Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»
    Դիտարան 2000 | Օգոստոս 1
    • Պօղոս՝ «Սպասաւոր» մը եւ «Տնտես» մը

      4. Պօղոս ի՞նչ յատուկ առանձնաշնորհումներ կը վայելէր։

      4 Պօղոս կարկառուն դէմք մըն էր նախկին Քրիստոնեաներուն մէջ եւ ասիկա հասկնալի է։ Իր ծառայութեան ընթացքին, ան հազարաւոր մղոններ ճամբորդեց ծովու ու ցամաքի վրայ եւ բազմաթիւ ժողովքներ հաստատեց։ Աւելին ըլլալով, Եհովա տեսիլքներ եւ օտար լեզուներ խօսելու պարգեւը շնորհեց անոր։ (Ա. Կորնթացիս 14։18. Բ. Կորնթացիս 12։1-5) Ան նաեւ ներշնչեց Պօղոսը որ 14 նամակներ գրէ, որոնք ներկայիս Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մաս կը կազմեն։ Իրապէս կարելի է ըսել, որ Պօղոսի աշխատանքը միւս բոլոր առաքեալներէն աւելի էր։—Ա. Կորնթացիս 15։10

      5. Պօղոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ ինքն իր մասին համեստ տեսակէտ մը ունէր։

      5 Քանի որ Պօղոս քրիստոնէական գործունէութեան մէջ առաջաւոր տեղ մը կը գրաւէր, ոմանք կրնան եզրակացնել որ ան շատ ուշադրութիւն գրաւած ըլլալու էր, նոյնիսկ ինքզինք տեսնելով իր ունեցած հեղինակութեան համար։ Բայց այդ չէր պարագան, քանի որ Պօղոս համեստ էր։ Ան ինքզինք կոչեց «առաքեալներուն ամենէն յետին»ը, աւելցնելով՝ «Արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի»։ (Ա. Կորնթացիս 15։9) Որպէս Քրիստոնեաները նախկին հալածող մը, Պօղոս բնաւ չմոռցաւ որ միայն անարժան ողորմութեան շնորհիւ էր որ կրնար Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ գալ, եւ մանաւանդ վայելել ծառայութեան մասնաւոր առանձնաշնորհումներ։ (Յովհաննու 6։44. Եփեսացիս 2։8) Ուստի, Պօղոս չէր խորհեր որ ծառայութեան մէջ իր գտած արտակարգ յաջողութիւնը զինք ուրիշներէն գերադաս կը դարձնէր։—Ա. Կորնթացիս 9։16

      6. Պօղոս ի՞նչպէս համեստութիւն ցոյց տուաւ Կորնթացիներուն հետ իր վերաբերմունքին մէջ։

      6 Պօղոսի համեստութիւնը մասնաւորաբար բացայայտ էր Կորնթացիներուն հետ իր վերաբերմունքին մէջ։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնցմէ ոմանք մեծապէս տպաւորուած էին իրենց աչքին կարկառուն եղող տեսուչներով, մէջը ըլլալով Ապօղոսը, Կեփասը եւ Պօղոսը։ (Ա. Կորնթացիս 1։11-15) Բայց Պօղոս ո՛չ Կորնթացիներուն գովաբանութիւնը փնտռեց, ո՛չ ալ իրեն հանդէպ անոնց ունեցած հիացմունքը շահագործեց։ Երբ անոնց կ’այցելէր, ան ինքզինք չներկայացուց «մարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով»։ Ընդհակառակը, Պօղոս ինքն իր եւ իր ընկերակիցներուն մասին ըսաւ. «Թող մարդիկ մեզ այնպէս սեպեն, որպէս թէ Քրիստոսին սպասաւորները ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները»։a—Ա. Կորնթացիս 2։1-5. 4։1

      7. Պօղոս խրատ տալու ժամանակ ի՞նչպէս համեստութիւն ցոյց տուաւ։

      7 Պօղոս համեստութիւն ցոյց տուաւ նոյնիսկ երբ բացայայտ խրատ, կամ ուղղութիւն պիտի տար։ Ան իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն աղաչեց «Աստուծոյ ողորմութիւնովը» եւ «սիրով», ու ո՛չ թէ իր առաքելական հեղինակութեամբ։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2. Փիլիմոն 8, 9) Պօղոս ինչո՞ւ ըրաւ ասիկա։ Քանի որ ան իրապէս ինքզինք կը նկատէր որպէս իր եղբայրներուն «գործակից»ը եւ ո՛չ թէ՝ ‘անոնց հաւատքին տիրապետող մը’։ (Բ. Կորնթացիս 1։23) Անկասկած, Պօղոսի համեստութիւնն էր որ ինքզինք շատ սիրելի դարձուց առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքներուն։—Գործք 20։36-38

  • «Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»
    Դիտարան 2000 | Օգոստոս 1
    • a «Սպասաւորներ» թարգմանուած Յունարէն բառը կրնայ ակնարկել ծառայի մը, որ մեծ նաւու մը ներքեւի թիերը կը քաշէր։ Ասոր հակառակը, «տնտեսներ»ուն աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ կը վստահուէին, թերեւս՝ կալուածի մը հոգ տանիլ։ Այսուհանդերձ, շատ մը տէրերու աչքին, տնտեսը մակոյկի մը վրայ ծառայող ստրուկէ մը աւելին չէր։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել