Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կվյ դաս 6
  • Կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւ
  • Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
  • ԱՄՓՈՓՈՒՄ
  • ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Զաւակներուդ օգնէ որ Ստեղծիչին հանդէպ անխախտ հաւատք կերտեն
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Ստեղծագործութեան մէջ սուրբ հոգիին գործունէութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ո՛վ պատանիներ, ձեր հաւատքը զօրացուցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
կվյ դաս 6
Դաս 06։ Արեւոտ օր մը, ծիլ մը հողէն ելած է։

ԴԱՍ 06

Կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւ

Նկար
Նկար
Նկար

‘Կեանքի աղբիւրը Աստուծոյ քովն է’, այսինքն՝ կեանք Տուողը Աստուած է (Սաղմոս 36։9)։ Ասոր կը հաւատա՞ս։ Ոմանք կը խորհին որ իրարու հետ կապ չունեցող կարգ մը դէպքեր յանկարծ պատահելով՝ կեանքը մէջտեղ եկաւ։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն մենք պատահմամբ գոյութիւն ունեցանք։ Բայց եթէ Եհովա Աստուած կեանքը ստեղծած է, անիկա նպատակ ունենալու է, չէ՞a։ Տե՛ս Սուրբ Գիրքի բացատրութիւնը թէ կեանքը ինչպէ՛ս սկսաւ եւ թէ ատիկա ինչո՛ւ տրամաբանական է։

1. Տիեզերքը ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծննդոց 1։1)։ Գիտնականներուն մեծամասնութիւնը կը համաձայնի, որ տիեզերքը սկիզբ ունեցած է։ Աստուած ինչպէ՞ս զայն ստեղծեց։ Ան գործածեց իր սուրբ հոգին՝ իր գործող ուժը, որպէսզի տիեզերքի մէջ ամէն բան ստեղծէ, մէջը ըլլալով՝ աստղախումբերը, աստղերը եւ մոլորակները (Ծննդոց 1։2)։

2. Աստուած ինչո՞ւ երկիրը ստեղծեց

Եհովան «երկիրը. . . պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։ Ան մեր մոլորակը այնպէս մը ստեղծեց, որ հանգստաւէտ եւ մնայուն տուն մը ըլլայ մարդոց համար (կարդա՛ Եսայի 40։28 եւ 42։5)։ Գիտնականները կ’ըսեն թէ Երկիր մոլորակը յատուկ է։ Մինչեւ օրս ուրիշ մոլորակ մը չէ գտնուած, որուն վրայ մարդ արարածը կրնայ ապրիլ։

3. Մարդը ինչո՞վ տարբեր է անասուններէն

Երկիրը ստեղծելէն ետք, Եհովան անոր վրայ կեանքը ստեղծեց։ Նա՛խ, անոր վրայ բոյսեր եւ անասուններ ստեղծեց։ Ետքը, «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը» (կարդա՛ Ծննդոց 1։27)։ Ի՞նչ բան մարդը յատուկ կը դարձնէ։ Որովհետեւ Աստուծոյ նմանութիւնով ստեղծուած ենք, կրնանք իր յատկութիւնները ցոյց տալ, օրինակ՝ սէր եւ արդարութիւն։ Ան նաեւ մեզ այնպէս մը ստեղծած է, որ կրնանք լեզուներ սորվիլ, արուեստը գնահատել եւ երաժշտութիւնը վայելել։ Եւ կրնանք մեր Ստեղծիչը պաշտել, ինչ որ որեւէ անասուն չի կրնար ընել։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ի՛նչ փաստ կայ, որ կեանքը ծրագրուած է եւ թէ ստեղծագործութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսածը տրամաբանական է։ Նաեւ տե՛ս թէ մարդուն լաւ յատկութիւնները մեզի ի՛նչ կը սորվեցնեն Աստուծոյ մասին։

4. Կեանքը ծրագրուած է

Մարդոց շատ յարգանք կու տան, երբ անոնք բնութիւնը ընդօրինակելով նոր բաներ շինեն։ Լաւ, բուն օրինակին համար որո՞ւն պէտք է պատիւ տալ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

ՎԻՏԷՕ. Աստուծոյ հաւատալ (2։43)

  • Մարդիկ բնութենէն ի՞նչ բաներ ընդօրինակած են։

Ամէն տուն կը ծրագրուի եւ կը շինուի մէկու մը կողմէ։ Բայց ո՞վ ծրագրած է ու շինած է բնութեան մէջ եղող բոլոր բաները։ Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 3։4 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Բնութեան մէջ ի՞նչ բաներ ուշադրութիւնդ կը գրաւեն։

  • Տրամաբանակա՞ն է հաւատալ, որ տիեզերքը եւ անոր մէջ ամէն բան ծրագրուած է։ Ինչո՞ւ։

Գիտէի՞ր

Այս նիւթին մասին յօդուածներ եւ վիտէօներ կրնաս գտնել jw.org կայքին վրայ՝ բանալով «Պատահմա՞մբ գոյացած է, թէ ոչ ծրագրուած է» եւ «Կեանքի ծագումին մասին տեսակէտներ» էջերը։

«Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է»

Արեւադարձային երկրի մը մէջ, մարդ մը հնդկեղէգէ տանիք կը կապէ իր շինած տունին վրայ։

5. Ստեղծագործութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսածը տրամաբանական է

Սուրբ Գիրքին Ծննդոց գրքին առաջին գլուխին մէջ կը նկարագրուի, թէ երկիրը ինչպէ՛ս ստեղծուեցաւ եւ թէ անոր վրայ կեանքը ինչպէ՛ս սկսաւ։ Սուրբ Գիրքին ըսածին կրնա՞ս վստահիլ, թէ ոչ՝ ատիկա ոչ–իրական պատմութիւն մըն է։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

ՎԻՏԷՕ. Տիեզերքը ստեղծուա՞ծ է. հատուած (3։51)

Տեսարաններ «Տիեզերքը ստեղծուա՞ծ է. հատուած» վիտէոյէն։ 1. Ստեղծագործութեան վեց օրերը՝ երկրի վրայ եղողի մը կողմէ դիտուած։ 2. Ստեղծագործութեան վեցերորդ օրէն ետք. արեւ, ցամաք, ջուր, բուսականութիւն, թռչուններ, անասուններ, տղամարդ եւ կին։
  • Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ՞ թէ երկիրը եւ անոր վրայ կեանքը 24 ժամ ունեցող վեց օրերու ընթացքին ստեղծուեցան։

  • Քու կարծիքովդ, ստեղծագործութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսածը տրամաբանակա՞ն է։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Կարդացէ՛ք Ծննդոց 1։1 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Գիտնականները կ’ըսեն որ տիեզերքը սկիզբ ունի։ Անոնց ըսածը ինչպէ՞ս համաձայն է Սուրբ Գիրքի համարին, որ հիմա կարդացիր։

Ոմանք կը խորհին, որ Աստուած բարեշրջութիւնը գործածելով կեանքը ստեղծեց։ Կարդացէ՛ք Ծննդոց 1։21, 25, 27 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ըստ Սուրբ Գիրքին, Աստուած ստեղծե՞ց պարզ կեանքի ձեւ մը եւ ետքը թոյլ տուաւ որ բարեշրջուելով մէջտեղ բերէ ձուկ, անասուն եւ մարդ, թէ ոչ՝ ստեղծեց կեանքի բոլոր հիմնական «տեսակ»ներըb։

6. Մարդը Աստուծոյ յատուկ ստեղծագործութիւնն է

Մենք չենք նմանիր Եհովայի ստեղծած անասուններուն։ Կարդացէ՛ք Ծննդոց 1։26 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Որովհետեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք, սիրելու եւ ուրիշին հետ զգալու կարողութիւնը ունինք։ Այս մէկը ի՞նչ ցոյց կու տայ Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ստեղծագործութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսածը հեքիաթ է»։

  • Քու կարծիքդ ի՞նչ է։ Ինչո՞ւ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովան ստեղծեց տիեզերքը եւ կեանքի ամէն տեսակ։

Վերաքաղ

  • Ըստ Սուրբ Գիրքին, տիեզերքը ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ։

  • Աստուած բարեշրջութեա՞մբ մէջտեղ բերաւ կեանքի բոլոր տեսակները, թէ ոչ՝ ամէն բան ստեղծեց։

  • Մարդը ինչո՞ւ յատուկ է։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ բնութեան մէջ ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան որ Ստեղծիչ մը կայ։

«Բնութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի» (Զարթի՛ր սեպտեմբեր 2006, արաբ.)

Տե՛ս թէ հայր մը ինչպէ՛ս իր տղուն կը բացատրէ ստեղծագործութեան մասին Աստուածաշունչին ըսածը։

Եհովան ամէն բան ստեղծեց (2։36)

Տե՛ս թէ արդեօք կարելի՞ է որ բարեշրջութիւնը եւ Աստուածաշունչը երկուքն ալ ճիշդ ըլլան։

«Աստուած կեանքի տարբեր տեսակները բարեշրջութեա՞մբ ստեղծեց» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ թէ գտնուած հին ոսկորները կամ գիտական փորձերը ի՛նչ ցոյց կու տան. կեանքը ստեղծուեցա՞ւ, թէ ոչ՝ պատահմամբ մէջտեղ եկաւ։

Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել (գրքոյկ, արաբ.)

a Դաս 25–ը պիտի խօսի մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին։

b Երբ Սուրբ Գիրքը կը գործածէ «տեսակ» բառը, ըսել կ’ուզէ ապրող էակներու մեծ խումբ մը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել