Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աս էջ 213-էջ 215 պարբ. 2
  • Դատաստանի օր. ի՞նչ է անիկա

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դատաստանի օր. ի՞նչ է անիկա
  • Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ դատաստանի օրը—Անոր ուրախ հետեւանքը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
  • Դատաստանի օրը ի՞նչ պիտի պատահի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Դատաստանի օրը՝ յոյսի ժամանակ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
աս էջ 213-էջ 215 պարբ. 2

Յաւելուած

Դատաստանի օր. ի՞նչ է անիկա

ԻՆՉՊԷ՞Ս կը պատկերացնես Դատաստանի օրը։ Շատեր կը խորհին, թէ միլիառաւոր հոգիներ մէկ առ մէկ Աստուծոյ գահին առջեւ պիտի ներկայանան՝ դատուելու համար։ Ոմանք պիտի վարձատրուին երկնային երանութեամբ, իսկ ուրիշներ պիտի դատապարտուին յաւիտենական չարչարանքի։ Սակայն Աստուածաշունչը այդ ժամանակաշրջանը կը պատկերացնէ տարբեր ձեւով։ Աստուծոյ Խօսքը զայն կը նկարագրէ, ոչ թէ որպէս սարսափելի ժամանակ, այլ՝ յոյսի եւ երկիրը դրախտի վերածելու ժամանակ մը։

Յայտնութիւն 20։11, 12–ի մէջ, Յովհաննէս առաքեալ Դատաստանի օրը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ. «Մեծ ճերմակ աթոռ մը տեսայ, որուն վրայ մէկը նստած էր։ Անոր երեսէն երկիր ու երկինք փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինքն կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ»։ Հոս նկարագրուած Դատաւորը ո՞վ է։

Մարդկութեան գերագոյն Դատաւորը Եհովա Աստուած է։ Սակայն ան դատելու գործը յանձնած է ուրիշի մը։ Ըստ Գործք 17։31–ի, Պօղոս առաքեալ կը նշէ թէ Աստուած «օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց»։ Այս որոշուած Դատաւորը յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսն է (Յովհաննէս 5։22)։ Սակայն Դատաստանի օրը ե՞րբ կը սկսի եւ որքա՞ն կը տեւէ։

Յայտնութիւն գիրքը ցոյց կու տայ, թէ Դատաստանի օրը կը սկսի Արմագեդոնի պատերազմէն ետք, երբ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհը կործանի (Յայտնութիւն 16։14, 16. 19։19–20։3)a։ Արմագեդոնէն ետք, Սատանան եւ իր դեւերը անդունդի մէջ պիտի բանտարկուին հազար տարի։ Այդ ժամանակամիջոցին, 144,000 երկնային ժառանգակիցները դատաւորներ պիտի ըլլան եւ ‘Քրիստոսին հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն’ (Յայտնութիւն 14։1-3. 20։1-4. Հռովմայեցիս 8։17)։ Դատաստանի օրը արագօրէն տեղի ունենալիք 24 ժամ տեւող դէպք մը չէ, այլ՝ հազար տարի տեւող ժամանակաշրջան մը։

Այդ հազար տարուան ընթացքին, Յիսուս Քրիստոս «պիտի դատէ կենդանիները ու մեռեալները» (Բ. Տիմոթէոս 4։1)։ «Կենդանիները» պիտի ըլլան Արմագեդոնէն վերապրող «մեծ բազմութիւնը» (Յայտնութիւն 7։9-17)։ Իսկ «մեռեալները» պիտի ըլլան, «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [որոնք Քրիստոսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» յարութեան միջոցով, ինչպէս Յիսուս խոստացաւ (Յովհաննէս 5։28, 29. Գործք 24։15)։ Ասոնց մասին էր որ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ, թէ տեսաւ «մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին»։ Սակայն այս բոլոր անհատները ի՞նչ հիման վրայ պիտի դատուին։

Յովհաննէս առաքեալի տեսիլքին համաձայն, «գիրքերը բացուեցան» եւ «մեռելները դատուեցան գիրքերուն մէջ գրուածներուն համաձայն, իրենց արարքներուն համեմատ» (Յայտնութիւն 20։12, ԱԾ)։ Այս գիրքերը՝ մարդոց անցեալի արարքներուն արձանագրութիւննե՞րն են։ Ո՛չ, դատաստանը պիտի չկեդրոնանայ մահէն առաջ մարդոց գործած արարքներուն վրայ։ Ուրկէ՞ գիտենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է» (Հռովմայեցիս 6։7)։ Ուստի այլաբանօրէն խօսելով, յարուցեալները կը վերակենդանանան նոր էջ մը բանալով։ Հետեւաբար, այդ գրքերը պէտք է ներկայացնեն Աստուծոյ յաւելեալ պահանջները։ Յաւիտեան ապրելու համար, թէ՛ Արմագեդոնէն վերապրողները եւ թէ յարուցեալները պէտք է Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդին, ներառեալ՝ հազարամեայի ընթացքին Եհովայի յայտնելիք նոր պահանջներուն։ Ուստի անհատներ պիտի դատուին Դատաստանի օրուան ընթացքին իրենց արարքներուն հիման վրայ։

Դատաստանի օրը պատեհութիւն պիտի տայ, որ միլիառաւոր մարդիկ առաջին անգամ ըլլալով Աստուծոյ կամքին մասին սորվին եւ անոր համակերպին։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ հսկայ տարողութեամբ դաստիարակչական գործունէութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։ Արդարեւ, «աշխարհի բնակիչները արդարութիւն [պիտի] սորվին» (Եսայի 26։9)։ Սակայն բոլոր մարդիկ պիտի չյօժարին Աստուծոյ կամքին համակերպիլ։ Եսայի 26։10–ը կ’ըսէ. «Ամբարշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ՝ արդարութիւն չի սորվիր։ Անիկա ուղղութեան երկրին մէջ անօրէնութիւն կը գործէ ու Տէրոջը մեծափառութիւնը չի տեսներ»։ Այս ամբարիշտները Դատաստանի օրուան ընթացքին առյաւէտ մահուան պիտի դատապարտուին (Եսայի 65։20)։

Դատաստանի օրուան ընթացքին, մարդկութիւնը պիտի վերստանայ այն կատարեալ վիճակը որ ունէր սկիզբը (Ա. Կորնթացիս 15։24-28)։ Հետեւաբար, Դատաստանի օրուան վերջաւորութեան, ողջ մնացողները իրապէս պիտի ‘ապրին’ որպէս կատարեալ մարդկային արարածներ (Յայտնութիւն 20։5)։ Այն ատեն տեղի պիտի ունենայ վերջին փորձ մը. Սատանան բանտէն ազատ պիտի արձակուի եւ վերջին անգամ ըլլալով պիտի փորձէ մարդկութիւնը մոլորեցնել (Յայտնութիւն 20։3, 7-10)։ Սատանայի ընդդիմացողները պիտի վայելեն Աստուածաշունչի հետեւեալ խոստումին ամբողջական կատարումը. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Արդարեւ, Դատաստանի օրը բոլոր հաւատարիմ մարդկութեան համար օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ։

a Արմագեդոնին նկատմամբ, տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Ա., էջ 594-595, 1037-1038 (անգլերէն), եւ Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք գիրքը, գլուխ 20 (անգլերէն), երկուքն ալ հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել