Գաղաադ՝ միսիոնարներ կը ղրկէ «մինչեւ երկրին ծայրերը»
ՀԻՄԱ աւելի քան կէս դար է որ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը միսիոնարներ կը ղրկէ։ 11 Սեպտեմբեր 1999–ին, Գաղաադու 107–րդ դասարանին վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ։ Անիկա 11 երկիրներէ եկած 48 աշակերտներէ բաղկացած էր եւ անոնք 24 երկիրներու մէջ ծառայելու նշանակում ստացան։ Անոնք պիտի միանան հազարաւոր ուրիշ միսիոնարներու, որոնք նշանակալից մասնակցութիւն մը ունեցած են, երկինք համբառնալէ առաջ Յիսուսի վերջին խօսքերուն կատարման մէջ։ Ան նախագուշակեց որ իր աշակերտները ‘իրեն համար վկաներ պիտի ըլլային մինչեւ երկրին ծայրերը’։—Գործք 1։8
Հաճելի միջավայրի մը մէջ, Փէթըրսընի Կրթական Կեդրոնի կողմէ պատրաստուած վկայականներու բաշխումի յայտագիրը հոյակապ առիթ մը հանդիսացաւ։ Շրջանաւարտ աշակերտները շատ ուրախ էին որ հանդիսականներուն մէջ կային իրենց ազգականները, մտերիմ բարեկամները եւ ուրիշ հիւրեր։ Հանդիսականներուն ընդհանուր գումարն էր 4,992 հոգի, Պրուքլինի ու Ուոլգիլի մէջ լսա–տեսողական դրութեամբ հետեւողներն ալ ներառեալ։
Եհովայի ու Ընկերոջ Հաւատարմօրէն Ծառայեցէք
Կառավարիչ Մարմինի անդամ ու վկայականներու բաշխման հանդիսութեան ատենապետ Կէրի Պարպըր բացումը կատարեց՝ «Ո՞վ Եհովայի Կողմն Է» բնաբանին ներքեւ։ Ան բացատրեց որ Մովսէսի օրուան Իսրայելացիները այս հարցը դիմագրաւեցին։ Շրջանաւարտներուն ու հանդիսատեսներուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ որ բազմաթիւ Իսրայելացիներ անապատին մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցին, քանի որ հաւատարմաբար Եհովայի կողմը չմնացին։ Կռապաշտութեան անձնատուր ըլլալէ ետք, անոնք «ուտելու ու խմելու նստան ու խաղալու ելան»։ (Ելից 32։1-29) Յիսուս նոյն վտանգին դէմ զգուշացուց Քրիստոնեաները. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի»։—Ղուկաս 21։34-36
Յաջորդ դասախօսը՝ Ճին Սմոլի՝ Գրական Բաժինէն, շրջանաւարտներուն հարցուց. «Պիտի Փաստէ՞ք որ Փէրէկարիք–ներ [Ամոքողներ] Էք»։ Ան բացատրեց որ Յունարէն Փա·րի·կո·րիա բառը որդեգրուած է Անգլերէն լեզուին մէջ որպէս բժշկական բաղադրութեան մը անունը, որ անհանգստութիւնը կ’ամոքէ։ Սակայն Պօղոս առաքեալ Կողոսացիս 4։11–ի մէջ այս իմաստալից բառը գործածեց իր աշխատակիցները բնութագրելու համար։ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը այս բառը թարգմանած է որպէս «զօրացնող օժանդակութիւն մը»։
Շրջանաւարտ միսիոնարները շատ գործնական կերպով կրնան արդի ամոքողներ ըլլալ, իրենց նշանակուած շրջանի եղբայրներուն ու քոյրերուն խոնարհաբար զօրացնող օժանդակութիւն մը ըլլալով եւ իրենց միսիոնար ընկերակիցներուն նկատմամբ համագործակցող եւ սիրալիր հոգի մը ցոյց տալով։
Տէնյըլ Սիտլիք՝ Կառավարիչ Մարմինի անդամ մը, յաջորդիւ խօսեցաւ հետեւեալ նիւթին շուրջ. «Ոսկեղէն Կանոնով Ապրեցէք»։ Ան բացատրեց թէ Մատթէոս 7։12–ի մէջ Յիսուսի տուած վեհ սկզբունքը՝ «ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»՝ ո՛չ միայն ուրիշները վնասելէ ետ կենալ կը պարփակէր, այլ՝ անոնց համար լաւ բաներ ընել։
Ասիկա յաջող կերպով ընելու համար, երեք բաներ պահանջուած են. տեսնող աչք, կարեկից սիրտ եւ օգնող ձեռք։ Ամփոփելով՝ ան ըսաւ. «Եթէ օգնելու փափաքը զգանք, անմիջապէս օգնենք։ Եթէ կ’ուզենք ուրիշներուն ընել այն ինչ որ կ’ուզենք որ անոնք մեզի ընեն՝ պէտք է յաւելեալ ջանք թափենք»։ Մասնաւորաբար այս պէտք է ըլլայ պարագան ճշմարիտ պաշտամունքը գործադրելու մէջ մարդոց օգնելու համար օտար երկիրներ գացող միսիոնարներուն։
Ուսուցիչներու Ջերմ Վերյիշեցումները
Գաղաադու ուսուցիչ Գարլ Էտըմզ, շրջանաւարտ միսիոնարները քաջալերեց՝ «Շարունակեցէք Աճիլ»։ Ո՞ր մարզերուն մէջ։ Նախ՝ գիտութեան ու զայն լաւ գործածելու կարողութեան մէջ։ Գաղաադու մէջ, աշակերտները փնտռտուքներ ընելու կերպը սորված էին, Աստուածաշունչի պատմութիւններու ենթահողը եւ դրոյթը ունենալու համար։ Անոնք քաջալերուած էին նկատի առնելու թէ իւրաքանչիւր պատմութիւն ի՛նչպէս պէտք էր ազդէր իրենց կեանքին։ Անոնց յորդոր տրուեցաւ որ շարունակեն ասիկա ընել։
«Երկրորդ՝ շարունակեցէք սիրոյ մէջ աճիլ։ Սէրը բան մըն է, որ սնուցանուելով կ’աճի։ Երբ անտեսուի՝ կրնայ մեռնիլ», ըսաւ Եղբայր Էտըմզ։ (Փիլիպպեցիս 1։9) Արդ, որպէս միսիոնարներ անոնք այժմ սիրոյ մէջ պէտք էր աճէին դժուար պարագաներու ներքեւ։ Իսկ երրորդ՝ «[Շարունակեցէք աճիլ] մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը»։ (Բ. Պետրոս 3։18) «Ասիկա հոյակապ շնորհք մըն է որ Եհովա ցոյց տուած է իր Որդւոյն միջոցաւ», դասախօսը ըսաւ։ «Մինչ այդ շնորհքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’աւելնայ, Աստուծոյ կամքը ընելէն ու մեզի տուած նշանակումը կատարելէն աւելի հաճոյք կ’առնենք»։
Գաղաադու ուրիշ ուսուցիչ մը՝ Մարգ Նումէր, խօսեցաւ՝ «Հարցերը Սիրով Դիմագրաւեցէք ու Պիտի Տոկաք» բնաբանին շուրջ։ Ան խրատեց. «Միսիոնարական կեանքին մէջ դժուար կացութիւնները սիրով տանիլ սորվեցէք եւ պիտի կարենաք անոնց տոկալ։ Եհովա իր սիրած անհատները կը կրթէ։ Նոյնիսկ երբ զգաք թէ որոշ խրատ մը անխոհեմ, կճող կամ անտեղին է, Եհովայի հանդէպ ձեր սէրը ու անոր հետ ձեր յարաբերութիւնը պիտի օգնեն որ զայն ընդունիք»։
Եղբայր Նումէր նշեց որ միսիոնարական ծառայութիւնը շատ պարտականութիւններ կ’ընդգրկէ։ «Բայց առանց սիրոյ կատարուած պարտականութիւնը, ձեզ դժգոհ պիտի դարձնէ։ Առանց սիրոյ, ձեր տան պարտականութիւնները՝ ինչպէս եփելը, գնումը, պտուղներ մաքրելը, ջուր եռացնելը՝ շատ տաղտկալի պիտի ըլլան։ Պէտք է կանգ առնէք եւ դուք ձեզի հարց տաք. ‘Ինչո՞ւ կ’ընեմ այս բաները’։ Եթէ դուք ձեզի ըսէք. ‘Իմ ջանքերս միսիոնար ընկերակիցներուս առողջութեան եւ ուրախութեան կը նպաստեն’, այդ պարագային զանոնք ընելը դժուար պիտի չգտնէք»։ Որպէս եզրակացութիւն, ան յորդորեց. «Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան՝ կրթութիւն ընդունիլ, ձեր միսիոնարական յանձնառութիւնը կատարել, թէ անհասկացողութիւն մը ձեռք առնել՝ սիրով վարուիլը պիտի օգնէ որ ձեր նշանակումին մէջ տոկաք։ ‘Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար’»։—Ա. Կորնթացիս 13։8
Յաջորդիւ, Գաղաադու ուսուցիչ Ուէլէյս Լիվըրընս, քանի մը հաճելի փորձառութիւններ վերարծարծեց, զորս աշակերտները ունեցած էին տեղւոյն ժողովքներուն հետ աշխատելու ընթացքին։ Տունէ–տուն երթալէ զատ, անոնք իրենց միսիոնարական մարզումը գործածեցին բեռնակառքերու կայանները, լուացքատուները, գնացքի կայանները եւ այլ վայրեր մարդիկ գտնելու համար։
Փորձառու Միսիոնարներ Վստահութիւն կը Ներշնչեն
Երբ նոր միսիոնարներ օտար երկիր մը երթան, պէտք ունի՞ն մտահոգուելու։ Անոնք օտար նշանակումի յարուցած դժուարութիւնները կրնա՞ն դիմագրաւել։ Մասնաճիւղերը ի՞նչ կ’ընեն, որպէսզի այս նոր եկողները յաջողակ ըլլան։ Այս ու ասոր նման ուրիշ հարցումներու պատասխանելու համար, Ծառայութեան Բաժինէն՝ Սթիվըն Լէթ, եւ Գրական Բաժինէն՝ Տէյվիտ Սբլէյն հարցազրոյց մը ունեցան եղբայրներու հետ, որոնք նոյն ատեն Դիտարանի Կրթական Կեդրոնին մէջ մասնաճիւղի դպրոցը կը յաճախէին։ Այս եղբայրները ներկայիս Սպանիոյ, Հոնկ Քոնկի, Լիպերիոյ, Պենինի, Մատակասքարի, Պրազիլիոյ եւ Ճափոնի մէջ կը ծառայեն որպէս մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներ։
Եհովայի այս փորձառու ծառաները, որոնցմէ շատեր տասնեակ տարիներ որպէս միսիոնարներ ծառայած են, շրջանաւարտ աշակերտները, ինչպէս նաեւ հանդիսատեսներուն մէջ գտնուող անոնց ծնողներն ու ազգականները, հաւաստիացուցին այս ուղղութեամբ։ Իրենց անձնական եւ ուրիշ միսիոնարներու փորձառութեան վրայ հիմնուելով, անոնք ցոյց տուին որ խնդիրներն ու մտահոգութիւնները յաջողութեամբ կրնան լուծուիլ։ Անոնց դիմագրաւած խնդիրը կրնայ մեծ ըլլալ, «բայց կրնայ լուծուիլ, եւ Ընկերութիւնը կ’օգնէ մեզի», մեկնաբանեց Ռայմօ Գուօգանէն, Մատակասքարի մէջ ծառայող միսիոնար մը։ «Մենք մեր նշանակումը չընտրեցինք, հապա զայն ստացանք», ըսաւ հիմա Պրազիլիոյ մէջ ծառայող Էօսթըն Կիւսթավսըն։ «Ուստի ամէն ջանք թափեցինք որ անոր կառչած մնանք»։ Ճէյմս Լինթըն, որ Ճափոնի մէջ կը ծառայէ, ըսաւ որ իրեն օգնողը «այն եղբայրներուն ներկայութիւնն էր, որոնք արդէն միսիոնարական նշանակումի մը մէջ կը ծառայէին»։ Միսիոնարական ծառայութիւնը Եհովայի ուրախ եւ արդիւնաբեր կերպով ծառայելու եւ իր ոչխարներուն հոգ տանելու կերպ մըն է։
Խուսափիլ Հոգեւորականութիւնը Սպաննող Պատուհասէն
Թէօտոր Ճէրըս, Կառավարիչ Մարմինի անդամ մը, որ անձամբ 1946–ին Գաղաադու եօթներորդ դասարանի շրջանաւարտ մը եղած էր, փակման դասախօսութիւնը տուաւ՝ «Հոգեւորապէս Ողջ Մնալուն Մարտահրաւէրը» բնաբանին շուրջ։ Նախ՝ աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ տեղի ունեցող դաժանութիւններուն անդրադառնալով, ան նշեց որ ներկայիս ամենագէշ դժբախտութիւնները կը պատահին մարդկութեան։
91–րդ Սաղմոսին ակնարկութիւն ընելով, Եղբայր Ճէրըս բնորոշեց «ժանտամահ»ն ու «հարուած»ը, որոնք մեր շուրջը գտնուող միլիոնաւորները հոգեւորապէս հիւանդացուցած ու սպաննած են։ Բանսարկուն եւ իր ամբարիշտ դրութիւնը մտաւորականութեան եւ նիւթապաշտութեան վրայ հիմնուած ժանտախտանման պրոպականդը գործածած են, հոգեւորապէս տկարացնելու եւ սպաննելու համար։ Բայց Եհովա կը վստահեցնէ մեզ որ այս պատուհասը պիտի չմօտենայ «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակող» ոեւէ մէկուն։—Սաղմոս 91։1-7
Եղբայր Ճէրըս ըսաւ որ «մարտահրաւէրը՝ հաւատքի մէջ առողջ, ապահով վայրի մէջ մնալն է։ Մենք չենք կրնար ‘ծաղր ընողներուն պէս ըլլալ, որոնք հոգեւորականութիւն չունին’։ Ներկայիս ասիկա հարց մը եղած է, զոր կազմակերպութեան մէջ բոլորս ալ կը դիմագրաւենք։ Ձեր միսիոնարական նշանակումին մէջ ալ կրնաք զայն դիմագրաւել»։ (Յուդա 18, 19, ՆԱ) Բայց շրջանաւարտ միսիոնարներուն ըսուեցաւ որ իրենց նշանակումին մէջ կրնային իրենց հոգեւորականութիւնը յաջողութեամբ պահպանել։ Անոնց ուշադրութեան յանձնուեցաւ, զոր օրինակ, թէ մեր եղբայրները ինչպէս կը տոկան Ռուսիոյ, Ասիոյ ու Ափրիկեան երկիրներու մէջ, հակառակ արգելքներու, ուժգին հակառակութեան, ծաղրանքի, անաստուածական պրոպականդի եւ սուտ ամբաստանութիւններու։ Իսկ, շատ մը պարագաներու, ասոնց վրայ կը բարդուին ֆիզիքական խնդիրներ, ազգատոհմային պայքարներ եւ անհրաժեշտ կարիքներու պակասութիւն։
Երբ հոգեւորականութեան մէջ տկարացում ըլլայ, «անհրաժեշտ է բուն խնդրին դառնալ ու անոր վրայ աշխատիլ, Աստուծոյ Խօսքին խրատները գործածելով»։ Սուրբ գրային օրինակներ տրուեցան։ Յեսուի քաջալերութիւն տրուած էր որ Օրէնքին իր ունեցած օրինակը ամէն օր ցած ձայնով կարդար։ (Յեսուայ 1։8) Յովսիայի օրերուն երբ Օրէնքի գիրքը գտնուեցաւ, Եհովա օրհնեց անոր հրահանգներուն հաւատարիմ գործադրութիւնը։ (Դ. Թագաւորաց 23։2, 3) Տիմոթէոս իր մանկութենէն գիտէր սուրբ գրութիւնները։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Բերիացիները միայն լաւ մտիկ ընողներ չէին. անոնց ակնարկուած էր որպէս «ազնիւ մարդիկ», քանի որ ամէն օր Սուրբ Գրութիւնները կը քննէին։ (Գործք 17։10, 11) Իսկ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Խօսքը գիտցողի ու գործադրողի մեծագոյն տիպարն է։—Մատթէոս 4։1-11
Եղբայր Ճէրըս իր եզրափակութեան մէջ նորեկ միսիոնարներուն հետեւեալ ջերմ խորհուրդը տուաւ. «Հիմա դուք ձեր միսիոնարական նշանակումը իրագործելու համար պատրաստուած էք։ Իսկ այժմ դուք ձեր երկրէն դուրս կ’երթաք, բառացիօրէն երկրի զանազան մասերը։ Եթէ հոգեւորապէս արթուն մնալու մարտահրաւէրը դիմագրաւենք, այդ պարագային թոյլ չենք տար որ որեւէ բան մեր ուշադրութիւնը դարձնէ այն բանէն զոր վճռած ենք ընել։ Դուք եռանդով պիտի քարոզէք, ուրիշները պիտի ներշնչէք որ ձեր հաւատքը ընդօրինակեն, իսկ մենք ձեր աղօթքներուն պիտի միանանք, որպէսզի Եհովա ձեր սորվեցուցած անհատները կենդանացնէ, ինչպէս մեզ կենդանացուց։ Այս կերպով, տակաւին շատ շատեր պիտի փախչին հոգեւոր թշուառութենէ, որ ներկայիս կը հարուածէ համայն աշխարհը։ Անոնք մեզի պիտի միանան յարաճուն թիւերով, Եհովայի կամքը կատարելու համար։ Ասիկա իրագործելու համար՝ կը մաղթենք որ Եհովայի օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ»։
Ատենապետը աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած բարեւները կարդալէ ետք, շրջանաւարտներուն վկայականները բաշխելու ժամանակը հասաւ։ Ապա՝ աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած երախտագիտական ուղերձ մը կարդացուեցաւ։ Անոնք որքա՜ն երախտապարտ էին Եհովայի ու իր կազմակերպութեան, իրենց ստացած մասնաւոր մարզումին համար եւ որպէս միսիոնարներ իրենց նշանակումներուն համար, երթալով «մինչեւ երկրին ծայրերը»։—Գործք 1։8
[Շրջանակ՝ էջ 29]
Դասարանին Վիճակագրական Տուեալները
Ներկայացուած երկիրներ՝ 11
Նշանակուած երկիրներ՝ 24
Աշակերտներուն թիւը՝ 48
Ամոլներուն թիւը՝ 24
Միջին տարիք՝ 34
Ճշմարտութեան մէջ միջին տարիք՝ 17
Լիաժամ ծառայութեան մէջ միջին տարի՝ 12
[Նկար՝ էջ 26]
Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցի 107–րդ Դասարանի Շրջանաւարտները
Ստորեւ տրուած ցանկին մէջ, շարքերը թուագրուած են առջեւէն դէպի ետեւ, իսկ անունները տրուած են ձախէն՝ աջ, իւրաքանչիւր շարքի համար։
1. Փէրալթա Գ., Հոլընպէգ Պ., Շօ Ռ., Հասան Ն., Մարթին Տ., Հաչինսըն Ա. 2. Էտուըրտց Լ., Վիզէր Դ., Չէրութի Գ., Էնթցմինկըր Ճ., Տ’Ալուազ Լ., Պակլիէրի Լ. 3. Նայթ Փ., Գրաուզ Ա., Գասուսգի Տ., Ռոզ Մ., Ֆրիտլ Գ., Նիէթօ Ռ. 4. Ռոզ Է., Պէգըս Թ., Թէլլի Ս., Համպըրթ Տ., Պէրնհարթ Ա., Փէրալթա Մ. 5. Տ’Ալուազ Ա., Համպըրթ Տ., Տանն Հ., Կէթլինկ Ճ., Շօ Ժ., Չէրութի Մ. 6. Պակլիէրի Ս., Գրաուզ Ժ., Հոլընպէգ Թ., Մարթին Մ., Պէրնհարթ Ժ., Հաչինսըն Մ. 7. Պէգըս Ա., Տանն Օ., Կէթլինկ Թ., Վիզէր Ռ., Նայթ Փ., Հասան Օ. 8. Նիէթօ Գ., Թէլլի Մ., Ֆրիտլ Տ., Գասուսգի Ա., Էտուըրտց Ժ., Էնթցմինկըր Մ.