Մեր փափաքը ըլլայ Եհովայի քով լաւ վարկ մը շահիլ
«Ո՛վ Աստուած իմ, . . . զիս յիշէ։ Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»։—ՆԷԵՄԵԱՅ 13։22, 31
1. Ի՞նչ բան կ’օգնէ որ Եհովայի նուիրուած անհատներ Իր քով լաւ վարկ մը ունենան։
ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաները հարկ եղած օգնութիւնը կը ստանան, որպէսզի կարենան լաւ վարկ մը շահիլ իր առջեւ։ Ի՞նչու։ Քանի որ Աստուծոյ երկրային կազամակերպութեան մէկ անդամը ըլլալով, իր հետ սերտ յարաբերութիւն մը կը վայելեն։ Ան իր նպատակները յայտնած է անոնց եւ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ անոնց օգնութիւն եւ հոգեւոր ներատեսութիւն տուած է։ (Սաղմոս 51։11. 119։105. Ա. Կորնթացիս 2։10–13) Այս մասնաւոր պարագաները նկատի ունենալով, Եհովա սիրալիր կերպով կոչ ըրած է իր երկրային ծառաներուն որ իրեն հաշիւ տան իրենց մասին, թէ անհատապէս ի՛նչ կը ներկայացնեն եւ թէ իր զօրութեամբ ու սուրբ հոգիին օգնութեամբ ի՛նչ կ’իրագործեն։
2. (ա) Նէեմիա ի՞նչ կերպով Աստուծոյ քով լաւ վարկ մը ունեցաւ։ (բ) Նէեմիա իր անունը կրող գիրքը ի՞նչ խնդրանքով վերջացուց։
2 Աստուծոյ քով լաւ վարկ շահած անհատ մըն էր Նէեմիան՝ Արտաշէս (Լոնկիմանուս) Պարսիկ Թագաւորին մատռուակը։ (Նէեմեայ 2։1) Նէեմիան Հրեաներուն կառավարիչը եղաւ եւ թշնամանք ու վտանգներ դիմագրաւելով հանդերձ, Երուսաղէմի պարիսպը վերաշինեց։ Ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ նախանձախնդրութենէ մղուած, ան Աստուծոյ Օրէնքը պարտադրեց եւ հարստահարուածներուն հանդէպ անտարբեր չգտնուեցաւ։ (Նէեմեայ 5։14–19) Նէեմիա Ղեւտացիները յորդորեց որ կանոնաւորաբար մաքրուին, դռները պահպանեն եւ Շաբաթ օրը սրբացնեն։ Ուստի, ան կրնար հետեւեալ աղօթքը մատուցանել. «Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար ալ զիս յիշէ ու քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ինծի ողորմէ»։ Դարձեալ, տեղին ըլլալով, աստուածային ներշնչման ներքեւ գրած իր գիրքը հետեւեալ խնդրանքով վերջացուց. «Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»։—Նէեմեայ 13։22, 31
3. (ա) Բարիք գործող անհատ մը ինչպէ՞ս կը նկարագրէք։ (բ) Նէեմիայի ընթացքին մասին մտածելով, մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ կրնանք ուղղել։
3 Բարի գործող անհատ մը առաքինի է եւ ուրիշներուն նպաստող ուղիղ գործեր կ’ընէ։ Նէեմիա այսպիսի անհատ մըն էր։ Ան Աստուծոյ հանդէպ ակնածանք ու ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ մեծ նախանձախնդրութիւն ունէր։ Ասկէ զատ, ան Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իր ունեցած առանձնաշնորհումներուն համար երախտապարտ էր եւ Եհովայի քով լաւ համբաւ մը ունէր։ Իր ընթացքին մասին մտածելով մենք մեզի հարց տանք. ‘Աստուածատուր առանձնաշնորհումներս եւ պատասխանատուութիւններս ի՞նչպէս կը նկատեմ։ Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի քով ի՞նչ համբաւ կը վայելեմ։
Գիտութիւնը Մեզ Համարատու կը Դարձնէ
4. Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ յանձնարարութիւն տուաւ, եւ անոնք որոնք ‘յաւիտենական կեանքի սահմանուած էին’ ի՞նչ ըրին։
4 Յիսուս իր հետեւորդներուն հետեւեալ յանձնարարութիւնը տուաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Մարդոց սորվեցնելով, զանոնք պիտի աշակերտէին։ Անոնք որ այսպէս ուսուցուած եւ «յաւիտենական կեանքի սահմանուած էին», պիտի կարենային մկրտուիլ, Յիսուսի նման։ (Գործք 13։48. Մարկոս 1։9–11) Անոնք սրտանց պիտի փափաքէին Յիսուսի պատուիրած բոլոր բաները կատարել։ Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը ստանալով եւ զայն գործադրելով, անոնք պիտի կարենային նուիրումի քայլը առնել։—Յովհաննու 17։3
5, 6. Ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք Յակոբու 4։17–ն. բացատրեցէք։
5 Աստուածաշունչի մեր գիտութիւնը որքան խոր ըլլայ, մեր հաւատքին հիմը այդքան հաստատ կ’ըլլայ։ Միաժամանակ, Աստուծոյ հաշիւ տալու մեր պատասխանատուութիւնը աւելի մեծ կ’ըլլայ։ Յակոբու 4։17–ն կ’ըսէ. «Ով որ բարին ընելը գիտնայ ու չընէ, ան մեղք է անոր»։ Յակոբոս այս նախադասութեամբ կ’եզրափակէր ինչ որ ըսած էր անոնց մասին, որոնք փոխանակ լիովին Աստուծոյ ապաւինելու՝ կը պարծենային։ Եթէ անհատ մը գիտէ թէ առանց Եհովայի օգնութեան մնայուն բա՛ն մը չի կրնար ընել, բայց ասոր համաձայն չի գործեր, անիկա մեղք է։ Բայց Յակոբոսի խօսքերը զանցառութեան մեղքերուն համար ալ կիրարկելի են։ Ոչխարներու ու այծերու Յիսուսի առակին մէջ, զոր օրինակ, այծերը դատապարտուեցան ո՛չ թէ չար արարքներու համար, այլ քանի որ Քրիստոսի եղբայրներուն օգնած չէին։—Մատթէոս 25։41–46
6 Մարդ մը որ Եհովայի Վկաներու հետ կ’ուսումնասիրէր, հոգեւոր գետնի վրայ դանդաղօրէն կը յառաջդիմէր. թերեւս անոր համար որ գիտէր թէ ծխելը պէտք էր դադրեցնէր, բայց կը շարունակէր ծխել։ Երէց մը իրմէ խնդրեց որ Յակոբու 4։17–ն կարդայ։ Այս համարին իմաստը բացատրելէ ետք, երէցը ըսաւ. «Նոյնիսկ երբ մկրտուած չէք, ձեր արարքներուն համար համարատու էք եւ ձեր որոշումին պատասխանատուութիւնը դուք պիտի կրէք»։ Բարեբախտաբար, այս մարդը անտարբեր չգտնուեցաւ. ան ծխելը դադրեցուց եւ շատ չանցած ինքզինք Եհովա Աստուծոյ նուիրելով, որակելի եղաւ մկրտուելու։
Մեր Ծառայութեան Համար Համարատու Ենք
7. ‘Աստուծոյ գիտութեան’ հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը ցոյց տալու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։
7 Մենք սրտանց պէտք է փափաքինք մեր Ստեղծիչը հաճեցնել։ ‘Աստուծոյ գիտութեան’ հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց տալու կերպերէն մէկն է, իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ համար աշակերտներ պատրաստելու մեր յանձնարարութիւնը կատարել։ Ասիկա ալ Աստուծոյ եւ մեր դրացիին հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու կերպ մըն է։ (Առակաց 2։1–5. Մատթէոս 22։35–40) Այո, Աստուծոյ մասին մեր ունեցած գիտութիւնը մեզ իրեն հանդէպ համարատու կը դարձնէ եւ հարկ է մեր ընկեր արարածները նկատել որպէս ապագացու աշակերտներ։
8. Ի՞նչու կրնանք ըսել որ Պօղոս կը զգար որ իր ծառայութեան համար համարատու էր Աստուծոյ։
8 Պօղոս առաքեալ գիտէր որ բարի լուրը սրտանց ընդունիլը եւ անոր հնազանդիլը փրկութիւն կը նշանակէ, իսկ զայն մերժելը՝ կործանում։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6–8) Ուստի, ան կը զգար որ իր ծառայութեան համար Եհովայի հաշիւ պիտի տար։ Պօղոս եւ իր ընկերակիցները ա՛յնքան կ’արժեւորէին իրենց ծառայութիւնը որ շատ զգոյշ եղան, որպէսզի մարդոց քով այն տպաւորութիւնը չձգեն որ անկէ նիւթական շահ մը ունին։ Արդարեւ, Պօղոսի սիրտը զինք մղեց որ ըսէ. «Եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։—Ա. Կորնթացիս 9։11–16
9. Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ վճարելիք ի՞նչ կարեւոր պարտք մը ունին։
9 Քանի որ մենք Եհովայի նուիրուած ծառաներ ենք, ‘բարի լուրը քարոզելու պարտականութիւնը ունինք’։ Մեզի յանձնարարութիւն տրուած է Թագաւորութեան պատգամը քարոզել։ Երբ մենք մեզ Աստուծոյ նուիրեցինք, այդ պատասխանատուութիւնը ընդունեցինք։ (Համեմատել Ղուկաս 9։23, 24–ի հետ։) Ասկէ զատ, մենք վճարելիք պարտք մը ունինք։ Պօղոս ըսաւ. «Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։ Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի ալ, որ Հռովմի մէջ էք, աւետարանը քարոզել»։ (Հռովմայեցիս 1։14, 15) Պօղոս պարտական էր, որովհետեւ գիտէր որ իր պարտականութիւնն էր քարոզել, որպէսզի մարդիկ կարենային բարի լուրը լսել ու փրկուիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։12–16. 2։3, 4) Ուստի, ան ծանր աշխատեցաւ իրեն տրուած յանձնարարութիւնը կատարելու եւ իր ընկեր արարածներուն հանդէպ իր պարտքը վճարելու համար։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք ալ վճարելիք պարտք մը ունինք։ Աստուծոյ, իր Որդւոյն եւ մեր դրացիներուն հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու գլխաւոր կերպերէն մէկն է Թագաւորութեան քարոզչութիւնը։—Ղուկաս 10։25–28
10. Ոմանք ի՞նչ ընելով իրենց ծառայութիւնը ընդլայնած են։
10 Մեր ծառայութիւնը ընդլայնելու համար մեր հմտութիւնները գործածելը, Աստուծոյ հանդէպ մեր պարտականութիւնները կատարելու կերպ մըն է։ Բացատրենք. Վերջերս Անգլիոյ մէջ տարբեր ազգի պատկանող մեծ թիւով անհատներ եկած են։ Այդ անհատներուն բարի լուրը հասցնելու համար, 800–է աւելի ռահվիրաներ (Թագաւորութեան լիաժամ քարոզիչներ) եւ հարիւրաւոր ուրիշ Վկաներ տարբեր լեզուներ կը սորվին։ Ասիկա մեծ զարկ մը տուած է իրենց ծառայութեան։ Չինարէն սորվեցնող ռահվիրայ քոյր մը ըսաւ. «Բնաւ չէի խորհած որ օր մը իմ լեզուս պիտի սորվեցնէի ուրիշ Վկաներու, որպէսզի իրենց կարգին ճշմարտութիւնը ուրիշներու հաղորդեն։ Շատ մեծ գոհունակութիւն կը զգամ»։ Դուք ալ ձեր ծառայութիւնը նոյն կերպով կրնա՞ք ընդլայնել։
11. Քրիստոնեայի մը տուած անպաշտօն վկայութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
11 Շատ հաւանաբար, բոլորս ալ մեր ձեռքէն եկածը պիտի ընէինք խեղդուելու վրայ եղող անհատ մը ազատելու համար։ Եհովայի ծառաներն ալ նոյն կերպով իրենց հմտութիւնները կը գործածեն ամէն պատեհ առիթով վկայելու համար։ Վերջերս, Վկայ քոյր մը հանրակառքին մէջ կնոջ մը կողքին նստաւ եւ Աստուածաշունչին մասին խօսեցաւ անոր։ Կինը իր լսած բաներէն խանդավառուած, սկսաւ շատ հարցումներ հարցնել։ Երբ Վկան կը պատրաստուէր փոխադրակառքէն իջնել, կինը իրմէ խնդրեց որ իր տունը գար, քանի որ տակաւին շատ հարցումներ ունէր։ Վկան համաձայնեցաւ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ եւ վեց ամիս ետք, կինը Թագաւորութեան չմկրտուած հրատարակիչ մը եղաւ։ Քիչ ետք ան սկսաւ վեց անհատներու հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարել։ Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ մեր հմտութիւնները գործածելու փոխարէն ի՜նչ ցնծալի վարձատրութիւն։
12. Որպէս քարոզիչներ մեր հմտութիւնները ի՞նչպէս կրնանք գործածել ծառայութեան մէջ։
12 Ծառայութեան մէջ մեր հմտութիւնները կրնանք ազդու կերպով գործի դնել, Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ 192–էջնոց գիրքը գործածելով։ 1996–ի Ապրիլին, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին Գրական Յանձնախումբը իր համաձայնութիւնը տուաւ Գիտութիւն գիրքը աւելի քան 140 լեզուներու թարգմանելու, բայց մինչ այդ, արդէն 111 լեզուներով 30,500,000 օրինակներ տպագրուած էին։ Գիտութիւն գրքին նպատակն է Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել որ Եհովայի նուիրուելու եւ մկրտուելու համար բաւականաչափ գիտութիւն ունենան Աստուծոյ Խօսքին եւ իր նպատակներուն մասին։ Քանի որ Թագաւորութեան հրատարակիչները նոյն անհատին հետ տարիներով ուսումնասիրութիւն պիտի չվարեն, հետեւաբար կրնան աւելի շատ անհատներու հետ ուսումնասիրութիւններ վարել կամ աւելի շատ տունէ–տուն ընել եւ ծառայութեան ուրիշ մարզերու մասնակցիլ։ (Գործք 5։42. 20։20, 21) Աստուծոյ առջեւ իրենց պատասխանատուութեան գիտակցելով, անոնք աստուածային ազդարարութեան վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն։ (Եզեկիէլ 33։7–9) Բայց իրենց գլխաւոր նպատակն է Եհովան պատուել եւ կարելի եղածին չափ շատերուն օգնել որ բարի լուրը սորվին, իրերու այս չար դրութեան համար մնացած կարճ ժամանակի ընթացքին։
Որպէս Ընտանիքներ Լաւ Վարկ մը Շահինք
13. Աստուածապաշտ ընտանիքներ ի՞նչու ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը պէտք է ունենան։
13 Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը ողջունող ամէն անհատ եւ ընտանիք Աստուծոյ համարատու է, հետեւաբար, պէտք է ‘հասունութեան դիմէ’ եւ ‘հաւատքի մէջ հաստատուի’։ (Եբրայեցիս 6։1–3, ՆԱ. Ա. Պետրոս 5։8, 9) Ուրեմն, Գիտութիւն գիրքը ուսումնասիրած եւ մկրտուած անհատներ, իրենց սուրբ գրային գիտութիւնը պիտի աւելցնեն կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախելով, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական ուրիշ գրականութիւնները կարդալով։ Աստուածապաշտ ընտանիքներն ալ ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն պէտք է ունենան, քանի որ անիկա շատ անհրաժեշտ է ‘արթուն կենալու, հաւատքի մէջ հաստատ կենալու, ժիր ըլլալու ու զօրանալու’ համար։ (Ա. Կորնթացիս 16։13) Եթէ տան գլուխ մըն էք, Աստուծոյ առջեւ մասնաւոր պատասխանատուութիւն ունիք ամէն բան ընելու որ ձեր ընտանիքը հոգեւոր գետնի վրայ լաւ կերակրուած ըլլայ։ Ճիշդ ինչպէս որ սննդարար կերակուրը մարմնաւոր առողջութեան կը նպաստէ, նմանապէս, առատ եւ կանոնաւոր հոգեւոր սնունդը անհրաժեշտ է, դուք եւ ձեր ընտանիքը ‘հաւատքի մէջ առողջ ըլլալու’ համար։—Տիտոս 1։13
14. Լաւ դաստիարակուած Իսրայելացի աղջնակի մը տուած վկայութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
14 Եթէ երեխաներ ունիք, Աստուծոյ քով վարկ պիտի շահիք, եթէ անոնց հոգեւոր լաւ դաստիարակութիւն մը տաք։ Այսպիսի ուսուցում մը օգտակար պիտի ըլլայ անոնց, ինչպէս եղաւ՝ Եղիսէ մարգարէին օրերուն Ասորիներու կողմէ գերեվարուած Իսրայելացի աղջնակին պարագային։ Ան Նէեման անունով Ասորի բորոտ զօրագլուխի մը կնկան սպասուհին եղաւ։ Մանկամարդուհի մը ըլլալով, ան իր տիկնոջ ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ տէրս Սամարիա եղող մարգարէին քով ըլլար, այն ատեն զանիկա իր բորոտութենէն կը բժշկէր»։ Աղջնակին վկայութեան վրայ, Նէեման Իսրայէլ գնաց, վերջապէս ենթարկուեցաւ Յորդանան գետին մէջ եօթը անգամ լուացուելու Եղիսէի ցուցմունքներուն եւ իր բորոտութենէն մաքրուեցաւ։ Ասկէ աւելին, Նէեման Եհովան պաշտող մը եղաւ։ Ասիկա ի՜նչ ցնծութիւն պատճառած ըլլալու էր այդ աղջնակին։—Դ. Թագաւորաց 5։1–3, 13–19
15. Ի՞նչու կարեւոր է որ ծնողներ հոգեւոր լաւ մարզում տան իրենց զաւակներուն։ Բացատրեցէք։
15 Դիւրին չէ աստուածավախ զաւակներ մեծցնել, Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող եւ ստորին բարոյական ունեցող այս աշխարհին մէջ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Սակայն, Տիմոթէոսի մեծ–մայրը, Լաւոդիան եւ մայրը՝ Եւնիկէն՝ մանուկ հասակէն լաւ կերպով իրեն սորվեցուցած էին Սուրբ Գրութիւնները։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15) Մեր զաւակներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը, զանոնք կանոնաւորաբար ժողովներու եւ հետագային ծառայութեան տանիլը, մարզումի տարբեր երեսակներ են, որոնց համար Աստուծոյ առջեւ համարատու ենք։ Ուէյլզ բնակող 80 ամեայ Վկայ քոյր մը կը յիշէ որ 1920–ական տարիներուն սկիզբը, իր հայրը զինք իր հետ կը տանէր, քովի ձորին մէջ գտնուող գիւղացիներուն սուրբ գրային թղթիկներ բաշխելու եւ միասնաբար երթուդարձի համար 20 քմ. ճամբայ կը կտրէին լեռնային շրջաններէն անցնելով։ Ան երախտագիտութեամբ կը յիշէ. «Քալելու այդ պահերուն էր որ հայրս իմ սրտիս մէջ քանդակեց ճշմարտութիւնը»։
Երէցները Հաշիւ Կու տան. Ի՛նչպէս
16, 17. (ա) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, հոգեւորապէս հասուն երէցները ի՞նչ առանձնաշնորհումներ կը վայելէին։ (բ) Վաղեմի Իսրայէլի պարագային հետ բաղդատելով, ի՞նչու ներկայիս Քրիստոնեայ երէցներէն աւելին կը պահանջուի։
16 «Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի», ըսաւ Սողոմոն իմաստուն թագաւորը։ (Առակաց 16։31) Սակայն Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքներուն մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելու համար, տարիքը նկատի առնուելիք միակ ազդակը չէ։ Վաղեմի Իսրայէլ ազգին մէջ, հոգեւոր գետնի վրայ հասուն երէցներ որպէս դատաւորներ եւ պաշտօնեաներ կը ծառայէին, արդարադատութիւն գործադրելու եւ խաղաղութիւնը, կարգ ու կանոնը եւ հոգեւոր առողջութիւնը պահպանելու համար։ (Բ. Օրինաց 16։18–20) Թէեւ քրիստոնէական ժողովքի պարագային ալ նոյնն է, բայց մինչ իրերու այս դրութեան վախճանը կը մօտենայ, երէցներէն շատ աւելին պահանջուած է։ Ի՞նչու։
17 Աստուած Իսրայելացիները վաղեմի Եգիպտոսէն ազատագրելով, անոնք ‘ընտրեալ ժողովուրդ’ մը եղան։ Անոնք Մովսէսի միջնորդութեամբ Օրէնքը ստանալով, իրենց զաւակները նուիրուած ազգի մը մէջ ծնան ու Եհովայի կանոններէն տեղեակ եղան։ (Բ. Օրինաց 7։6, 11) Բայց այսօր ոեւէ մէկը նուիրուած ազգի մը մէջ չի ծնիր, իսկ բաղդատաբար շատ քիչեր Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լաւ ընտելացած բարեպաշտ ընտանիքներու մէջ կը մեծնան։ Մասնաւորաբար անոնք որոնք տակաւին վերջերս սկսած են ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’, սուրբ գրային սկզբունքներու համաձայն ապրելու համար հրահանգներու պէտք ունին։ (Գ. Յովհաննու 4) Հետեւաբար, հաւատարիմ երէցներու ուսերուն վրայ ի՜նչ մեծ պատասխանատուութիւն կը հանգչի, մինչ ‘ամուր կը բռնեն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը’ եւ օգնութիւն կը մատուցանեն Եհովայի ծառաներուն։—Բ. Տիմոթէոս 1։13, 14
18. Ժողովքի երէցները ի՞նչպիսի օգնութիւն տալու պատրաստ պէտք է ըլլան եւ ի՛նչու։
18 Նոր քալել սորվող մանուկ մը կրնայ սայթաքիլ ու իյնալ։ Ան ինքզինք ապահով չ’զգար եւ ծնողներու օգնութեան ու քաջալերութեան կարիքը ունի։ Եհովայի նուիրուած անհատ մըն ալ կրնայ սայթաքիլ կամ հոգեւորապէս իյնալ։ Նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ աչքին շիտակը կամ բարին ընելու համար հարկ տեսաւ պայքարիլ։ (Հռովմայեցիս 7։21–25) Աստուծոյ հօտին հովիւները սիրալիր օգնութիւն պէտք է մատուցանեն այդ Քրիստոնեաներուն որոնք մոլորած՝ բայց անկեղծօրէն զղջացած են։ Երբ երէցները լուրջ յանցանք գործած նուիրուած կնոջ մը այցելեցին, ան իր նուիրուած ամուսինին ներկայութեան ըսաւ. «Գիտեմ որ պիտի վտարէք զիս»։ Բայց ան փղձկեցաւ, երբ երէցները հարցուցին թէ ի՛նչ կերպով կրնային օգնել, որպէսզի ընտանիքը հոգեւորապէս վերահաստատուի։ Գիտակցելով որ հաշիւ պիտի տան, երէցները ուրախութեամբ օգնեցին զղջացած հաւատակիցի մը։—Եբրայեցիս 13։17
Շարունակենք Լաւ Վարկ մը Պահել
19. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել Աստուծոյ քով լաւ վարկ մը ունենալ։
19 Ժողովքի երէցները եւ Աստուծոյ մնացեալ բոլոր ծառաները պէտք է շարունակեն Եհովայի քով լաւ վարկ մը պահել։ Ասիկա կրնանք ընել Աստուծոյ Խօսքին կառչած մնալով եւ իր կամքը կատարելով։ (Առակաց 3։5, 6. Հռովմայեցիս 12։1, 2, 9) Կ’ուզենք բարիք ընել մասնաւորաբար մեր հաւատակիցներուն։ (Գաղատացիս 6։10) Բայց տակաւին հունձքը մեծ է եւ մշակները՝ քիչ։ (Մատթէոս 9։37, 38) Ուստի, ուրիշներու ալ բարիք ընենք, Թագաւորութեան պատգամը ջանադրութեամբ քարոզելով։ Եթէ մեր նուիրումին համաձայն ապրինք, իր կամքը կատարենք եւ հաւատարմօրէն բարի լուրը քարոզենք, Եհովայի քով լաւ վարկ մը պիտի շահինք։
20. Նէեմիայի ընթացքէն ի՞նչ կը սորվինք։
20 Հետեւաբար, շարունակենք ծանր աշխատիլ Տիրոջ գործին մէջ։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Իսկ մեր մտքին մէջ պահենք Նէեմիայի օրինակը, որ Երուսաղէմի պարիսպը վերաշինեց, Աստուծոյ Օրէնքը պարտադրեց եւ նախանձախնդրաբար մաքուր պաշտամունքի յառաջացման նպաստեց։ Ան աղօթեց որ Եհովա Աստուած զինք յիշէ իր ըրած բարիքներուն համար։ Մենք ալ նոյն նուիրումը ունենանք Եհովայի հանդէպ, որպէսզի Իր քով լաւ վարկ մը շահինք։
Ի՞նչ կը պատասխանէք
◻ Նէեմիան ի՞նչ օրինակ թողուց։
◻ Ի՞նչու գիտութիւնը մեզ Աստուծոյ համարատու կը դարձնէ։
◻ Ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր պատասխանատուութիւնները կատարել։
◻ Աստուծոյ քով լաւ վարկ մը շահելու համար, ընտանիքները ի՞նչ կրնան ընել։
◻ Քրիստոնեայ երէցները ի՞նչպէս հաշիւ կու տան։
[Նկար՝ էջ 29]
Նէեմանի տան մէջ եղող Իսրայելացի աղջնակին նման, ձեր զաւակներն ալ հաւատքի մէջ հաստա՞տ են