Ձեր սրտէն ներեցէք
«Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 18։35
1, 2. (ա) Համբաւաւոր մեղաւոր մը Յիսուսի հանդէպ իր գնահատութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։ (բ) Առ ի պատասխան, Յիսուս ի՞նչ կէտ յստակացուց։
ԱՆ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ պոռնիկ մըն էր. մէկը չէր որ կրնայիք ակնկալել կրօնասէր անհատի մը տան մէջ տեսնել։ Եթէ ոմանք անոր հոն ըլլալը տեսնելով ցնցուեցան, շատ աւելի ցնցիչ էր այդ կնոջ ըրածը։ Ան բարձրագոյն բարոյականի տէր մարդուն մօտեցաւ եւ անոր գործին հանդէպ իր գնահատութիւնը յայտնեց, իր արցունքներով անոր ոտքերը լուալով եւ իր մազերով զանոնք չորցնելով։
2 Այդ մարդուն՝ Յիսուսի համար, ‘քաղաքին մէջ որպէս մեղաւոր’ ճանչցուած կնոջ արարքը վանողական չթուեցաւ։ Բայց Սիմոն Փարիսեցին՝ որու տան մէջ տեղի կ’ունենար ասիկա, հետաքրքրուած էր որ այս կինը մեղաւոր մըն էր։ Յիսուս պատասխանեց, անոր խօսելով երկու մարդոց մասին, որոնք պարտական էին պարտատիրոջ մը։ Մէկուն պարտքը մեծ էր՝ շուրջ երկու տարուան աշխատավարձքի հաւասար։ Միւսին պարտքը անոր մէկ տասանորդն էր՝ երեք ամսուան աշխատավարձքէ նուազ։ Քանի որ երկուքն ալ իրենց պարտքը վճարելու կարող չէին, պարտատէրը «երկուքին ալ շնորհեց»։ Անշուշտ, այն անհատը որու շատ շնորհուեցաւ, աւելի սէր յայտնելու պատճառ ունէր։ Ասիկա կնոջ ազնիւ արարքին հետ կապելէ ետք, Յիսուս հետեւեալ սկզբունքը տուաւ. «Որուն որ քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ»։ Ապա կնոջ ըսաւ. «Քու մեղքերդ ներուած են»։—Ղուկաս 7։36-48
3. Մենք մեր մասին ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնենք։
3 Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Եթէ ես այդ կնոջ տեղը ըլլայի, կամ եթէ նոյնանման պարագայի մէջ գտնուէի եւ ինծի ողորմութիւն ցոյց տրուէր, անկէ ետք ուրիշներու հանդէպ աններող պիտի գտնուէի՞’։ Հաւանաբար պատասխանէք՝ ‘Անշուշտ ո՛չ’։ Այսուհանդերձ, կը խորհի՞ք որ դիւրութեամբ կը ներէք։ Անիկա ձեր բնաւորութեան մէկ մա՞սն է։ Յաճախ ասիկա սիրայօժար կերպով ըրա՞ծ էք, իսկ ուրիշներ կրնա՞ն ձեզ նկարագրել որպէս ներող անհատ մը։ Տեսնենք թէ ինչո՛ւ բոլորս անկեղծ եւ ինքնավերլուծական կերպով ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք այս հարցին։
Ներողամտութեան Կարիքը Ունինք եւ Անիկա Մատուցուած Է Մեզի
4. Մեր մասին ի՞նչ իրողութիւն պէտք է ընդունինք։
4 Դուք անկատար էք եւ ասիկա ծածկուած չէ ձեզմէ։ Եթէ ձեզի հարցուի, շուտով կ’ընդունիք ասիկա, թերեւս յիշելով Ա. Յովհաննու 1։8–ի խօսքերը. «Եթէ ըսենք թէ ‘Մենք մեղք մը չունինք’, ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ»։ (Հռովմայեցիս 3։23. 5։12) Ոմանց պարագային, թերեւս իրենց մեղաւոր ըլլալը բացայայտ եղած է իրենց գործած լուրջ եւ անախորժ մեղքերով։ Բայց դուք եթէ նոյնիսկ այսպիսի յանցանքներով ճանչցուած չէք, վստահաբար շա՛տ անգամ ու շատ կերպերով Աստուծոյ չափանիշներէն վրիպած՝ մեղանչած էք։ Այդպէս չէ՞։
5. Ի՞նչ բանի համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք Աստուծոյ։
5 Հետեւաբար, ձեր վիճակը կարելի է համեմատել Պօղոս առաքեալի նկարագրութեան հետ. «Ատեն մը յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմնին անթլփատութեանը մէջ մեռած էիք, [Աստուած] կենդանացուց անոր [Յիսուսի] հետ. մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի»։ (Կողոսացիս 2։13. Եփեսացիս 2։1-3) Նկատի առէք՝ «մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի» նախադասութիւնը։ Ատիկա աննշան տարողութիւն մը չէ, այդպէս չէ՞։ Ամէն մէկս լաւ պատճառ ունինք Դաւիթի նման պաղատելու. «Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար ներէ իմ անօրէնութիւնս, վասն զի մեծ է»։—Սաղմոս 25։11
6. Եհովայի եւ ներողամտութեան նկատմամբ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
6 Դուք՝ կամ ոեւէ մէկս, ի՞նչպէս կրնանք թողութիւն ստանալ։ Գլխաւորաբար՝ քանի որ Եհովա Աստուած ներող է։ Անիկա իր անձնաւորութեան մէկ յատկանիշն է։ (Ելից 34։6, 7. Սաղմոս 86։5) Հասկնալի է ուրեմն, որ Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ աղօթքով իրեն մօտենանք եւ իրմէ ներողութիւն ու թողութիւն հայցենք։ (Բ. Մնացորդաց 6։21. Սաղմոս 103։3, 10, 14) Իսկ այս թողութիւնը տալու համար, ան օրինաւոր հիմ մը հայթայթած է. Յիսուսի քաւիչ զոհը։—Հռովմայեցիս 3։24. Ա. Պետրոս 1։18, 19. Ա. Յովհաննու 4։9, 14
7. Ի՞նչ կերպով պէտք է Եհովան ընդօրինակենք։
7 Ներելու Աստուծոյ յօժարակամութիւնը, ուրիշներուն հետ ինչպէս վարուելու որպէս օրինակ պէտք է ծառայէ մեզի։ Պօղոս ասոր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց, գրելով. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի»։ (Եփեսացիս 4։32) Կասկած չկայ որ Պօղոսի մատնանշած կէտը կը պարփակէր Աստուծոյ օրինակէն սորվիլ, քանի որ յաջորդ համարը կ’ըսէ. «Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս»։ (Եփեսացիս 5։1) Կապը կը տեսնէ՞ք։ Եհովա Աստուած ձեզի ներեց, ուստի Պօղոս համոզիչ կերպով կը տրամաբանէ՝ պէտք է Զինք ընդօրինակէք եւ ուրիշներուն հետ ‘քաղցր ըլլաք, գթած, ներելով իրարու’։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ասիկա կ’ընե՞մ։ Եթէ իմ բնաւորութեանս մէկ մասը չէ ասիկա ընել, այդ ուղղութեամբ ջանք կը թափե՞մ, ներող ըլլալով իրապէս Աստուած ընդօրինակելով’։
Ներող Ըլլալու Վրայ Պէտք Է Աշխատինք
8. Մեր ժողովքի կազմութեան մասին ի՞նչ բան պէտք է ընդունինք։
8 Իտէալական պիտի ըլլար, եթէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ շատ քիչ առիթներով ներելու աստուածային ընթացքին հետեւելու կարիք ունենայինք։ Իրականութիւնը հակառակն է։ Ճիշդ է որ մեր Քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը Յիսուսի սիրոյ օրինակին հետեւելու ջանք կը թափեն։ (Յովհաննու 13։35. 15։12, 13. Գաղատացիս 6։2) Անոնք երկար ժամանակէ կ’աշխատին եւ տակաւին կը շարունակեն աշխատիլ որ այս չար աշխարհը յատկորոշող մտածելակերպը, խօսելակերպը եւ գործելակերպը լքեն։ Անոնք իրապէս կ’ուզեն նոր անձնաւորութիւնը ցուցաբերել։ (Կողոսացիս 3։9, 10) Սակայն, չենք կրնար անտեսել այն իրողութիւնը թէ համերկրային ժողովքը եւ իւրաքանչիւր տեղական ժողովք, անկատար մարդոցմէ բաղկացած են։ Ընդհանուր առմամբ, անոնք վստահաբար առաջուընէ լաւ են, սակայն տակաւին անկատար են։
9, 10. Եթէ եղբայրներուն միջեւ խնդիրներ ծագին, ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք։
9 Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած դիտաւորեալ կերպով մեզի կ’ըսէ որ ժողովքին՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ մէջ անկատարութիւն կրնանք ակնկալել։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Կողոսացիս 3։13–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [«Եհովա», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։
10 Աստուածաշունչը յատկանշականօրէն, հոս մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ մեզի ներելուն եւ ուրիշներուն ներելու մեր պարտականութեան միջեւ եղող կապը։ Ասիկա ինչո՞ւ դժուար է։ Որովհետեւ Պօղոս ընդունեց որ անհատ մը կրնայ «մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենալ»։ Ան գիտակցեցաւ որ այսպիսի պատճառներ գոյութիւն պիտի ունենային։ Այսպիսի բաներ առաջին դարուն գոյութիւն ունեցած ըլլալու էին, նոյնիսկ Քրիստոնեայ ‘սուրբերուն’ միջեւ, որոնք ‘երկինքը պահուած յոյս մը’ ունէին։ (Կողոսացիս 1։2, 5) Ուստի, կրնա՞նք երեւակայել որ ներկայիս տարբեր ըլլայ, երբ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը ‘Աստուծոյ ընտրեալ սուրբեր եւ սիրելիներ’ ըլլալու սուրբ հոգիին վկայութիւնը չունի։ (Կողոսացիս 3։12) Հետեւաբար, եթէ մեր ժողովքին մէջ գանգատի պատճառներ ունինք՝ իրական կամ երեւակայական սխալներու պատճառաւ վիրաւորուած ենք, պէտք չէ եզրակացնենք որ ասիկա արտակարգ սխալ մըն է։
11. Յակոբոս աշակերտ ի՞նչ բանի դէմ մեզ զգուշացուց։
11 Յիսուսի կէս–եղբօր՝ Յակոբոսի խօսքերն ալ ցոյց կու տան որ պէտք է ակնկալենք, առնուազն պարբերաբար, այնպիսի կացութիւններ դիմագրաւել որ մեր եղբայրներուն ներել պահանջեն։ «Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։ Ապա եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք սրտերնուդ մէջ, մի՛ պարծենաք ու ճշմարտութիւնը սուտ մի՛ հանէք»։ (Յակոբու 3։13, 14) Ճշմարիտ Քրիստոնեաներու սրտին մէջ «դառն նախանձ եւ հակառակութիւն» կրնա՞յ ըլլալ։ Այո, Յակոբոսի խօսքերը որոշ կերպով կը թելադրեն որ այսպիսի բաներ երեւան եկան առաջին դարուն եւ պիտի ըլլան մեր օրերուն ալ։
12. Վաղեմի Փիլիպպէի ժողովքին մէջ ի՞նչ խնդիր ծագեցաւ։
12 Իրական օրինակ մըն է երկու օծեալ Քրիստոնեաներու պարագան, որոնք Պօղոսի կողքին ջանադրութեամբ աշխատելու համբաւը կը վայելէին։ Հաւանաբար կարդացած էք Եւոդիայի եւ Սիւնտիքի մասին, որոնք Փիլիպպէի ժողովքին կը պատկանէին։ Թէեւ հարցը մանրամասնութեամբ չի ներկայացներ, բայց Փիլիպպեցիս 4։2, 3–ը ցոյց կու տայ որ անոնց միջեւ խնդիր մը կար։ Արդեօք անիկա սկսաւ ազգականի մը մասին անխոհեմ, անազնիւ կամ նկատելի արհամարհական արտայայտութեա՞մբ մը, կամ մրցակցական նախանձո՞վ մը։ Ինչ ալ եղած ըլլար անոր բնոյթը, անիկա այնքան լուրջ հանգամանք մը ստացաւ որ հեռաւոր Հռովմի մէջ Պօղոս անոր մասին լսեց։ Սառնութիւն մը զարգացած էր հոգեւոր երկու քոյրերու միջեւ. անոնք ժողովներու մէջ իրարմէ հեռու կը մնային, կամ իրենց բարեկամներուն քով իրարու հասցէին անհաճելի արտայայտութիւններ կ’ընէին։
13. Հաւանաբար ի՞նչ տեղի ունեցաւ Եւոդիայի ու Սիւնտիքի միջեւ, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։
13 Արդեօք այսպիսի բաներ ծանօ՞թ են ձեզի. ձեր ժողովքին մէջ ոմանք այսպիսի բաներ ունեցա՞ծ են, որոնց մէջ թերեւս դուք ալ պարփակուած էք։ Նման խնդիր մը որոշ չափով հիմա ալ կրնայ գոյութիւն ունենալ։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Նկատի առնուած այդ երբեմնի պարագային, Պօղոս այդ երկու նուիրուած քոյրերը յորդորեց որ «միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով»։ Հաւանաբար անոնք համաձայն գտնուեցան որ հարցը քննարկեն եւ անոր վերջ դնեն, իրարու ներելու կամեցողութիւն յայտնեն, ապա Եհովայի ներելու օրինակին հետեւին։ Անպատճառ Եւոդիան եւ Սիւնտիքը կրցան ասիկա ընել. հետեւաբար մենք ալ կրնաք նոյնը ընել։ Այսպիսի ներողամիտ կեցուածք մը կրնայ ներկայիս ալ յաջող կերպով կիրարկուիլ։
Խաղաղութիւն Ըրէ՛ք՝ Ներեցէ՛ք
14. Ինչո՞ւ յաճախ կարելի է, եւ լաւագոյնն է, անձնական խնդիրներուն վրայէն անցնիլ։
14 Երբ ուրիշ Քրիստոնեայի մը հետ խնդիր ունենաք, ներելու համար իրապէս ի՞նչ պէտք է ընէք։ Անկեղծ ըլլալու համար, միմիայն մէկ կերպ չկայ, բայց Աստուածաշունչը օգտակար օրինակներ եւ իրապաշտ խրատներ կը հրամցնէ։ Գլխաւոր խորհուրդն է՝ պարզապէս հարցը մոռնալ եւ զայն անտեսել, թէեւ ասիկա ընդունիլը եւ կիրարկելը դիւրին չէ։ Յաճախ, երբ խնդիր մը ծագի, Եւոդիայի ու Սիւնտիքի պարագային նման, իւրաքանչիւր կողմ կը խորհի որ դիմացինն է սխալողը կամ գլխաւոր յանցաւորը։ Ուստի, այսպիսի կացութեան մը մէջ, դուք ալ կրնաք խորհիլ որ միւս Քրիստոնեան է որ գլխաւորաբար մեղադրելի է, կամ մեծագոյն վնասը հասցուցած է։ Այսուհանդերձ, կրնա՞ք ներելով այդ տետրակը գոցել։ Պէտք է գիտակցիք որ եթէ՝ եւ ասիկա մեծ եթէ մըն է՝ միւս Քրիստոնեան գլխաւորաբար կամ ամբողջովին յանցաւոր է, ուրեմն դուք էք որ խնդրին վրայէն պէտք է անցնիք՝ ներելով եւ անոր վերջ մը դնելով։
15, 16. (ա) Միքիան ի՞նչպէս նկարագրեց Եհովան։ (բ) Աստուծոյ «յանցանքը անտես» ընելը ի՞նչ կը նշանակէ։
15 Բնաւ մեր աչքին առջեւէն չհեռացնենք Աստուած, որպէս ներելու մէջ մեր տիպարը։ (Եփեսացիս 4։32–5։1) Յանցանքները ներելու իր օրինակին մասին Միքիա մարգարէն գրեց. «Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, որ անօրէնութեան կը ներէ ու իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ. իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր, քանզի ողորմութիւնը կը սիրէ»։—Միքիայ 7։18
16 Եհովան բնութագրելով որպէս «յանցանքը անտես»ող մը, Աստուածաշունչը ըսել չ’ուզեր որ ան կարող չէ յանցանքը յիշել, որպէս թէ տեսակ մը յիշողութեան կորուստ ունեցած ըլլար։ Նկատի առէք Սամփսոնի ու Դաւիթի պարագաները, որոնք լուրջ յանցանքներ գործեցին։ Աստուած այդ մեղքերը երկար ժամանակ ետք տակաւին կը յիշէր. մենք ալ անոնց մեղքերէն ոմանք գիտենք, քանի որ Եհովա Աստուածաշունչին մէջ արձանագրել տուած էր զանոնք։ Այսուհանդերձ, մեր ներողամիտ Աստուածը երկուքին ալ ողորմեցաւ, զանոնք որպէս հաւատքի տիպարներ դնելով մեր դիմաց։—Եբրայեցիս 11։32. 12։1
17. (ա) Հարցը ի՞նչպէս դիտելը կրնայ մեզի օգնել որ ուրիշներու յանցանքներն եւ վիրաւորանքները անտեսենք։ (բ) Եթէ ջանանք ասիկա ընել, ի՞նչպէս Եհովան ընդօրինակած կ’ըլլանք։ (Տես ստորանիշը։)
17 Այո, Եհովա կրնար յանցանքներուն ‘վրայէն անցնիլ’,a ինչպէս Դաւիթ շատ յաճախ իրմէ խնդրեց որ ընէ։ (Բ. Թագաւորաց 12։13, ստորանիշ. 24։10, ՆԱ) Կրնա՞նք ասոր մէջ Աստուծոյ նմանիլ, որպէս անկատար անհատներ մեր ծառայակիցներուն արհամարհանքներուն ու վիրաւորանքներուն վրայէն անցնելով։ Դուք ձեզ երեւակայեցէք ճէթ օդանաւի մը մէջ որ թռիչք առնելու վրայ է։ Դուրս նայելով, ուղիին վրայ կը տեսնէք ծանօթ մը որ երախաներու նման ձեզի լեզու կը հանէ։ Գիտէք որ ան թերեւս բարկացած է եւ կրնայ ըլլալ որ ձեր մասին կը մտածէ։ Կամ թերեւս բնաւ ձեր մասին չի մտածեր։ Ամենայնդէպս, մինչ օդանաւը կը դառնայ որ բարձրանայ, այդ կնկան վերեւէն կ’անցնիք, որ հիմա այլեւս բիծի մը նման կ’երեւնայ։ Ժամ մը ետք դուք հարիւրաւոր մղոններ հեռու էք եւ անոր վիրաւորական շարժուձեւը ձեր ետին կը մնայ։ Նոյն կերպով, շատ անգամ աւելի հեշտ պիտի ըլլայ ներել, եթէ փորձենք Եհովայի նման ըլլալ եւ վիրաւորանքներուն վրայէն իմաստուն կերպով անցնիլ։ (Առակաց 19։11) Տասը տարի ետք, կամ Հազարամեայի մէջ երկու հարիւր տարի ետք, այդ անարգանքը չնչին բան մը պիտի չթուի՞։ Ինչո՞ւ չանտեսենք զայն։
18. Եթէ չենք կրնար վիրաւորանք մը մեր ետին նետել, ո՞ր խրատը կրնանք կիրարկել։
18 Սակայն, կրնայ պատահիլ որ աղօթեցիք ու փորձեցիք ներել, բայց զգացիք որ չէք կրնար։ Ի՞նչ կրնաք ընել։ Յիսուս յորդորեց որ խաղաղութիւնը հաստատելու համար դիմացինին քով երթանք եւ առանձին մեր թիւրիմացութիւնները լուծենք։ «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես»։—Մատթէոս 5։23, 24
19. Երբ մեր եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն կը փնտռենք, ո՞ր կեցուածքը պէտք է ունենանք, եւ ո՞ր կեցուածքէն՝ զգուշանանք։
19 Յատկանշական է որ Յիսուս չըսաւ որ ձեր եղբօրը քով երթաք որպէսզի ցոյց տաք թէ դուք իրաւունքի մէջ էք եւ ինք սխալած է։ Թերեւս այս է պարագան։ Շատ հաւանաբար, երկու կողմերն ալ կարգ մը սխալներ գործած են։ Ամենայնդէպս, նպատակը դիմացինին զիջիլ տալ, կամ զինք ստորնացնել պէտք չէ ըլլայ։ Եթէ խօսակցութեան այդպէս մօտենաք, վստահաբար պիտի չյաջողիք։ Ոչ ալ նպատակը պէտք է ըլլայ իրական կամ երեւակայական վիրաւորանքը ամենայն մանրամասնութեամբ վերաքաղ ընել։ Երբ քրիստոնէական սիրոյ հոգիով հանդարտ խօսակցութիւն մը երեւան հանէ որ դժբախտաբար թիւրիմացութիւն մըն է խնդրին կորիզը, երկուքն ալ կրնան հարցը լուծել։ Բայց նոյնիսկ երբ ամբողջական համաձայնութեան մը չյանգիք, միշտ պայմա՞ն է որ այդպէս ըլլայ։ Լաւ արդիւնք պիտի չտա՞յ, երբ առնուազն համաձայնիք որ երկուքդ ալ անկեղծօրէն կը փափաքիք մեր ներող Աստուծոյն ծառայել։ Երբ այդ իրողութիւնը տեսնէք, երկու կողմերուն համար ալ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ իրենց սրտէն ըսել. «Կը ներես որ անկատարութեան պատճառաւ այս թիւրիմացութիւնը եղաւ։ Հա՛ճիս, մոռնանք զայն»։
20. Առաքեալներուն օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
20 Յիշեցէք որ առաքեալներն ալ վէճեր ունեցան, զոր օրինակ, երբ անոնցմէ ոմանք ուզեցին աւելի մեծ պատիւի արժանանալ։ (Մարկոս 10։35-39. Ղուկաս 9։46. 22։24-26) Անիկա լարուածութիւն, թերեւս նեղութիւն յառաջացուց, կամ նոյնիսկ խոր կերպով վիրաւորանքի պատճառ եղաւ։ Բայց անոնք կրցան անտեսել այս թերացումները եւ շարունակեցին իրարու հետ աշխատիլ։ Հետագային անոնցմէ մէկը գրեց. «Ան որ կ’ուզէ կեանքը սիրել ու բարի օրեր տեսնել, իր լեզուն թող դադրեցնէ չարութենէ ու իր շրթունքները՝ նենգութիւն խօսելէ։ Թող չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, թող խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ»։—Ա. Պետրոս 3։10, 11
21. Յիսուս ներելու մասին ո՞ր խորիմաստ խրատը տուաւ։
21 Նախապէս այս հերթականութեան մէկ երեսակը նկատի առինք. Աստուած անցեալին մեր գործած բազմաթիւ մեղքերը ներած է, ուստի մենք ալ պէտք է զինք ընդօրինակենք եւ մեր եղբայրներուն ներենք։ (Սաղմոս 103։12. Եսայեայ 43։25) Բայց այս հերթականութիւնը ուրիշ երեսակ մըն ալ ունի։ Տիպար աղօթքը հայթայթելէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ»։ Աւելի քան տարի մը ետք, ան այս միտքը անգամ մը եւս յիշեց, իր աշակերտներուն սորվեցնելով որ աղօթեն. «Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն»։ (Մատթէոս 6։12, 14. Ղուկաս 11։4) Ապա, իր մահուընէ քանի մը օր առաջ, Յիսուս աւելցուց. «Երբ աղօթքի կը կայնիք, ներեցէ՛ք եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէս զի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները»։—Մարկոս 11։25
22, 23. Ներելու մեր յօժարակամութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ազդել մեր ապագային։
22 Այո, Աստուծմէ շարունակաբար թողութիւն ստանալու մեր ակնկալութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է մեր եղբայրներուն ներելու մեր պատրաստակամութենէն։ Երբ Քրիստոնեաներու միջեւ անձնական խնդիր մը ծագի, դուք ձեզի հարց տուէք, ‘Աստուծոյ ներողամտութիւնը շահիլը շատ աւելի կարեւոր չէ՞, քան փաստել որ եղբայր մը կամ քոյր մը փոքր անարգանքով կամ չնչին վիրաւորանքով, կամ մարդկային անկատարութեան ուրիշ մէկ յայտնաբերումով յանցաւոր է’։ Դուք անձամբ կրնաք պատասխանել ասոր։
23 Սակայն, եթէ հարցը անձնական պզտիկ վիրաւորանքէ մը կամ խնդրէ մը շատ աւելի լուրջ է՞. . . ։ Իսկ Յիսուս ե՞րբ յանձնարարեց Մատթէոս 18։15-18–ն կիրարկել։ Յաջորդիւ այս հարցերը նկատի պիտի առնենք։
[Ստորանիշ]
a Ուսումնական մը կ’ըսէ որ Միքիայ 7։18–ի մէջ գործածուած Եբրայերէն փոխաբերութիւնը «առնուած է ուղեւորի մը ընթացքէն, որ առարկայի մը քովէն կ’անցնի առանց նկատելու զայն, քանի որ բնաւ չ’ուզեր անոր ուշադրութիւն դարձնել։ Անոր փոխանցել ուզած միտքը այն չէ թէ Աստուած մեղքին չի նայիր, կամ զայն կը նկատէ որպէս փոքր ու աննշան հարց մը, այլ՝ թէ որոշ պարագաներու զայն չի նշեր պատժելու մտքով. թէ ան չի պատժեր՝ հապա կը ներէ»։—Դատաւորաց 3։26. Ա. Թագաւորաց 16։8
Կը Յիշէ՞ք
◻ Ներելու մէջ Եհովա ի՞նչպէս մեզի օրինակ կը հանդիսանայ։
◻ Ժողովքին մէջ եղողներուն մասին ի՞նչ պէտք է յիշենք։
◻ Ընդհանրապէս, անարգանքներն ու վիրաւորանքները ի՞նչ ընելու կարող պէտք է ըլլանք։
◻ Եթէ հարկ ըլլայ, ի՞նչ կրնանք ընել, մեր եղբայրներուն հետ խաղաղութիւնը պահելու համար։
[Նկար՝ էջ 15]
Երբ Քրիստոնեայի մը հետ թիւրիմացութիւն մը ըլլայ, փորձեցէք զայն անտեսել. ժամանակի ընթացքին, այդ հարցը աստիճանաբար աննշան պիտի ըլլայ