Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 9/15 էջ 8-11
  • Ինչո՞ւ ձեր խոստումը պէտք է յարգէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ ձեր խոստումը պէտք է յարգէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա Իր Խոստումները կը Կատարէ
  • Եհովայի Խոստումները ու Մեր Ապագան
  • Աստուծոյ Տուած Մեր Խոստումները Կատարենք
  • Մեր Խոստումները Յարգելը Վստահութիւն կը Կերտէ
  • Մեր Խոստումները Յարգելու Ուրիշ Կերպեր
  • Ճոխ Օրհնութիւններ՝ Աստուծմէ
  • Խոստումներդ կը պահե՞ս
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Եհովան միշտ իր խոստումը կը կատարէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը կը կատարէ երկրի վրայ
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել նոր աշխարհի խոստումին հանդէպ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 9/15 էջ 8-11

Ինչո՞ւ ձեր խոստումը պէտք է յարգէք

«ՔՈՒԷԱՐԿԵՑԷՔ ա՛յն մարդուն՝ որ նուազագոյն խոստումներ կու տայ. ան աւելի քիչ յուսախաբ պիտի ընէ ձեզ», ըսաւ նախագահական խորհրդատու հանգուցեալ Պէրնարտ Պարուք։ Ներկայ աշխարհին մէջ, խոստումները կը դրժուին։ Անոնք կրնան ըլլալ ամուսնական ուխտեր, առեւտրական համաձայնութիւններ կամ զաւակներուն հետ աւելի ժամանակ անցընելու համար տրուած խոստումներ։ Աւանդական առած մը կայ որու միտքը լայնօրէն անտեսուած է. «Անհատի մը արժէքը՝ իր խոստումներուն արժէքով կը չափուի»։

Անշուշտ, մարդոց մեծամասնութիւնը իրենց խոստումները յարգելու մտադրութիւն չունին։ Ուրիշներ անխոհեմաբար խօսք մը կու տան, զոր չեն կրնար պահել, կամ զայն կը բեկանեն, պարզապէս քանի որ կը տեսնեն որ անիկա աւելի դիւրին է։

Ճիշդ է որ խոստում մը յարգելը կրնայ դժուար ըլլալ չնախատեսուած պարագաներու բերմամբ։ Բայց արդեօք չյարգուած խոստում մը իրապէս շատ վնաս կը հասցնէ՞։ Պէ՞տք է լուրջի առնէք ձեր խոստումները։ Եհովա Աստուծոյ օրինակին վրայ աչք մը նետելը մեզի պիտի օգնէ տեսնելու թէ ինչո՛ւ լուրջի պէտք է առնենք այս հարցը։

Եհովա Իր Խոստումները կը Կատարէ

Մենք կը պաշտենք Աստուած մը, որու անունն իսկ իր խոստումներուն կատարման հետ առնչուած է։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, անուն մը յաճախ անհատին մասին բան մը կը նշէր։ Նոյնն է պարագան Եհովա անուան, որ կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ»։ Այս կերպով աստուածային անունը իր մէջ կը պարփակէ այն միտքը՝ թէ Աստուած պիտի կատարէ իր խոստումները եւ իրագործէ իր նպատակները։

Իր անուան հաւատարիմ ըլլալով, Եհովա վաղեմի Իսրայէլ ազգին իր տուած բոլոր խոստումները պահեց։ Այդ խոստումներուն նկատմամբ, Սողոմոն Թագաւոր հաստատեց. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ իր բոլոր ըսածին համեմատ իր Իսրայէլ ժողովուրդին հանգստութիւն տուաւ ու իր ծառային Մովսէսին միջոցով խօսած ամէն բարի խօսքերէն բնաւ խօսք մը գետինը չինկաւ»։—Գ. Թագաւորաց 8։56

Եհովա ա՛յնքան վստահելի է որ Պօղոս առաքեալ կրցաւ սապէս պատճառաբանել. «Երբ Աստուած Աբրահամին խոստում ըրաւ, որովհետեւ իրմէ մեծը չկար՝ որ անոր վրայ երդում ընէր, իր անձին վրայ երդում ըրաւ»։ (Եբրայեցիս 6։13, 14) Այո, Եհովայի անունն ու անձը ինքնին երաշխիք մըն է որ ան պիտի չժխտէ իր խոստումները, նոյնիսկ երբ անոնք սուղի նստին իր վրայ։ (Հռովմայեցիս 8։32) Այն իրողութիւնը թէ Եհովա կը կատարէ իր խոստումները, մեզի յոյս կու տայ, որ իր կարգին մեր հոգիին, կամ կեանքին, որպէս խարիսխ կը ծառայէ։—Եբրայեցիս 6։19

Եհովայի Խոստումները ու Մեր Ապագան

Մեր յոյսը, մեր հաւատքը եւ մեր կեանքն իսկ Եհովայի խոստումներուն իրագործումէն կախեալ են։ Ի՞նչ յոյս կը տածենք։ «[Աստուծոյ] խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Սուրբ Գիրքը նաեւ հիմ մը կու տայ հաւատալու թէ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Իսկ կրնանք վստահ ըլլալ որ ներկայ կեանքէն աւելի բան մը գոյութիւն ունի։ Արդարեւ, ինչ որ Յովհաննէս առաքեալ «խոստում» կը կոչէ, անիկա «յաւիտենական կեանք»ն է։ (Ա. Յովհաննու 2։25) Սակայն իր Խօսքին մէջ Եհովայի տուած խոստումները միայն ապագային սահմանափակուած չեն։ Անոնք հիմա իսկ մեր ապրած կեանքին իմաստ մը կու տան։

Սաղմոսերգուն երգեց. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, . . . եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք»։ (Սաղմոս 145։18, 19) Աստուած նաեւ մեզ կը վստահեցնէ որ ինք է «յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը»։ (Եսայեայ 40։29) Իսկ որքա՜ն կը հանգստացնէ գիտնալ թէ ‘Աստուած պիտի չթողու որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլանք համբերել’։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Եթէ այս խոստումներէն որեւէ մէկուն փորձառութիւնը ունեցած ենք, գիտենք թէ կրնանք բացարձակ վստահութիւն դնել Եհովայի վրայ։ Աստուծոյ տուած ու պահած բազմաթիւ խոստումներէն մեր քաղած օգուտներուն ի տես, իրեն տուած մեր խոստումը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

Աստուծոյ Տուած Մեր Խոստումները Կատարենք

Աստուծոյ ըրած մեր նուիրումը անկասկած ամենակարեւոր խոստումն է որ կու տանք։ Այս քայլը առնելով, ցոյց կու տանք որ կ’ուզենք յաւիտեան ծառայել Եհովայի։ Թէեւ Աստուծոյ պատուիրանքները ծանր բեռ մը չեն, բայց թերեւս միշտ դիւրին չըլլայ իր կամքը կատարել, երբ կ’ապրինք այս ամբարիշտ իրերու դրութեան մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12. Ա. Յովհաննու 5։3) Բայց անգամ մը որ ‘մեր ձեռքը մաճին վրայ դրինք’ եւ Եհովայի նուիրուած ծառան ու իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտը եղանք, բնաւ պէտք չէ ետ նայինք աշխարհին մէջ մեր ետին ձգած բաներուն։—Ղուկաս 9։62

Երբ Եհովայի կ’աղօթենք, թերեւս կը մղուինք իրեն խոստանալ որ տկարութիւն մը յաղթահարելու համար պիտի պայքարինք, քրիստոնէական յատկութիւն մը պիտի մշակենք, կամ մեր աստուածպետական գործունէութեան մէկ մարզին մէջ աւելին պիտի ընենք։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ այս խոստումները պահենք։—Համեմատել՝ Ժողովողի 5։2-5

Անկեղծ խոստումները կը բղխին սրտէն, ինչպէս նաեւ՝ մտքէն։ Ուստի, Եհովայի տուած մեր խոստումները իրականացնենք, աղօթքով մեր սիրտը բանալով իրեն, պարկեշտօրէն արտայայտելով մեր վախերը, ցանկութիւններն ու տկարութիւնները։ Խոստումի մը համար աղօթելը զայն պահելու մեր վճռակամութիւնը պիտի զօրացնէ։ Աստուծոյ տուած մեր խոստումները կրնանք պարտքի նման նկատել։ Երբ պարտքը մեծ է, վճարումը աստիճանաբար կը կատարուի։ Նմանապէս, Եհովայի տրուած շատ մը խոստումներուն կատարումը ժամանակի կը կարօտի։ Բայց կանոնաւորաբար իրեն տալով ինչ որ կրնանք, ցոյց կու տանք որ անկեղծ էինք մեր խօսքին մէջ, եւ ան ըստ այնմ մեզ պիտի օրհնէ։

Յաճախ, եւ թերեւս ամէն օր, աղօթելով, ցոյց կու տանք որ մեր խոստումները լուրջի կ’առնենք։ Ասիկա մեր երկնաւոր Հօրը ցոյց պիտի տայ որ մենք անկեղծ ենք։ Անիկա միեւնոյն ատեն որպէս կանոնաւոր վերյիշեցում պիտի ծառայէ։ Այս առնչութեամբ, Դաւիթ մեզի գեղեցիկ օրինակ մը ձգած է։ Երգի մը մէջ ան աղերսեց Եհովայի. «Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղաղակս ու մտիկ ըրէ՛ իմ աղօթքիս։ . . . Սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան, որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ»։—Սաղմոս 61։1, 8

Մեր Խոստումները Յարգելը Վստահութիւն կը Կերտէ

Եթէ Աստուծոյ տրուած խոստումները պէտք չէ թեթեւի առնուին, նոյնը կրնայ ըսուիլ մեր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն տրուած խոստումներուն մասին։ Մենք պէտք չէ Եհովայի հետ վարուինք կերպով մը, իսկ մեր եղբայրներուն հետ՝ տարբեր կերպով մը։ (Համեմատել՝ Ա. Յովհաննու 4։20) Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ»։ (Մատթէոս 5։37) Մեր խօսքը միշտ վստահելի ըլլալուն հոգ տանիլը կերպ մըն է ‘բարիք ընելու ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն’։ (Գաղատացիս 6։10) Իւրաքանչիւր խոստում որ կը յարգենք, անիկա վստահութիւն կը կերտէ։

Խոստումի մը դրժումը աւելի ուշագրաւ կ’ըլլայ, երբ անոր մէջ դրամ պարփակուած է։ Քրիստոնեայ մը իր խօսքին տէրը պէտք է ըլլայ, երբ փոխ առնուած դրամ մը կը վերադարձնէ, ծառայութիւն մը կը մատուցանէ, կամ առեւտրական համաձայնութիւն մը կը կատարէ։ Ասիկա Աստուծոյ հաճելի է եւ փոխադարձ վստահութիւնը կը զօրացնէ, ինչ որ շատ կարեւոր է, որպէսզի եղբայրները «իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին»։—Սաղմոս 133։1

Սակայն, համաձայնութիւնները չյարգելը կրնայ վնաս հասցնել ժողովքին, ինչպէս նաեւ խնդրոյ առարկայ անհատներուն։ Շրջուն տեսուչ մը դիտել տուաւ. «Առեւտրական վէճերը՝ որոնք յաճախ կը ծագին երբ մէկ կողմը կը խորհի որ միւսը համաձայնութիւնները չէ յարգած՝ ընդհանրապէս հանրութեան կողմէ կը գիտցուին։ Որպէս հետեւանք, եղբայրները կը սկսին կողմ բռնել եւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ մթնոլորտը լարուած վիճակ մը կը ստանայ»։ Որքա՜ն կարեւոր է բծախնդրաբար նկատի առնել մեր ըրած որեւէ համաձայնութիւն եւ զայն գրի առնել։a

Շատ զգուշութիւն պէտք է ընել նաեւ սուղ իրեր ծախելու պարագային, կամ երբ ներդրումներ ընել կը յանձնարարենք, մանաւանդ երբ անձնապէս կ’օգտուինք այս գործառնութենէն։ Նմանապէս, հարկ է որ շա՛տ ուշադիր ըլլանք, որպէսզի չչափազանցենք որոշ ապրանքներու կամ առողջապահական արտադրութիւններու օգուտները, կամ՝ ներդրումներու համար անիրապաշտ շահու խոստումներ չընենք։ Սէրը պէտք է մղէ որ Քրիստոնեաներ բացատրեն հարցին վնասակար կողմերն ալ։ (Հռովմայեցիս 12։10) Քանի որ եղբայրներէն շատեր առեւտուրի մէջ շատ փորձառութիւն չունին, անոնք կրնան վստահիլ մեր տուած խրատին, պարզ անոր համար որ նոյն հաւատքին կը պատկանինք։ Ի՜նչ եղերական պիտի ըլլայ, եթէ այս վստահութիւնը խախտի։

Որպէս Քրիստոնեաներ չենք կրնար առեւտրական այնպիսի սովորութիւններ որդեգրել, որոնք անպարկեշտ են, կամ ուրիշներու օրինաւոր շահերը կ’անտեսեն։ (Եփեսացիս 2։2, 3. Եբրայեցիս 13։18) Որպէս ‘իր վրանին մէջի հիւրերը’ Եհովայի հաճութիւնը ունենալու համար, պէտք է վստահելի ըլլանք։ Նոյնիսկ երբ ‘երդում ընենք մեր վնասին, պէտք չէ դառնանք’։—Սաղմոս 15։1, 4

Իսրայէլի Յեփթայէ դատաւորը ուխտ ըրաւ որ եթէ Աստուած Ամմոնացիներու դէմ իրեն յաղթանակ տար, ինք Եհովայի պիտի զոհէր առաջին անհատը որ զինք պիտի դիմաւորէր պատերազմէն վերադարձին։ Այնպէս պատահեցաւ որ դիմաւորողը եղաւ Յեփթայէի միակ զաւակը, բայց ան իր խօսքէն չդարձաւ։ Իր աղջկան սրտանց համաձայնութեամբ, ան զինք նուիրեց Աստուծոյ սրբարանին մէջ ծառայելու՝ ամբողջ կեանքի տեւողութեան. զոհողութիւն մը որ անկասկած ցաւ պատճառեց եւ շատ մը կերպերով սուղ արժեց իրեն։—Դատաւորաց 11։30-40

Ժողովքին տեսուչները մասնաւորաբար իրենց համաձայնութիւնները յարգելու պատասխանատուութիւնը ունին։ Ա. Տիմոթէոս 3։2–ի համաձայն, տեսուչ մը պէտք է «անմեղադրելի» ըլլայ։ Ասիկա Յունարէն բառի մը թարգմանութիւնն է, որ կը նշանակէ՝ «իրեն դէմ կարելի չէ բան մը գտնել, անմեղադրելի, առանց պարսաւանքի»։ Անիկա «կը ներփակէ ոչ միայն անհատին մասին լաւ տեղեկագրութիւն մը, այլ նաեւ թէ ան արժանի է անոր»։ (Յունարէն Նոր Կտակարանի Լեզուական Բանալի) Քանի որ տեսուչ մը անմեղադրելի պէտք է ըլլայ, անոր խոստումները միշտ վստահելի պէտք է ըլլան։

Մեր Խոստումները Յարգելու Ուրիշ Կերպեր

Քրիստոնեայ հաւատակիցներ չեղողներուն մեր տուած խոստումները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 5։16) Ապացուցանելով որ մենք մեր խօսքին տէրը եղող անհատներ ենք, կրնանք ուրիշները հրապուրել քրիստոնէական պատգամին։ Հակառակ պարկեշտութեան չափանիշներու համատարած անկումին, շատեր տակաւին կ’արժեւորեն ուղղամտութիւնը։ Մեր խոստումները պահելը կերպ մըն է, Աստուծոյ ու մեր ընկերոջ հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու եւ արդարութիւնը սիրողները հրապուրելու։—Մատթէոս 22։36-39. Հռովմայեցիս 15։2

Իրենց 1998–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, Եհովայի Վկաները աւելի քան մէկ միլիառ ժամ տրամադրած են, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը հանրապէս ծանուցանելու համար։ (Մատթէոս 24։14) Այս քարոզչութեան մէկ մասը թերեւս խուլ ականջներու հանդիպած է, եթէ մենք գործի կամ ուրիշ բանի մէջ մեր խոստումները չենք յարգած։ Քանի որ ճշմարտութեան Աստուածը կը ներկայացնենք, մարդիկ տեղին ըլլալով կ’ակնկալեն որ մենք պարկեշտութեամբ վարուինք։ Վստահելի եւ պարկեշտ ըլլալով, ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ կը զարդարենք’։—Տիտոս 2։10

Մեր ծառայութեան մէջ, պատեհութիւն ունինք մեր խօսքը յարգելու, երբ Թագաւորութեան պատգամով հետաքրքրուած անհատներուն կը վերայցելենք։ Եթէ ըսենք որ պիտի վերադառնանք, պէ՛տք է ասիկա ընենք։ Մեր խոստումին համաձայն վերադառնալը՝ ‘կարօտ եղողէն աղէկութիւնը չխնայելու’ կերպ մըն է։ (Առակաց 3։27) Քոյր մը հարցը հետեւեալ կերպով բացատրեց. «Շատ առիթներով հանդիպած եմ հետաքրքրուած անհատներու, որոնք ըսած են թէ Վկայ մը խոստացած էր վերադառնալ, բայց չէր եկած։ Անշուշտ, ես գիտեմ որ տանտէրները թերեւս տունը չէին, կամ պարագաներու բերմամբ կարելի չէ եղած վերադառնալ։ Բայց պիտի չուզէի որ ոեւէ մէկը ասիկա ըսէր ինծի համար, ուստի կարելիս կ’ընեմ որ անհատը դարձեալ գտնեմ։ Կը հաւատամ որ, եթէ անհատ մը յուսախաբ ընեմ, անիկա գէշ անդրադարձ պիտի ունենայ Եհովայի եւ ամբողջ եղբայրներուն վրայ»։

Կարգ մը պարագաներու, թերեւս չմտադրենք վերադառնալ, եզրակացնելով որ անհատը իրապէս հետաքրքրուած չէ։ Նոյն քոյրը կը բացատրէ. «Ես չեմ փորձեր անհատին հետաքրքրութեան չափը դատել։ Անձնական փորձառութիւնս ինծի սորվեցուցած է որ առաջին տպաւորութիւնները կրնան սխալ ըլլալ։ Ուստի, կը փորձեմ դրական ըլլալ, իւրաքանչիւր անհատ նկատելով որպէս հաւանական եղբայր մը կամ քոյր մը»։

Քրիստոնէական ծառայութեան եւ ուրիշ շատ մը մարզերու մէջ, պէտք է ցոյց տանք որ մեր խօսքը վստահելի է։ Ճիշդ է որ կարգ մը բաներ ըսելը աւելի դիւրին է քան՝ ընելը։ Իմաստուն մարդը նշեց. «Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել»։ (Առակաց 20։6) Հաստատամտութեամբ, կրնանք հաւատարիմ ու մեր խօսքին տէրը ըլլալ։

Ճոխ Օրհնութիւններ՝ Աստուծմէ

Կամայականօրէն պարապ խոստում մը տալը անպարկեշտութիւն է եւ կարելի է նմանցնել դրամատան մէջ առանց դրամ ունենալու դրամատոմս մը գրելուն։ Բայց երբ մեր խոստումները յարգենք, ի՜նչ վարձատրութիւններ ու օրհնութիւններ կը ստանանք։ Վստահելի ըլլալուն օրհնութիւններէն մէկն է լաւ խիղճ մը։ (Համեմատել՝ Գործք 24։16) Փոխանակ խղճահարուելու, գոհ եւ խաղաղ կը զգանք։ Ասկէ զատ, մեր խոստումները պահելով, ժողովքին միութեան կը նպաստենք, որ փոխադարձ վստահութենէն կախեալ է։ Մեր «ճշմարտութեան խօսք»ը մեզ նաեւ կը յանձնարարէ որպէս ճշմարիտ Աստուծոյ քարոզիչներ։—Բ. Կորնթացիս 6։3, 4, 7

Եհովա իր խօսքին տէրն է, եւ ան կ’ատէ «ստախօս լեզու»ն։ (Առակաց 6։16, 17) Մեր երկնաւոր Հայրը ընդօրինակելով, աւելի կը մօտենանք իրեն։ Ուստի, մեր խոստումները յարգելու լաւ պատճառ ունինք։

[Ստորանիշ]

a Տեսնել՝ «Գրի Առէ՛ք» յօդուածը, 8 Փետրուար 1983–ի Զարթի՛ր–ին մէջ, էջ 13-15։

[Նկարներ՝ էջ 10]

Յեփթայէ իր խոստումը պահեց, նոյնիսկ երբ անիկա ցաւ պատճառեց իրեն

[Նկարներ՝ էջ 11]

Եթէ խոստացած էք վերադառնալ, ասոր համար լաւ կերպով պատրաստուեցէք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել