Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 8/1 էջ 7-11
  • Զգուշացէ՛ք հաւատքի պակասէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զգուշացէ՛ք հաւատքի պակասէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչո՞ւ Այս Զօրաւոր Խրատը
  • Մովսէսէն Մեծ Մէկը
  • «Ձեր Սրտերը Մի՛ Խստացնէք»
  • Դաս՝ Մեզի Համար
  • Կեանքի վազքին մէջ մի՛ հեղգանաք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Նամակ մը՝ որ կրնայ մեզի օգնել հաւատարմօրէն տոկալու մինչեւ վերջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Թող որ հաւատացողներէն ըլլանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 8/1 էջ 7-11

Զգուշացէ՛ք հաւատքի պակասէ

«Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան [«հաւատքի պակաս ունեցող», ՆԱ] չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 3։12

1. Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն ուղղած Պօղոսի խօսքերը ի՞նչ ցնցիչ իրողութիւն մը կը յանձնեն մեր ուշադրութեան։

Ի՜ՆՉ ահաւոր է մտածել որ ատեն մը Եհովայի հետ անձնական յարաբերութիւն վայելած անհատներ, կարենան «չար սիրտ» զարգացնել եւ ‘ապստամբին կենդանի Աստուծոյ դէմ’։ Իսկ ասիկա ի՜նչ զօրաւոր ազդարարութիւն մըն է։ Պօղոս առաքեալի այս խօսքերը ուղղուած էին ո՛չ թէ անհաւատներու, այլ, Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ իրենց կեանքը Եհովայի նուիրած անհատներու։

2. Ո՞ր հարցումները պէտք է նկատի առնենք։

2 Հոգեւոր գետնի վրայ այսպիսի առանձնաշնորհեալ դիրք ունեցող անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ «հաւատքի պակաս ունեցող չար սիրտ» զարգացնել։ Իրապէս, Աստուծոյ սէրը եւ անարժան ողորմութիւնը համտեսած ոեւէ անհատ, ի՞նչպէս կրնայ կամովին ապստամբիլ Աստուծոյ դէմ։ Ասիկա ոեւէ մէկուս կրնա՞յ պատահիլ։ Ասոնք զգաստացուցիչ հարցեր են եւ այս ազդարարութեան ետին գտնուող պատճառը նկատի առնելը օգտակար է մեզի։—Ա. Կորնթացիս 10։11

Ինչո՞ւ Այս Զօրաւոր Խրատը

3. Նկարագրեցէք թէ առաջին դարու Քրիստոնեաները ի՛նչ պայմաններու ներքեւ էին Երուսաղէմի մէջ եւ անոր շուրջ։

3 Այնպէս կը թուի որ Պօղոս իր նամակը Հրէաստանի մէջ գտնուող Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն ուղղեց Հ.Դ. 61–ին։ Պատմաբան մը դիտել տուաւ որ այն ժամանակ «խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն չկար ոեւէ լրջախոհ ու պարկեշտ մարդու համար, ո՛չ Երուսաղէմի մէջ եւ ոչ ալ ամբողջ նահանգին մէջ»։ Անօրէնութեան ու բռնութեան ժամանակ մըն էր, որ խթանուած էր Հռովմէացի հարստահարիչ զինուորներու ներկայութեամբ, հակահռովմէական Հրեայ Մոլեռանդներու յոխորտանքով եւ քաոսային վիճակը օգտագործող գողերու քրէական գործունէութիւններով։ Այս բոլոր բաները մեծապէս դժուարացուցած էին Քրիստոնեաներու կեանքը, որոնք մեծ ջանք կը թափէին այդ հարցերուն միջամուխ չըլլալու համար։ (Ա. Տիմոթէոս 2։1, 2) Իրականութեան մէջ, իրենց չէզոք կեցուածքին պատճառաւ, անոնք իրենց միջավայրին մէջ անփափաքելիներ եւ նոյնիսկ խռովարարներ նկատուած էին։ Յաճախ Քրիստոնեաներու հետ գէշ կը վերաբերէին եւ անոնք անձնական կորուստներու կ’ենթարկուէին։—Եբրայեցիս 10։32-34

4. Եբրայեցի Քրիստոնեաները կրօնական բնոյթ ունեցող ի՞նչ ճնշումի ենթարկուած էին։

4 Եբրայեցի Քրիստոնեաները կրօնական գետնի վրայ ալ շատ մեծ ճնշումի ներքեւ էին։ Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտներուն նախանձախնդրութիւնը եւ որպէս հետեւանք քրիստոնէական ժողովքին արագ ընդլայնումը, Հրեաներուն՝ մանաւանդ անոնց կրօնական առաջնորդներուն՝ նախանձն ու զայրոյթը գրգռեց։ Անոնք բան մը չխնայեցին Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները նեղացնելու եւ հալածելու համար։a (Գործք 6։8-14. 21։27-30. 23։12, 13. 24։1-9) Եթէ նոյնիսկ կարգ մը Քրիստոնեաներ ուղղակի հալածանքի չենթարկուեցան, այսուհանդերձ, արհամարհուեցան ու ծաղրուեցան Հրեաներուն կողմէ։ Քրիստոնէութիւնը անարգուած էր որպէս նորաստեղծ կրօնք մը, որ Հրէականութեան շքեղութիւնը չունէր, առանց տաճարի, առանց քահանայութեան, առանց տօներու, առանց պաշտօնական զոհերու, եւայլն։ Նոյնիսկ անոնց առաջնորդը՝ Յիսուս՝ որպէս ոճրագործ մահուան դատապարտուած էր։ Քրիստոնեաները իրենց կրօնքը գործադրելու համար հաւատքի, քաջութեան եւ համբերութեան պէտքը ունէին։

5. Հրէաստանի մէջ ինչո՞ւ դժուար էր որ Քրիստոնեաները հոգեւորապէս արթուն մնային։

5 Ասկէ զատ, Հրէաստանի մէջ ապրող Եբրայեցի Քրիստոնեաները այդ ազգին պատմութեան ամենէն ճակատագրական ժամանակին մէջ կ’ապրէին։ Հրէական դրութեան վախճանին մասին իրենց Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ըսածներէն շատերը արդէն տեղի ունեցած էին։ Վերջը չէր կրնար շատ հեռուն ըլլալ։ Վերապրելու համար, Քրիստոնեաները հոգեւորապէս արթուն պէտք էր մնային եւ ‘լեռները փախչելու’ պատրաստ ըլլային։ (Մատթէոս 24։6, 15, 16) Անոնք հարկ եղած հաւատքը եւ հոգեւոր կորովը պիտի ունենայի՞ն անմիջական քայլեր առնելու համար, ինչպէս Յիսուս յանձնարարած էր։ Երեւութապէս քիչ մը կասկածներ կային։

6. Հրէաստանի Քրիստոնեաները ստիպողական ի՞նչ բանի կարիքը ունէին։

6 Հրէական ամբողջ իրերու դրութեան քայքայումին նախորդող տասնամեակի ընթացքին, բացայայտօրէն Եբրայեցի Քրիստոնեաներու վրայ խիստ ճնշում կար ժողովքին ներսէն ու դուրսէն։ Անոնք քաջալերութեան կարիքը ունէին։ Բայց անոնք խրատի եւ ուղղութեան ալ կարիքը ունէին, վստահ ըլլալու համար որ իրենց բռնած ընթացքը շիտակ էր եւ թէ փուճ տեղը տառապած կամ համբերած չէին։ Բարեբախտաբար, Պօղոս պարագան հասկնալով օգնութեան հասաւ։

7. Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն Պօղոսի գրածը ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ։

7 Ինչ որ Պօղոս գրեց Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն մեզ ալ մեծապէս պէտք է հետաքրքրէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մենք ալ նոյնանման ժամանակի մը մէջ կ’ապրինք։ Ամէն օր Սատանայի ղեկավարութեան ներքեւ եղող աշխարհէն ճնշումներ կը զգանք։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Մեր աչքերուն առջեւ կը կատարուին վերջին օրերուն եւ «իրերու դրութեան վախճան»ին մասին Յիսուսի ու առաքեալներուն տուած մարգարէութիւնները։ (Մատթէոս 24։3-14, ՆԱ. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Բ. Պետրոս 3։3, 4. Յայտնութիւն 6։1-8) Ամէն բանէ աւելի, հոգեւորապէս արթուն պէտք է կենանք, որպէսզի «այս բոլոր նեղութիւններէն ազատի[նք]»։—Ղուկաս 21։36

Մովսէսէն Մեծ Մէկը

8. Եբրայեցիս 3։1–ի մէջ արձանագրուածը ըսելով, Պօղոս իր հաւատակիցները կը յորդորէր որ ի՞նչ ընեն։

8 Կենսական կարեւորութիւն ունեցող կէտ մը յիշելով Պօղոս գրեց. «Նայեցէ՛ք մեր դաւանութեանը Առաքեալին ու Քահանայապետին, Քրիստոս Յիսուսին»։ (Եբրայեցիս 3։1) «Նայիլ» կը նշանակէ «յստակօրէն ըմբռնել . . . լիովին հասկնալ, մօտէն նկատի առնել»։ (Հին եւ Նոր Կտակարաններու Բառերուն Վայնի Բացատրական Բառարան) Ուստի, Պօղոս իր հաւատակիցները կը յորդորէր որ լուրջ ջանք թափեն, որպէսզի իրենց հաւատքին ու փրկութեան մէջ Յիսուսի խաղցած դերը իրապէս գնահատեն։ Ասիկա հաւատքի մէջ հաստատ մնալու իրենց վճռակամութիւնը պիտի զօրացնէր։ Արդ, ի՞նչ էր Յիսուսի դերը եւ ինչո՛ւ պէտք է իրեն ‘նայինք’։

9. Պօղոս ինչո՞ւ Յիսուսի ակնարկեց որպէս «առաքեալ» եւ «քահանայապետ»։

9 Պօղոս Յիսուսի կիրարկեց «առաքեալ» եւ «քահանայապետ» արտայայտութիւնները։ «Առաքեալ» մը՝ ղրկուած մըն է, եւ հոս անիկա կ’ակնարկէ մարդկութեան հետ Աստուծոյ հաղորդակցութեան միջոցին։ «Քահանայապետ» մը մէկն է, որու միջոցաւ մարդիկ Աստուծոյ կրնան մօտենալ։ Այս երկու հայթայթումները կենսական են ճշմարիտ պաշտամունքին համար եւ Յիսուս այս երկուքին մարմնացումն է։ Ինքն է որ երկինքէն ղրկուեցաւ, որպէսզի մարդոց ճշմարտութիւնը սորվեցնէ Աստուծոյ մասին։ (Յովհաննու 1։18. 3։16. 14։6) Դարձեալ Յիսուս է որ Եհովայի հոգեւոր տաճարի կարգադրութեան մէջ որպէս հակատիպ Քահանայապետ նշանակուած է, մեղքերու թողութեան համար։ (Եբրայեցիս 4։14, 15. Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Եթէ իրապէս գնահատենք Յիսուսի միջոցաւ մեր ձեռք ձգելիք օրհնութիւնները, այդ պարագային հաւատքի մէջ հաստատ մնալու քաջութիւնն ու վճռակամութիւնը պիտի ունենանք։

10. (ա) Պօղոս ի՞նչպէս օգնեց Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն որ Քրիստոնէութեան՝ Հրէականութենէն գերակայ ըլլալը գնահատեն։ (բ) Այս կէտը շեշտելու համար, Պօղոս ամենուն կողմէ ընդունուած ո՞ր ճշմարտութեան մատնանշեց։

10 Քրիստոնէական հաւատքին արժէքը շեշտելու համար, Պօղոս Յիսուսը բաղդատեց Մովսէսի հետ, որ Հրեաներուն համար իրենց նախահայրերուն մէջ մեծագոյն մարգարէն էր։ Եթէ Եբրայեցի Քրիստոնեաները սրտանց ըմբռնէին այն իրողութիւնը թէ Յիսուս՝ Մովսէսէն մեծ է, Քրիստոնէութիւնը՝ Հրէականութենէն գերակայ ըլլալուն մասին կասկած պիտի չունենային։ Պօղոս նշեց որ թէեւ Մովսէս արժանի նկատուած էր որպէսզի Աստուծոյ ‘տունը’՝ Իսրայէլ ազգը կամ ժողովքը՝ իրեն վստահուէր, բայց ան պարզապէս հաւատարիմ ծառայ մըն էր։ (Թուոց 12։7) Իսկ Յիսուս Որդին էր, տան վերակացուն էր։ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եբրայեցիս 3։2, 3, 5) Այս կէտը շեշտելու համար, Պօղոս ամենուն կողմէ ընդունուած ճշմարտութիւն մը նշեց. «Քանզի ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 3։4) Անհակաճառելի բան մըն է որ Աստուած ոեւէ մէկէն մեծ է, քանի որ ամէն բանի Արարիչը կամ Ստեղծիչն է։ Իսկ Յիսուս Աստուծոյ գործակիցը ըլլալով, տրամաբանականօրէն մնացեալ բոլոր ստեղծագործութիւններէն՝ նոյնիսկ Մովսէսէն՝ մեծ պէտք է ըլլայ։—Առակաց 8։30. Կողոսացիս 1։15-17

11, 12. Պօղոս յորդորեց որ Եբրայեցի Քրիստոնեաները ի՞նչ բան «մինչեւ վերջը հաստատ բռնեն», եւ այս խրատը ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել։

11 Ճիշդ է որ Եբրայեցի Քրիստոնեաները շատ առանձնաշնորհեալ դիրք մը ունէին։ Պօղոս անոնց յիշեցուց որ իրենք «երկնային կոչումին մասնակիցներ» են. Հրէական դրութեան մատուցանած որեւէ բանէն աւելի թանկարժէք առանձնաշնորհում մը։ (Եբրայեցիս 3։1) Պօղոսի խօսքերը այդ օծեալ Քրիստոնեաներուն երախտագիտութիւնը աւելցուցած ըլլալու էին նոր ժառանգութեան ի տես իրենց ունեցած դիրքին հանդէպ, փոխանակ ցաւ զգալու որ իրենց հրէական ժառանգութեան հետ առնչուող բաներ լքած էին։ (Փիլիպպեցիս 3։8) Զանոնք յորդորելով որ իրենց առանձնաշնորհումին կառչած մնան եւ զայն չթերագնահատեն, Պօղոս ըսաւ. «Քրիստոս [«հաւատարիմ էր», ՆԱ]՝ որդիի մը պէս իր [Աստուծոյ] տանը վրայ, որուն տունը մենք ենք, միայն թէ այն համարձակութիւնը եւ յոյսին պարծանքը մինչեւ վերջը հաստատ բռնենք»։—Եբրայեցիս 3։6

12 Այո, եթէ Եբրայեցի Քրիստոնեաները հրէական իրերու դրութեան մօտալուտ վախճանէն պիտի վերապրէին, անոնք իրենց աստուածատուր յոյսին «հաստատ»օրէն կառչած պէտք էր մնային «մինչեւ վերջը»։ Եթէ մենք ալ կ’ուզենք այս դրութեան վախճանէն վերապրիլ՝ նոյնը պէտք է ընենք։ (Մատթէոս 24։13) Թոյլ պէտք չէ տանք որ կեանքի մտահոգութիւնները, մարդոց անտարբերութիւնը, կամ մեր անկատար հակումները Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը խախտեն։ (Ղուկաս 21։16-19) Գիտնալու համար թէ ինչպէս կրնանք մենք մեզ զօրացնել՝ Պօղոսի մնացեալ խօսքերուն ուշադրութիւն ընենք։

«Ձեր Սրտերը Մի՛ Խստացնէք»

13. Պօղոս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ, եւ ի՞նչպէս կիրարկեց 95–րդ Սաղմոսը։

13 Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն առանձնաշնորհեալ դիրքը նկատի առնելէ ետք, Պօղոս հետեւեալ ազդարարութիւնը տուաւ. «Ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին՝ ‘Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք. ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս՝ անապատին մէջ փորձութեան օրը’»։ (Եբրայեցիս 3։7, 8) Պօղոս 95–րդ Սաղմոսէն մէջբերում կ’ընէր, անոր համար կրնար ըսել՝ «ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին»։b (Սաղմոս 95։7, 8. Ելից 17։1-7) Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

14. Իսրայելացիները իրենց համար Եհովայի ըրածներուն փոխարէն ի՞նչպէս վարուեցան եւ ինչո՛ւ։

14 Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրուելէ ետք, Եհովայի հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ գալու պատիւը տրուեցաւ Իսրայելացիներուն։ (Ելից 19։4, 5. 24։7, 8) Սակայն, անոնք փոխանակ գնահատութիւն ցոյց տալու Աստուծոյ ըրածին հանդէպ, շուտով սկսան ըմբոստանալ։ (Թուոց 13։25–14։10) Ասիկա ի՞նչպէս կարելի էր։ Պօղոս պատճառը կու տայ. սրտի խստացում։ Բայց Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ զգայուն եւ ընդառաջող սիրտ մը ի՞նչպէս կը խստանայ։ Ասոր արգելք ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

15. (ա) Անցեալին ու ներկայիս Աստուծոյ «ձայնը» ի՞նչպէս լսուած է։ (բ) ‘Աստուծոյ ձայնին’ առնչութեամբ ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք մենք մեզի։

15 Պօղոս իր ազդարարութիւնը սկսաւ պայմանադրեալ նախադասութեամբ՝ «Եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք»։ Աստուած իր ժողովուրդին խօսեցաւ Մովսէսի եւ ուրիշ մարգարէներու միջոցաւ։ Ապա Եհովա իր Որդիովը՝ Յիսուս Քրիստոսով՝ խօսեցաւ։ (Եբրայեցիս 1։1, 2) Ներկայիս մենք ունինք Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը՝ ամբողջութեամբ։ Նաեւ ունինք Յիսուսի կողմէ նշանակուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», ‘որպէսզի ատենին [հոգեւոր] կերակուր’ տայ։ (Մատթէոս 24։45-47) Հետեւաբար, Աստուած տակաւին կը խօսի. բայց մենք մտիկ կ’ընե՞նք։ Օրինակ, հագուելակերպի, յարդարանքի, կամ զբօսանքի ու երաժշտութեան ընտրութեան շուրջ մեզի տրուած խրատներուն ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք։ ‘Մտիկ կ’ընե՞նք’, ուրիշ խօսքով, մեր լսած բաներուն ուշադրութիւն կու տանք ու կը հնազանդի՞նք։ Եթէ տրուած խրատին համար մենք մեզ արդարացնելու, կամ զայն չընդունելու սովորութիւն ունինք, այդ պարագային մեր սիրտը խստացնելու թաքուն վտանգին կ’ենթարկենք մենք մեզ։

16. Մեր սիրտը խստացնելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

16 Մեր սիրտը կը խստանայ նաեւ, երբ ետ կենանք ընելէ այն ինչ որ կրնա՛նք ու պէ՛տք է ընենք։ (Յակոբու 4։17) Հակառակ այն բոլոր բաներուն զորս Եհովա ըրաւ Իսրայելացիներուն համար, անոնք հաւատք չցուցաբերեցին, Մովսէսի դէմ ըմբոստացան, նախընտրեցին Քանանու մասին աննպաստ տեղեկագրութեան հաւատալ եւ մերժեցին Աւետեաց Երկիրը մտնել։ (Թուոց 14։1-4) Հետեւաբար, Եհովա վճռեց որ անոնք 40 տարի անապատին մէջ անցընեն. բաւարար ժամանակ մը, որպէսզի այդ սերունդին անհաւատարիմ անդամները մեռնին։ Անոնցմէ զզուելով, Աստուած ըսաւ. «‘Միշտ մոլորեցան իրենց սրտով եւ իմ ճամբաներս չճանչցան անոնք’. ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ (Եբրայեցիս 3։9-11) Ասկէ դաս մը կրնա՞նք սորվիլ։

Դաս՝ Մեզի Համար

17. Իսրայելացիները Եհովայի հզօր արարքները տեսնելէ եւ իր յայտարարութիւնները լսելէ ետք ինչո՞ւ հաւատքի պակաս ցոյց տուին։

17 Եգիպտոսէն դուրս ելած Իսրայելացիներու սերունդը իրենց աչքերով տեսան ու իրենց ականջներով լսեցին Եհովայի հզօր արարքները եւ յայտարարութիւնները։ Այսուհանդերձ, անոնք հաւատք չունէին որ Աստուած կրնար զիրենք ապահով տանիլ Աւետեաց Երկիրը։ Ինչո՞ւ։ «Իմ ճամբաներս չճանչցան անոնք», ըսաւ Եհովա։ Անոնք գիտէին ինչ որ Եհովա ըսած ու ըրած էր, բայց իրենց հոգ տանելու անոր կարողութեան վրայ վստահութիւն զարգացուցած չէին։ Անոնք իրենց անձնական կարիքներով ու փափաքներով ա՛յնքան կլանուած էին, որ Աստուծոյ ճամբաներուն եւ նպատակին մասին մտածելու տեղ չէր մնացած։ Այո, անոնք իր խոստումներուն կատարման վրայ հաւատք չունէին։

18. Պօղոսի համաձայն, ի՞նչ ընթացք «հաւատքի պակաս ունեցող չար սիրտ» ունենալու կրնայ առաջնորդել։

18 Եբրայեցիներուն ուղղուած հետեւեալ խօսքերը, նոյն ուժգնութեամբ մեզի ալ կը կիրարկուին. «Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան [«հաւատքի պակաս ունեցող», ՆԱ] չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ»։ (Եբրայեցիս 3։12) Պօղոս խնդրին արմատին գնաց, նշելով որ ‘կենդանի Աստուծոյ դէմ ապստամբելուն’ հետեւանքով է որ անհատ մը «հաւատքի պակաս ունեցող չար սիրտ» կ’ունենայ։ Իր նամակին մէջ աւելի առաջ ան խօսեցաւ ուշադրութիւն չընելու հետեւանքով ‘հեռանալու’ մասին։ (Եբրայեցիս 2։1, Անթիլիաս) Սակայն ‘հեռանալ’ թարգմանուած Յունարէն բառը կը նշանակէ «ետ կենալ», եւ «հաւատուրացութիւն» բառին հետ առնչութիւն ունի։ Անիկա անարգանքով միախառնուած՝ յօժարակամ ու գիտակից ընդդիմութիւն, ետ քաշուիլ եւ դասալքում է։

19. Խրատի մտիկ չընելը ի՞նչպէս լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Բացատրեցէք։

19 Հետեւաբար, դասը այդ է որ եթէ ‘իր ձայնը լսելու’, իր Խօսքին եւ հաւատարիմ ծառայ դասակարգին միջոցաւ Եհովայէ եկած խրատները անտեսելու սովորութեան մէջ իյնանք, շատ շուտով մեր սիրտը կրնայ անզգայ դառնալ եւ խստանալ։ Օրինակ, չամուսնացած զոյգ մը կրնայ քիչ մը շատ մտերիմ ըլլալ իրարու հետ։ Եթէ անոնք այս հարցը պարզապէս անտեսեն, ի՞նչ կ’ըլլայ։ Անիկա զիրենք ետ պիտի պահէ՞ իրենց արարքը կրկնելէ, թէ ոչ աւելի դիւրութեամբ նոյն բանը պիտի կրկնեն։ Նոյն կերպով, եթէ ծառայ դասակարգը երաժշտութեան, զբօսանքի եւ նման նիւթերու շուրջ մեզ խրատէ որ ընտրողական գտնուինք, երախտապարտ հոգիով կ’ընդունի՞նք զայն, հարկ եղած փոփոխութիւնը ընելով։ Պօղոս մեզ յորդորեց որ «մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Հակառակ այս խրատին, ոմանք քրիստոնէական ժողովներուն հանդէպ անտարբեր են։ Անոնք կը խորհին որ անոնցմէ քանի մը հատէն բացակայիլը կամ նոյնիսկ կարգ մը ժողովներու բնաւ չգալը մասնաւոր հետեւանք մը չունենար։

20. Ինչո՞ւ կենսական է որ սուրբ գրային խրատներուն դրական կերպով ընդառաջենք։

20 Եթէ մենք Աստուածաշունչի եւ սուրբ գրային գրականութիւններու մէջ յստակօրէն արտայայտուած Եհովայի «ձայն«ին դրականօրէն չընդառաջենք, շատ չանցած պիտի տեսնենք որ ‘ապստամբած ենք կենդանի Աստուծմէ’։ Խրատը կրաւորաբար անտեսելը, կրնայ շատ դիւրութեամբ զայն նսեմացնելու, քննադատելու եւ անոր ընդդիմանալու առաջնորդել։ Եթէ այս կեցուածքը չսրբագրուի, արդիւնքը կ’ըլլայ «հաւատքի պակաս ունեցող չար սիրտ», եւ սովորաբար շա՜տ դժուար է այսպիսի ընթացքէ մը վերակազդուրուիլ։ (Բաղդատել՝ Եփեսացիս 4։19։) Երեմիան տեղին ըլլալով գրեց. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ»։ (Երեմեայ 17։9) Ասոր համար, Պօղոս Եբրայեցի իր հաւատակիցներուն հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք, քանի որ ‘Այսօր’ կ’ըսուի, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը»։—Եբրայեցիս 3։13

21. Բոլորս ալ ի՞նչ ընելու յորդոր ստացած ենք եւ ի՞նչ ակնկալութիւններ ունինք։

21 Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովա տակաւին մեզի հետ կը խօսի այսօր, իր Խօսքին ու իր կազմակերպութեան միջոցաւ։ Երախտապարտ ենք որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը շարունակէ օգնել մեզի, որպէսզի «այն հաստատութեան սկիզբը մինչեւ վերջը պինդ բռնենք»։ (Եբրայեցիս 3։14) Աստուծոյ սիրոյն ու առաջնորդութեան ընդառաջելու ժամանակը հի՛մա է։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, Եհովայի տուած ուրիշ մէկ հոյակապ խոստումը վայելելու՝ իր հանգիստը ‘մտնելու’, կարող պիտի ըլլանք։ (Եբրայեցիս 4։3, 10) Պօղոս այս նիւթին մասին ալ խօսեցաւ Եբրայեցիներուն հետ, եւ մենք ալ յաջորդ յօդուածով ասիկա նկատի պիտի առնենք։

[Ստորանիշներ]

a Յովսեպոս տեղեկագրած է թէ Փեստոսի մահուընէ քիչ ետք, Սադուկեցիներու աղանդէն եղող Անանիան քահանայապետ եղաւ։ Ան Յիսուսի կէս–եղբայրը՝ Յակոբոսը եւ ուրիշ աշակերտներ Սենետրիոնին դիմաց բերել տուաւ եւ զանոնք մահուան ու քարկոծուելու դատապարտեց։

b Բացայայտօրէն Պօղոս մէջբերում կ’ընէր Յունարէն Եօթանասնից–էն, ուր Եբրայերէն «Մերիպա» եւ «Մասսա» բառերը թարգմանաբար տալով կ’ըսէ՝ ‘բարկացնել’ եւ ‘փորձել’։ Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Բ. Հատոր, էջ 350 եւ 379, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Կրնա՞ք Բացատրել

◻ Պօղոս ինչո՞ւ այսքան զօրաւոր խրատ մը տուաւ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն։

◻ Պօղոս ի՞նչպէս օգնեց որ Եբրայեցի Քրիստոնեաները գնահատեն թէ Հրէականութեան ներքեւ իրենց ապրած կեանքէն գերակայ բան մը ունին։

◻ Անհատի մը սիրտը ի՞նչպէս կը խստանայ։

◻ Ի՞նչ պէտք է ընենք «հաւատքի պակաս ունեցող չար սիրտ» չզարգացնելու համար։

[Նկար՝ էջ 8]

Մեծագոյն Մովսէսի՝ Յիսուսի՝ հաւատք կ’ընծայէ՞ք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել