Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ձեզի Ի՞նչպիսի Մարդիկ Ըլլալ Կը Վայելէ
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (1995) | Օգոստոս
    • 1 հաշուետուութեան ժամանակ մը կը մօտենայ ամբողջ մարդկութեան համար։ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ «Եհովայի օրը»։ Անիկա այն ժամանակն է երբ աստուածային դատաստանը պիտի գործադրուի ամբարիշտներուն դէմ. անիկա նաեւ ազատագրումի ժամանակ մըն է արդարներուն համար։ Բոլոր անոնք որոնք այն ժամանակ ողջ են, հաշիւ պիտի տան թէ ինչպէ՛ս ապրած են իրենց կեանքերը։ Այս մէկը նկատի առնելով, Պետրոս կը յարուցանէ քննիչ հարցում մը. «Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ»։ Ան կը շեշտէ ‘սուրբ վարմունքին, աստուածպաշտութեան եւ Եհովայի օրը միշտ մտքին մէջ պահելու’ կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կարիքը ‘անբիծ, անարատ եւ խաղաղութեան մէջ’ ըլլալու։—Բ. Պետ. 3։11–14, ՆԱ։

  • Ձեզի Ի՞նչպիսի Մարդիկ Ըլլալ Կը Վայելէ
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (1995) | Օգոստոս
    • 5 Անբիծ, Անարատ եւ Խաղաղութեան մէջ. Մեծ բազմութեան որպէս մէկ մասը, մենք ‘մեր հանդերձները լուացինք ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցինք’։ (Յայտ. 7։14) Ուստի, «անբիծ» ըլլալը կը նշանակէ որ պէտք է հաստատօրէն պահպանենք մեր մաքուր, նուիրուած կեանքերը որպէսզի աշխարհի պղծութիւններով չսրսկուին։ Մենք մեզ «անարատ» կը պահենք մերժելով թոյլ տալ անօրէն, նիւթապաշտական հետապնդումներուն որ եղծանեն մեր Քրիստոնէական անձնաւորութիւնը։ (Յակ. 1։27. Ա. Յովհ. 2։15–17) Մենք ցոյց կու տանք թէ «խաղաղութեան մէջ» կ’ապրինք ցոլացնելով «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ուրիշներուն հետ մեր ունեցած բոլոր գործառնութիւններուն մէջ։—Փիլ. 4։7. Հռովմ. 12։18. 14։19

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել