Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բնա՛ւ ետ չքաշուինք՝ որ կորսուինք
    Դիտարան 1999 | Դեկտեմբեր 15
    • Բնա՛ւ ետ չքաշուինք՝ որ կորսուինք

      «Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10։39, ՆԱ

      1. Ի՞նչ պարագաներ պատճառ եղան որ Պետրոս առաքեալ վախի անձնատուր ըլլայ։

      ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ շշմած ըլլալու էին, երբ իրենց սիրելի Տէրը՝ Յիսուս՝ իրենց ըսաւ որ բոլորն ալ պիտի ցրուէին ու զինք լքէին։ Այսպիսի բան մը ի՞նչպէս կարելի էր, ճգնաժամային այս պահուն։ Պետրոս պնդեց. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես»։ Արդարեւ, Պետրոս քաջ ու խիզախ մարդ մըն էր։ Բայց երբ Յիսուս մատնուեցաւ ու ձերբակալուեցաւ, առաքեալները՝ մէջը ըլլալով Պետրոս՝ ցրուեցան։ Հետագային, մինչ Յիսուս Կայիափա քահանայապետին տան մէջ հարցուփորձի կ’ենթարկուէր, Պետրոս անհանդարտօրէն կը տնտնար գաւիթին մէջ։ Մինչ ցուրտ գիշերը կը սահէր, հաւանաբար Պետրոս վախցաւ որ Յիսուս, եւ իրեն ընկերակցող ոեւէ անհատ, կրնար սպաննուիլ։ Երբ շուրջը գտնուողներէն ոմանք ճանչցան Պետրոսը, որ Յիսուսի սերտ ընկերակիցներէն մէկն էր, ան շփոթութեան մատնուեցաւ։ Ան երեք անգամ հերքեց որ Յիսուսի հետ որեւէ առնչութիւն ունէր։ Պետրոս նոյնիսկ ուրացաւ որ կը ճանչնար զինք։—Մարկոս 14։27-31, 66-72

      2. (ա) Յիսուսի ձերբակալման գիշերը Պետրոսի վախկոտ ընթացքը ինչո՞ւ զինք «ետ քաշուող մարդոցմէ» չդարձուց։ (բ) Ի՞նչ ընել պէտք է վճռենք։

      2 Ասիկա Պետրոսի կեանքին տկար մէկ պահուն էր, պահ մը, որու համար անկասկած զղջաց իր կեանքի մնացեալ տեւողութեան։ Սակայն, այդ գիշեր Պետրոսի ընթացքը զինք վախկոտ անհա՞տ մը դարձուց։ Ասիկա զինք «անոնցմէ՞» դարձուց որոնց մասին Պօղոս առաքեալ հետագային գրեց. «Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին»։ (Եբրայեցիս 10։39) Հաւանաբար, շատերս համաձայն գտնուինք որ Պօղոսի խօսքերը Պետրոսի չեն կիրարկուիր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Պետրոսի վախը ժամանակաւոր էր՝ փոքր թերութիւն մը՝ արտակարգ խիզախութեամբ ու հաւատքով նշուած կեանքի մը մէջ։ Նմանապէս, մեզմէ շատեր, անցեալին պահեր ունեցած ենք, զորս ամօթով կը վերյիշենք. պահեր, երբ վախը մեզ անակնկալի բերած ու արգելք հանդիսացած է որ ճշմարտութեան համար ա՛յնքան խիզախ կեցուածք մը բռնենք, որքան կը ցանկայինք։ (Համեմատել՝ Հռովմայեցիս 7։21-23) Կրնանք վստահ ըլլալ թէ այսպիսի կարճատեւ սխալներ մեզ կորուստի տանող ետ քաշուող մարդոցմէ չեն դարձներ։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է վճռենք որ երբեք այդ մարդոցմէ չըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Իսկ ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ այսպիսի անհատ մը ըլլալէ։

      Ի՛նչ կը Նշանակէ Ետ Քաշուելով Կորսուիլ

      3. Եղիա եւ Յովնան մարգարէները ի՞նչպէս վախի անձնատուր եղան։

      3 Երբ Պօղոս «ետ քաշուող մարդոց» մասին գրեց, ան ակնարկութիւն չէր ըներ անոնց, որոնք կարճ ժամանակուան մը համար կրնան իրենց քաջութիւնը կորսնցնել։ Պօղոս վստահաբար գիտէր Պետրոսի փորձառութիւնը ու անոր նման ուրիշ պարագաներ։ Եղիա, խիզախ ու համարձակ մարգարէն, անգամ մը վախի տեղի տուաւ եւ Յեզաբէլ չար Թագուհիին մահուան սպառնալիքին պատճառաւ՝ փախաւ։ (Գ. Թագաւորաց 19։1-4) Յովնան մարգարէին աւելի լուրջ վախ մը պատեց։ Եհովա անոր նշանակում տուաւ որ բռնութեան մէջ համբաւ շահած Նինուէ ամբարիշտ քաղաքը երթայ։ Յովնան իսկոյն նաւ մը բարձրացաւ որ Թարսիս կ’երթար՝ 3,500 քմ. հակառակ ուղղութեամբ։ (Յովնանու 1։1-3) Սակայն, ո՛չ այս հաւատարիմ մարգարէները, ո՛չ ալ Պետրոսը կարելի է իրաւացիօրէն նկարագրել որպէս ետ քաշուող մարդիկ։ Ինչո՞ւ։

      4, 5. (ա) Ընդհանուր բովանդակութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որոշելու թէ Պօղոս ի՛նչ ըսել կ’ուզէր Եբրայեցիս 10։39–ի մէջ ‘կորսուիլ’ բառով։ (բ) Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին»։

      4 Նկատի առէք Պօղոսի գործածած ամբողջ նախադասութիւնը. «Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին»։ «Կորսուին» արտայայտութեամբ ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Հոս գործածուած Յունարէն բառը երբեմն կ’ակնարկէ յաւիտենական կործանումի։ Այս սահմանումն է որ կը յարմարի ընդհանուր բովանդակութեան։ Պօղոս տակաւին նոր ազդարարած էր՝ «Եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար, հապա զարհուրելի սպասում մը դատաստանին ու կրակի բարկութիւն մը կը մնայ, որ պիտի լափէ հակառակորդները»։—Եբրայեցիս 10։26, 27

      5 Ուստի, երբ Պօղոս իր հաւատակիցներուն ըսաւ որ «մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին», ան ըսել կ’ուզէր որ ինք եւ իր նամակը կարդացող հաւատարիմ Քրիստոնեաները վճռած էին բնաւ Եհովայէ չհեռանալ ու իրեն ծառայելէ ետ չկենալ։ Այսպէս ընելը միմիայն յաւիտենական կործանումի կրնար առաջնորդել։ Իսկարիովտացի Յուդան մէկն էր որ ետ քաշուեցաւ կորսուելու համար, ինչպէս՝ ճշմարտութեան ուրիշ հակառակորդներ, որոնք գիտակցաբար Եհովայի հոգիին դէմ գործեցին։ (Յովհաննու 17։12. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3) Այսպիսի անհատներ, այլաբանական կրակի լիճին մէջ յաւիտենական կործանումի ենթարկուելիք «վախկոտներ»ուն մէջ կը գտնուին։ (Յայտնութիւն 21։8) Ո՛չ, մենք բնա՛ւ չենք ուզեր այդպիսի մարդոցմէ ըլլալ։

      6. Բանսարկու Սատանան կ’ուզէ որ ի՞նչպիսի ընթացքի հետեւինք։

      6 Բանսարկու Սատանան կ’ուզէ որ մենք ետ քաշուինք, որ կորսուինք։ «Հնարքներու» վարպետ մը ըլլալով, ան գիտէ թէ այսպիսի կորստաբեր ընթացք մը յաճախ կը սկսի չնչին կերպերով։ (Եփեսացիս 6։11) Եթէ ուղղակի հալածանքով չկարենայ իր նպատակին հասնիլ, ան կը ջանայ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն հաւատքը մաշեցնել աւելի խորամանկ կերպերով։ Ան Եհովայի քաջ ու նախանձախնդիր Վկաներուն լռութեան մատնուիլը կը փափաքի տեսնել։ Տեսնենք թէ ան ի՛նչ ռազմավարութիւն գործածեց Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն դէմ, որոնց գրեց Պօղոս։

      Քրիստոնեաները Ի՞նչ Ճնշումներու Ենթարկուեցան՝ Որպէսզի Ետ Քաշուին

      7. (ա) Երուսաղէմի ժողովքին պատմութիւնը ի՞նչ էր։ (բ) Պօղոսի նամակը կարդացողներէն ոմանք ի՞նչ պարագաներու մէջ կը գտնուէին։

      7 Իրողութիւնները կը նշեն որ Պօղոս Եբրայեցիներուն իր նամակը գրեց մօտ Հ.Դ. 61–ի ատենները։ Երուսաղէմի ժողովքը վրդովալից պատմութիւն մը ունէր։ Յիսուսի մահուընէ ետք, դաժան հալածանքի ալիք մը ծայր տուաւ, պարտադրելով որ քաղաքին մէջ գտնուող Քրիստոնեաներէն շատեր ցրուին։ Սակայն անոր յաջորդեց խաղաղ շրջան մը, թոյլ տալով որ Քրիստոնեաներու թիւը բազմապատկուի։ (Գործք 8։4. 9։31) Մինչ տարիները սահեցան, պարբերաբար ուրիշ հալածանքներ ու դժուարութիւններ եկան։ Այնպէս կը թուի որ երբ Պօղոս Եբրայեցիներուն նամակը գրեց, ժողովքը անգամ մը եւս յարաբերաբար խաղաղութեան շրջան մը կը վայելէր։ Սակայն, տակաւին ճնշումներ կային։ Յիսուս Երուսաղէմի կործանումը նախագուշակելէն մօտաւորապէս երեք տասնամեակներ անցած էին։ Հաւանաբար կային անհատներ, որոնք կը խորհէին որ վախճանը անտրամաբանականօրէն կ’ուշանար եւ թերեւս նոյնիսկ իրենց ապրած ժամանակին մէջ չգար։ Ուրիշներ՝ մասնաւորաբար հաւատքի մէջ նորեկներ, խիստ հալածանքով փորձութեան ենթարկուած չէին եւ փորձութեան ներքեւ համբերութիւն ունենալու մասին շատ քիչ բան գիտէին։ (Եբրայեցիս 12։4) Սատանան վստահաբար այս պարագաներէն օգտուիլ կը փորձէր։ Ան ի՞նչ «հնարքներ» գործածեց։

      8. Շատ Հրեաներ ի՞նչ կեցուածք ունէին քրիստոնէական նորածին ժողովքին հանդէպ։

      8 Երուսաղէմի ու Հրէաստանի հրէական համայնքը քրիստոնէական նորածին ժողովքին արհամարհանքով կը նայէր։ Պօղոսի գրած նամակէն դատելով, կրնանք գաղափար մը ունենալ թէ Հրեայ կրօնական առաջնորդները ու անոնց հետեւորդները ի՛նչ կերպով կ’անարգէին Քրիստոնեաները։ Անոնք հաւանաբար ըսած ըլլալու էին. ‘Մենք Երուսաղէմի մէջ մեծ տաճար ունինք, որ դարերէ՛ ի վեր կանգուն կեցած է։ Մենք փառաւոր քահանայապետ մը ունինք, որ իր ենթաքահանաներուն հետ հոն պաշտօն կը կատարէ։ Ամէն օր զոհեր կը մատուցանուին։ Ունինք Օրէնքը, որ հրեշտակներու միջոցաւ Մովսէսի փոխանցուեցաւ եւ Սինա Լերան վրայ ահաւոր նշաններով հաստատուեցաւ։ Այս նոր երեւան եկած աղանդը, այս Քրիստոնեաները, որոնք Հրէականութենէն ըմբոստացած են՝ այս բաներէն ո՛չ մէկը ունին’։ Այսպիսի քամահրանքներ իրենց նպատակին հասա՞ն։ Կարգ մը Եբրայեցի Քրիստոնեաներ վրդոված էին այս յարձակումներէն։ Պօղոսի նամակը ճիշդ ժամանակին իրենց օգնութեան հասաւ։

      Ինչո՛ւ Անոնք Բնաւ Ետ Պէտք Չէր Քաշուէին որ Կորսուէին

      9. (ա) Եբրայեցիս նամակը ի՞նչ բնաբան կը շեշտէ։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչ առումով Երուսաղէմի մէջ եղած տաճարէն աւելի լաւ տաճարի մը մէջ կը ծառայէին։

      9 Չկորսուելու համար, բնաւ ետ չքաշուելու մասին իր եղբայրներուն ու քոյրերուն Պօղոսի տուած երկու պատճառները քննենք։ Առաջին՝ Եբրայեցիներուն նամակը կը շեշտէր քրիստոնէական պաշտամունքի կերպին գերակայութիւնը։ Իր ամբողջ նամակին մէջ Պօղոս զարգացուց այս բնաբանը։ Երուսաղէմի տաճարը պարզապէս շատ աւելի մեծ իրականութեան մը՝ Եհովայի հոգեւոր՝ «անձեռագործ» տաճարին, մէկ նմանութիւնն էր։ (Եբրայեցիս 9։11) Այդ Քրիստոնեաները առանձնաշնորհումը ունէին մաքուր պաշտամունքի համար եղած այդ հոգեւոր կարգադրութեան մէջ ծառայելու։ Անոնք աւելի լաւ ուխտի մը՝ շատոնց խոստացուած նոր ուխտին՝ ներքեւ կը ծառայէին, որ Մովսէսէ գերադաս Միջնորդ մը ունէր, որ էր Յիսուս Քրիստոս։—Երեմեայ 31։31-34

      10, 11. (ա) Յիսուսի շառաւիղը ինչո՞ւ զինք անորակելի չէր դարձներ հոգեւոր տաճարին մէջ որպէս Քահանայապետ ծառայելու։ (բ) Ի՞նչ կերպերով Յիսուս Երուսաղէմի տաճարին մէջ ծառայող քահանայապետէն գերադաս Քահանայապետ մըն էր։

      10 Այդ Քրիստոնեաները շատ աւելի լաւ Քահանայապետ մըն ալ ունէին՝ Յիսուս Քրիստոս։ Ոչ, Յիսուս Ահարոնէն սերած չէր, այլ ան «Մելքիսեդեկի կարգին պէս» Քահանայապետ մըն էր։ (Սաղմոս 110։4) Մելքիսեդեկ՝ որու շառաւիղը արձանագրուած չէ, վաղեմի Սաղէմի թագաւորը, ինչպէս նաեւ, քահանայապետն էր։ Այսպիսով ան տեղին ըլլալով Յիսուսի մարգարէական տիպն էր, որու քահանայութիւնը ո՛չ թէ անկատար մարդոց նահապետութենէն կախեալ էր, այլ շատ աւելի մեծ բանէ մը՝ Եհովա Աստուծոյ երդումէն։ Մելքիսեդեկի նման, Յիսուս կը ծառայէ ոչ միայն որպէս Քահանայապետ, այլ նաեւ, որպէս Թագաւոր, մէկը որ բնա՛ւ պիտի չմեռնի։—Եբրայեցիս 7։11-21

      11 Աւելին ըլլալով, Երուսաղէմի տաճարի քահանաներուն հակառակը, Յիսուս ամէն տարի զոհեր մատուցանելու կարիքը չունէր։ Իր զոհը իր կատարեալ կեանքն էր, զոր մէկ անգամ ընդմիշտ մատուցանեց։ (Եբրայեցիս 7։27) Տաճարին մէջ մատուցուած այդ բոլոր զոհերը միայն շուքեր էին, Յիսուսի մատուցածին որպէս պատկեր։ Իր կատարեալ զոհը բոլոր հաւատք ընծայողներուն իրապէս մեղքերու թողութիւն բերաւ։ Սրտապնդիչ են նաեւ Պօղոսի խօսքերը, որոնք ցոյց կու տան որ այս Քահանայապետը նոյն անփոփոխ Յիսուսն է, զոր ճանչցած էին Երուսաղէմի Քրիստոնեաները։ Ան հեզ ու ազնիւ էր. մէկը որ կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից» ըլլալ։ (Եբրայեցիս 4։15. 13։8) Այդ օծեալ Քրիստոնեաները որպէս Քրիստոսի ենթաքահանաներ ծառայելու ակնկալութիւնը ունէին։ Անոնք ի՛նչպէս կրնային Հրէականութեան «տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն» վերադառնալու մասին նոյնիսկ մտածել։—Գաղատացիս 4։9

      12, 13. (ա) Բնաւ ետ չքաշուելու մասին Պօղոս ի՞նչ երկրորդ պատճառ մը տուաւ։ (բ) Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն անցեալին ունեցած համբերութեան արձանագրութիւնը ինչո՞ւ պէտք էր զիրենք քաջալերէր որ բնաւ ետ չքաշուէին, որպէսզի կորսուին։

      12 Որպէս թէ ասիկա բաւարար չըլլար, կորսուելու համար ետ չքաշուելու երկրորդ պատճառ մը տուաւ Պօղոս Եբրայեցիներուն. համբերութեան իրենց ունեցած արձանագրութիւնը։ Ան գրեց. «Մտքերնիդ բերէք այն առաջին օրերը, որոնց մէջ լուսաւորուելէ յետոյ շատ սաստիկ չարչարանքներ կրեցիք»։ Պօղոս անոնց յիշեցուց որ նախատինքներու ու նեղութիւններու «առարկայ» եղած էին։ Ոմանք բանտարկուած էին, իսկ ուրիշներ անոնց հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց տուած ու բանտին մէջ անոնց հոգ տարած էին։ Այո, անոնք օրինակելի հաւատք եւ յարատեւութիւն ցոյց տուած էին։ (Եբրայեցիս 10։32-34, Անթիլիաս) Սակայն, Պօղոս ինչո՞ւ անոնցմէ կը խնդրէր որ ‘իրենց միտքը բերէին’ այդպիսի ցաւալի պահեր։ Անիկա յուսահատեցուցիչ պիտի չըլլա՞ր։

      13 Ճիշդ հակառակը, ‘առաջին օրերը իրենց միտքը բերելը’ Եբրայեցիներուն պիտի վերյիշեցնէր թէ Եհովա ի՛նչպէս իրենց նեցուկ կանգնած էր փորձութեանց ներքեւ։ Անոր օգնութեամբ, արդէն Սատանայի բազմաթիւ յարձակումներուն դիմադրած էին։ Պօղոս գրեց. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։ (Եբրայեցիս 6։10) Այո, Եհովա կը յիշէր իրենց բոլոր հաւատարիմ գործերը եւ իր անսահման յիշողութեան մէջ պահած էր։ Կը յիշենք երկինքը գանձեր դիզելու մասին Յիսուսի յորդորը։ Ոեւէ գող չի կրնար այդ գանձերը գողնալ, որեւէ ցեց կամ ժանգ չի կրնար զանոնք սպառել։ (Մատթէոս 6։19-21) Այդ գանձերը կրնան փճանալ միմիայն երբ Քրիստոնեայ մը ետ կը քաշուի՝ կորսուելու համար։ Այդպէս ընելով ան երկնքի մէջ իր դիզած որեւէ գանձ պիտի մսխէր։ Այսպիսի ընթացքի մը բնա՛ւ չհետեւելու համար ի՜նչ զօրաւոր պատճառ մը կու տայ Պօղոս Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն։ Տարիներու հաւատարիմ ծառայութիւնը ինչո՞ւ վատնէին։ Շատ աւելի լաւ ու շիտակ պիտի ըլլար որ շարունակէին համբերել։

      Ինչո՛ւ Բնաւ Ետ Պէտք Չէ Քաշուինք որ Կորսուինք

      14. Մենք ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք, որոնք կը նմանին առաջին դարու Քրիստոնեաներուն դիմագրաւածներուն։

      14 Այսօր ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ ետ չքաշուելու զօրաւոր պատճառներ ունին։ Նախ յիշենք որ ի՛նչ օրհնութիւն մըն է մաքուր պաշտամունքի մէջ ըլլալ, զոր Եհովա մեզի շնորհած է։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ աւելի ժողովրդական եղող կրօնքներու անդամներ մեզ կը հեգնեն ու կը ծաղրեն, հպարտօրէն մեզի ցոյց տալով իրենց փարթամ կրօնական կառոյցներն ու դարաւոր աւանդութիւնները։ Սակայն, Եհովա մեզ կը հաւաստիացնէ որ ինք կը հաճի մեր պաշտամունքի կերպին։ Իրականութեան մէջ, մենք ներկայիս օրհնութիւններ կը վայելենք, զորս առաջին դարու Քրիստոնեաները չունէին։ Թերեւս հարցնէք՝ ‘Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ’։ Ի վերջոյ, անոնք ապրեցան, երբ հոգեւոր տաճարը սկսաւ գործել։ Քրիստոս Հ.Դ. 29–ին մկրտուելով՝ անոր Քահանայապետը եղաւ։ Անոնցմէ ոմանք Աստուծոյ Որդիին գործած հրաշքներուն ականատես եղած էին։ Նոյնիսկ իր մահուընէ ետք յաւելեալ հրաշքներ ալ կատարուած էին։ Սակայն, ինչպէս նախագուշակուած էր, այդպիսի պարգեւներ վերջապէս դադրեցան։—Ա. Կորնթացիս 13։8

      15. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ներկայիս ո՞ր մարգարէութեան կատարման ընթացքին կ’ապրին եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։

      15 Սակայն մենք Եզեկիէլ 40-48–րդ գլուխներու ընդարձակուած տաճարի մարգարէութեան իմաստալից կատարման ընթացքին մէջ կ’ապրինք։a Ուստի, մաքուր պաշտամունքի Աստուծոյ կարգադրութեան վերահաստատումը տեսած ենք։ Այդ հոգեւոր տաճարը կրօնական ամէն ապականութենէ ու կռապաշտութենէ մաքրուած է։ (Եզեկիէլ 43։9. Մաղաքեայ 3։1-5) Խորհեցէք թէ այս մաքրութիւնը ի՛նչ առաւելութիւններ տուած է մեզի։

      16. Առաջին դարու Քրիստոնեաները վհատեցուցիչ ի՞նչ հոսանքներ դիմագրաւեցին։

      16 Առաջին դարուն, քրիստոնէական կազմակերպուած ժողովքին համար ապագան մութ կը թուէր։ Յիսուս նախագուշակած էր որ անիկա նոր ցանուած ցորենի դաշտի մը մէջ որոմներ ցանելու պիտի նմանէր, ցորենը իրապէս անզանազանելի դարձնելով որոմէն։ (Մատթէոս 13։24-30) Այդպէս ալ եղաւ։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, երբ տարեց Յովհաննէս առաքեալ որպէս ապականութեան դէմ դնող վերջին արգելքը կը ծառայէր, հաւատուրացութիւնը արդէն սկսած էր ծաղկիլ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։6. Ա. Յովհաննու 2։18) Առաքեալներուն մահուընէ քիչ ետք, կղեր անջատողական դաս մը մէջտեղ եկաւ, հօտը հարստահարելով ու տարբեր հանդերձներ հագնելով։ Հաւատուրացութիւնը ախտի մը նման տարածուեցաւ։ Ասիկա որքա՜ն վհատեցուցիչ էր հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն համար։ Անոնք տեսան որ մաքուր պաշտամունքի նորադիր կարգադրութիւնը ծածկուեցաւ ապականած պաշտամունքի կերպով մը։ Ասիկա պատահեցաւ Քրիստոս ժողովքը հաստատելէն մէկ դարէն նուազ ժամանակուան մը մէջ։

      17. Արդի քրիստոնէական ժողովքը ի՞նչ առումով առաջին դարու իր համանմանէն աւելի երկար տեւեց։

      17 Հիմա հակադրութիւն մը նկատի առէք։ Ներկայիս, մաքուր պաշտամունքը շատ աւելի երկար տեւած է քան այն ժամանակաշրջանը որ տեւեց մինչեւ առաքեալներուն մահը։ 1879–ին այս պարբերաթերթի առաջին թիւին հրատարակութենէն ի վեր, Եհովա մեզ օրհնած է հետզհետէ աւելի զտուած պաշտամունքով մը։ Եհովա ու Քրիստոս Յիսուս հոգեւոր տաճարը մտան 1918–ին, որպէսզի զայն մաքրեն։ (Մաղաքեայ 3։1-5) 1919–էն ի վեր, Եհովա Աստուած պաշտելու կարգադրութիւնը աստիճանաբար զտուած է։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն ու սկզբունքներուն մասին մեր հասկացողութիւնը աւելի յստակացած է։ (Առակաց 4։18) Ասոր վարկը որո՞ւ կ’երթայ։ Անշուշտ՝ ո՛չ պարզ անկատար մարդոց։ Միայն Եհովան ու ժողովքին Գլուխը եղող իր Որդին կրնային Իր ժողովուրդը ապականութենէ պաշտպանել այս ապականած ժամանակներուն մէջ։ Ուստի, բնա՛ւ չմոռնանք Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնել, ներկայիս մաքուր պաշտամունքին մէջ մասնակցութիւն բերելու համար մեզի տուած պատեհութեան համար։ Իսկ իրապէս վճռենք որ բնա՛ւ ետ չքաշուինք՝ որ կորսուինք։

      18. Կորսուելու համար բնաւ ետ չքաշուելու ի՞նչ պատճառ ունինք։

      18 Այդ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն նման, վախկոտութեամբ ետ քաշուելու ընթացքը մերժելու երկրորդ պատճառ մը ունինք. մեր շինած համբերութեան արձանագրութիւնը։ Մենք քրիստոնէական գործերու արձանագրութիւն մը շինած ենք, ըլլանք Եհովայի նոր՝ թէ տասնեակ տարիներէ ի վեր հաւատարմաբար ծառայողներ։ Շատերս հալածանքներ կրած ենք, անիկա ըլլայ բանտարկութիւն, արգիլում, բրտութիւն կամ ստացուածքի կորուստ։ Ուրիշ շատեր ընտանեկան հակառակութիւն, քամահրանք, ծաղրանք եւ անտարբերութիւն դիմագրաւած են։ Բոլորս ալ համբերած ենք, հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն ու փորձութիւններուն՝ մեր հաւատարիմ ծառայութիւնը շարունակելով։ Այսպէս ընելով, յարատեւութեան արձանագրութիւն մը՝ երկնքի մէջ պահուած գանձեր, շինած ենք, որոնք Եհովա պիտի չմոռնայ։ Արդ, հիմա ետ քաշուելով մեր ետին ձգած ապականած աշխարհին վերադառնալու ժամանակը չէ՛։ Մեր կատարած ամբողջ ծանր գործը ինչո՞ւ անարժէք դարձնենք։ Մանաւանդ հիմա, երբ վախճանը գալուն «քիչ մը ատեն» մնացած է։—Եբրայեցիս 10։37

      19. Մեր յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բանի մասին պիտի խօսինք։

      19 Այո, վճռենք ‘ետ քաշուող մարդոցմէ չըլլալ, որ պիտի կորսուին’։ Ընդհակառակը, ըլլանք «անոնցմէ որ կը հաւատան»։ (Եբրայեցիս 10։39) Ի՞նչպէս կ’ապացուցանենք որ մենք այս նկարագրութեան կը յարմարինք, իսկ ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոնեայ հաւատակիցներու օգնել որ նոյնը ընեն։ Մեր յաջորդ յօդուածը պիտի շօշափէ այս հարցը։

  • Թող որ հաւատացողներէն ըլլանք
    Դիտարան 1999 | Դեկտեմբեր 15
    • Թող որ հաւատացողներէն ըլլանք

      «Մենք . . . անոնցմէ ենք որ կը հաւատան, որպէս զի իրենց հոգին փրկուի»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10։39, ՆԱ

      1. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովայի իւրաքանչիւր հաւատարիմ ծառայի հաւատքը թանկարժէք է։

      ՅԱՋՈՐԴ անգամ որ Եհովան պաշտողներով լեցուն Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ գտնուիք, պահ մը կեցէք ու ձեր շուրջը նայեցէք։ Խորհեցէք թէ անոնք ինչ տարբեր կերպերով հաւատք կը ցուցաբերեն։ Հոն կրնաք տեսնել տարեցներ, որոնք տասնեակ տարիներ Աստուծոյ ծառայած են, երիտասարդներ, որոնք օրական շրջապատի ճնշումին կ’ընդդիմանան, ծնողներ՝ որոնք ծանր կ’աշխատին աստուածավախ զաւակներ մեծցնելու համար։ Կան ժողովքի երէցներ եւ օգնական ծառաներ, որոնք բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ կը շալկեն։ Այո, ամէն տարիքի պատկանող հոգեւոր եղբայրներ ու քոյրեր կրնաք տեսնել հոն, որոնք Եհովայի ծառայելու համար ամէն տեսակ արգելքներ կը յաղթահարեն։ Ամէն մէկուն հաւատքը ի՜նչ թանկարժէք է։—Ա. Պետրոս 1։7

      2. Եբրայեցիս 10 եւ 11–րդ գլուխներու մէջի Պօղոսի խրատը ինչո՞ւ օգտակար է մեզի՝ այսօր։

      2 Անկատար մարդոցմէ քիչեր՝ եթէ կան իսկ՝ Պօղոս առաքեալի չափ հաւատքի կարեւորութիւնը հասկցած են։ Արդարեւ, ան նշեց որ անկեղծ հաւատքը ‘հոգիի փրկութեան’ կ’առաջնորդէ։ (Եբրայեցիս 10։39) Սակայն, Պօղոս գիտէր որ հաւատքը այս անհաւատ աշխարհին մէջ յարձակումներու ու մաշումներու ենթակայ է։ Ան խորապէս մտահոգուած էր Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ ապրող Քրիստոնեայ Եբրայեցիներով, որոնք իրենց հաւատքը պահպանելու համար կը պայքարէին։ Մինչ Եբրայեցիս 10 եւ 11–րդ գլուխներէն մասեր նկատի կ’առնենք, ուշադիր ըլլանք այն կերպերուն, զորս Պօղոս գործածեց անոնց հաւատքը կերտելու համար։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, պիտի տեսնենք թէ մե՛նք ինչպէս աւելի զօրաւոր հաւատք մը կրնանք կերտել մեր եւ մեր շուրջը գտնուողներուն մէջ։

      Իրարու Հանդէպ Վստահութիւն Արտայայտեցէք

      3. Եբրայեցիս 10։39–ի մէջ գտնուած Պօղոսի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ ան իր հաւատքի եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ վստահութիւն ունէր։

      3 Առաջին բանը որ կրնանք նկատել, իր ունկնդիրներուն հանդէպ Պօղոսի ունեցած դրական կեցուածքն է։ Ան գրեց. «Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին, հապա անոնցմէ ենք որ կը հաւատան, որպէս զի իրենց հոգին փրկուի»։ (Եբրայեցիս 10։39) Պօղոս իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն մասին լաւագոյն՝ եւ ոչ թէ վատագոյն՝ խորհուրդը ունէր։ Նշմարեցէք նաեւ որ ան գործածեց «մենք» արտայայտութիւնը։ Պօղոս արդար մարդ մըն էր։ Բայց ան ինքզինք իր ունկնդիրներէն գերադաս չէր նկատեր, որպէս թէ ինք անոնցմէ շատ բարձր արդար դիրքի մը մէջ եղած ըլլար։ (Համեմատել՝ Ժողովողի 7։16) Ընդհակառակը, ան ինքզինք անոնց կարգին դրաւ։ Ան սրտանց վստահութիւն յայտնեց թէ ինք ու իր Քրիստոնեայ հաւատարիմ ընթերցողները իրենց սպառնացող ահաւոր խոչընդոտներ պիտի դիմագրաւէին, եւ խիզախօրէն պիտի մերժէին ետ քաշուիլ՝ որպէսզի չկորսուէին, եւ պիտի ապացուցանէին որ կը հաւատային։

      4. Պօղոս ի՞նչ պատճառներով վստահութիւն ունէր իր հաւատակիցներուն վրայ։

      4 Պօղոս ի՞նչպէս կրնար այսպիսի վստահութիւն ունենալ։ Ան չէ՞ր տեսներ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն սխալները։ Անշուշտ կը տեսնէր, անոր համար մասնայատուկ խրատներ տուաւ, որպէսզի անոնք իրենց հոգեւոր տկարութիւնները յաղթահարեն։ (Եբրայեցիս 3։12. 5։12-14. 6։4-6. 10։26, 27. 12։5) Այսուհանդերձ, ան իր եղբայրներուն վրայ վստահութիւն ունենալու առ նուազ երկու լաւ պատճառներ ունէր։ (1) Որպէս Եհովան ընդօրինակող մը, Պօղոս ջանաց Աստուծոյ ծառաները դիտել այնպէս ինչպէս Եհովա կը դիտէ զանոնք։ Ո՛չ թէ անոնց մեղքերուն, այլ՝ անոնց լաւ յատկութիւններուն, եւ ապագային լաւը ընելու հաւանականութեան հիմա՛ն վրայ այդպէս արտայայտուեցաւ։ (Սաղմոս 130։3. Եփեսացիս 5։1) (2) Պօղոս ամբողջական հաւատք ունէր սուրբ հոգիի զօրութեան վրայ։ Ան գիտէր թէ ո՛չ մէկ խոչընդոտ եւ մարդկային ո՛չ մէկ տկարութիւն կրնար արգելք հանդիսանալ Եհովայի, որ Իրեն հաւատարմօրէն ծառայելու ջանք թափող ոեւէ Քրիստոնեայի տար «գերազանց զօրութիւնը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, Տրապիզոն. Փիլիպպեցիս 4։13) Ուստի իր եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ Պօղոսի ունեցած վստահութիւնը անտեղի, անիրապաշտ կամ կոյր լաւատեսութիւն մը չէր։ Անիկա հաստատ ու սուրբ գրային հիմ մը ունէր։

      5. Ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել Պօղոսի վստահութիւնը, եւ հաւանական ի՞նչ արդիւնքով։

      5 Վստահաբար, Պօղոսի ցուցաբերած վստահութիւնը վարակիչ եղաւ։ Երուսաղէմի ու Հրէաստանի ժողովքներուն համար մեծ նշանակութիւն ունեցան Պօղոսի այս քաջալերական խօսքերը։ Իրենց Հրեայ հակառակորդներուն քանդիչ քամահրանքին եւ բարձրամիտ անտարբերութեան դիմաց, այսպիսի արտայայտութիւններ օգնեցին Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն որ իրենց սրտին մէջ վճռեն ըլլալ անոնցմէ՝ որ հաւատք ունին։ Ներկայիս մենք ալ կրնա՞նք նոյնպէս վարուիլ իրարու հետ։ Շա՜տ դիւրին է ուրիշներուն մէջ միայն տեսնել յանցանքներու երկար շարք մը եւ անձնաւորութեան խոտորութիւններ։ (Մատթէոս 7։1-5) Սակայն կրնանք շատ աւելի օգնել իրարու, եթէ նկատի առնենք ու արժեւորենք իւրաքանչիւրին ունեցած իւրայատուկ հաւատքը։ Այսպիսի քաջալերութեամբ, շատ հաւանական է որ հաւատքը ուռճանայ։—Հռովմայեցիս 1։11, 12

      Աստուծոյ Խօսքին Յարմար Գործածութիւնը

      6. Պօղոս ուրկէ՞ կը մէջբերէր, երբ գրեց Եբրայեցիս 10։38–ի խօսքերը։

      6 Պօղոս համարներու հմուտ գործածութեամբ ալ իր հաւատակիցներուն մէջ հաւատք կերտեց։ Օրինակ, ան գրեց. «Արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի»։ (Եբրայեցիս 10։38) Հոս Պօղոս Ամբակում մարգարէէն մէջբերում կ’ընէր։a Հաւանական է որ այս խօսքերուն ծանօթ էին Պօղոսի ունկնդիրները՝ Եբրայեցի Քրիստոնեաները՝ որոնք քաջածանօթ էին մարգարէական գրքերուն։ Իր նպատակը նկատի ունենալով, որ էր Երուսաղէմի ու անոր շրջակայքը գտնուող Քրիստոնեաներուն հաւատքը զօրացնել Հ.Դ. 61–ի ատենները, Ամբակումի օրինակը շատ տեղին ընտրութիւն մըն էր։ Ինչո՞ւ։

      7. Ամբակում ե՞րբ արձանագրեց իր մարգարէութիւնը եւ այդ ժամանակ ի՞նչ էր կացութիւնը Յուդայի մէջ։

      7 Ակներեւաբար, Ամբակում իր գիրքը գրեց, Հ.Դ.Ա. 607–ի Երուսաղէմի կործանումէն ճիշդ երկու տասնամեակ առաջ։ Տեսիլքով, մարգարէն տեսաւ Քաղդէացիները (կամ, Բաբելոնացիները)՝ «դառն ու արագընթաց ազգ» մը, որ կը սլանային Յուդայի վրայ ու կը կործանէին Երուսաղէմը, իրենց ճամբուն վրայ ժողովուրդներ ու ազգեր կլանելով։ (Ամբակումայ 1։5-11) Բայց այսպիսի չարիք մը դար մը առաջ, Եսայիի օրերէն ի վեր նախագուշակուած էր։ Ամբակումի ժամանակ, Յովսիա բարի Թագաւորին յաջորդեց Յովակիմ եւ չարութիւնը անգամ մը եւս ծաղկեցաւ Յուդայի մէջ։ Յովակիմ հալածեց, նոյնիսկ սպաննեց Եհովայի անունով խօսողները։ (Բ. Մնացորդաց 36։5. Երեմեայ 22։17. 26։20-24) Զարմանալի չէր որ շփոթած Ամբակում մարգարէն աղաղակեց. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր»։—Ամբակումայ 1։2

      8. Ամբակումի օրինակը ինչո՞ւ օգտակար պիտի ըլլար առաջին դարու Քրիստոնեաներուն ու այսօր՝ մեզի։

      8 Ամբակում չէր գիտեր թէ Երուսաղէմի կործանումը որքան մօտ էր։ Նոյն կերպով, առաջին դարու Քրիստոնեաները չէին գիտեր թէ հրէական իրերու դրութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէր։ Մե՛նք ալ ներկայիս չենք գիտեր այս ամբարիշտ դրութեան վրայ գալիք Եհովայի դատաստանին ‘օրն ու ժամը’։ (Մատթէոս 24։36) Ուստի, նկատի առնենք Ամբակումի տուած Եհովայի երկու մասէ բաղկացած պատասխանը։ Նախ՝ ան հաւաստիացուց մարգարէն թէ վախճանը ժամանակին պիտի գար։ Աստուած ըսաւ. «ետ պիտի չմնայ», նոյնիսկ երբ մարդկային տեսակէտէն դիտուած՝ անիկա ուշացած թուի։ (Ամբակումայ 2։3) Երկրորդ՝ Եհովա Ամբակումի յիշեցուց. «Արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի»։ (Ամբակումայ 2։4) Ի՜նչ գեղեցիկ, պարզ ճշմարտութիւններ։ Կարեւորագոյն հարցը այն չէ թէ վախճանը ե՛րբ պիտի գայ, այլ՝ թէ մենք պիտի շարունակե՞նք հաւատքով լեցուն կեանք մը ապրիլ։

      9. Եհովայի հնազանդ ծառաները ի՞նչպէս շարունակեցին ապրիլ իրենց հաւատարմութեան պատճառաւ (ա) Հ.Դ.Ա. 607–ին, (բ) Հ.Դ. 66–էն ետք։ (գ) Ինչո՞ւ կենսական է որ մեր հաւատքը զօրացնենք։

      9 Երբ Երուսաղէմ ամայացուեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Երեմիա, անոր քարտուղարը՝ Բարուք, Աբդեմելէք եւ հաւատարիմ Ռեքաբեանները Ամբակումի ըսած Եհովայի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը տեսան։ Անոնք Երուսաղէմի ահաւոր կործանումէն փախչելով ‘ապրեցան’։ Ինչո՞ւ։ Եհովա վարձատրեց անոնց հաւատարմութիւնը։ (Երեմեայ 35։1-19. 39։15-18. 43։4-7. 45։1-5) Նոյն կերպով, առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաները լաւ ընդառաջացած ըլլալու էին Պօղոսի խրատին, քանի որ երբ հռովմէական բանակները Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան Հ.Դ. 66–ին ապա անբացատրելիօրէն նահանջեցին, այդ Քրիստոնեաները հաւատարմօրէն ուշադրութիւն դարձուցին անկէ փախչելու Յիսուսի ազդարարութեան։ (Ղուկաս 21։20, 21) Անոնք շարունակեցին ապրիլ իրենց հաւատարմութեան պատճառաւ։ Նոյն կերպով, մենք ալ պիտի շարունակենք ապրիլ, եթէ վախճանը եկած ժամանակ հաւատարիմ գտնուինք։ Հիմա մեր հաւատքը զօրացնելու ի՜նչ կենսական պատճառ մը։

      Հաւատքի Տիպարներու Վառ Նկարագրութիւնը

      10. Պօղոս ի՞նչպէս նկարագրեց Մովսէսի հաւատքը եւ այս նկատմամբ ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել Մովսէսը։

      10 Պօղոս ուժեղ ներգործութիւն ունեցող օրինակներու գործածութեամբ ալ հաւատք կերտեց։ Մինչ կը կարդաք Եբրայեցիս 11–րդ գլուխը, նշմարեցէք թէ ան Աստուածաշունչի տիպարները ի՛նչպէս վառ կը դարձնէ։ Ան կ’ըսէ, զոր օրինակ, թէ Մովսէս «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։27) Ուրիշ խօսքով, Եհովա ա՛յնքան իրական էր Մովսէսի համար, որպէս թէ ան անտեսանելի Աստուածը կը տեսնէր։ Նոյնը կրնա՞յ ըսուիլ մեզի համար։ Դիւրին է խօսիլ Եհովայի հետ յարաբերութիւն ունենալու մասին, բայց այդ յարաբերութիւնը կերտելն ու զօրացնելը գործ կը պահանջէ։ Գործ մը՝ որ պէ՛տք է ընենք։ Արդեօք Եհովան մեզի համար ա՛յնքան իրակա՞ն է որ զինք նկատի առնենք երբ որոշումներ կու տանք, մէջը ըլլալով երեւութապէս չնչին որոշումներ։ Այդպիսի հաւատք մը մեզի պիտի օգնէ որ համբերենք նոյնիսկ ամենագէշ հակառակութեան դիմաց։

      11, 12. (ա) Ո՞ր վիճակներու ներքեւ Ենովքի հաւատքը փորձի ենթարկուեցաւ։ (բ) Ենովք ի՞նչ քաջալերական վարձատրութիւն ստացաւ։

      11 Նկատի առէք նաեւ Ենովքի հաւատքը։ Մեզի համար դժուար է երեւակայել անոր դիմագրաւած հակառակութիւնը։ Ենովք այն ատեն ապրող ամբարիշտ մարդոց դէմ դատաստանի խայթիչ պատգամ մը պէտք էր տար։ (Յուդա 14, 15) Այս հաւատարիմ մարդուն սպառնացող հալածանքը ակներեւաբար ա՛յնքան դաժան, ա՛յնքան վայրագ ըլլալու էր, որ Եհովա «փոխադրեց զանիկա», ողջ վիճակէն առնելով ու մահուան քունի մէջ մտցնելով, թշնամիները անոր ձեռք զարնելէն առաջ։ Ուստի, Ենովք չկրցաւ տեսնել իր տուած մարգարէութեան կատարումը։ Սակայն, ան պարգեւ մը ստացաւ, որ կարգ մը կողմերով աւելի լաւ էր։—Եբրայեցիս 11։5. Ծննդոց 5։22-24

      12 Պօղոս կը բացատրէ. «Անոր փոխադրուելէն առաջ [Ենովքի] վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր»։ (Եբրայեցիս 11։5) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէր։ Մահուան քունի մէջ մտնելէն առաջ, թերեւս Ենովք տեսակ մը տեսիլք ունեցաւ. կրնայ ըլլալ որ երկրային Դրախտը տեսաւ, որու մէջ պիտի զարթնէր օր մը։ Ամենայնդէպս, Եհովա գիտցուց Ենովքի թէ Իրեն հաճելի էր իր հաւատարիմ ընթացքը։ Ենովք Եհովայի սիրտը ուրախացուցած էր։ (Համեմատել՝ Առակաց 27։11) Ենովքի կեանքին մասին մտածելը սրտաշարժ է, այդպէս չէ՞։ Դուք ալ պիտի ուզէի՞ք այսպիսի հաւատքով լեցուն կեանք մը ապրիլ։ Ուրեմն այսպիսի օրինակներու մասին խոր կերպով մտածեցէք. զանոնք տեսէք որպէս իրական անհատներ։ Վճռեցէք ամէն օր հաւատքով ապրիլ։ Յիշեցէք նաեւ թէ հաւատք ունեցող անհատներ Եհովայի չեն ծառայեր հիմնուելով թուականի մը կամ ժամկէտի մը վրայ, երբ Աստուած իր բոլոր խոստումները պիտի կատարէ։ Հապա, մենք վճռած ենք յաւիտեա՛ն ծառայել Եհովայի։ Այսպէս վարուիլը այս ու գալիք դրութեան մէջ լաւագոյն ապրելակերպն է։

      Ի՛նչպէս Հաւատքի Մէջ Աւելի Զօրանալ

      13, 14. (ա) Եբրայեցիս 10։24, 25–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն որ մեր ժողովները ուրախ առիթներու վերածենք։ (բ) Քրիստոնէական ժողովներուն գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։

      13 Պօղոս Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն քանի մը գործնական կերպեր ցոյց տուաւ, որոնցմով կրնային իրենց հաւատքը զօրացնել։ Անոնցմէ միայն երկուքը նկատի առնենք։ Հաւանաբար, մեզի ծանօթ է Եբրայեցիս 10։24, 25–ի յորդորը, որ մեզ կը քաջալերէ որ կանոնաւորաբար հաւաքուինք քրիստոնէական ժողովներու համար։ Սակայն յիշեցէք որ հոն տուած Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերը չեն թելադրեր որ այդ ժողովներուն կրաւորական հանդիսատեսներ ըլլանք։ Ընդհակառակը, Պօղոս ժողովները կը նկարագրէ որպէս զիրար ճանչնալու, աւելի լման կերպով Աստուծոյ ծառայելու համար զիրար դրդելու եւ զիրար քաջալերելու պատեհութիւններ։ Մենք հոն ենք տալու՝ ո՛չ թէ միայն առնելու համար։ Ասիկա կ’օգնէ որ մեր ժողովները ուրախ առիթներ ըլլան։—Գործք 20։35

      14 Սակայն, մենք ժողովներու կը յաճախենք գլխաւորաբար Եհովա Աստուած պաշտելու համար։ Ասիկա կ’ընենք աղօթքի ու երգեցողութեան միանալով, ուշադիր կերպով մտիկ ընելով եւ «մեր շրթունքներուն պտուղը» մատուցանելով՝ Եհովան փառաբանող մեր արտայայտութիւններով եւ ժողովներու մէջ մեր պատասխաններով ու բաժիններով։ (Եբրայեցիս 13։15) Եթէ այս նպատակակէտերը մեր միտքը պահենք եւ ամէն ժողովի անոնց համաձայն վարուինք, անկասկած ամէն անգամ մեր հաւատքը պիտի կերտուի։

      15. Պօղոս ինչո՞ւ յորդորեց Եբրայեցի Քրիստոնեաները որ իրենց քարոզչութեան կառչած մնան, եւ նոյն խրատը ինչո՞ւ յարմար է այսօր։

      15 Քարոզչութիւնը հաւատք կերտելու ուրիշ կերպ մըն է։ Պօղոս գրեց. «Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ»։ (Եբրայեցիս 10։23) Կրնաք ուրիշները յորդորել որ բանի մը կառչին, երբ անոնք հրաժարելու վտանգին մէջ կը թուին ըլլալ։ Սատանան վստահաբար ճնշում կը բանեցնէր Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն վրայ, որպէսզի իրենց ծառայութենէն ձեռք քաշէին, ան այսօ՛ր ալ Աստուծոյ ծառաներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ։ Այսպիսի ճնշումի դիմաց ի՞նչ պէտք է ընենք։ Նկատի առէք թէ Պօղոս ի՛նչ ըրաւ։

      16, 17. (ա) Պօղոս քարոզչութեան համար ի՞նչպէս համարձակութիւն ձեռք ձգեց։ (բ) Ի՞նչ քայլեր պէտք է առնենք եթէ քրիստոնէական ծառայութեան երեսակներէն մէկը մեզ կը վախցնէ։

      16 Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաներուն Պօղոս գրեց. «Առաջ Փիլիպպէի մէջ չարչարանք կրելէ ու անարգուելէ վերջ համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։2) Պօղոս ու իր ընկերակիցները ի՞նչպէս ‘անարգուեցան’ Փիլիպպէի մէջ։ Կարգ մը ուսումնականներու համաձայն, Պօղոսի գործածած Յունարէն բառը կ’ընդգրկէ նախատինք, ամօթալի կամ կատաղի վերաբերմունք։ Փիլիպպէի իշխանութիւնները զանոնք ծեծած, բանտը նետած, եւ անոնց ոտքերը կոճղի մէջ ամրացուցած էին։ (Գործք 16։16-24) Այդ ցաւագին փորձառութենէն Պօղոս ի՞նչպէս ազդուեցաւ։ Իր միսիոնարական շրջապտոյտի յաջորդ քաղաքի՝ Թեսաղոնիկէի՝ մարդիկը անոր վախի անձնատուր ըլլալը տեսա՞ն։ Ո՛չ, ան «համարձակութիւն ունեցաւ»։ Ան վախը նուաճեց եւ շարունակեց համարձակ քարոզել։

      17 Պօղոսի համարձակութիւնը ուրկէ՞ էր։ Իր մէջէ՞ն էր։ Ո՛չ, ան ըսաւ որ «Աստուծմով» համարձակութիւն ունեցած էր։ Աստուածաշունչի թարգմանիչներու աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ այս նախադասութիւնը կարելի է թարգմանել «Աստուած մեր սրտէն վախը վանեց»։ Ուստի, եթէ քարոզչութեան համար բաւական համարձակութիւն չունիք, կամ անոր երեսակներէն մէկը մասնայատուկ կերպով կը վախցնէ ձեզ, ինչո՞ւ Եհովայէ չխնդրէք որ նոյնը ընէ ձեզի։ Իրմէ խնդրեցէք որ վախը ձեր սրտէն վանէ։ Իրմէ խնդրեցէք որ այս գործին մէջ համարձակութիւն ունենալու համար ձեզի օգնէ։ Անկէ զատ, կարգ մը գործնական քայլեր ալ առէք։ Օրինակ, կարգադրեցէք որ ձեզի վերաբերող վկայութեան մարզին մէջ ատակ եղող մէկու մը հետ աշխատիք։ Անիկա կրնայ ըլլալ առեւտրական թաղամասեր, փողոցի վկայութիւն, անպաշտօն քարոզչութիւն կամ հեռաձայնային վկայութիւն։ Թերեւս ձեր ընկերակիցը ուզէ ինք նախաձեռնութիւնը առնել։ Եթէ այս ըլլայ պարագան, դիտեցէք եւ սորվեցէք։ Բայց յետոյ զայն փորձելու համարձակութիւն ունեցէք։

      18. Ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք ունենալ եթէ մեր ծառայութեան մէջ համարձակութիւն ձեռք ձգենք։

      18 Խորհեցէք թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ արդիւնքը, եթէ համարձակութիւն ձեռք ձգէք։ Երբ յարատեւէք ու յուսահատութեան չմատնուիք, հաւանաբար ճշմարտութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու մէջ լաւ փորձառութիւններ պիտի ունենաք, փորձառութիւններ՝ զորս այլապէս պիտի չկարենայիք ունենալ։ (Տես՝ 25–րդ էջը։) Գոհունակութիւնը պիտի ունենաք գիտնալու թէ ձեզի համար դժուար եղող բան մը ընելով՝ Եհովան հաճեցուցիք։ Ձեր վախը յաղթահարելու համար Իր օրհնութիւնն ու օգնութիւնը պիտի ունենաք։ Ձեր հաւատքը աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ։ Իրապէս, չէք կրնար ուրիշներուն մէջ հաւատք կերտել, առանց միեւնոյն ատեն ձեր հաւատքը կերտելու։—Յուդա 20, 21

      19. Ի՞նչ թանկարժէք վարձատրութիւն վերապահուած է ‘անոնց որ կը հաւատան’։

      19 Կը մաղթենք որ շարունակէք ձեր հաւատքը եւ ձեր շուրջը գտնուողներուն հաւատքը զօրացնել։ Ասիկա կրնաք ընել դուք ձեզ եւ ուրիշները կերտելով Աստուծոյ Խօսքին հմուտ գործածութեամբ, Աստուածաշունչի հաւատքի տիպարները սերտելով եւ զանոնք վառ դարձնելով, քրիստոնէական ժողովներու համար պատրաստուելով ու անոնց մասնակցելով, եւ հանրային քարոզչութեան թանկագին առանձնաշնորհումին կառչելով։ Երբ ասոնք կ’ընէք, վստահ եղէք որ դուք արդարեւ ‘անոնցմէ էք որ կը հաւատան’։ Մի՛ մոռնաք նաեւ որ այսպիսիները թանկարժէք վարձատրութիւն մը ունին։ Անոնք ‘անոնցմէ են որ կը հաւատան, որպէս զի իրենց հոգին փրկուի’։b Թո՛ղ որ ձեր հաւատքը շարունակաբար աճի եւ կը մաղթենք որ Եհովա Աստուած ձեզ յաւիտեան ողջ պահէ։

      [Ստորանիշներ]

      a Պօղոս Եօթանասնից Թարգմանութենէն մէջբերեց Ամբակումայ 2։4–ը, որ կը բովանդակէր՝ «եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի» նախադասութիւնը։ Այս նախադասութիւնը չ’երեւնար Եբրայերէն որեւէ պահպանուած ձեռագրի մէջ։ Ոմանք ենթադրած են թէ Եօթանասնից–ը հիմնուած էր Եբրայերէն նախկին ձեռագիրներու վրայ, որոնք այլեւս գոյութիւն չունին։ Ամենայնդէպս, Պօղոս հոս զայն ներառեց Աստուծոյ սուրբ հոգիին ներգործութեան ներքեւ։ Ուստի, անիկա աստուածային արտօնութեամբ է։

      b 2000 տարուան համար Եհովայի Վկաներու տարուան համարը պիտի ըլլայ՝ «Մենք ետ չենք քաշուիր . . . հապա կը հաւատանք»։—Եբրայեցիս 10։39

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել