Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 7/1 էջ 30
  • «Պէտք է ձեզի համբերութիւն»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Պէտք է ձեզի համբերութիւն»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 7/1 էջ 30

«Պէտք է ձեզի համբերութիւն»

‘ԽՈՍՏՈՒՄԸ վայելելու’ համար ‘պէտք է համբերենք’։ (Եբրայեցիս 10։36) Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը բացատրէ որ այս համարին մէջ Պօղոս առաքեալի գործածած «համբերութիւն» արտայայտող Յունարէն բառը երբեմն գործածուած է, «դժուար ու աննպաստ պայմաններու մէջ բոյսի մը ապրելու կարողութիւնը» նկարագրելու համար։

Եւրոպայի լեռներուն վրայ այսպիսի բոյս մը կ’աճի։ Հետաքրքրականօրէն անոր անունը կը նշանակէ մշտակեաց։ Ալպեան լեռներու այս բոյսը անշուշտ յաւիտեան չապրիր, բայց տարուէ տարի կը տոկայ, ամէն ամառ շատ գեղեցիկ եւ սիրուն ծաղիկներ տալով։ Համայնագիտարան մը կը բացատրէ որ մշտակեաց անունը տրուած է այս բոյսին, իր «չարքաշութեան եւ տոկունութեան» համար։ (Այս բոյսին գիտական անունն է որ կը նշանակէ «մշտակեաց»)։

Այս տոկուն բոյսը յատկանշական դարձնողը այն է, որ անիկա ամենէն անհիւրընկալ վայրերու մէջ կ’աճի։ Անիկա բարձրութեան վրայ, լեռներուն լանջին կը բուսնի, ուր զօրաւոր քամի կը փչէ եւ ուր ջերմաստիճանը կրնայ 35 աստիճան փոփոխութիւն կրել 24 ժամուան մէջ։ Անիկա կրնայ արմատ կապել շատ քիչ հող ունեցող ապառաժուտ կիրճերու մէջ։ Այսպիսի աննպաստ պայմաններու տոկալու համար անոր կարգ մը գաղտնիքիները ի՞նչ են։

Մշտակեացը հիւթեղ տերեւներ ունի որ հոգածութեամբ ջուր կ’ամբարէ։ Այս պատճառաւ անիկա անձրեւէն կամ հալած ձիւներէն ամէն տեսակ խոնաւութիւն կ’օգտագործէ։ Ասկէ զատ, անիկա ողկուզաձեւ կ’աճի եւ ասիկա իրենց ժայռոտ յենարանին կառչելու համար իրենց ուժը կը միացնէ։ Կիրճերու մէջ արմատ նետելով, հողը քիչ ըլլալով հանդերձ, որոշ չափով պաշտպանուած կ’ըլլայ ուրիշ տարրերէն։ Ուրիշ խօսքով, անիկա իր դժուար կացութիւնը լաւագոյնս կ’օգտագործէ։

Հոգեւոր առումով, մենք ալ կրնանք գտնուիլ այնպիսի պարագաներու մէջ, որ մեր համբերութեան որակը փորձի կ’ենթարկէ։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ փորձութեան տոկանք։ Մշտակեաց բոյսին նման, կրնանք Աստուծոյ խօսքին կենարար ջուրերը ամբարել եւ օգնութեան ու պաշտպանութեան համար ճշմարիտ Քրիստոնեաներու հետ սերտօրէն ընկերակցիլ։ Այս ալպեան ծաղիկին նման, ամէն բանէ առաջ պէտք է անխախտ կառչինք մեր «ժայռ»ին՝ Եհովայի՝ ինչպէս նաեւ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան։—Բ. Թագաւորաց 22։3

Արդարեւ, մշտակեաց կոչուող այս ծաղիկը հաճելի կերպով կը յիշեցնէ մեզի, որ նոյնիսկ շատ դժուար պայմաններու ներքեւ կրնանք տոկալ, եթէ ձեռնտու եղող բաները օգտագործենք։ Եհովա կը խոստանայ որ այսպիսի համբերութիւն մը մեզ պիտի առաջնորդէ ‘խոստումը վայելելու’, որ պիտի ըլլայ բառացի յաւիտենական կեանք։—Եբրայեցիս 6։12. Մատթէոս 25։46

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել