Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յաղթողներ ըլլալու համար կը ճգնին
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 3. (ա) Յիսուս ի՞նչ քաջալերութիւն տուաւ Զմիւռնիոյ ժողովքին։ (բ) Թէեւ Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաները աղքատ էին, բայց Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ որ անոնք «հարուստ» էին։

      3 «Գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ, (բայց հարուստ ես,) ու անոնց հայհոյութիւնը՝ որ կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են, բայց չեն հապա Սատանայի ժողովուրդ»։ (Յայտնութիւն 2։9) Յիսուս ո՛չ մէկ քննադատութիւն ունի Զմիւռնիոյ իր եղբայրներուն հանդէպ, այլ միայն՝ ջերմ գովասանք։ Անոնք իրենց հաւատքին համար շատ տառապած էին։ Նիւթական գետնի վրայ աղքատ էին, հաւանաբար իրենց հաւատարմութեան պատճառաւ։ (Եբրայեցիս 10։34) Սակայն, անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը, հոգեւոր բաներն էին. այո, անոնք երկնքի մէջ գանձեր դիզած էին, ինչպէս Յիսուս խրատած էր։ (Մատթէոս 6։19, 20) Հետեւաբար, Հովուապետը զիրենք «հարուստ» կը սեպէ։—Համեմատել՝ Յակոբու 2։5

      4. Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաները որո՞նց կողմէ մեծ հակառակութիւն կրեցին եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը նկատէ այդ հակառակորդները։

      4 Յիսուս մասնաւորաբար կը նշէ թէ Զմիւռնիոյ Քրիստոնեաները մարմնաւոր Հրեաներէն բուռն հակառակութիւն կրած էին։ Սկիզբը, այդ կրօնքին պատկանողներէն շատեր վճռականօրէն հակառակեցան Քրիստոնէութեան տարածման։ (Գործք 13։44, 45. 14։18) Այժմ, Երուսաղէմի անկումէն միայն քանի մը տասնեակ տարիներ ետք, Զմիւռնիոյ այդ Հրեաները սատանայական նոյն հոգին կը ցուցաբերէին։ Զարմանալի չէ որ Յիսուս զանոնք կը նկատէ «Սատանայի ժողովուրդ»ը։a

  • Յաղթողներ ըլլալու համար կը ճգնին
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • a Յովհաննէսի մահուընէ շուրջ 60 տարի ետք, 86 ամեայ Պողիկարպոսը Զմիւռնիոյ մէջ հրկիզուեցաւ, քանի որ Յիսուսի վրայ իր հաւատքը չուրացաւ։ Պողիկարպոսի Մարտիրոսութիւնը՝ երկ մը որ կը կարծուի այդ դէպքին ժամանակակից ըլլալ՝ կը նշէ թէ երբ այրելու համար փայտ կը ժողվուէր, «Հրեաները իրենց սովորութեան համաձայն, ծայր աստիճան խանդավառութեամբ իրենց աջակցութիւնը կը բերէին անոր». հակառակ անոր որ այդ դատապարտութիւնը տեղի ունեցաւ «մեծ Շաբաթ»ի մը ընթացքին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել