Ի՞նչ է հաւատքը
Ի՞ՆՉՊԷՍ կը սահմանես հաւատքը։ Ոմանք զայն կոյր համոզում կը նկատեն։ Ամերիկացի ճառագիր եւ խմբագիր Հ. Լ. Մէնքըն, անգամ մը հաւատքը կոչեց «անտրամաբանական համոզում թէ անհաւանականը տեղի կ’ունենայ»։
Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ հաւատքը ո՛չ կոյր է, ո՛չ ալ անտրամաբանական։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատուն ակնկալութիւնն է եւ ակնյայտ ապացոյցը այն իրողութիւններուն, որոնք տեսանելի չեն» (Եբրայեցիս 11։1, ՆԱ)։
Որովհետեւ հաւատքին մասին տարբեր կարծիքներ կան, նկատի առնենք հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները.
• Աստուածաշունչին սահմանումը ի՞նչպէս տարբեր է շատերու ակնարկած հաւատքէն։
• Ինչո՞ւ կենսական է որ Աստուածաշունչի նկարագրած հաւատքը մշակենք։
• Ի՞նչպէս կրնաս զօրաւոր հաւատք կերտել։
Կալուածագիր եւ զօրաւոր փաստ
Աստուածաշունչի Եբրայեցիս գիրքին գրութեան ժամանակ, «հաստատուն ակնկալութիւն» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը սովորաբար կը գործածուէր։ Անիկա յաճախ առեւտրական փաստաթուղթերու մէջ կը գործածուէր եւ առարկայի մը ապագայ սեփականութեան վերաբերեալ երաշխիք ունենալու գաղափարը կը կրէր։ Հետեւաբար, աշխատասիրութիւն մը կը թելադրէ, թէ Եբրայեցիս 11։1–ը կարելի է թարգմանել. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն կալուածագիրն է»։
Եթէ երբեք բարեհամբաւ հաստատութենէ մը ապրանք գնած ես, ապա սպասած ես որ տունդ բերուի, ուրեմն ա՛յդ հաւատքը ցուցաբերած ես։ Ունեցած ստացագիրդ քեզի պատճառ տուաւ որ այդ հաստատութեան հաւատաս։ Առումով մը, այդ ստացագիրը քու կալուածագիրդ էր, երաշխիքդ թէ գնած ապրանքդ պիտի ստանաս։ Եթէ ստացագիրը կորսնցնէիր կամ մէկ կողմ նետէիր, ապրանքին տէրը ըլլալու փաստդ կորսնցուցած պիտի ըլլայիր։ Նոյնպէս, անոնք որոնք կը հաւատան թէ Աստուած իր խոստումները պիտի կատարէ, երաշխիք ունին թէ իրենց յուսացած բաները պիտի ստանան։ Միւս կողմէ, անոնք որոնք հաւատք չունին, կամ զայն կը կորսնցնեն, ի վիճակի չեն Աստուծոյ խոստացած բաները ստանալու (Յակոբոս 1։5-8)։
Եբրայեցիս 11։1–ի մէջ «ակնյայտ ապացոյց» թարգմանուած արտայայտութեան հաղորդած գաղափարն է՝ ներկայացնել փաստ մը, որ իրողութիւն թուող բանին կը հակասէ։ Օրինակ, արեւը երեւութապէս երկրագունդին շուրջ կը թաւալի,– արեւելքէն կը ծագի, երկինքի մէջ կ’ընթանայ եւ արեւմուտքը մայր կը մտնէ։ Սակայն աստղագիտութեան եւ ուսողութեան ապացոյցները կը յայտնեն, թէ երկրագունդը արեգակնային դրութեան կեդրոնը չէ։ Անգամ մը որ այդ փաստին քաջածանօթ ըլլաս ու զայն ընդունիս որպէս ստոյգ, հաւատք կ’ունենաս թէ երկրագունդը արեւուն շուրջ կը թաւալի,– թէեւ աչքերդ քեզի ուրիշ բան կ’ըսեն։ Այս հաւատքդ կոյր չէ։ Ընդհակառակը, անիկա քեզի կարողութիւն կու տայ, որ հարցերը դիտես ինչպէս որ են, եւ ո՛չ թէ՝ ինչպէս որ կը թուին ըլլալ։
Զօրաւոր հաւատքը ո՞րքան կարեւոր է
Աստուածաշունչը ա՛յս տեսակի հաւատք կը քաջալերէ,– հաստատ ապացոյցի վրայ հիմնուած զօրաւոր հաւատք, նոյնիսկ եթէ ասիկա պահանջէ մեր հաւատալիքները ճշդել։ Այսպիսի հաւատք մը կենսական է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբրայեցիս 11։6)։
Զօրաւոր հաւատք մշակելը բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Կրնա՛ս յաջողիլ, յաջորդ էջերուն մէջ քննարկուած չորս քայլերը առնելով։