Քրիստոսի օրէնքին համաձայն ապրինք
«Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6։2
1. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ այսօր ալ Քրիստոսին օրէնքը բարի գործերու մղող ոյժ մըն է։
ՎԵՐՋԵՐՍ, Ռուանտայի մէջ, ցեղամիջեան ջարդի ընթացքին, Հութու եւ Թութսի ցեղերուն պատկանող Եհովայի Վկաները իրենց կեանքը վտանգեցին զիրար պաշտպանելու համար։ Ճաբոնի Գոպէ քաղաքին մէջ քանդիչ երկրաշարժով ընտանիքի անդամներ կորսնցուցած ու մեծապէս ցնցուած ըլլալով հանդերձ, անոնք ուրիշ արկածեալներու օգնութեան փութացին։ Այո, աշխարհի չորս կողմերէն եկած սրտապնդիչ օրինակները կ’ապացուցանեն որ Քրիստոսին օրէնքը այսօր ալ ի զօրու է եւ բարի գործերու մղող ոյժ մըն է։
2. Քրիստոնեայ Աշխարհը ի՞նչպէս Քրիստոսին օրէնքը չէ հասկցած, եւ ի՞նչ կրնանք ընել այդ օրէնքը կատարելու համար։
2 Միեւնոյն ժամանակ, այս դժուար «վերջին օրեր»ուն մասին եղած Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը կատարուելու վրայ է։ Շատեր «աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 5) Յատկապէս Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ, կրօնքը յաճախ ձեւակերպութեան հարց է եւ ո՛չ թէ՝ սրտի։ Արդեօք Քրիստոսի օրէնքին համաձայն ապրիլը շա՛տ դժուար ըլլա՞լն է պատճառը։ Ո՛չ։ Յիսուս մեզի օրէնք մը պիտի չտար որու հետեւիլը անկարելի ըլլար։ Քրիստոնեայ Աշխարհը պարզապէս այդ օրէնքին իմաստը չէ հասկցած։ Անիկա հետեւեալ ներշնչեալ խօսքերուն ուշադրութիւն չէ ընծայած. «Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք»։ (Գաղատացիս 6։2) ‘Քրիստոսին օրէնքը կը կատարենք’ իրարու նեղութիւնները կրելով, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցիները ընդօրինակելով ու անիրաւօրէն մեր եղբայրներուն բեռները աւելցնելով։
3. (ա) Քրիստոսի օրէնքին մէջ պարփակուած պատուիրաններէն ոմանք ի՞նչ են։ (բ) Ինչո՞ւ սխալ է եզրակացնել թէ քրիստոնէական ժողովքը Քրիստոսի տուած ուղղակի պատուիրաններէն զատ ուրիշ կանոններ պէտք չէ ունենայ։
3 Քրիստոսին օրէնքը կը պարփակէ Քրիստոս Յիսուսի բոլոր պատուիրանները, ի միջի այլոց քարոզելն ու սորվեցնելը, աչքը անարատ ու պարզ պահելը, մեր դրացիին հետ խաղաղութիւն պահելու համար ջանք թափելը, կամ ժողովքին մէջէն պղծութիւնը վերցնելը։ (Մատթէոս 5։27–30. 18։15–17. 28։19, 20. Յայտնութիւն 2։14–16) Արդարեւ, Քրիստոնեաները պարտաւորուած են Քրիստոսի հետեւորդներուն ուղղուած Աստուածաշունչի բոլոր պատուիրանները պահել։ Բայց ասով չի վերջանար։ Եհովայի կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ժողովք, կարգ ու կանոնը պահպանելու համար, թերեւս հարկ տեսնէ կանոններ ու գործելակերպեր հաստատել։ (Ա. Կորնթացիս 14։33, 40) Այո, Քրիստոնեաներուն համար դժուար պիտի ըլլար իրարու հետ հաւաքուիլ, եթէ կանոններ չունենային թէ ե՛րբ, ո՛ւր եւ ի՛նչպէս պիտի գումարէին այս ժողովները։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Կազմակերպութեան մէջ հեղինակութիւն ունեցողներուն հաստատած բանաւոր ուղեգծերուն հետ համագործակցիլն ալ Քրիստոսին օրէնքը կատարելուն մաս կը կազմէ։—Եբրայեցիս 13։17
4. Մաքուր պաշտամունքին ետին գտնուող մղիչ ոյժը ի՞նչ է։
4 Բայց եւ այնպէս, ճշմարիտ Քրիստոնեաները թոյլ չեն տար որ իրենց պաշտամունքը օրէնքներէ բաղկացած անիմաստ կառոյց մը դառնայ։ Անոնք անհատի մը կամ կազմակերպութեան մը կողմէ դրդուած ըլլալով չէ որ Եհովայի կը ծառայեն։ Անոնց պաշտամունքին ետին եղող մղիչ ոյժը՝ սէ՛րն է։ Պօղոս գրեց. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։14) Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ զիրար սիրեն։ (Յովհաննու 15։12, 13) Քրիստոսի օրէնքին հիմը անձնազոհ սէրն է եւ անիկա է որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ամէնուրեք կը ստիպէ կամ կը դրդէ, թէ՛ ընտանիքին եւ թէ ժողովքին մէջ։ Ի՞նչպէս։
Ընտանիքին մէջ
5. (ա) Ծնողները ի՞նչպէս կրնան տան մէջ Քրիստոսին օրէնքը կատարել։ (բ) Զաւակները իրենց ծնողներէն ի՞նչ կ’ակնկալեն, եւ ծնողներէն ոմանք ի՞նչ խոչընդոտներ պէտք է յաղթահարեն որպէսզի այդ կարիքը լեցնեն։
5 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար»։ (Եփեսացիս 5։25) Երբ ամուսին մը Քրիստոսը ընդօրինակէ եւ իր կնոջ հետ սիրով ու հասկացողութեամբ վարուի, ան Քրիստոսի օրէնքին կենսական մէկ երեսակը կը կատարէ։ Ասկէ զատ, Յիսուս մանուկներուն հանդէպ բացայայտ սէր ցուցաբերեց, զանոնք իր գիրկը առնելով, անոնց վրայ իր ձեռքը դնելով ու զանոնք օրհնելով։ (Մարկոս 10։16) Քրիստոսին օրէնքը կատարող ծնողներն ալ իրենց զաւակներուն հանդէպ սէր կը ցուցաբերեն։ Շիտակ է որ կարգ մը ծնողներ այս հարցին մէջ Յիսուսի օրինակին հետեւիլը դժուար կը գտնեն։ Ոմանք չեն կրնար իրենց զգացումները դրսեւորել։ Ո՛վ ծնողներ, թոյլ մի՛ տաք որ նկարագրի այսպիսի գծեր ձեր զաւակներուն հանդէպ ձեր սէրը արտայայտելու արգելք հանդիսանան։ Բաւարար չէ որ դուք գիտնաք թէ ձեր զաւակները կը սիրէք։ Անոնք ալ պէտք է գիտնան ասիկա։ Իսկ անոնք ասիկա պիտի չգիտնան՝ եթէ ձեր սէրը ցուցաբերելու կերպեր չգտնէք։—Բաղդատել Մարկոս 1։11։
6. (ա) Զաւակները ծնողական կանոններու կարիքը ունի՞ն, եւ ինչո՞ւ այդպէս կը պատասխանէք։ (բ) Ընտանեկան կանոններուն ետին եղած ո՞ր պատճառը հարկ է որ զաւակները ըմբռնեն։ (գ) Երբ ընտանիքին մէջ Քրիստոսին օրէնքը կը տիրէ, ինչպիսի՞ վտանգներէ կը խուսափինք։
6 Միեւնոյն ժամանակ, զաւակները իրենց սահմանները գիտնալու կարիքը ունին։ Ասիկա կը նշանակէ որ անոնց ծնողները պէտք է կանոններ դնեն ու երբեմն նոյնիսկ զանոնք պարտադրեն՝ որպէսզի սրբագրուին։ (Եբրայեցիս 12։7, 9, 11) Նոյնիսկ այս պարագային, պէտք է օգնել զաւակներուն աստիճանաբար ըմբռնելու թէ իրենց ծնողները սէրէ մղուած այդ կանոնները կը դնեն։ Իսկ անոնք պէտք է սորվին թէ իրենց ծնողներուն հնազանդելու մեծագոյն պատճառը սէրն է։ (Եփեսացիս 6։1. Կողոսացիս 3։20. Ա. Յովհաննու 5։3) Խորատես ծնողի մը նպատակակէտն է իր զաւակներուն սորվեցնել որ իրենց «բանականութիւնը» գործածեն, որպէսզի շիտակ որոշումներու յանգին։ (Հռովմայեցիս 12։1, ՆԱ. բաղդատել Ա. Կորնթացիս 13։11։) Միւս կողմէ, կանոնները չափազանց շատ պէտք չէ ըլլան, ո՛չ ալ կրթութիւնը՝ չափազանց խիստ։ Պօղոս կ’ըսէ. «Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէսզի չվհատին»։ (Կողոսացիս 3։21. Եփեսացիս 6։4) Երբ ընտանիքէն ներս Քրիստոսին օրէնքը կը տիրապետէ, անզուսպ բարկութեամբ տրուած կրթութեան, կամ վիրաւորական հեգնանքի տեղ չըլլար։ Այսպիսի տան մը մէջ, զաւակները կը կերտուին ու ապահով կը զգան եւ ո՛չ թէ՝ բեռնաւորուած կամ անարգուած։—Բաղդատել Սաղմոս 36։7։
7. Տան մէջ կանոններ դնելու նկատմամբ, Պէթէլի տուները ի՞նչ կերպերով օրինակ կը հայթայթեն։
7 Համայն աշխարհի մէջ Պէթէլի տուները այցելող անհատներէն ոմանք կը խորհին որ կանոններ դնելու հարցին մէջ անոնք հաւասարակշռութեան լաւ օրինակներ են ընտանիքի մը համար։ Թէեւ հոն ապրողները չափահասներ են, սակայն այսպիսի հաստատութիւններ ընտանիքներու նման կը գործեն։a Պէթէլի գործունէութիւնները բարդ են ու բազմաթիւ կանոններ կը պահանջեն. վստահաբար սովորական ընտանիքի մը պահանջածէն աւելի։ Այսուհանդերձ, Պէթէլի տուներուն, գրասենեակներուն եւ գործարաններուն մէջ առաջնորդութիւն առնող երէցները կը ջանան Քրիստոսին օրէնքը կիրարկել։ Անոնք կը գիտակցին որ իրենց նշանակումը ո՛չ միայն աշխատանքը կազմակերպել է, այլ նաեւ՝ իրենց գործակիցներուն հոգեւոր յառաջդիմութեան ու «Տէրոջը ուրախութեան» նպաստել։ (Նէեմեայ 8։10) Հետեւաբար, անոնք կը ջանան դրական ու քաջալերական կերպով մը գործել ու ճիգ կը թափեն որ բանաւոր ըլլան։ (Եփեսացիս 4։31, 32) Զարմանալի չէ որ Պէթէլի ընտանիքներու մէջ ուրախ հոգի մը կը տիրէ։
Ժողովքին մէջ
8. (ա) Ժողովքին մէջ մեր նպատակակէտը միշտ ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ (բ) Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ ոմանք խնդրած են կամ փորձած են կանոններ դնել։
8 Ժողովքին մէջ ալ մեր նպատակակէտն է սիրոյ հոգիով զիրար կերտել։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11) Ուստի, բոլոր Քրիստոնեաները պէտք է զգոյշ ըլլան որ ուրիշներու բեռները չաւելցնեն իրենց անձնական գաղափարները պարտադրելով, անհատական ընտրութեան ձգուած հարցերու մէջ։ Երբեմն, ոմանք Դիտարանի Ընկերութեան գրելով օրէնքներ կը խնդրեն, գիտնալու համար թէ ի՛նչպիսի տեսակէտ պէտք է որդեգրեն որոշ ֆիլմերու, գրքերու եւ նոյնիսկ խաղալիքներու նկատմամբ։ Սակայն Ընկերութիւնը այսպիսի բաներ եւ անոնց նկատմամբ վճիռներ արձակելու լիազօրութիւնը չունի։ Ընդհանրապէս, ասոնք այնպիսի հարցեր են որ իւրաքանչիւր անհատ կամ ընտանիքի գլուխ ի՛նք պէտք է որոշէ, Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հանդէպ իր ունեցած սիրոյն վրայ հիմնուելով։ Իսկ ուրիշներ հակում ունին Ընկերութեան թելադրութիւնները եւ ուղեգծերը կանոններու վերածելու։ Օրինակի համար, Դիտարան 15 Մարտ 1996–ի Անգլերէն համարին մէջ, ընտիր յօդուած մը երէցները կը քաջալերէր որ ժողովքի անդամներուն կանոնաւորաբար հովուական այցելութիւններ տան։ Ասոր նպատակը կանոննե՞ր հաստատել էր։ Ո՛չ։ Թէեւ անոնք որ կրնան այս թելադրութիւնները գործադրել բազմաթիւ օգուտներ կը քաղեն, բայց կարգ մը երէցներ ի վիճակի չեն ասիկա ընելու։ Նոյնպէս, Դիտարան 1 Ապրիլ 1995–ի Անգլերէն համարին մէջ «Հարցումներ Ընթերցողներէն» յօդուածը զգուշացուց որ ծայրայեղութեան երթալով մկրտութեան առիթին լրջութիւնը չնսեմացնենք, զոր օրինակ, անկաշկանդ հաւաքոյթներ սարքելով կամ տօնակատարութիւններ կազմակերպելով։ Ոմանք այս հասուն խրատը ծայրայեղութեան տարած են, կանոն մը դնելով թէ այս առիթով նոյնիսկ քաջալերական բացիկ մը ղրկելը սխալ է։
9. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ զիրար չափազանց քննադատելէ ու դատապարտելէ խուսափինք։
9 Նկատի առնենք նաեւ որ «ազատութեան կատարեալ օրէնք»ը մեր մէջ տիրելու համար, պէտք է ընդունինք որ բոլոր Քրիստոնեաներուն խղճմտանքները իրար չեն նմանիր։ (Յակոբու 1։25) Եթէ անհատներ սուրբ գրային սկզբունքներ չբեկանող անձնական ընտրութիւններ ընեն, պէ՞տք է խնդիր յարուցանենք։ Ո՛չ։ Այդպէս ընելով կրնանք երկպառակութիւններ յառաջացնել։ (Ա. Կորնթացիս 1։10) Պօղոս, երբ մեզ կը զգուշացնէր Քրիստոնեայ ընկերակից մը դատապարտելու դէմ, ըսաւ. «Իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ. բայց պիտի կանգնի, վասնզի Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել»։ (Հռովմայեցիս 14։4) Եթէ անհատական խղճմտանքի ձգուած հարցերու շուրջ իրարու դէմ խօսինք, կրնանք Աստուած տհաճեցնել։—Յակոբու 4։10–12
10. Որո՞նք նշանակուած են ժողովքին վրայ հսկելու, եւ ի՞նչպէս պէտք է նեցուկ կանգնինք անոնց։
10 Յիշենք նաեւ որ երէցները Աստուծոյ հօտին հսկելու համար նշանակուած են։ (Գործք 20։28) Անոնք հոն են օգնելու համար։ Ազատ պէտք է զգանք խրատի համար անոնց մօտենալու, քանի որ անոնք Աստուածաշունչի աշակերտներ, ու Դիտարանի Ընկերութեան գրականութիւններուն մէջ քննարկուած նիւթերուն քաջածանօթ են։ Երբ երէցները վարմունք մը նկատեն որ սուրբ գրային սկզբունքները բեկանելու կրնայ առաջնորդել, անոնք անվախօրէն հարկ եղած խրատը կը մատուցանեն։ (Գաղատացիս 6։1) Ժողովքի անդամները Քրիստոսի օրէնքին կը հետեւին համագործակցելով զիրենք առաջնորդող այս սիրելի հովիւներուն հետ։—Եբրայեցիս 13։7
Երէցները Քրիստոսին Օրէնքը կը Կիրարկեն
11. Երէցները ժողովքին մէջ Քրիստոսին օրէնքը ինչպէ՞ս կը կիրարկեն։
11 Երէցները կը տենչան Քրիստոսին օրէնքը ժողովքին մէջ գործադրել։ Անոնք բարի լուրը քարոզելու մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն, Աստուածաշունչէն կը սորվեցնեն որպէսզի սրտերուն հասնին եւ «վատասիրտներ»ը կը մխիթարեն որպէս սիրալիր, ազնիւ հովիւներ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ կրօնքներուն քրիստոնէական չեղող կեցուածքներէն կը խուսափին։ Շիտակ է որ այս աշխարհը արագօրէն կը վատթարանայ, եւ Պօղոսի նման, երէցները կրնան հօտին նկատմամբ մտահոգուիլ. սակայն անոնք հաւասարակշռութիւն կը պահեն, մինչ այսպիսի հարցերու հոգ կը տանին։—Բ. Կորնթացիս 11։28
12. Երբ Քրիստոնեայ մը երէցի մը կը մօտենայ օգնութեան համար, երէցը ինչպէ՞ս կրնայ ընդառաջել։
12 Օրինակի համար, թերեւս Քրիստոնեայ մը կը փափաքի երէցի մը հետ խորհրդակցիլ կարեւոր հարցի մը շուրջ, որուն մասին սուրբ գրային ուղղակի ակնարկութիւն մը չկայ եւ կամ քրիստոնէական զանազան սկզբունքներ հաւասարակշռել կը պահանջէ։ Թերեւս անոր առաջարկուած է գործին մէջ պաշտօնի բարձրացում՝ աւելի բարձր թոշակով՝ բայց աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ։ Կամ Քրիստոնեայ պատանիի մը անհաւատ հայրը թերեւս իր որդիէն բաներ կը պահանջէ, որոնք կրնան իր ծառայութեան ազդել։ Այսպիսի պարագաներուն, երէցը կը խուսափի անձնական կարծիք մը յայտնելէ։ Փոխարէն, ան հաւանաբար Աստուածաշունչը բանայ ու օգնէ անհատին որ մտածէ յարակից սկզբունքներուն մասին։ Ան կրնայ Դիտարանի Գրականութիւններուն Նիւթերու Ցանկը գործածել, եթէ մատչելի է, գտնելու համար թէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ի՛նչ ըսած է այդ նիւթին շուրջ, Դիտարանին եւ ուրիշ գրականութիւններու մէջ։ (Մատթէոս 24։45) Իսկ եթէ Քրիստոնեան անկէ ետք որոշում մը տայ, որ երէցին իմաստուն չի թուիր . . . ։ Եթէ որոշումը ուղղակիօրէն Աստուածաշունչի սկզբունքները կամ օրէնքները չի բեկաներ, Քրիստոնեան կը նկատէ որ երէցը կ’ընդունի անհատին այսպիսի որոշում մը տալու իրաւունքը, գիտնալով որ «ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ Սակայն, Քրիստոնեան պէտք է յիշէ որ «ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»։—Գաղատացիս 6։5, 8
13. Փոխանակ հարցումներուն ուղղակի պատասխանելու կամ իրենց անձնական կարծիքները ներկայացնելու, երէցները ինչո՞ւ ուրիշներու կ’օգնեն որ ատոնց շուրջ տրամաբանեն։
13 Փորձառու երէցը ինչո՞ւ այս կերպով կը վարուի։ Առնուազն երկու պատճառներով։ Նախ, Պօղոս ժողովքի մը ըսաւ որ ինք ‘անոնց հաւատքին վրայ չէր տիրապետեր’։ (Բ. Կորնթացիս 1։23) Իր եղբօր օգնելով որ Սուրբ Գրութիւններու հիման վրայ տրամաբանէ, ու գիտութեան վրայ հիմնուած անձնական որոշումի մը յանգի, երէցը Պօղոսին կեցուածքը ընդօրինակած կ’ըլլայ։ Ան կը գիտակցի որ իր հեղինակութիւնը սահման ունի, ճիշդ ինչպէս Յիսուս գիտակցեցաւ որ իր հեղինակութիւնը սահման ունէր։ (Ղուկաս 12։13, 14. Յուդա 9) Միեւնոյն ժամանակ, երէցները անմիջապէս օգտակար, նոյնիսկ ազդու սուրբ գրային խրատ կը մատուցանեն, երբ հարկ ըլլայ։ Երկրորդ, ան իր Քրիստոնեայ ընկերակիցը կը մարզէ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։ (Եբրայեցիս 5։14) Հետեւաբար, հասունութեան դիմելու համար, մեր անձնական զգայարանքները պէտք է գործածենք, եւ ո՛չ թէ միշտ ուրիշի մը ապաւինինք մեր որոշումներուն համար։ Երբ երէցը, իր Քրիստոնեայ գործակիցին ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնայ Սուրբ Գրութիւններով տրամաբանել, անոր յառաջդիմութեան նպաստած կ’ըլլայ։
14. Հասուն անհատները ի՞նչպէս կրնան ցոյց տալ որ Եհովայի կը վստահին։
14 Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա Աստուած իր սուրբ հոգիին միջոցաւ ճշմարիտ երկրպագուներու սրտերուն պիտի ազդէ։ Ուստի, հասուն Քրիստոնեաները Պօղոս առաքեալին նման իրենց եղբայրներուն սրտերուն կոչ կ’ընեն, անոնց աղաչելով։ (Բ. Կորնթացիս 8։8. Բ. Կորնթացիս 10։1. Փիլիմոն 8, 9) Պօղոս գիտէր որ պատշաճօրէն վարուելու համար գլխաւորաբար անօրէնները, եւ ո՛չ թէ արդարները, մանրամասն օրէնքներու կարիքը ունէին։ (Ա. Տիմոթէոս 1։9) Ան ո՛չ թէ կասկած կամ անվստահութիւն արտայայտեց իր եղբայրներուն հանդէպ, այլ՝ հաւատք։ Ան ժողովքի մը գրեց. «Ձեր վրայ վստահութիւն ունինք Տէրոջմով»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։4) Պօղոսի հաւաստիութիւնն ու վստահութիւնը այդ Քրիստոնեաները անկասկած գործի լծեցին։ Ներկայիս երէցներն ու ճամբորդող տեսուչները նոյն նպատակը կը հետապնդեն։ Այս հաւատարիմ մարդիկը որքա՜ն թարմացուցիչ են, մինչ սիրալիր կերպով Աստուծոյ հօտը կը հովուեն։—Եսայեայ 32։1, 2. Ա. Պետրոս 5։1–3
Քրիստոսի Օրէնքին Համաձայն Ապրինք
15. Ի՞նչ են կարգ մը հարցումներ զորս կրնանք մեր անձերուն հարցնել, տեսնելու համար թէ եղբայրներուն հետ մեր ունեցած վերաբերմունքին մէջ Քրիստոսին օրէնքը կը կիրարկե՛նք թէ ոչ։
15 Բոլորս ալ կարիքը ունինք մեր անձերը կանոնաւորաբար քննելու, տեսնելու համար թէ Քրիստոսի օրէնքին համաձայն կ’ապրինք ու զայն կը խրախուսե՞նք թէ ոչ։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) Իրապէս, օգտակար է հարց տալ. ‘Կերտո՞ղ՝ թէ քննադատող եմ։ Հաւասարակշռուա՞ծ՝ թէ ծայրայեղ եմ։ Ուրիշներուն հանդէպ նկատառութիւն կը ցուցաբերե՞մ, թէ ոչ իրաւունքս կը պահանջեմ’։ Քրիստոնեան չի փորձեր սահմանել թէ իր եղբայրը ի՛նչ քայլեր պէտք է կամ պէտք չէ առնէ այն հարցերուն մէջ, որոնք Աստուածաշունչին մէջ մասնայատուկ կերպով նկատի չեն առնուած։—Հռովմայեցիս 12։1. Ա. Կորնթացիս 4։6
16. Իրենց անձին հանդէպ բացասական տեսակէտներ ունեցողներուն ինչպէ՞ս կրնանք օգնել, Քրիստոսի օրէնքին կենսական մէկ երեսակը կատարելով։
16 Այս դժուարին ժամանակներուն, կարեւոր է որ մէկզմէկ քաջալերելու համար կերպեր փնտռենք։ (Եբրայեցիս 10։24, 25. բաղդատել Մատթէոս 7։1–5։) Երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կը նայինք, անոնց ընտիր յատկութիւնները շատ աւելի արժէք չունի՞ն մեզի համար քան իրենց տկարութիւնները։ Եհովայի աչքին, իւրաքանչիւր անհատ թանկագին է։ Դժբախտաբար, բոլորն ալ այդպէս չեն խորհիր նոյնիսկ իրենց անձին մասին։ Շատեր միմիայն իրենց անձնական թերութիւններն ու անկատարութիւնները տեսնելու հակումը ունին։ Այսպիսիները՝ ինչպէս նաեւ ուրիշներ՝ քաջալերելու համար, կրնա՞նք փորձել իւրաքանչիւր ժողովին մէկ կամ երկու անհատներու հետ խօսիլ, անոնց յայտնելով թէ ինչո՛ւ իրենց ներկայութիւնը ու ժողովքին մէջ իրենց բերած կարեւոր մասնակցութիւնը կ’արժեւորենք։ Ի՜նչ ուրախութիւն է այս կերպով անոնց բեռը թեթեւցնել ու այսպիսով Քրիստոսին օրէնքը կատարել։—Գաղատացիս 6։2
Քրիստոսին Օրէնքը Գործի Վրայ
17. Ի՞նչ զանազան կերպերով ձեր ժողովքին մէջ Քրիստոսի օրէնքին գործի վրայ ըլլալը կը տեսնէք։
17 Քրիստոսին օրէնքը գործի վրայ է քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Զայն ամէն օր կը տեսնենք, երբ Վկայ հաւատակիցներ բարի լուրը եռանդով կը տարածեն, երբ զիրար կը մխիթարեն ու կը քաջալերեն, երբ կը պայքարին որ Եհովայի ծառայեն հակառակ ծանրակշիռ խնդիրներու, երբ ծնողներ կը ջանան իրենց զաւակները այնպէս մեծցնել որ ուրախ սրտերով Եհովան սիրեն, երբ տեսուչներ Աստուծոյ Խօսքը սիրով ու ջերմութեամբ կը սորվեցնեն, մղելով որ հօտը յաւիտեան Եհովայի ծառայելու մարմաջը ունենայ։ (Մատթէոս 28։19, 20. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11, 14) Երբ մենք անհատապէս Քրիստոսին օրէնքը մեր կեանքին մէջ կը գործադրենք, Եհովայի սիրտը որքա՜ն կ’ուրախացնենք։ (Առակաց 23։15) Ան կ’ուզէ որ իր կատարեալ օրէնքը սիրողները՝ յաւիտեան ապրին։ Մօտալուտ Դրախտին մէջ, պիտի գայ ժամանակ մը, երբ մարդկութիւնը կատարեալ պիտի ըլլայ, երբ օրինազանցներ պիտի չըլլան ու երբ մեր սրտին բոլոր հակումները զսպուած պիտի ըլլան։ Քրիստոսի օրէնքին համաձայն ապրելու ի՜նչ փառաւոր վարձատրութիւն մը։
[Ստորանիշ]
a Այս տուները Քրիստոնեայ Աշխարհի վանքերուն չեն նմանիր։ Հոն «աբբահայրեր» կամ «հայրեր» չկան։ (Մատթէոս 23։9) Պատասխանատու եղբայրները կը յարգուին, բայց անոնց ծառայութիւնը մնացեալ բոլոր երէցները կառավարող նոյն սկզբունքներով, առաջնորդուած է։
Ի՞նչ կը խորհիք
◻ Քրիստոնեայ Աշխարհը ինչո՞ւ Քրիստոսին օրէնքը չէ հասկցած։
◻ Քրիստոսին օրէնքը ինչպէ՞ս կրնանք ընտանիքին մէջ գործադրել։
◻ Քրիստոսին օրէնքը ժողովքին մէջ կիրարկելու համար, ի՞նչ բաներէ պէտք է խուսափինք, եւ ի՞նչ բաներ պէտք է ընենք։
◻ Երէցները ժողովքին հետ իրենց ունեցած վերաբերմունքներուն մէջ ինչպէ՞ս կրնան Քրիստոսի օրէնքին հնազանդիլ։
[Նկար՝ էջ 21]
Մեր սիրալիր հովիւները որքա՜ն թարմացուցիչ են