Ուսումնասիրութիւն 15
Անձնական Լաւ Երեւոյթ
ՁԵՐ անձնական երեւոյթը շատ բան կ’ըսէ ձեր մասին։ Մինչ Եհովա սրտին կը նայի, բայց մարդիկ ընդհանրապէս ‘երեւցածին նայելով’ եզրակացութիւններու կը յանգին։ (Ա. Թագ. 16։7) Երբ մաքուր եւ լաւ յարդարուած էք, ուրիշներ հաւանաբար պիտի եզրակացնեն որ ձեր արժանապատուութեան գիտակից էք եւ աւելի հակամէտ պիտի ըլլան ձեզի մտիկ ընելու։ Ձեր լաւ հագուած ըլլալը ձեր ներկայացուցած կազմակերպութեան եւ ձեր պաշտած Աստուծոյն մասին ալ ձեր ունկնդիրներուն տեսակէտին վրայ լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգէ։
Կիրարկելի Ուղեգծեր։ Աստուածաշունչը անձնական երեւոյթի մասին շատ կանոններ չի դներ։ Բայց հաւասարակշռուած սկզբունքներ կը հայթայթէ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ լաւ որոշումներ կայացնենք։ Այս բոլորին մէջ հիմնական բանը այն է որ «ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընենք»։ (Ա. Կորն. 10։31) Մեր անձնական երեւոյթին կապակցաբար ի՞նչ սկզբունքներ խնդրոյ առարկայ են։
Նախ՝ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ մաքուր ըլլանք, թէ՛ մարմնով եւ թէ հագուածքով։ Վաղեմի Իսրայէլի տուած իր Օրէնքին մէջ, Եհովա մաքրութեան կապակցաբար պահանջներ դրաւ։ Օրինակ՝ երբ քահանաները պաշտօնի վրայ ըլլային, որոշուած ժամանակներուն պէտք էր լոգնային եւ իրենց հագուստները լուային։ (Ղեւտ. 16։4, 24, 26, 28) Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ չեն, բայց անոր բովանդակած սկզբունքները տակաւին վաւերական են։ (Յովհ. 13։10. Յայտ. 19։8) Մանաւանդ երբ պաշտամունքի վայր մը, կամ՝ դաշտի ծառայութեան կ’երթանք, մեր մարմինը, մեր շունչը եւ մեր հագուստները մաքուր պէտք է ըլլան, որպէսզի ուրիշներ մեզ անհաճելի չգտնեն։ Անոնք որոնք դասախօսութիւններ կու տան, կամ ժողովքին դիմաց ցուցադրութիւններու կը մասնակցին, այս ուղղութեամբ օրինակելի պէտք է ըլլան։ Մեր անձնական երեւոյթին ուշադրութիւն ընծայելը, յարգանք ցոյց կու տայ Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ։
Երկրորդ՝ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ համեստութիւն եւ ողջամտութիւն մշակենք։ Պօղոս առաքեալ յորդորեց որ Քրիստոնեայ կիները «ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն»։ (Ա. Տիմ. 2։9, 10) Տղամարդոց հագուածքին ու յարդարանքին մէջ ալ համեստութիւնն ու ողջամտութիւնը կարեւոր են։
Համեստ անհատ մը զգոյշ է որ անտեղիօրէն ուրիշները չնեղացնէ եւ ինքն իր անձին վրայ անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրէ։ Ողջամտութիւնը՝ շրջահայեցութեան կամ լաւ դատողութեան կ’առաջնորդէ։ Այս յատկութիւնները յայտնաբերող անհատ մը հաւասարակշռուած է՝ ինչ որ աստուածային չափանիշներուն հանդէպ յարգանքի արդիւնք է։ Այս յատկութիւնները ցուցաբերելը գրաւիչ կերպով չհագնիլ չի նշանակեր, հապա մեզի կ’օգնէ որ մեր երեւոյթին նկատմամբ լաւ դատողութիւն գործածենք եւ խուսափինք հագուածքի ու յարդարանքի անհեթեթ ոճերէ։ (Ա. Յովհ. 2։16) Կ’ուզենք այս սկզբունքները կիրարկել ամէնուրեք, երբ պաշտամունքի վայրի մը, դաշտի ծառայութեան, կամ ուրիշ գործունէութիւններու մէջ ենք։ Նոյնիսկ մեր առօրեայ հագուստը պէտք է համեստութիւն ու ողջամտութիւն արտացոլացնէ։ Դպրոցը՝ թէ աշխարհիկ գործի մէջ, միշտ առիթներ կ’ըլլան անպաշտօն վկայութիւն տալու։ Թէեւ այս պարագաներուն ժողովի եւ համաժողովներու երթալու պէս չենք հագուիր, բայց տակաւին մեր հագուածքը պէտք է կոկիկ, մաքուր եւ համեստ ըլլայ։
Անշուշտ, բոլորս նոյն կերպով չենք հագնիր եւ ասիկա մեզմէ չ’ակնկալուիր։ Մարդիկ տարբեր ճաշակներ ունին եւ ասիկա շատ հաճելի է։ Սակայն Աստուածաշունչի տուած ուղեգծերը միշտ պէտք է կիրարկուին։
Պետրոս առաքեալ ցոյց տուաւ որ մազերու ոճերէն եւ հագուստներէն շատ աւելի կարեւոր է «սրտին ծածուկ մարդ»ուն զարդարանքը։ (Ա. Պետ. 3։3, 4) Երբ մեր սիրտը լեցուն ըլլայ սիրով, ուրախութեամբ, խաղաղութեամբ, բարութեամբ եւ լաւ հաստատուած հաւատքով, ասոնք մեր հոգեւոր հագուստը պիտի կազմեն, որ իրապէս Աստուած կը պատուէ։
Երրորդ՝ Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ որ վայելուչ երեւոյթ մը ունենալու հոգ տանինք։ Ա. Տիմոթէոս 2։9–ի մէջ, «վայելուչ հագուստ»ի ակնարկութիւն եղած է։ Թէեւ Պօղոս առաքեալ կիներու յարդարանքին կ’ակնարկէր, բայց նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի տղամարդոց։ Վայելուչ բան մը կոկիկ ու մաքուր է։ Նիւթականով լաւ ըլլանք կամ ոչ, կրնանք կոկիկ երեւոյթ մը ունենալ։
Ուրիշներու կողմէ նկատուած անձնական երեւոյթին առաջին երեսակներէն մէկն է մեր մազը։ Անիկա կոկիկ եւ լաւ սանտրուած պէտք է ըլլայ։ Տեղական սովորութիւնը եւ ժառանգական ազդակներ կ’ազդեն մեր մազի յարդարանքին։ Ա. Կորնթացիս 11։14, 15–ի մէջ կը գտնենք մազի յարդարանքի մասին Պօղոս առաքեալի մէկ խրատը, ուր հաւանաբար այս երկու ազդակները նկատի կ’առնէր։ Սակայն, եթէ անհատի մը մազին ոճը այն տպաւորութիւնը տայ որ ան հակառակ սեռի նմանելու տպաւորութիւն կ’ուզէ ձգել, ասիկա հակառակ է Աստուածաշունչի սկզբունքներուն։—Բ. Օր. 22։5
Տղամարդոց համար, անձնական կոկիկ երեւոյթը կրնայ պարփակել լաւ ածիլուած ըլլալը։ Այն շրջաններուն մէջ, ուր պեխ ձգելը ընդունուած է, պեխ ձգողը զայն կոկիկ պահելու հոգ պէտք է տանի։
Չորրորդ՝ մեր երեւոյթը աշխարհի ու անոր ճամբաներուն հանդէպ սէր պէտք չէ արտացոլացնէ։ Յովհաննէս առաքեալ զգուշացուց. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է»։ (Ա. Յովհ. 2։15-17) Բազմաթիւ մեղաւոր ցանկութիւններ կը յատկորոշեն այս աշխարհը։ Անոնց կարգին Յովհաննէս կը յիշէ մեղաւոր մարմնին ցանկութիւնները եւ անհատի մը ունեցած բաներուն ցուցադրութիւնը։ Սուրբ Գրութիւնները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն նաեւ ըմբոստութեան հոգիին կամ հեղինակութեան հանդէպ անհնազանդութեան վրայ։ (Առ. 17։11. Եփ. 2։2) Այս ցանկութիւններն ու կեցուածքները յաճախ մարդոց հագուելակերպին ու յարդարանքին մէջ կը յայտնաբերուին։ Որպէս հետեւանք, անոնց երեւոյթը անհամեստ, հեշտասէր, պճնասէր, փնթի, անփոյթ կամ թափթփած կրնայ ըլլալ։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, մենք կը խուսափինք այսպիսի ոչ–քրիստոնէական կերպեր արտացոլացնող ոճերէ։
Փոխանակ աշխարհը ընդօրինակելու, որքա՜ն նախընտրելի պիտի ըլլար որ քրիստոնէական ժողովքին մէջի հոգեւորապէս հասուն տղամարդիկն ու կիները ազդեցութիւն ունենային ձեր հագուելակերպին ու յարդարանքին վրայ։ Օր մը հանրային դասախօս ըլլալու ցանկութիւնը ունեցող երիտասարդներ կրնան նկատել արդէն հանրային դասախօսութիւններ տալու որակելի եղող անհատներուն հագուած կերպը։ Բոլորն ալ կրնան սորվիլ անոնց օրինակէն, որոնք երկար տարիներ հաւատարմօրէն մասնակցած են հանրային քարոզչութեան։—Ա. Տիմ. 4։12. Ա. Պետ. 5։2, 3
Հինգերորդ՝ պատշաճ եղածը որոշելու մէջ, պէտք է ի մտի ունենանք որ ‘Քրիստոս ալ իր անձին հաճոյ չեղաւ’։ (Հռովմ. 15։3) Յիսուսի համար ամենակարեւոր բանը Աստուծոյ կամքը կատարելն էր։ Յիսուս ուրիշներուն օգնելն ալ իր անձնական հանգստութենէն առաջ դասեց։ Եթէ հագուածքի ու յարդարանքի որոշ ոճեր մեզ կը զատորոշեն մեր ծառայած շրջանին մէջ ապրող մարդոցմէ, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Քրիստոսի ցուցաբերած հեզ հոգին ընդօրինակելը մեզի կրնայ օգնել որ իմաստուն որոշում մը կայացնենք։ Պօղոս առաքեալ սկզբունքը տուաւ. «Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր»։ (Բ. Կորն. 6։3) Այդ պատճառով, կը հրաժարինք մազի այն ոճերէն եւ այլ զարդարանքներէն, որոնք մեր վկայած մարդոց մտքերը կրնան գոցել։
Մարմնի Կեցուածք։ Անձնական լաւ երեւոյթին մէջ կ’իյնայ նաեւ մարմնի պատշաճ կեցուածքը։ Անշուշտ, բոլորս ալ մարմնի նոյն կեցուածքը չունինք, ո՛չ ալ կը ջանանք որոշ նմուշի մը հետեւիլ։ Սակայն, ուշադրութեան արժանի է որ սուրբ գրային առումով, շիտակ կայնիլը արժանապատուութեան եւ լաւատեսութեան գաղափարը կը հաղորդէ։ (Ղեւտ. 26։13. Ղուկ. 21։28) Այսուհանդերձ, տարիներ կքած դիրքի մէջ աշխատելուն, կամ յառաջացած տարիքի եւ կամ ֆիզիքական տկարութեան պատճառով, եղբայր մը կամ քոյր մը թերեւս չկարենայ շիտակ կայնիլ, կամ յենարանի մը պէտք ունենայ։ Բայց անոնք որ կրնան, կը յանձնարարուի որ ուրիշներուն հետ խօսելու ատեն շիտակ կայնին, որպէսզի անտարբերութեան կամ ներողութիւն խնդրողի մը տպաւորութիւն չձգեն։ Նմանապէս, թէեւ սխալ չէ որ դասախօս մը պարբերաբար իր ձեռքերը գրակալին վրայ դնէ, բայց ունկնդիրներուն վրայ շատ աւելի լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ, եթէ գրակալին վրայ չյենուի։
Կոկիկ Պիտոյք։ Ո՛չ միայն մեր անձնական երեւոյթը մաքուր եւ յարդարուած պէտք է ըլլայ, հապա ծառայութեան մէջ մեր գործածած պիտոյքներն ալ մաքուր ու կոկիկ պէտք է ըլլան։
Նկատի առէք ձեր Աստուածաշունչը։ Բոլորս կարելիութիւն չունինք նոր Աստուածաշունչ մը գնելու երբ մեր ձեռքինը հիննայ։ Սակայն, մեր Աստուածաշունչը որքան ալ հին ըլլայ, պէտք է տեսնուի թէ անոր լաւ հոգ տարուած է։
Անշուշտ, վկայութեան պայուսակ մը կարգաւորելու շատ կերպեր կան, բայց կարեւորը կոկիկ ըլլալն է։ Աստուածաշունչէն թուղթերու իյնալը տեսա՞ծ էք, մինչ հրատարակիչ մը կը պատրաստուի տանտիրոջ համար մը կարդալ, կամ թերեւս երբ եղբայր մը ժողովքին դասախօսութիւն մը կու տայ։ Ասիկա ձեր ուշադրութիւնը կը ցրուէ, այդպէս չէ՞։ Եթէ Աստուածաշունչին մէջ պահուած թուղթերը ուշադրութիւն կը ցրուեն, ուրեմն զանոնք ուրիշ տեղ մը դնելը պիտի օգնէ որ ձեր պիտոյքը կոկիկ ըլլայ։ Պէտք է գիտակցիլ նաեւ, թէ Աստուածաշունչը կամ կրօնական ուրիշ գրականութիւն մը գետինը դնելը շատ անյարգալից կրնայ նկատուիլ կարգ մը մշակոյթներու մէջ։
Անձնական լաւ երեւոյթ ունենալուն կարեւորութիւն պէտք է տանք։ Անիկա մեր մասին ուրիշներու ունեցած տեսակէտին վրայ ալ կ’ազդէ։ Բայց մանաւանդ անոր հոգ կը տանինք, քանի որ կ’ուզենք ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարել’։—Տիտ. 2։10