Կորիզային սպառնալիքը—Ընդ միշտ վերացուա՜ծ
ԱՍՏՈՒԱԾ չ’ուզեր որ մարդիկ հիւանդագին վախով ապրին։ «Ուրախ Աստուած» մը ըլլալով, ան կ’ուզէ որ անոնք խաղաղութիւն վայելեն եւ ապահովութեամբ ապրին. ուրիշ խօսքով, Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ ուրախ ըլլան։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Կորիզային սպառնալիքով լեցուն աշխարհի մը մէջ, ասիկա պարզապէս անկարելի է։
«Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն»—Պատրանք մը
Բացայայտօրէն, կորիզային սպառնալիքը բնաւ չէ վերացուած։ Հակառակ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային շփոթութիւններուն, տակաւին ազգերը ընդհանուր առմամբ լաւատես կը թուին։ ՄԱԿ–ը 1986 տարին Խաղաղութեան Տարի մը հռչակելէն ի վեր, վտանգը վանելու իրական ջանք մը կը նկատուի։
Վերջին տասնամեակներուն, The Bulletin of the Atomic Scientists–ը իր դատաստանի ժամացոյցին սլաքը՝ կորիզային պատերազմի հաւանականութեան մատնանշող իր կերպը՝ կէս գիշերուան 3 վայրկեան մնացածէն տարած է 17 վայրկեանի։ 1989–ին, Սթոքհոլմի Միջազգային Խաղաղութիւն Հետազօտող Հաստատութիւնը նշեց որ «խաղաղարար պայքարի վճռակամութեան յոյսը հիմա աւելի լաւ հաստատուած է քան Բ. Աշխարհամարտի վախճանէն ի վեր որեւէ ժամանակին»։
Վերջին տարիներուն, Միացեալ Ազգերը լիազօրութիւն ստացած են միջազգային խռովութեան վայրերու հարցերը ձեռք առնելու համար։ Անոր յաջողութիւնը, թէեւ ամբողջական չէ, սակայն բաւարար եղած է ընդհանուր լաւատեսութեան նպաստելու։ Հաւանական է որ ապագային յաւելեալ քաջագործութիւններ կատարուին։ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն» աղաղակները հաւանաբար աւելի բարձր եւ աւելի ուժգին պիտի ըլլան։ Անոնք նոյնիսկ կրնան որոշ վարկ մը ձեռք ձգել։
Բայց զգոյշ եղէ՛ք։ «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է», կ’ազդարարէ Աստուածաշունչը, «այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին»։ Հետեւաբար, «խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն» աղաղակները պիտի նշեն կորիզային կամ այլ ապականութեամբ ‘երկիրը ապականողները ապականելու’ Աստուծոյ ժամանակը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3, 4. Յայտնութիւն 11։18
Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը չ’ըսեր որ ազգերը «խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն» պիտի իրագործեն։ Ակներեւաբար, անոնք անոնց մասին պիտի խօսին մասնայատուկ կերպով մը, որեւէ ժամանակէ տարբեր լաւատեսութիւն եւ համոզում արտայայտելով։ Այնպէս պիտի թուի որ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն իրագործելու առիթները որեւէ ժամանակէ աւելի մօտ են։ Հակառակ կորիզային սպառնալիքին յարատեւման, ազգերը ապահովութեան սխալ զգացում մը պիտի օրօրեն։
Սակայն, ճշմարիտ Քրիստոնեաները պիտի չխաբուին։ Սուր հետաքրքրութեամբ, անոնք մարդկային խաղաղութենէն եւ ապահովութենէն անդին եղող աւելի լաւ բան մը պիտի ակնկալեն։
Իրական Խաղաղութիւնն ու Ապահովութիւնը
Ըստ Սաղմոս 4։8–ին, իրական խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը միմիայն Եհովայի կարգադրութեան մէջ կարելի է գտնել։ «Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, վասընզի դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես»։ Եհովայի Թագաւորութեան կարգադրութենէն դուրս ‘խաղաղութեան եւ ապահովութեան’ որեւէ աղաղակ կրնայ միայն պատրանք մը ըլլալ։ Անիկա կրնայ ոչ մէկ մնայուն արժէք ունենալ։
Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կէսկատար գործ մը պիտի չընէ։ Աստուածային կառավարութիւնը կորիզային զէնքերը նուազեցնելէ աւելին պիտի ընէ։ Անիկա ամբողջովին մէջտեղէն պիտի վերցնէ զանոնք եւ պատերազմի մնացեալ զէնքերը։ Սաղմոս 46։9–ն կը խոստանայ. «Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»։
Նմանապէս, կորիզային բարդերու սխալ գործածութենէն կամ շողարձակ կեղտերէն պատճառուած սպառնալիքները անցեալին պիտի պատկանին։ Ապա թէ ոչ, հետեւեալ խօսքերը շիտակ պիտի չըլլային. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ. վասնզի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։ Աստուած չի կրնար ստել։ Իր խօսքին վրայ կասկածելու ո՛չ մէկ պատճառ ունինք։—Միքիայ 4։4. Տիտոս 1։2
Պիտի ուզէի՞ք կորիզային սպառնալիքէ ընդ միշտ զերծ եղող աշխարհի մը մէջ ապրելու ակնկալութիւնը ունենալ։ Կրնաք ունենալ, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը պահանջուած պայմանները յստակօրէն կը թուէ։ Անոնց մասին սորվելով եւ անոնց համաձայն կեանք մը վարելով, դուք ալ օր մը կրնաք ուրախ հառաչանքով ըսել. «Կորիզային սպառնալիքը վերջապէս վերացուա՜ծ է»։
[Նկար՝ էջ 7]
Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ խաղաղութիւն պիտի տիրէ առանց որեւէ կորիզային սպառնալիքի