Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 1 էջ 14-15
  • Ճնշուածութենէ զերծ կեանք մը կարելի է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ճնշուածութենէ զերծ կեանք մը կարելի է
  • Զարթի՛ր 2020
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բովանդակութիւն
    Զարթի՛ր 2020
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ «շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»
    Զարթի՛ր 2019
  • Ճնշուածութեան հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելլել
    Զարթի՛ր 2020
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ Յիսուսի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 1 էջ 14-15
Պզտիկ տղայ մը եւ իր հայրը կը խաղան ովկիանոսի ալիքներուն մէջ, մինչ մայրն ու աղջիկները զիրենք ծովեզերքէն կը դիտեն։

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՆԳՍՏԱՆԱԼ

Ճնշուածութենէ զերծ կեանք մը կարելի է

Աստուածաշունչի բովանդակած իմաստութիւնը կրնայ մեզի օգնել անհարկի ճնշուածութենէ հեռու մնալու։ Մենք չենք կրնար մէջտեղէն վերցնել ամէն բան որ ճնշուածութիւն կը պատճառէ, բայց մեր Ստեղծիչը կրնա՛յ։ Ան նոյնիսկ մէկը նշանակած է, որ մեզի օգնէ. Յիսուս Քրիստոս։ Մօտ ատենէն, Յիսուս համաշխարհային տարողութեամբ աւելի սքանչելի բաներ պիտի ընէ, քան ինչ որ ըրաւ երբ երկրի վրայ էր։ Օրինակ.

ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԲԺՇԿԷ։

«Բերին անոր՝ բոլոր հիւանդները, որոնք կերպ կերպ ցաւերով ու տանջանքներով կը նեղուէին. . . ու բժշկեց զանոնք» (ՄԱՏԹԷՈՍ 4։24)։

ՅԻՍՈՒՍ ԲՈԼՈՐԻՆ ՏՈՒՆ ԵՒ ՈՒՏԵԼԻՔ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎԷ։

«[Քրիստոսի հպատակները] տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն» (ԵՍԱՅԻ 65։21, 22)։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ։

«Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։ Ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ անիկա ու գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։ . . .Անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն» (ՍԱՂՄՈՍ 72։7-9)։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԴՆԷ։

«Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը» (ՍԱՂՄՈՍ 72։13, 14)։

ՅԻՍՈՒՍ ՆՈՅՆԻՍԿ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆ ՈՒ ՄԱՀԸ ՄԷՋՏԵՂԷՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐՑՆԷ։

«Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։4)։

«ԴԱԺԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ»

«Աշխարհ որեւէ ժամանակէ աւելի ճնշուած, մտահոգ, տխուր եւ ցաւալի վիճակի մէջ է» (Մոհամըտ Ս. Եունիս, Gallup–ի գլխաւոր խմբագիր)։

Ճնշուածութիւնը ինչո՞ւ այսքան համատարած է։ Աստուածաշունչը շատ տրամաբանական պատասխան մը կու տայ։ Բ. Տիմոթէոս 3։1–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Վերջին օրերը դաժան ժամանակներ պիտի գան»։ Նաեւ կ’ըսէ, թէ ատոր պատճառը մարդոց վատ յատկութիւններն են, ինչպէս՝ ագահութիւն, գոռոզութիւն, կրօնական կեղծաւորութիւն, վայրագութեան հակում, ընտանիքի հանդէպ սիրոյ պակաս եւ անժուժկալութիւն (Բ. Տիմոթէոս 3։2-5)։ Վերջին օրերը վերջ պիտի գտնեն, երբ Յիսուս Քրիստոս երկիրը ամբողջովին հակակշռի տակ առնէ՝ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը (Դանիէլ 2։44)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել