Ճշմարիտ կեանքին վրայ գուրգուրացէք
ԿԵԱՆՔԸ միայն ա՞յս է։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ կեանքը միայն այս չէ, երբ կը քաջալերէ մեզ որ «ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգենք»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17–19) Եթէ մեր ներկայ կեանքը ճշմարիտ կեանքը չէ, ուրեմն ո՞րն է։
Վերոյիշեալ համարին բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ անիկա «յաւիտենական կեանք»ն է, զոր աստուածավախ անհատ մը ամուր պէտք է բռնէ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։12) Մեծամասնութեան համար, ասիկա երկրի վրայ յաւիտենական կեանք կը նշանակէ։ Առաջին մարդը՝ Ադամ ՝ դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունէր։ (Ծննդոց 1։26, 27) Ան պիտի մեռնէր միմիայն եթէ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտէր։ (Ծննդոց 2։17) Բայց քանի որ Ադամն ու անոր կինը՝ Եւան՝ անհնազանդ գտնուեցան այդ ծառէն ուտելով, Աստուած մահուան դատավճիռը տուաւ անոնց։ ‘Այն օրը որ անկէ կերան’, անոնք մեռան Աստուծոյ աչքին եւ անոնց թաւագլոր էջքը սկսաւ դէպի ֆիզիքական մահ։ Այլեւս անոնց կեանքը նախկին որակը չունէր, զոր անոնք վայելած էին։
«Ճշմարիտ կեանք»ի Ճամբան
«Ճշմարիտ կեանքը» կարելի դարձնելու նպատակով, Եհովա Աստուած կարգադրութիւն մը ըրաւ մարդկութիւնը փրկելու համար։ Այս կարգադրութիւնը հասկնալու մէջ մեզի օգնելու համար, պզտիկ գործարան մը օրինակ առնենք։ Անոր մէջ գտնուող բոլոր մեքենաները թերի են եւ մեքենավարներուն աշխատանքը կը դժուարացնեն, քանի որ, տարիներ առաջ, առաջին գործաւորը անտեսած է ուղեգրքի հրահանգները եւ բոլոր մեքենաներուն վնաս հասցուցած է։ Ներկայ մեքենավարները կրնան միայն իրենց լաւագոյնը ընել իրենց ունեցած մեքենաներով աշխատելու համար։ Գործարանին տէրը կը փափաքի մեքենաները վերանորոգել իր գործաւորներուն օգնելու համար, ուստի այդ նպատակով, ան հիմնադրամ մէկդի կը դնէ։
Առաջին ‘մեքենավարը’՝ Ադամ՝ իրեն տրուած կեանքին վրայ չգուրգուրաց։ Հետեւաբար, ան իր սերունդին անկատար կեանք մը կտակեց, թերի մեքենայի մը նման։ (Հռովմայեցիս 5։12) Գործարանին հետագայ մեքենավարներուն նման, որոնք անկարող են վիճակը բարելաւել, Ադամի սերունդը չէ կրցած անձնապէս ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգել։ (Սաղմոս 49։7) Երեւութապէս այս անյոյս վիճակը շտկելու համար, Եհովա իր միածին Որդին երկիր ղրկեց, որպէսզի ան յաւիտենական կեանքը վերագնէ ի օգուտ մարդկութեան։ (Ղուկաս 1։35. Ա. Պետրոս 1։18, 19) Մարդկութեան սիրոյն իր զոհական մահով, Աստուծոյ միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ ‘հիմնադրամ ’ը՝ Ադամի կորսնցուցած կեանքին համապատասխանող կեանքը՝ հայթայթեց։ (Մատթէոս 20։28. Ա. Պետրոս 2։22) Այս թանկարժէք զոհագործութեամբ, Եհովա ներկայիս ճշմարիտ կեանքը հայթայթելու համար հիմը ունի։
Հնազանդ մարդկութեան համար, Յիսուսի քաւիչ զոհը դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք պիտի նշանակէ։ (Սաղմոս 37։29) Այս յոյսը կը մատուցանուի բոլոր անոնց որոնք պիտի վերապրին «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»էն, որու ակնարկուած է որպէս Արմագեդոն։ (Յայտնութիւն 16։14–16) Անիկա երկրի վրայէն ամէն ամբարշտութիւն պիտի բնաջնջէ։ (Սաղմոս 37։9–11) Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղողները, որոնք այդ ժամանակէն առաջ կը մեռնին, երկրի վրայ վերահաստատուած Դրախտին մէջ պիտի յարուցանուին եւ ճշմարիտ կեանքը վայելելու հեռանկարը պիտի ունենան, որ վերապահուած է բոլոր անոնց որոնք կը հնազանդին Աստուծոյ։—Յովհաննու 5։28, 29
Մեր Ներկայ Կեանքին Վրայ Պէտք Է Գուրգուրանք
Ասիկա չի նշանակեր որ կրնանք մեր ներկայ կեանքին սրբութիւնը իրաւամբ անարժէք նկատել։ Արդեօք գործարանին տէրը ժամանակ ու դրամ պիտի խնայէ՞ անխնամ գործաւորի մը մեքենան վերանորոգելու համար։ Ընդհակառակը, գործատէրը վերանորոգուած մեքենան պիտի չվստահի՞ անհատի մը որ իր լաւագոյնը ըրած է հինը լաւ վիճակի մէջ պահելու համար։
Կեանքը Եհովայի տուած թանկարժէք պարգեւ մըն է։ Այդ պարգեւին բարեսէր աղբիւրը ըլլալով, ան կ’ակնկալէ որ մենք անոր վրայ գուրգուրանք։ (Սաղմոս 36։9. Յակոբու 1։17) Երկրի վրայ գտնուող մարդոց հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութեան մասին խօսելով, Յիսուս ըսաւ. «Ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են»։ (Ղուկաս 12։7) Եհովա պատուէր տուաւ Իսրայելացիներուն որ սպանութիւն չընեն, որ բնականաբար կը պարփակէր անձնասպան ալ չըլլալ։ (Ելից 20։13) Ասիկա կ’օգնէ մեզի որ անձնասպանութենէ խուսափինք որպէս ընտրութիւն։
Իրենց բարօրութեան հանդէպ Եհովայի սիրալիր հետաքրքրութիւնը գիտնալով, աստուածավախ անհատներ Աստուածաշունչի սկզբունքները կը կիրարկեն այժմու սովորութիւններուն մէջ։ Օրինակի համար, քանի որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ‘մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ պէտք է մաքրեն իրենց անձերը եւ սրբութիւնը կատարելագործեն Աստուծոյ վախովը’, անոնք ծխախոտէ եւ միտք խանգարող թմրեցուցիչներէ խոյս կու տան։—Բ. Կորնթացիս 7։1
Մարդկային կեանքին հանդէպ Աստուծոյ հետաքրքրութիւնը տակաւին կը տեսնուի «հանդարտ սիրտ» մը պահելու եւ անբարոյ վարքէ խուսափելու մասին իր խրատէն։ (Առակաց 14։30. Գաղատացիս 5։19–21) Այդ բարձր չափանիշներուն կառչելով, կը պաշտպանուինք այնպիսի բաներէ, ինչպէս առողջութեան վնասող ցասումէ եւ սեռային գետնի վրայ տարափոխիկ հիւանդութիւններէ։
Իր ժողովուրդին կեանքին հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութիւնը նաեւ բացայայտ է չափազանց ուտելէ ու խմելէ ետ կենալու մասին իր յորդորէն։ (Բ. Օրինաց 21։18–21. Առակաց 23։20, 21) Քրիստոնեաները ազդարարուած են թէ ագահներն ու գինովները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն, ուրիշ խօսքով, անոնք ճշմարիտ կեանքը բնաւ պիտի չվայելեն։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Ա. Պետրոս 4։3) Չափաւորութիւն քաջալերելով, Եհովա մեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնէ։—Եսայեայ 48։17
Երբ Աստուծոյ չափանիշներուն համակերպինք, ցոյց կու տանք որ մեր ներկայ կեանքին վրայ կը գուրգուրանք։ Անշուշտ, ճշմարիտ կեանքը աւելի թանկարժէք է։ Քանի որ անիկա յաւիտենական է, ճշմարիտ Քրիստոնեաները աւելի կարեւորութիւն կու տան անոր քան իրենց ներկայ կեանքին։ Երբ իր կեանքը զոհեց, Յիսուս Քրիստոս Եհովայի կամքին ենթարկուեցաւ։ Իրեն համար իր Հօրը հնազանդիլը շատ աւելի նշանակութիւն ունէր քան հոս՝ երկրի վրայ՝ իր վարած կեանքը։ Իր ընթացքը յարուցանուելու եւ երկնքի մէջ անմահ կեանք ստանալու արժանացուց զինք։ (Հռովմայեցիս 6։9) Իր մահը նաեւ կը նշանակէ յաւիտենական կեանք հնազանդ մարդոց համար, որոնք իր քաւիչ զոհին հաւատք կ’ընծայեն։—Եբրայեցիս 5։8, 9. 12։2
Արեան Մասին Կենսական Օրէնքը
Հասկնալի է որ Յիսուսի հետեւորդները իր մտածելակերպը կ’արտացոլացնեն։ Քրիստոսին նման, անոնք կը փափաքին ամէն բանի մէջ Աստուած հաճեցնել։ Ասոր համար է որ անոնք արեան ներարկումները կը մերժեն, որոնք, ըստ կարգ մը բժիշկներու, կեանքեր կը փրկեն։ Արդ տեսնենք թէ անհատ մը ի՛նչպէս ցոյց կու տայ թէ ճշմարիտ կեանքին վրայ կը գուրգուրայ արեան ներարկումները մերժելով։
Յիսուս Քրիստոսին նման, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը փափաքին ողջ ըլլալ Աստուծոյ աչքին, իսկ ասիկա կը պահանջէ որ անոնք ամբողջական հնազանդութիւն ցուցաբերեն։ Աստուծոյ Խօսքը Քրիստոսի հետեւորդներուն կը պատուիրէ. «Ետ կենաք կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ»։ (Գործք 15։28, 29) Արեան մասին այս օրէնքը ինչո՞ւ մաս կը կազմէ այն պատուէրներուն որոնց պէտք է հնազանդին Քրիստոնեաները։
Իսրայելացիներուն տրուած Օրէնքը կը պահանջէր որ անոնք արիւնէ ետ կենային։ (Ղեւտացւոց 17։13, 14) Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ չեն։ Բայց անոնք գիտեն որ արիւն չուտելու պատուէրը Օրէնքը կը կանխէր. անիկա նախապէս Նոյին տրուած էր, Ջրհեղեղէն ետք։ (Ծննդոց 9։3, 4. Կողոսացիս 2։13, 14) Այս պատուէրը Նոյի ամբողջ սերունդին կը կիրարկուէր, որմէ երկրի բոլոր ազգերը ծագում առած են։ (Ծննդոց 10։32) Ասկէ զատ, Մովսիսական Օրէնքը մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ Աստուած ի՛նչու արեան սրբութիւնը կը պնդէ։ Որեւէ տեսակի արիւն ուտելը արգիլելէ ետք, Աստուած Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէսզի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք, քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է»։ (Ղեւտացւոց 17։11) Աստուած արիւնը վերապահեց սեղանին վրայ զոհական գործածութեան համար։ Արեան սրբութեան մասին իր օրէնքը երկրին վրայ գտնուող ամէն կեանքի վրայ իր հեղինակութիւնը կը յայտնէ մեզի։ (Եզեկիէլ 18։4. Յայտնութիւն 4։10) Մեր կեանքը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտելով, կը հասկնանք որ անիկա մեզի չի պատկանիր, այլ մեզի վստահուած է Աստուծոյ կողմէ։
Ճիշդ ինչպէս որ մեր օրինակին մէջ մեքենավարը մեքենայի մը պատասխանատու էր, մենք ալ մեր ներկայ կեանքին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ունինք։ Ի՞նչ պիտի ընէիք, եթէ ձեր մեքենան վերանորոգուելու կարիքը ունենար եւ մեքենագործ մը թելադրէր ձեզի որ ասիկա ընէք ուղեգրքին մէջ բացայայտօրէն արգիլուած կտորներ գործածելով։ Ուրիշ մեքենագործներու կարծիքը պիտի չհարցնէի՞ք, տեսնելու համար թէ ուղեգրքին մէջ տրուած հրահանգներուն համաձայն վերանորոգելու կերպ մը կայ, թէ՝ ոչ։ Մարդկային կեանքը մեքենայէ մը շա՜տ աւելի կարեւոր եւ բարդ է։ Իր ներշնչեալ Խօսքին՝ մարդիկ ողջ պահելու իր ուղեգրքին՝ մէջ, մեր Արարիչը արեան գործածութիւնը կ’արգիլէ կեանքը պահելու համար։ (Բ. Օրինաց 32։46, 47. Փիլիպպեցիս 2։16) Տրամաբանական չէ՞ այս ուղեգրքին հրահանգներուն կառչիլ։
Իրականութեան մէջ, հիւանդ Քրիստոնեաները, որոնք իրենց պարագային առանց արիւնի դարմանում կը խնդրեն, բժշկական բոլոր դարմանումները չեն մերժեր։ Անոնք պարզապէս կը խնդրեն դարմանում մը որ պիտի յարգէ իրենց թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ կեանքը։ Քրիստոնեաներուն բռնած դիրքը խիզախօրէն յարգող բժիշկները կը վկայեն որ անոնց փափաքին համաձայն զանոնք դարմանելը իր օգուտները ունի։ «Եհովայի Վկաներուն հետ շփումներս ինծի նոր արժէքներու առաջնորդեցին», կ’ըսէ վիրաբուժ մը որ արիւնը լայնօրէն գործածելու սովորութիւնը ունէր։ Հիմա ան կը փորձէ նոյնիսկ Եհովայի Վկայ չեղողները առանց արիւնի դարմանել։
Ճշմարիտ Կեանքին Վրայ Գուրգուրանք
Այս վիրաբուժը ի՞նչ նոր արժէքներ գտաւ Եհովայի Վկաներ դարմանելով։ Ան հիմա կը հասկնայ որ հիւանդ մը դարմանելը կը պարփակէ ո՛չ միայն մարմնին հիւանդ մասը, այլ ամբողջ անձը։ Հիւանդ մը արտօնութիւն պէտք չէ՞ ունենայ իր ֆիզիքական, հոգեւոր եւ զգացական բարօրութեանը համար լաւագոյն խնամքը խնդրելու։
15 տարեկան Գումիգոյին համար, իր մահացու արեան խլիրդը դարմանելու վատագոյն ընտրութիւնն էր արեան ներարկում մը։ Այս միջոցով իր կեանքը քանի մը շաբաթներ, քանի մը ամիսներ, կամ նոյնիսկ քանի մը տարիներ երկարել փորձելը չէր արժեր, բաղդատած՝ իր կորսնցնելիքին հետ։ Իր ներկայ կեանքը Եհովա Աստուծոյ նուիրած ըլլալով որպէս Իր Վկաներէն մէկը, ան կեանքի ու արեան սրբութիւնը կը յարգէր։ Թէեւ իր հայրն ու ուրիշ ազգականներ խստօրէն հակառակեցան իր բռնած դիրքին, բայց Գումիգոն հաստատամիտ մնաց։ Անգամ մը իր բժիշկը իրեն հարցուց. «Եթէ քու Աստուածդ թերութիւնները կը ներէ, ան քեզի ալ պիտի չներէ՞ր, եթէ արեան ներարկում մը ընդունէիր»։ Գումիգոն մերժեց զիջում ընել եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իր հաւատալիքը դրժել։ «Կենաց խօսքը ամուր բռնելով», ան իր դիրքը պահեց։ (Փիլիպպեցիս 2։16) Ինչպէս իր անհաւատ մեծ մայրը ըսաւ. «Գումիգոն իր հաւատալիքը պիտի չլքէր»։ Իր հօրը եւ մեծ մօրը, ինչպէս նաեւ զինք խնամող բժիշկներուն կեցուածքը շուտով փոխուեցաւ։
Զինք մեռելներէն յարուցանելու կարող Եհովա Աստուծոյ հանդէպ Գումիգոյի զօրաւոր հաւատքը շատերուն սրտերը յուզեց։ Երբ տակաւին ողջ էր, ան իր հօրը պաղատեցաւ. «Եթէ նոյնիսկ մեռնիմ, Դրախտին մէջ պիտի յարուցանուիմ։ Բայց եթէ դուն Արմագեդոնին կործանիս, քեզ պիտի չտեսնեմ։ Ուստի, խնդրեմ, Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ»։ Իր հայրը միշտ կ’ըսէր. «Երբ լաւանաս, կ’ուսումնասիրեմ»։ Բայց երբ Գումիգոն իր անողոք հիւանդութենէն մահացաւ, հայրը անոր դագաղին մէջ դրաւ հետեւեալ գրութիւնը. «Դրախտին մէջ պիտի տեսնեմ քեզ, Գումիգօ»։ Յուղարկաւորութենէն ետք, ան հոն ներկայ եղած անհատներուն ըսաւ. «Ես Գումիգոյին խոստացայ որ Դրախտին մէջ պիտի տեսնեմ զինք։ Թէեւ տակաւին չեմ կրնար ասոր հաւատալ, որովհետեւ բաւական չեմ ուսումնասիրած, բայց որոշած եմ հարցը խորապէս քննել։ Հաճիք, օգնեցէք ինծի»։ Անոր ընտանիքի անդամներէն ուրիշներ ալ սկսան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։
Գումիգոն կեանքին հանդէպ իրական յարգանք ունէր եւ կ’ուզէր ապրիլ։ Ան կը գնահատէր իր ներկայ կեանքը փրկելու համար բժիշկներուն բոլոր ըրածները։ Սակայն Ստեղծիչին ուղեգրքի հրահանգներուն ենթարկուելով, ան փաստեց որ ինք ճշմարիտ կեանքին վրայ կը գուրգուրար։ Միլիոնաւորներու համար, անիկա դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք մը պիտի նշանակէ։ Դուք ալ անոնց մէջ պիտի գտնուի՞ք։