Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց՝ անաստուած աշխարհի մը մէջ
ՍԱՏԱՆԱՆ կը պնդէ որ ինք կրնայ բոլոր մարդիկը Աստուծմէ հեռացնել, եւ երբեմն այնպէս թուած է, թէ կը յաջողի։ Աբէլի մահէն ետք, գրեթէ հինգ դար ո՛չ ոք ճանչցուած է որպէս Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը։ Ընդհակառակը, մեղաւոր ու անբարեպաշտ վարքը բնական դարձած էր։
Հոգեւորապէս այլասերած այդ ժամանակաշրջանին էր որ Ենովք թատերաբեմին վրայ երեւցաւ։ Աստուածաշունչի ժամանակագրութեան համաձայն, ան ծնած է Հ.Դ.Ա. 3404–ին։ Իր ժամանակակիցներուն հակառակը, Ենովք Աստուծոյ կողմէ ընդունելի մարդ մը նկատուեցաւ։ Պօղոս առաքեալ զինք դասեց Եհովայի այն ծառաներուն շարքին, որոնց հաւատքը Քրիստոնեաներուն համար օրինակ մըն է։ Ո՞վ էր Ենովք։ Ան ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեց։ Անոնց հետ ի՞նչպէս գլուխ ելաւ։ Իսկ իր ուղղամտութիւնը մեզի հետ ի՞նչ առնչութիւն ունի։
Ենովքի ժամանակէն շուրջ չորս դարեր առաջ, Ենովսի օրերուն «սկսուեցաւ Եհովայի անունը կանչելը»։ (Ծննդոց 4։26, Արարատ) Աստուծոյ անունը գործածուած էր մարդկային պատմութեան սկիզբնական շրջանէն ի վեր։ Ուստի, ըստ իրողութիւններու, Ենովսի օրերուն Եհովայի անունը կանչելը հաւատքով եւ մաքուր պաշտամունքին համար չէր։ Եբրայերէնի ուսումնականներէն ոմանք կ’ըսեն թէ Ծննդոց 4։26–ը հետեւեալ կերպով պէտք է կարդացուի, «սկսան անարգական կերպով» կանչել կամ «այն ատեն անարգանքը սկսաւ»։ Թերեւս մարդիկ Եհովայի անունը իրենք իրենց վրայ առին, կամ ուրիշները կոչեցին այդ անունով, որոնց միջոցաւ կը ձեւացնէին Աստուծոյ պաշտամունք մատուցանել։ Կամ՝ թերեւս կուռքերը Աստուծոյ անունով կոչեցին։
‘Ենովք Աստուծոյ Հետ Քալեց’
Թէեւ Ենովք ամբարշտութեամբ շրջապատուած էր, սակայն ան շարունակեց ճշմարիտ Աստուծոյ՝ ‘Եհովայի հետ քալել’։ Ըսուած չէ թէ իր նախահայրերը՝ Սէթը, Ենովսը, Կայնանը, Մաղաղիէլը եւ Յարեդը՝ Աստուծոյ հետ քալեցին։ Առնուազն, անոնք Ենովքի չափ Աստուծոյ հետ չքալեցին. ըստ երեւոյթին, Ենովք իր ապրելակերպով անոնցմէ զանազանուեցաւ։—Ծննդոց 5։3-27
Եհովայի հետ քալելը Աստուծոյ հետ ծանօթութիւն եւ մտերմութիւն նշանակեց, ինչ որ միայն Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրելով է որ Ենովք ձեռք ձգեց։ Եհովա հաւնեցաւ Ենովքի աստուածպաշտութիւնը։ Իրականութեան մէջ, Յունարէն Եօթանասնից–ը կ’ըսէ թէ «Ենովք շատ հաճելի էր» Աստուծոյ. Պօղոս առաքեալ ալ այս գաղափարը արտայայտեց։—Ծննդոց 5։22. Եբրայեցիս 11։5
Եհովայի հետ Ենովքի ունեցած լաւ յարաբերութեան հիմը կը կազմէր իր հաւատքը։ Ան Աստուծոյ «կնոջ» խոստացեալ «սերունդին» հաւատք ընծայած ըլլալու էր։ Եթէ երբեք Ենովք անձամբ ծանօթացած ըլլար Ադամին, ան պիտի կարենար կարգ մը տեղեկութիւններ ձեռք ձգել, Եդեմի մէջ մարդկային առաջին զոյգին հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մասին։ Աստուծոյ մասին իր ունեցած գիտութիւնը պատճառ եղաւ որ Ենովք լրջօրէն ‘զինք փնտռող’ անհատ մը ըլլար։—Ծննդոց 3։15. Եբրայեցիս 11։6, 13
Թէ՛ Ենովքի եւ թէ մեր պարագային, Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն մը Աստուծոյ մասին գիտութիւն ունենալէն աւելին կը պահանջէ։ Եթէ որոշ անհատի մը հետ մեր վայելած մտերմութիւնը մասնաւորաբար կ’արժեւորենք, ճիշդ չէ՞ որ մեր մտածելակերպն ու արարքները անոր տեսակէտներէն կ’ազդուին։ Կը խուսափինք խօսքերէ կամ արարքներէ որոնք կրնան այդ բարեկամութիւնը խզել։ Իսկ եթէ մտածենք մեր անհատական պարագաներուն մէջ որոշ փոփոխութիւններ մտցնել, նկատի չե՞նք առներ թէ ասիկա ի՛նչպէս պիտի ազդէ այդ յարաբերութեան։
Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը պահպանելու փափաքն ալ մեր ըրածներուն վրայ ազդեցութիւն ունի։ Պայման է որ իր հաճած եւ չհաճած բաներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենանք։ Ապա այդ գիտութեան համաձայն պէտք է առաջնորդուինք, ջանալով զինք հաճեցնել՝ խորհուրդով ու գործով։
Այո, Աստուծոյ հետ քալելու համար, զինք պէտք է հաճեցնենք։ Ենովք այս էր որ ըրաւ հարիւրաւոր տարիներ։ Արդարեւ, Եբրայերէն բայի տեսակը որ ցոյց կու տայ թէ Ենովք Աստուծոյ հետ «քալեց», կրկնուող, յարատեւ գործողութիւն մը կը նշէ։ ‘Աստուծոյ հետ քալող’ ուրիշ անհատ մըն էր Նոյ։—Ծննդոց 6։9
Ենովք ընտանիքի տէր էր, ունէր կին մը, նաեւ «տղաքներ ու աղջիկներ»։ Իր տղաքներէն մէկը Մաթուսաղան էր։ (Ծննդոց 5։21, 22) Ենովք ամէն ջանք թափած ըլլալու էր, որպէսզի իր տան վրայ լաւ վերակացութիւն ընէր։ Սակայն, իր շուրջ գտնուող ամբարշտութեան պատճառաւ, իրեն համար դիւրին չէր Աստուծոյ ծառայել։ Նոյի հայրը՝ Ղամէք, հաւանաբար Ենովքի միա՛կ ժամանակակիցն էր, որ Եհովայի հանդէպ հաւատք ունէր։ (Ծննդոց 5։28, 29) Այսուհանդերձ, Ենովք խիզախօրէն ճշմարիտ պաշտամունք կատարեց։
Ի՞նչ բան օգնեց Ենովքի որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնար։ Անկասկած, ան Եհովայի անունը անարգողներուն հետ չընկերակցեցաւ, ո՛չ ալ անոնց հետ՝ որոնք Աստուծոյ երկրպագուի մը համար անյարմար ընկերակիցներ էին։ Ստեղծիչը տհաճեցնող որեւէ բանէ խուսափելու համար, աղօթքով Եհովայէ օգնութիւն խնդրելն ալ Ենովքի վճռակամութիւնը զօրացուցած ըլլալու էր։
Մարգարէութիւն՝ Ամբարիշտներուն Դէմ
Երբ ամբարիշտ մարդոցմով շրջապատուած ենք, բարձ չափանիշներ պահպանելը բաւական դժուար կ’ըլլայ։ Սակայն, Ենովք դատաստանական անփոփոխելի պատգամ մըն ալ տուաւ ամբարիշտներուն դէմ։ Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուած, Ենովք մարգարէաբար ըսաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։—Յուդա 14, 15
Այդ պատգամը կամակոր անհաւատներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած ըլլալու էր։ Տրամաբանական է ենթադրել թէ այսպիսի խայթիչ խօսքեր Ենովքը անժողովրդական դարձուցին, թերեւս ծաղրանք, անարգանք եւ սպառնալիքներ գրգռելով։ Հաւանաբար ոմանք ուզեցին զինք միանգամընդմիշտ լռեցնել։ Սակայն, Ենովք չվախցաւ։ Ան գիտէր թէ Աբէլի ինչ պատահեցաւ, եւ անոր նման, Ենովք վճռած էր Աստուծոյ ծառայել, ինչ որ ալ պատահէր։
«Աստուած Առաւ Զանիկա»
Ըստ երեւոյթին, Ենովքի կեանքը չափազանց վտանգի տակ ըլլալու էր, երբ «Աստուած առաւ զանիկա»։ (Ծննդոց 5։24) Եհովա թոյլ չտուաւ որ իր հաւատարիմ մարգարէն, վայրագ թշնամիներուն ձեռքով տառապէր։ Պօղոս առաքեալին համաձայն, «Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ»։ (Եբրայեցիս 11։5) Շատեր կ’ըսեն թէ Ենովք չմեռաւ, այլ Աստուած զինք երկինք առաւ, ուր ան շարունակեց ապրիլ։ Սակայն, Յիսուս բացայայտօրէն ըսաւ. «Մէ՛կը երկինք չելաւ. բայց միայն անիկա, որ երկնքէն իջաւ, Որդին մարդոյ»։ Յիսուս բոլոր երկինք ելլողներուն «նախակարապետ»ն է։—Յովհաննու 3։13. Եբրայեցիս 6։19, 20, Երուսաղէմ
Ուստի, ի՞նչ պատահեցաւ Ենովքին։ ‘Մահ չտեսնելու համար անոր փոխադրութիւնը’, կրնայ նշանակել թէ Աստուած զինք մարգարէական յափշտակութեան մը մէջ դրաւ, ապա մինչ այդ վիճակին մէջ էր, անոր կեանքին վերջ դրաւ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Ենովք մահուան ցաւերը պիտի չզգար։ Ետքը ան «տեղ մը չէր գտնուեր», ըստ երեւոյթին քանի որ Եհովա իր մարմինը մէջտեղէն վերցուց, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէսի մարմինը անհետացուցած էր։—Բ. Օրինաց 34։5, 6
Ենովք 365 տարի ապրեցաւ, իր ժամանակակիցներէն շատերէն նուազ։ Սակայն, Եհովան սիրողներուն համար, կարեւորը մինչեւ իրենց կեանքին վերջաւորութիւնը հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայելն է։ Գիտենք թէ Ենովք ասիկա ըրաւ, քանի որ «անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր»։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ Եհովա ասիկա ի՛նչպէս հաղորդեց Ենովքին։ Այսուհանդերձ, Ենովք մեռնելէն առաջ, երաշխիք ստացաւ թէ Աստուծոյ հաճութիւնը ունէր, եւ վստահ կրնանք ըլլալ թէ Եհովա զինք յարութեան ժամանակ պիտի յիշէ։
Ենովքի Հաւատքը Ընդօրինակեցէք
Տեղին է որ ընդօրինակենք բարեպաշտ մարդոց հաւատքը։ (Եբրայեցիս 13։7) Հաւատքով էր որ Ենովք ծառայեց որպէս Աստուծոյ առաջին հաւատարիմ մարգարէն։ Ենովքի օրուան աշխարհը մերինին նման էր՝ վայրագ, պիղծ ու ամբարիշտ։ Բայց, Ենովք տարբեր էր։ Ան ճշմարիտ հաւատք ունէր եւ աստուածպաշտութեան մէջ օրինակելի էր։ Այո, Եհովա իրեն դատաստանական ծանրակշիռ պատգամ մը տուաւ որ ծանուցանէր, սակայն, զայն ծանուցանելու համար զինք զօրացուց ալ։ Ենովք խիզախօրէն կատարեց այս յանձնարարութիւնը, եւ Աստուած հոգ տարաւ իրեն, թշնամիներու հակառակութեան դիմաց։
Եթէ Ենովքի նման հաւատք ունենանք, Եհովա մեզ պիտի զօրացնէ այս վերջին օրերուն մէջ իր պատգամը ծանուցանելու։ Ան մեզի պիտի օգնէ որ քաջութեամբ դիմագրաւենք հակառակութիւնը, իսկ մեր աստուածպաշտութիւնը մեզ ամբարիշտ մարդոցմէ տարբեր պիտի ընէ։ Հաւատքը մեզի կարելիութիւն պիտի տայ որ Աստուծոյ հետ քալենք եւ ա՛յնպէս վարուինք որ իր սիրտը ուրախացնենք։ (Առակաց 27։11) Հաւատքով, արդար Ենովք յաջողեցաւ Եհովայի հետ քալել ամբարիշտ աշխարհի մը մէջ, մե՛նք ալ կրնանք յաջողիլ։
[Շրջանակ՝ էջ 30]
Աստուածաշունչը Ենովքի գրքէն մէջբերումներ կ’ընէ՞
Ենովքի Գիրքը պարականոն եւ փսուտէբիկրաֆական (կեղծ մակագրութեամբ) գրութիւն մըն է։ Անիկա սխալ կերպով վերագրուած է Ենովքի։ Հաւանաբար Հ.Դ.Ա. երկրորդ եւ առաջին դարերուն միջեւ գրուած, անիկա չափազանցուած եւ ոչ–պատմական հրէական առասպելներու հաւաքածոյ մըն է, ակներեւաբար բացատրական մշակումներ են՝ Ենովքի մասին Ծննդոցի ըրած հակիրճ ակնարկութեան վրայ հիմնուած։ Ասիկա ինքնին բաւարար է որ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը սիրողները զայն մերժեն։
Աստուածաշունչին մէջ, միայն Յուդայի գիրքը կը պարունակէ Ենովքի մարգարէական խօսքերը. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։ (Յուդա 14, 15) Ուսումնականներէն շատեր կը պնդեն թէ իր ժամանակակիցներուն դէմ ուղղուած Ենովքի մարգարէութիւնը, ուղղակիօրէն մէջբերուած է Ենովքի Գրքէն։ Կարելի՞ է որ Յուդան որպէս իր տեղեկութեան աղբիւրը, անվստահելի պարականոն գիրք մը գործածէր։
Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ Յուդան ի՛նչպէս տեղեակ եղաւ Ենովքի մարգարէութենէն։ Թերեւս ան պարզապէս հին դարերէն փոխանցուած հասարակաց աղբիւրէ մը՝ վստահելի աւանդութենէ մը՝ մէջբերեց։ Բացայայտօրէն, Պօղոս նման բան մը ըրաւ, Փարաւոնի արքունիքին մէջ Մովսէսի հակառակող կախարդներուն՝ Յանէսի ու Յամրէսի անունները յիշելով, որոնք այլապէս պիտի չգիտնայինք։ Եթէ այսպիսի վաղեմի աղբիւր մը Ենովքի Գրքի հեղինակին մատչելի էր, ինչո՞ւ չընդունիլ որ անիկա Յուդայի ալ մատչելի էր։a—Ելից 7։11, 22. Բ. Տիմոթէոս 3։8
Ամբարիշտներուն ուղղուած Ենովքի պատգամին տեղեկութիւնը Յուդայի ի՛նչպէս ձեռք ձգած ըլլալը՝ երկրորդական է։ Անոր վստահելի ըլլալը հաստատուած է այն իրողութեամբ թէ՝ Յուդա աստուածային ներշնչման ներքեւ գրեց։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Աստուծոյ սուրբ հոգին հսկեց որ ան ճշգրիտ չեղող տեղեկութիւններ չյիշէր։
[Ստորանիշ]
a Ստեփանոս աշակերտն ալ տեղեկութիւններ հայթայթեց, զորս Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ ուրիշ տեղ չենք գտներ։ Ան յիշեց Մովսէսի եգիպտական կրթութիւն ստացած ըլլալը, Եգիպտոսէն փախած ատեն 40 տարեկան ըլլալը, Մադիամի մէջ անոր կեցութեան 40 տարի տեւելը, նաեւ Մովսիսական Օրէնքը փոխանցելու մէջ հրեշտակներուն խաղցած դերը։—Գործք 7։22, 23, 30, 38
[Նկար՝ էջ 31]
Ենովք Եհովայի պատգամը խիզախօրէն ներկայացուց