Քաջասիրտ ըլլանք
«Կը համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը [Եհովան] իմ օգնականս է’»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։6
1. Առաջին դարուն Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ճանչցողները ի՞նչ խիզախութիւն ցոյց տուին։
ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարն էր։ Երկար ատենէ սպասուած Մեսիան եկած էր։ Ան իր աշակերտներուն լաւ սորվեցուցած եւ քարոզչութեան կենսական գործ մը սկսած էր։ Ժամանակն էր որ մարդիկ լսէին Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը։ Հետեւաբար, այրեր եւ կիներ, որոնք ճշմարտութիւնը սորված էին, խիզախօրէն քարոզեցին այդ հոյակապ պատգամը։—Մատթէոս 28։19, 20
2. Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ քաջութեան պէտք ունին ներկայիս։
2 Այդ օրերուն Թագաւորութիւնը հաստատուած չէր։ Բայց Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ մարգարէացած էր Թագաւորութեան զօրութեամբ իր ապագայ անտեսանելի ներկայութեան մասին։ Անիկա պիտի նշուէր անզուգական պատերազմներով, սովերով, համաճարակներով, երկրաշարժներով եւ բարի լուրի համաշխարհային քարոզչութեամբ։ (Մատթէոս 24։3–14. Ղուկաս 21։10, 11) Որպէս Եհովայի Վկաներ, քաջութեան պէտք ունինք այս վիճակներուն եւ մեր կրած հալածանքներուն հետ գլուխ ելլելու համար։ Հետեւաբար, Հ.Դ. առաջին դարու Թագաւորութեան քաջարի քարոզիչներուն սուրբ գրային պատմութիւնները նկատի առնելը օգտակար պիտի ըլլայ։
Քաջութիւն՝ Քրիստոսը Ընդօրինակելու Համար
3. Քաջութեան լաւագոյն օրինակը ո՞վ կը հանդիսանայ եւ անոր մասին ի՞նչ ըսուած է Եբրայեցիս 12։1–3–ի մէջ։
3 Յիսուս Քրիստոս քաջութեան լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ։ Նախաքրիստոնէական շրջանի Եհովայի քաջարի վկաներու ‘բազմութիւնը’ յիշելէ ետք, Պօղոս առաքեալ իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Յիսուսի վրայ, ըսելով. «Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։ Արդ միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձերովը յոգնիք ու թուլնաք»։—Եբրայեցիս 12։1–3
4. Յիսուս ինչպէ՞ս քաջութիւն ցոյց տուաւ երբ Սատանայի կողմէ փորձուեցաւ։
4 Իր մկրտութենէն եւ անապատին մէջ 40 օր խորհրդածելէ, աղօթելէ եւ ծոմ պահելէ ետք, Յիսուս անվեհերօրէն հակառակեցաւ Սատանայի։ Երբ քարերը հացերու վերածելու առնչութեամբ Բանսարկուին կողմէ փորձուեցաւ, Յիսուս մերժեց, քանի որ սխալ էր անձնական ցանկութիւն մը յագեցնելու համար հրաշք մը կատարել։ Յիսուս ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։ Երբ Սատանան փորձեց զինք որ տաճարին աշտարակէն վար նետուէր, Յիսուս մերժեց, քանի որ անձնասպանութեան փորձէ մը զինք փրկելու համար Աստուած փորձելը մեղք պիտի համարուէր։ Քրիստոս նշեց. «Դարձեալ գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուածդ չփորձես’»։ Սատանան իրեն հրամցուց աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները՝ ‘երկրպագութեան մը’ փոխարէն, բայց Յիսուս չուզեց հաւատուրաց մը դառնալ եւ Բանսարկուին կարդացած ասպարէզին թիկունք կանգնիլ, ըստ որու մարդիկ հաւատարիմ պիտի չմնային փորձութեան ներքեւ։ Ուստի Յիսուս ըսաւ. «Ետիս գնայ, Սատանա՛յ, վասնզի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ Ասոր վրայ, Փորձիչը «ատեն մը ետ կեցաւ անկէ»։—Մատթէոս 4։1–11. Ղուկաս 4։13
5. Ի՞նչ բան կ’օգնէ մեզի փորձութեան դիմադրելու։
5 Յիսուս Եհովայի հնազանդ էր եւ Սատանայի՝ հակառակ։ Եթէ մենք ալ ‘հնազանդինք Աստուծոյ ու Սատանայի հակառակ կենանք, ան մեզմէ պիտի փախչի’։ (Յակոբու 4։7) Յիսուսի նման, մենք ալ կրնանք փորձութեան դէմ դնել, եթէ կիրարկենք մեր գիտցած սուրբ գրային համարները եւ նոյնիսկ զանոնք մէջբերենք, երբ մեղք մը գործելու փորձութիւն մը դիմագրաւենք։ հաւանակա՞ն է որ փորձուինք գողնալ, երբ այդ պահուն մենք մեզի կրկնենք Աստուծոյ օրէնքը՝ «Գողութիւն մի՛ ըներ»։ Երկու Քրիստոնեաներ սեռային անբարոյութեան մէջ պիտի իյնա՞ն, եթէ երկուքէն նոյնիսկ մէկը քաջութեամբ մէջբերէ «Շնութիւն մի՛ ըներ» խօսքերը։—Հռովմայեցիս 13։8–10. Ելից 20։14, 15
6. Յիսուս ինչպէ՞ս քաջարի կերպով յաղթեց աշխարհի։
6 Որպէս այս աշխարհէն ատուած Քրիստոնեաներ, կրնանք անոր հոգիէն եւ մեղաւոր ընթացքէն խուսափիլ։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։ (Յովհաննու 16։33) Ան աշխարհին յաղթեց՝ անոր նման չըլլալով։ Որպէս յաղթող իր օրինակը եւ իր ուղղամիտ ընթացքին արդիւնքը, կրնան մեր սրտերը քաջութեամբ լեցնել, որպէսզի զինք ընդօրինակենք, այս աշխարհէն զատուած մնալով եւ անկէ չարատաւորուելով։—Յովհաննու 17։16
Քաջութիւն՝ Քարոզչութեան մէջ Յարատեւելու Համար
7, 8. Ի՞նչ բան կ’օգնէ մեզի որ շարունակենք քարոզել՝ հակառակ հալածանքի։
7 Յիսուս եւ իր աշակերտները Աստուծոյ ապաւինեցան, որպէսզի հակառակ հալածանքի քաջութիւնը ունենան քարոզչութեան մէջ յարատեւելու։ Հակառակ հալածանքի, Քրիստոս անվեհերօրէն կատարեց իր ծառայութիւնը եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, իր հալածուած հետեւորդները շարունակեցին բարի լուրը ծանուցանել, հակառակ անոր որ Հրեայ առաջնորդները ջանացին արգելք հանդիսանալ անոնց։ (Գործք 4։18–20. 5։29) Աշակերտները աղօթեցին. «Ո՛վ տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէսզի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։ Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ. «Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին», կ’ըսէ պատմութիւնը, «եւ ամէնքը սուրբ հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին»։—Գործք 4։24–31
8 Քանի որ ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը չեն ընդունիր բարի լուրը, քաջութեան պէտք ունինք, որպէսզի շարունակենք անոնց քարոզել։ Մանաւանդ երբ հալածուած են, Եհովայի ծառաները պէտք ունին աստուածատուր քաջութեան, որպէսզի շարունակեն վկայութիւն տալ։ (Գործք 2։40. 20։24) Ուստի, Թագաւորութեան քաջարի քարոզիչ մը՝ Պօղոս՝ երիտասարդ եւ նուազ փորձառու իր գործակիցին ըսաւ. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։ Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար? կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։7, 8) Եթէ քաջութեան համար աղօթենք, պիտի կարենանք քարոզչութեան մէջ յարատեւել եւ նոյնիսկ հալածանքը մեզմէ պիտի չկարենայ խլել Թագաւորութեան հրատարակիչ մը ըլլալու մեր ուրախութիւնը։—Մատթէոս 5։10–12
Քաջութիւն՝ Եհովայի Կողմը Դիրք Բռնելու Համար
9, 10. (ա) Առաջին դարու Հրեաները եւ հեթանոսները ի՞նչ ըրին Քրիստոսի մկրտուած հետեւորդներ ըլլալու համար։ (բ) Քրիստոնեայ մը ըլլալը ինչո՞ւ քաջութիւն կը պահանջէր։
9 Առաջին դարու Հրեաներէն եւ հեթանոսներէն շատեր քաջութեամբ լքեցին հակա–սուրբ գրային աւանդութիւնները եւ Քրիստոսի մկրտուած հետեւորդները եղան։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին քիչ ետք, «Աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին»։ (Գործք 6։7) Այդ Հրեաները քաջութիւն ունեցան կրօնական կապերը խզելու եւ Յիսուսը ընդունելու որպէս Մեսիա։
10 Հ.Դ. 36–էն սկսեալ, հեթանոսներէն շատեր հաւատացեալներ եղան։ Երբ Կոռնելիոս, իր ընտանիքի անդամներն եւ ուրիշներ բարի լուրը լսեցին, անոնք անմիջապէս ընդունեցին զայն, սուրբ հոգին ստացան եւ ‘Յիսուս Քրիստոսի անունով մկրտուեցան’։ (Գործք 10։1–48) Փիլիպպէի մէջ, հեթանոս բանտապետ մը եւ իր ընտանիքը շուտով ողջունեցին Քրիստոնէութիւնը եւ «մկրտուեցան ինք ու բոլոր իրենները»։ (Գործք 16։25–34) Այս քայլերը առնելու համար քաջութիւն կը պահանջուէր, քանի որ Քրիստոնեաները հալածուած, անժողովրդական փոքրամասնութիւն մըն էին։ Մինչեւ այսօր պարագան նոյնն է։ Բայց եթէ Աստուծոյ չէք նուիրուած եւ մկրտուած Եհովայի Վկայ մը չէք, ժամանակը չէ՞ որ այս քաջարի քայլերը առնէք։
Քաջութիւն՝ Բաժնուած Ընտանիքներու մէջ
11. Եւնիկէ եւ Տիմոթէոս քաջութեան ի՞նչ գեղեցիկ օրինակներ են։
11 Եւնիկէ եւ իր որդին՝ Տիմոթէոս՝ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մը մէջ քաջարի հաւատքի գեղեցիկ օրինակներ են։ Թէեւ Եւնիկէ հեթանոս ամուսին մը ունէր, ան մանկութենէն իր զաւկին սորվեցուց «սուրբ գրութիւնները»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14–17) Երբ Քրիստոնեայ եղաւ, ան «անկեղծ հաւատք» մը ցուցաբերեց։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5) Ան նաեւ քաջութիւնը ունեցաւ Տիմոթէոսի Քրիստոնէական ուսուցում տալու, իր անհաւատ ամուսինին գլխաւորութեան հանդէպ յարգանք ցուցաբերելով հանդերձ։ Վստահաբար անոր հաւատքը եւ քաջութիւնը վարձատրուեցան, երբ իր լաւ դաստիարակուած որդին ընտրուեցաւ որ միսիոնարական ճամբորդութիւններու մէջ Պօղոսի ընկերակցի։ Ասիկա որքա՜ն քաջալերական է այն Քրիստոնեայ ծնողներուն համար, որոնք նոյնանման պարագաներու մէջ կը գտնուին։
12. Տիմոթէոս ինչպի՞սի մէկը եղաւ եւ հիմա որո՞նք կը փորձեն իրեն նման ըլլալ։
12 Թէեւ Տիմոթէոս կրօնապէս բաժնուած տան մը մէջ կ’ապրէր, ան քաջութեամբ ընդունեց Քրիստոնէութիւնը եւ հոգեւոր անհատ մը եղաւ, որու մասին Պօղոս կրցաւ ըսել. «Կը յուսամ Տէր Յիսուսով թէ Տիմոթէոսը ձեզի [Փիլիպպեցիներուն] պիտի ղրկեմ, որպէսզի սիրտս ալ հանգչի, երբ ձեր վիճակը գիտնամ։ Վասնզի անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։ ... Դուք փորձով գիտէք [գիտէք նորա ընտիր լինելը, Արեւլհ. Թարգմ.] թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց»։ (Փիլիպպեցիս 2։19–22) Այսօր ալ կրօնապէս բաժնուած շատ մը տուներու մէջ, տղաք եւ աղջիկներ անվեհերօրէն կ’ողջունեն բարի լուրը։ Տիմոթէոսի նման, անոնք ալ ընտիր կ’ըլլան եւ մենք որքա՜ն ուրախ ենք որ անոնք Եհովայի կազմակերպութեան մաս կը կազմեն։
Քաջութիւն՝ ‘Մեր Պարանոցները Տալու’ Համար
13. Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա ի՞նչ կերպով քաջութիւն ցուցաբերեցին։
13 Ակիւղաս եւ իր կինը՝ Պրիսկիղա՝ օրինակ հանդիսացան, հաւատակիցի մը համար քաջութեամբ ‘իրենց պարանոցը’ տալու մէջ։ Անոնք Պօղոսը իրենց տունը ընդունեցին, իրեն հետ վրանագործութիւն ըրին եւ անոր օգնեցին որ Կորնթոսի մէջ նոր ժողովք մը հաստատէ։ (Գործք 18։1–4) Իրենց 15 տարուան բարեկամութեան ընթացքին, անոնք նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգեցին անոր համար, որու պատճառը անյայտ է։ Անոնք Հռովմի մէջ կ’ապրէին, երբ Պօղոս հոն գտնուող Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Բարեւ ըրէք Պրիսկէին ու Ակիւղասին Քրիստոս Յիսուսով իմ գործակիցներուս. որոնք իմ կեանքիս համար իրենց պարանոցները տուին. որոնցմէ ոչ միայն ես շնորհակալ կ’ըլլամ, հապա հեթանոսներուն բոլոր եկեղեցիներն ալ»։—Հռովմայեցիս 16։3, 4
14. Պօղոսի համար իրենց պարանոցը վտանգելով, Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա ո՞ր պատուիրանին համաձայն վարուեցան։
14 Իրենց պարանոցները Պօղոսի համար վտանգելով, Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն համաձայն վարուած էին. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք»։ (Յովհաննու 13։34) Այս պատուիրանը «նոր» էր այն առումով որ անիկա դրացին անձին պէս սիրելու Մովսիսական Օրէնքի պահանջքէն աւելի էր։ (Ղեւտացւոց 19։18) Անիկա անձնազոհ սէր կը պահանջէր, մինչեւ մէկը իր կեանքը ուրիշներուն համար տալու պատրաստ ըլլալով, Յիսուսի նման։ Երկրորդ եւ Երրորդ դարու Տերտուղիանոս գրողը Քրիստոնեաներու մասին աշխարհային մարդոց խօսքերը մէջբերեց, երբ գրեց. «‘Տեսէք’, կ’ըսէին անոնք, ‘[Քրիստոնեաները] ի՜նչպէս իրար կը սիրեն ... եւ ի՛նչպէս իրարու համար մեռնելու պատրաստ են’»։ (Apology, Գլուխ ԼԹ. 7) Մանաւանդ հալածանքի պարագային ստիպուած կրնանք ըլլալ եղբայրական սէր ցուցաբերել, քաջաբար մեր կեանքերը վտանգելով, որպէսզի մեր հաւատակիցները խնայենք թշնամիներու ձեռքով չարչարուելէ կամ սպաննուելէ։—Յովհաննու 3։16
Քաջութիւնը Ուրախութիւն կը Բերէ
15, 16. Ինչպէս ցոյց տրուած է Գործք Առաքելոց 16–րդ գլուխին մէջ, քաջութիւնը եւ ուրախութիւնը ի՞նչ կապակցութիւն ունին։
15 Պօղոս եւ Շիղա ապացուցանեցին որ փորձութեան ընթացքին քաջութիւն ցուցաբերելը ուրախութիւն կրնայ պատճառել։ Անոնք Փիլիպպէ քաղաքին մէջ, քաղաքացիական իշխաններու հրամանով հանրապէս ծեծուեցան եւ բանտ դրուեցան։ Բայց վախը չվհատեցուց զիրենք։ Հակառակ փորձիչ պարագաներու, անոնք տակաւին աստուածատուր քաջութիւն եւ հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն անոր բերած ուրախութիւնը ունէին։
16 Կէս գիշերին, Պօղոս եւ Շիղա կ’աղօթէին եւ երգելով Աստուած կ’օրհնէին։ Յանկարծ երկրաշարժ մը ցնցեց բանտը, իրենց կապերը քակեց եւ դռները բացաւ։ Սարսափած դռնապանին եւ անոր ընտանիքին անվեհեր վկայութիւն մը տրուեցաւ, որ զիրենք առաջնորդեց որ մկրտուելով Եհովայի ծառաներ ըլլան։ Անոնք «բոլոր տունով ուրախացան՝ Աստուծոյ հաւատալով»։ (Գործք 16։16–34) Ասիկա ի՜նչ ուրախութիւն պատճառած ըլլալու էր Պօղոսի եւ Շիղայի։ Քաջութեան այս եւ ուրիշ սուրբ գրային օրինակներ նկատի առնելէ ետք, որպէս Եհովայի ծառաներ ինչպէ՞ս կրնանք քաջասիրտ ըլլալ։
Շարունակեցէք Քաջասիրտ Ըլլալ
17. Ինչպէս ցոյց տրուած է 27–րդ Սաղմոսին մէջ, Եհովայի յուսալը ի՞նչ կապ ունի քաջութեան հետ։
17 Եհովայի յուսալը մեզի պիտի օգնէ որ քաջ ըլլանք։ Դաւիթ երգեց. «Տէրոջը սպասէ՛։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։ Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ»։ (Սաղմոս 27։14) 27–րդ Սաղմոսը ցոյց կու տայ որ Դաւիթ Եհովայի վստահեցաւ որպէս իր կեանքին «ապաւէն»ը։ (Համար 1) Դաւիթի հակառակորդներուն հետ անցեալին Աստուծոյ ունեցած վերաբերմունքը իրեն քաջութիւն տուաւ։ (Համար 2, 3) Եհովայի պաշտամունքի կեդրոնին հանդէպ գնահատութիւնը՝ ուրիշ ազդակ մըն էր։ (Համար 4) Եհովայի օգնութեան, պաշտպանութեան եւ փրկութեան վստահիլն ալ Դաւիթի քաջութիւնը ամրապնդեց։ (Համար 5–10) Ուրիշ նպաստող ազդակ մըն էր Եհովայի արդար ճամբաներուն սկզբունքները շարունակաբար սորվիլ։ (Համար 11) Իր հակառակորդներէն ազատուելու համար վստահութեամբ աղօթելը եւ իր հաւատքն ու յոյսն ալ օգնեցին Դաւիթի որ քաջասիրտ ըլլայ։ (Համարներ 12–14) Մենք ալ նոյն կերպերով կրնանք մեր քաջութիւնը կերտել, այսպիսով ցոյց տալով որ իրապէս ‘Եհովայի կը սպասենք’։
18. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Եհովայի երկրպագուներուն հետ կանոնաւորաբար ընկերակցիլը կրնայ օգնել մեզի քաջ ըլլալու։ (բ) Քրիստոնէական ժողովները քաջութիւն կերտելու մէջ ի՞նչ դեր կը խաղան։
18 Եհովան պաշտողներուն հետ կանոնաւորաբար ընկերակցիլն ալ մեզի կ’օգնէ քաջ ըլլալու։ Պօղոս Կայսրին կոչ ընելուն համար երբ Հռովմ կ’երթար, հաւատակիցներ զինք դիմաւորելու եկան Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք Պանդոկներ կոչուած վայրը։ Պատմութիւնը կ’ըսէ որ «Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ»։ (Գործք 28։15) Երբ Քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար կը յաճախենք, հետեւած կ’ըլլանք Պօղոսի սա խրատին. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ի՞նչ կը նշանակէ մէկզմէկ յորդորել։ Յորդորել կը նշանակէ «քաջութիւն, տրամադրութիւն, յոյս տալ»։ (Webster’s Ninth New Collegiate Dictionary) Շատ բան կրնանք ընել ուրիշ Քրիստոնեայ ընկերակիցներու քաջութիւն ներշնչելու համար եւ անոնց քաջալերութիւնը մեր մէջ ալ այս յատկութիւնը կրնայ կերտել։
19. Սուրբ Գրութիւնները եւ Քրիստոնէական հրատարակութիւնները ի՞նչ կապ ունին մեր քաջ ըլլալուն հետ։
19 Քաջ մնալու համար, կանոնաւորաբար պէտք է ուսումնասիրենք Աստուծոյ Խօսքը եւ անոր խրատները մեր կեանքին մէջ գործադրենք։ (Բ. Օրինաց 31։9–12. Յեսուայ 1։8) Մեր կանոնաւոր ուսումնասիրութեան մէջ, պէտք է պարփակենք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր Քրիստոնէական հրատարակութիւնները, քանի որ անոնց մէջ գտնուած ողջախոհ խրատները մեզի պիտի օգնեն որ աստուածատուր քաջութեամբ դիմագրաւենք մեր հաւատքի փորձութիւնները։ Աստուածաշունչի պատմութիւններով տեսանք թէ Եհովայի ծառաները ի՛նչպէս քաջ եղած են տարբեր պարագաներու ներքեւ։ Հիմա, թերեւս չենք գիտեր որ այս տեղեկութիւնները ի՛նչպէս կրնան օգնել մեզի, բայց Աստուծոյ Խօսքը զօրութիւն ունի եւ անկէ ի՛նչ որ սորվինք, միշտ օգտակար է մեզի համար։ (Եբրայեցիս 4։12) Օրինակի համար, երբ մարդու վախը մեր ծառայութեան ազդէ, կրնանք յիշել թէ Ենովք ի՛նչպէս քաջութիւն ունեցաւ Աստուծոյ պատգամը տալու՝ ամբարիշտ աշխարհին։—Յուդա 14, 15
20. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ աղօթքը կենսական է, եթէ որպէս Եհովայի ծառաներ կ’ուզենք քաջ մնալ։
20 Որպէս Եհովայի ծառաներ, քաջ մնալու համար աղօթքի մէջ պէտք է յարատեւենք։ (Հռովմայեցիս 12։12) Յիսուս իր փորձութիւններուն քաջութեամբ տոկաց եւ «սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։ (Եբրայեցիս 5։7) Աղօթքով Աստուծոյ մօտիկ մնալով, աշխարհային վախկոտներուն պիտի չնմանինք, որոնց վիճակուած է «երկրորդ մահը», ուրկէ յարութեան յոյս չկայ։ (Յայտնութիւն 21։8) Աստուածային պաշտպանութիւնը եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ կեանքը վերապահուած են Աստուծոյ քաջարի ծառաներուն։
21. Եհովայի հաւատարիմ Վկաները ինչո՞ւ կրնան քաջ ըլլալ։
21 Որպէս Եհովայի հաւատարիմ Վկաներ, պէտք չէ վախնանք դիւային եւ մարդկային թշնամիներէն, քանի որ Աստուած մեզի թիկունք կը կագնի եւ որպէս աշխարհի յաղթող՝ Յիսուսի քաջարի օրինակը ունինք։ Եհովայի ծառաներուն հետ հոգեւոր կերտիչ ընկերակցութիւնն ալ կ’օգնէ մեզի քաջ ըլլալու։ Մեր քաջութիւնը կը կերտուի նաեւ Աստուածաշունչի խրատներով եւ Քրիստոնէական հրատարակութիւններով։ Իսկ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ անցեալի ծառաներուն պատմութիւնները, մեզի կ’օգնեն որ իր ճամբաներուն մէջ քաջութեամբ քալենք։ Այս դժուար վերջին օրերուն, ուրեմն, անվեհերօրէն առաջ նետուինք սրբազան ծառայութեան մէջ։ Այո, Եհովայի բոլոր ծառաները թող քաջասի՛րտ ըլլան։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Յիսուսի օրինակը ինչպէ՞ս մեզ քաջութեամբ կը պատէ։
◻ Ի՞նչ բան Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն քաջութիւն տուաւ, որ շարունակեն քարոզել։
◻ Հրեաները եւ հեթանոսները ինչո՞ւ քաջութեան պէտք ունէին Եհովայի կողմը դիրք բռնելու համար։
◻ Եւնիկէ եւ Տիմոթէոս քաջութեան ի՞նչ օրինակներ են։
◻ Ի՞նչ ապացոյց կայ որ քաջութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ նոյնիսկ հալածանքի ներքեւ։
[Նկար՝ էջ 28]
Յիսուսի նման, կրնանք փորձութիւններու դիմադրել, եթէ սուրբ գրային համարները կիրարկենք եւ զանոնք մէջբերենք