» որ յաւիտեան կը մնայ։

◻ Աստուածաշունչը բնաջինջ ընելու համար ի՞նչ ջանքեր թափուած են եւ ի՛նչ արդիւնքով։

◻ Աստուածաշունչի ճշգրտութիւնը ի՞նչպէս պահպանուեցաւ։

◻ Աստուծոյ նպատակին յայտնաբերումը ի՞նչպէս կենդանի խօսք մը եղած է։

[Շրջանակ՝ էջ 10]

Իրապէս գիտե՞նք ինչ որ Աստուածաշունչը բնագրին մէջ ըսած է

Եբրայերէն Գրութիւններուն բովանդակութեան վկայող շուրջ 6,000 Եբրայերէն ձեռագիրներ գոյութիւն ունին։ Ասոնցմէ քանի մը հատը նախաքրիստոնէական դարաշրջանէն են։ Եբրայերէն Գրութիւններու առնուազն 19 չբնաջնջուած ձեռագիրներ կան, որոնք շարժուն տպագրութեան հնարումէն առաջ են։ Ասկէ զատ, այդ նոյն շրջանէն, 28 տարբեր լեզուներով թարգմանութիւններ գոյութիւն ունին։

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն համար, Յունարէնով շուրջ 5,000 ձեռագիրներ ցուցակագրուած են։ Անոնցմէ մէկուն թուականը Հ.Դ. 125–էն առաջ է, ուրիշ խօսքով, նախնական գրութեան ժամանակէն միայն քանի մը տարի ետք։ Իսկ կարգ մը բեկորներու թուականը բաւական վաղ ժամանակներէն է։ Ներշնչեալ 27 գիրքերէն 22–ին համար, 10-19 երկաթագիր ամբողջական ձեռագիրներ գոյութիւն ունին։ Աստուածաշունչի այս բաժնի որեւէ գիրքին համար, երկաթագիր ամբողջական բազմաթիւ ձեռագիրներ գոյութիւն ունին. Յայտնութիւն գիրքը նուազագոյն թիւը ունենալով՝ միայն երեք հատ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու բնագիրներէն հատ մը Հ.Դ. չորրորդ դարէն է։

Ուրիշ որեւէ գրական աշխատանք կարելի չէ հաստատել այսքան հին փաստաթուղթերու տարափով մը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել