«Սրբազան ծառայութիւն մը ձեր բանականութիւնով»
«Ձեր մարմինները [ընծայեցէք] կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը [սրբազան ծառայութիւն մը ձեր բանականութիւնով (ՆԱ)]»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։1
1, 2. Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկել սորվիլը ինչպէ՞ս օտար լեզուի մը տիրանալու կը նմանի։
ԲՆԱՒ փորձա՞ծ էք օտար լեզու մը սորվիլ։ Եթէ այո, անկասկած պիտի համաձայնիք որ ասիկա դժուար աշխատանք մըն է։ Սակայն եւ այնպէս, պարզապէս նոր բառեր սորվելէն աւելին կը պարփակուի։ Լեզու մը հմտօրէն գործածելու համար, անոր քերականութեան ալ պէտք է տիրանալ։ Պէտք է ըմբռնէք թէ բառերը ի՛նչպէս իրարու հետ յարակցութիւն ունին եւ թէ անոնք ի՛նչպէս իրար վրայ կը բարդուին կատարեալ գաղափարներ կազմելու համար։
2 Աստուծոյ Խօսքին գիտութիւնը ձեռք ձգելըն ալ ասոր կը նմանի։ Պարզապէս սուրբ գրային մի քանի անջատուած համարներ սորվելէն աւելին կը պարփակուի։ Փոխաբերական առումով, Աստուածաշունչի քերականութիւնն ալ պէտք է սորվինք։ Պէտք է ըմբռնենք թէ համարները ի՛նչպէս իրարու հետ յարակցութիւն ունին եւ թէ անոնք ի՛նչպէս կը ծառայեն որպէս մեր առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկուելիք սկզբունքներ։ Այսպիսով կրնանք ‘կատարեալ ըլլալ, ամէն բարի գործերու պատրաստուած’։—Բ. Տիմոթէոս 3։17
3. Հ.Դ. 33–ին, Աստուծոյ ծառայութեան առնչութեամբ, ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ։
3 Մովսիսական Օրէնքի կանոնագրութեան ներքեւ, կարելի էր հաւատարմութիւն ցոյց տալ մեծաւ մասամբ լաւ սահմանուած կանոններու խիստ կառչելով։ Հ.Դ. 33–ին, սակայն, Եհովա Օրէնքը ջնջեց, զայն ‘այն խաչափայտին վրայ գամելով’, որու վրայ իր Որդին մահուան ենթարկուած էր։ (Կողոսացիս 2։13, 14) Անկէ ետք, Աստուծոյ ծառաները զոհեր մատուցանելու եւ կանոններու հետեւելու երկար ցանկ մը չստացան։ Այլ անոնց ըսուեցաւ. «Ձեր մարմինները [ընծայեցէք] կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը [սրբազան ծառայութիւն մը ձեր բանականութիւնով (ՆԱ)]»։ (Հռովմայեցիս 12։1) Այո, Քրիստոնեաները Աստուծոյ ծառայութեան պիտի նուիրուէին իրենց բոլոր սրտովը, անձովը, մտքովը ու զօրութիւնովը։ (Մարկոս 12։30. բաղդատել Սաղմոս 110։3։) Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «սրբազան ծառայութիւն մը» մատուցանել, «ձեր բանականութիւնով»։
4, 5. Մեր բանականութիւնով Եհովայի ծառայելը ի՞նչ կը պարփակէ։
4 «Բանականութիւն» բառը Յունարէն լոկիգոս բառէն թարգմանուած է, որ կը նշանակէ «բանաւոր» կամ «խելացի»։ Աստուծոյ ծառաները Աստուածաշունչով մարզուած իրենց խղճմտանքը գործածելու հրաւէր կը ստանան։ Իրենց որոշումները փոխանակ բազմաթիւ նախասահմանուած կանոններու վրայ հիմնելու, Քրիստոնեաները զգուշութեամբ Աստուածաշունչի սկզբունքները պէտք է կշռեն։ Անոնք Աստուածաշունչի «քերականութիւն»ը, կամ անոր տարբեր սկզբունքներուն ի՛նչպէս իրարու հետ յարակցութիւն ունենալը պէտք է հասկնան։ Այս կերպով անոնք կրնան իրենց բանականութիւնով հաւասարակշռըւած որոշումներ տալ։
5 Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Քրիստոնեաները որեւէ օրէնք չունին։ Անշուշտ ո՛չ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները յստակօրէն կ’արգիլեն կռապաշտութիւնը, սեռային անբարոյութիւնը, մարդասպանութիւնը, ստութիւնը, ոգեհարցութիւնը, արեան սխալ գործածութիւնը եւ ուրիշ տարբեր մեղքեր։ (Գործք 15։28, 29. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Յայտնութիւն 21։8) Սակայն, Իսրայելացիներէն պահանջուածէն շատ աւելի մեծ չափով մը, մենք մեր բանականութիւնը պէտք է գործածենք Աստուածաշունչի սկզբունքները սորվելու եւ կիրարկելու համար։ Ճիշդ օտար լեզու մը սորվելուն նման, ասիկա ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր բանականութիւնը մշակել։
Մեր Բանականութիւնը Մշակենք
6. Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը ի՞նչ կը պարփակէ։
6 Նախ, Աստուածաշունչի ժրաջան աշակերտներ պէտք է ըլլանք։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Պէտք չէ խորհինք որ խընդրի մը պատասխանը միշտ մէկ համարի մէջ կը գտնուի։ Այլ որոշ պարագայի կամ խնդրի մը վրայ լոյս սփռող քանի մը համարներով պէտք է պատճառաբանենք։ Այդ հարցին շուրջ Աստուծոյ միտքը ջանադրութեամբ պէտք է փնտռենք։ (Առակաց 2։3–5) Հանճարին ալ կարիքը ունինք, քանի որ «հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն [կը] ստանայ»։ (Առակաց 1։5) Հանճարեղ անհատ մը կրնայ հարցի մը տարբեր մասերը անջատել եւ ապա իրարու հետ անոնց յարակցութիւնը ըմբռնել։ Հանելուկի մը կտրօններուն նման, ան կտորները իրար կը կցէ ամբողջ պատկերը տեսնելու համար։
7. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան կրթութեան նկատմամբ Աստուածաշունչի սկզբունքներով պատճառաբանել։
7 Օրինակի համար, առնենք ծնողներ ըլլալու հարցը։ Առակաց 13։24–ը կ’ըսէ որ իր տղան սիրող հայրը զայն «կանուխ կը խրատէ [կը կրթէ (ՆԱ)]»։ Եթէ այս համարը անջատաբար առնենք, կրնանք զայն սխալ կիրարկել բիրտ ու անգութ կերպով պատժելը արդարացնելու համար։ Սակայն, Կողոսացիս 3։21–ը սա հաւասարակշռուած խրատը կու տայ. «Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէսզի չվհատին»։ Իրենց բանականութիւնը գործածող եւ այս սկզբունքները իրարու հետ ներդաշնակող ծնողները կրթութեան պիտի չդիմեն, զոր կրնանք «եղծանական» կոչել։ Անոնք իրենց զաւակներուն հետ ջերմութեամբ, հանճարով եւ արժանապատուութեամբ պիտի վարուին։ (Եփեսացիս 6։4) Ուստի, ծնողներ ըլլալու կամ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ կապ ունեցող ուրիշ որեւէ հարցի մէջ, կրնանք մեր բանականութիւնը մշակել բոլոր յարակից ազդակները կշռելով։ Այս կերպով, կրնանք Աստուածաշունչի սկզբունքներու «քերականութիւն»ը՝ Աստուծոյ միտումը եւ զայն ի՛նչպէս իրագործելու կերպը ըմբռնել։
8. Զբօսանքի նկատմամբ անթեք, վարդապետական տեսակէտներ որդեգրելէ ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ։
8 Մեր բանականութիւնը մշակելու երկրորդ կերպն է անթեք, վարդապետական տեսակէտներ որդեգրելէ խուսափիլ։ Անճկուն տեսակէտ մը մեր բանականութեան աճման արգելք կը հանդիսանայ։ Նկատի առնենք զբօսանքի հարցը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Ասիկա կը նշանակէ՞ որ աշխարհին կողմէ արտադրուած բոլոր գիրքերը, շարժապատկերները, կամ հեռատեսիլի յայտագիրները ապականած եւ սատանայական են։ Այսպիսի տեսակէտ մը անտրամաբանական պիտի ըլլար։ Անշուշտ, ոմանք թերեւս նախընտրեն հեռատեսիլէն, շարժապատկերներէն, կամ աշխարհային գրականութիւններէն բոլորովին խուսափիլ։ Անիկա իրենց իրաւունքն է եւ ասոր համար պէտք չէ քննադատուին։ Բայց անոնք ուրիշներու վրայ ճնշում պէտք չէ բանեցնեն, որպէսզի անոնք ալ նոյնանման խիստ դիրք մը բռնեն։ Ընկերութիւնը յօդուածներ հրատարակած է սուրբ գրային սկզբունքները նշելով, որոնք կ’օգնեն մեզի որ իմաստութեամբ մեր հանգիստին եւ զբօսանքներուն մէջ ընտրողական ըլլանք։ Մեծ անխոհեմութիւն է այս ուղեգծերէն անդին երթալ եւ մենք մեզ անբարոյ խորհուրդներու, լուրջ բռնութիւններու, կամ ոգեհարցութեան վտանգին մէջ ձգել, որոնք այս աշխարհին շատ մը զբօսանքներուն մէջ մեծապէս առկայ են։ Իրապէս, մեր զբօսանքները խոհեմութեամբ ընտրելը կը պահանջէ որ մենք Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու համար մեր բանականութիւնը գործածենք, որպէսզի Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ մաքուր խղճմտանք ունենանք։—Ա. Կորնթացիս 10։31–33
9. Ի՞նչ կը նշանակէ «լման ներատեսութիւն»։
9 Մեռօրեայ զբօսանքներու մեծամասնութիւնը բացայայտօրէն անյարմար է Քրիստոնեաներուն։a Հետեւաբար, ‘չարութիւնը ատելու’ համար մեր սիրտը պէտք է մարզենք, որպէսզի չնմանինք առաջին դարուն ապրած կարգ մը անհատներուն որոնք «անզգայ» էին։ (Սաղմոս 97։10. Եփեսացիս 4։17–19) Այսպիսի հարցերու շուրջ պատճառաբանելու համար, ‘ճշգրիտ գիտութեան ու լման ներատեսութեան’ կարիքը ունինք։ (Փիլիպպեցիս 1։9, ՆԱ) «Ներատեսութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը կը նշանակէ «բարոյական զգայուն ըմբռնում»։ Այս բառը մարդկային բառացի զգայարանքներուն կ’ակնարկէ, ինչպէս՝ տեսանելիքը։ Երբ հարցը զբօսանքի կամ անձնական որոշում պահանջող ուրիշ որեւէ հարցի մը գայ, մեր բարոյական զգայուն վիճակը բաւական լարուած պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենանք ըմբռնել ոչ միայն ի՛նչ որ բացայայտօրէն սահմանուած է, ինչպէս սեւ կամ ճերմակ հարցերը, այլ նաեւ՝ մոխրագոյն երանգները։ Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է խուսափինք Աստուածաշունչի սկզբունքները անտրամաբանական ծայրայեղութեամբ կիրարկելէ եւ պնդելէ որ մեր բոլոր եղբայրներն ալ նոյնը ընեն։—Փիլիպպեցիս 4։5
10. Եհովայի անձնաւորութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ, ինչպէս յայտնաբերուած է 15–րդ Սաղմոսին մէջ։
10 Մեր բանականութիւնը մշակելու երրորդ կերպն է Եհովայի միտքը ըմբռնել եւ զայն խոր կերպով մեր սրտին մէջ քանդակել։ Իր Խօսքին մէջ, Եհովա իր անձնաւորութիւնն ու չափանիշները կը յայտնէ։ Օրինակի համար, 15–րդ Սաղմոսին մէջ, կը կարդանք թէ Եհովա ի՛նչպիսի անհատներ կը հրաւիրէ իր վրանին մէջ կենալու համար։ Այսպիսի անհատ մը արդարութիւն կը գործէ, ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն, իր խոստումները կը պահէ եւ ուրիշները անձնասիրաբար չի շահագործեր։ Այս սաղմոսը կարդալով, դուք ձեզի հարց տուէք, ‘Այս յատկութիւնները կը յարմարի՞ն ինծի։ Եհովա զիս պիտի հրաւիրէ՞ր իր վրանին մէջ կենալու համար’։ Մեր զգայարանքները կ’ամրապնդուին, երբ Եհովայի ճամբաներուն եւ մտքին հետ ներդաշնակ ըլլանք։—Առակաց 3։5, 6. Եբրայեցիս 5։14
11. Փարիսեցիները ինչպէ՞ս ‘իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը զանց ըրին’։
11 Ճիշդ այս մարզին մէջ է որ Փարիսեցիները ողորմելիօրէն ձախողեցան։ Փարիսեցիները Օրէնքին գիտարուեստական կառոյցը գիտէին, բայց անոր «քերականութիւն»ը չէին ըմբռնած։ Անոնք կրնային Օրէնքին բիւրաւոր մանրամասնութիւնները արտասանել, բայց չէին կրցած անոր ետին եղող Անձնաւորութիւնը հասկնալ։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտողէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը»։ (Ղուկաս 11։42) Իրենց անճկուն մտքով եւ կարծր սրտով, Փարիսեցիները կը ձախողէին իրենց բանականութիւնը գործածելու մէջ։ Անոնց յեղյեղուկ բանականութիւնը յայտնի եղաւ, երբ անոնք Յիսուսի աշակերտները քննադատեցին, որոնք Շաբաթ օրով հասկեր փրցուցած եւ հատիկները կերած էին։ Սակայն, նոյն օրը աւելի ուշ, անոնք չխղճահարուեցան, երբ Յիսուսի մահը դաւադրեցին։—Մատթէոս 12։1, 2, 14
12. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի անձնաւորութեան հետ աւելի ներդաշնակ ըլլալ։
12 Մենք կ’ուզենք Փարիսեցիներէն տարբեր ըլլալ։ Աստուծոյ Խօսքին մեր գիտութիւնը պէտք է օգնէ մեզի որ Եհովայի Անձին հետ աւելի ներդաշնակ ըլլանք։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Աստուածաշունչէն կամ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած գրականութենէ մը մաս մը կարդալէ ետք, ոմանք օգտակար գտած են հետեւեալին նման հարցումներու վրայ խոկալ. ‘Այս տեղեկութիւնը Եհովայի եւ իր յատկութիւններուն մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ ինծի։ Ուրիշներուն հետ իմ վերաբերմունքիս մէջ, ինչպէ՞ս կրնամ Եհովայի յատկութիւնները ցուցաբերել’։ Այսպիսի հարցումներու վրայ խոկալը մեր բանականութիւնը կը զարգացնէ եւ մեզ կարող կը դարձնէ, որ «Աստուծոյ նմանող»ներ ըլլանք։—Եփեսացիս 5։1
Աստուծոյ եւ Քրիստոսին Ծառաներ, Ոչ թէ՝ Մարդոց
13. Փարիսեցիները ի՞նչ կերպով կը վարուէին որպէս բարոյական բռնապետեր։
13 Երէցները իրենց հոգածութեան ներքեւ եղողներուն թոյլ պէտք է տան, որ իրենց բանականութիւնը գործածեն։ Ժողովքին անդամները մարդոց ծառաներ չեն։ Պօղոս գրեց. «Եթէ ես տակաւին մարդոց հաճելի ըլլայի, ա՛լ Քրիստոսին ծառայ չէի ըլլար»։ (Գաղատացիս 1։10. Կողոսացիս 3։23, 24) Ասոր հակառակը, Փարիսեցիները կ’ուզէին մարդոց կարծել տալ որ շատ աւելի կարեւոր էր մարդոց հաճութիւնը ձեռք ձգել, քան թէ՝ Աստուծոյ։ (Մատթէոս 23։2–7. Յովհաննու 12։42, 43) Փարիսեցիները բարոյական բռնապետեր ըլլալու իրենք իրենց իրաւասութիւն տուած էին, որոնք իրենց անձնական կանոնները կը դնէին եւ ապա ուրիշները անոնց համաձայն կը դատէին։ Անոնք, որոնք Փարիսեցիներուն կը հետեւէին, Աստուածաշունչով մարզուած իրենց խղճմտանքը գործածելու մէջ կը տկարանային, մարդոց ծառաներ դառնալով։
14, 15. (ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ, որ հօտին հետ գործակիցներ են։ (բ) Երէցները խըղճմտանքի հարցերը ինչպէ՞ս ձեռք պէտք է առնեն։
14 Ներկայիս Քրիստոնեայ երէցները գիտեն որ հօտը գլխաւորաբար իրենց համարատու չէ։ Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ իր բեռը պէտք է կրէ։ (Հռովմայեցիս 14։4. Բ. Կորնթացիս 1։23. Գաղատացիս 6։5) Այսպէս պէտք է ըլլայ։ Արդարեւ, եթէ հօտին անդամները մարդոց ծառաներ ըլլային պարզապէս հնազանդելով, քանի որ հսկողութեան ներքեւ են, անոնք ի՛նչ պիտի ընէին, եթէ այդ մարդիկը իրենց շուրջը չըլլային։ Պօղոս Փիլիպպեցիներուն վրայ ուրախանալու պատճառ ունէր. «Ամէն ատեն հնազանդ եղաք՝ ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս, հապա ա՛լ աւելի հիմա, իմ բացակայութեանս ատեն, ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք»։ Անոնք իրապէս Քրիստոսին ծառաներ էին եւ ոչ թէ Պօղոսին։—Փիլիպպեցիս 2։12
15 Հետեւաբար, խղճմտանքի հարցերու մէջ, երէցները իրենց հոգածութեան ներքեւ եղողներուն տեղ որոշումներ չեն տար։ Անոնք որոշ հարցի մը շուրջ Աստուածաշունչի սկզբունքները կը բացատրեն եւ ապա թոյլ կու տան որ անհատները որոշում տան իրենց բանականութիւնը գործածելով։ Ասիկա լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է, պատասխանատուութիւն մը զոր անհատ մը անձամբ պէտք է կրէ։
16. Իսրայէլի մէջ խնդիրներ ձեռք առնելու համար ի՞նչ դրութիւն գոյութիւն ունէր։
16 Նկատի առնենք այն ժամանակաշրջանը, երբ Եհովա դատաւորներ կը գործածէր Իսրայէլը առաջնորդելու համար։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր»։ (Դատաւորաց 21։25) Սակայն Եհովա իր ժողովուրդին միջոցներ տուաւ, որպէսզի անոնք իր առաջնորդութիւնը ունենան։ Ամէն քաղաք երէցներ ունէր, որոնք կրնային հարցումներու եւ խնդիրներու պարագային հասուն կերպով օգնութիւն մատուցանել։ Ասկէ զատ, Ղեւտական քահանաները կը գործէին որպէս ոյժ ժողովուրդը բարութեան մղելու համար, մարդոց Աստուծոյ օրէնքները սորվեցնելով։ Երբ մասնաւորաբար դժուար հարցեր յարուցանուէին, Քահանայապետը կրնար Աստուծոյ դիմել Ուրիմի ու Թումիմի միջոցաւ։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ խորագրով գիրքը դիտել կու տայ. «Այդ անհատը, որ այս կարգադրութիւններէն կ’օգտուէր, Աստուծոյ օրէնքին գիտութիւնը ձեռք կը ձգէր եւ զայն կը կիրարկէր, իր խղճմըտանքին համար վստահելի առաջնորդութիւն մը կ’ունենար։ Այսպիսի պարագայի մը ‘իր աչքին հաճելի եղածը’ ընելուն արդիւնքը չէր կրնար գէշ ըլլալ։ Եհովա թոյլ կու տար որ ժողովուրդը կամաւ թէ ակամայ կեցուածք ու ընթացք մը ցոյց տայ»։—Հատոր Բ. էջ 162–3։b
17. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ, որ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն կը խրատեն եւ ոչ թէ իրենցիններուն համաձայն։
17 Իսրայելացի դատաւորներուն եւ քահանաներուն նման, ժողովքի երէցները խնդիրներու պարագային հասուն կերպով օգնութիւն կը մատուցանեն եւ արժէքաւոր խրատներ կու տան։ Երբեմն, անոնք նոյնիսկ ‘կը յանդիմանեն, կը սաստեն, կը յորդորեն ամենայն երկայնմտութեամբ ու վարդապետութեամբ’։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Անոնք ասիկա կ’ընեն Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն եւ ոչ թէ իրենցիններուն համաձայն։ Ասիկա որքա՜ն ազդու կ’ըլլայ, երբ երէցները օրինակ կը հանդիսանան ու կը ջանան սրտերուն հասնիլ։
18. Ինչո՞ւ մասնաւորաբար օգտակար է որ երէցները սրտին հասնին։
18 Սիրտը մեր Քրիստոնէական գործունէութեան «շարժակ»ն է։ Անոր համար Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են»։ (Առակաց 4։23) Սրտին հասնող երէցները պիտի տեսնեն որ ժողովքին անդամները Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իրենց կարելին ընելու կը մղուին։ Անոնք նախաձեռնութիւնը պիտի առնեն, ուրիշներու կողմէ միշտ խթանուելու կարիքը չունենալով։ Եհովա պարտադիր հնազանդութիւն չուզեր։ Ան կը փափաքի հնազանդութիւն մը որ սիրով լեցուն սրտէ մը կը բխի։ Երէցները կրնան սրտէն մղուած այսպիսի ծառայութիւն մը քաջալերել հօտի անդամներուն օգնելով, որ իրենց բանականութիւնը զարգացնեն։
«Քրիստոսին Միտքը» Մշակենք
19, 20. Մեզի համար ինչո՞ւ կարեւոր է Քրիստոսին միտքը մշակել։
19 Ինչպէս նշեցինք, բաւարար չէ միմիայն Աստուծոյ օրէնքները գիտնալ։ «Իմաստո՛ւն ըրէ զիս», պաղատեցաւ սաղմոսերգուն, «որպէսզի քու օրէնքդ պահեմ ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ»։ (Սաղմոս 119։34) Եհովա «Քրիստոսին միտքը» յայտնած է իր Խօսքին մէջ։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Յիսուս իր բանականութիւնով Եհովայի ծառայելու մէջ կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան կը հասկնար Աստուծոյ օրէնքներն ու սկզբունքները եւ անսխալօրէն կը կատարէր զանոնք։ Իր օրինակը ուսումնասիրելով, մենք պիտի ‘կարենանք հասկնալ թէ ի՞նչ է լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը. այսինքն ճանչնալ Քրիստոսին սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է’։ (Եփեսացիս 3։17–19) Այո, Յիսուսի մասին Աստուածաշունչէն ի՛նչ որ սորվինք պարզապէս ակադեմական գիտութենէն աւելին է. անիկա մեզի յստակ պատկեր մը կու տայ թէ Եհովան անձամբ ի՛նչպիսի էութիւն մըն է։—Յովհաննու 14։9, 10
20 Ուստի, մինչ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրենք, կրնանք հարցերու շուրջ Եհովայի միտքը ըմբռնել եւ հաւասարակշռուած որոշումներ տալ։ Ասիկա ջանք պիտի պահանջէ։ Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտները պէտք է ըլլանք, Եհովայի անձնաւորութեան եւ չափանիշներուն նկատմամբ դիւրազգաց ըլլալով։ Կարծէք թէ նոր քերականութիւն մը կը սորվինք։ Սակայն, բոլոր անոնք որ ասիկա կ’ընեն, Պօղոսի խրատին պիտի հնազանդին ‘իրենց մարմինները ընծայելու որպէս կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է իրենց սրբազան ծառայութիւնը իրենց բանականութիւնով’։—Հռովմայեցիս 12։1
[Ստորանիշ էջ 29]
a Ասիկա պէտք է վանէ ամէն զբօսանք որ դիւային, պոռնկագրական կամ սատիստական է, ինչպէս նաեւ այդպէս կոչուած ամէն «ընտանեկան զբօսանք» որ խառնակ եւ թոյլատու գաղափարներ կը քաջալերէ, որոնց Քրիստոնեաները չեն հաւանիր։
[Ստորանիշ էջ 31]
b Անգլերէնով հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց ու Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Ի՞նչ Սորվեցաք
◻ Աստուծոյ ծառայութեան առնչութեամբ, ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 33–ին։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր բանականութիւնը մշակել։
◻ Երէցները ինչպէ՞ս կրնան հօտին անդամներուն օգնել, որ Աստուծոյ ու Քրիստոսին ծառաներ ըլլան։
◻ Ինչո՞ւ «Քրիստոսի միտքը» պէտք է մշակենք։