Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 11/1 էջ 4-7
  • Դատաստանի օրը՝ յոյսի ժամանակ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դատաստանի օրը՝ յոյսի ժամանակ մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դատաստանի Օրուան Հիմը
  • Դատաստանի Օրը
  • Ատիկա Ե՞րբ Պիտի Ըլլայ
  • Ո՞վ Պիտի Դատուի
  • Դատաստանը
  • Դատաստանի Օրը. Յոյսի Ժամանակ Մը
  • Դատաստանի օր. ի՞նչ է անիկա
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Դատաստանի օրը ի՞նչ պիտի պատահի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Աստուծոյ դատաստանի օրը—Անոր ուրախ հետեւանքը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 11/1 էջ 4-7

Դատաստանի օրը՝ յոյսի ժամանակ մը

ԵԹԷ դատաստանի օրուան գաղափարը ձեզ կը սարսափեցնէ, Աստուածաշունչը քննեցէք այս մասին։ Օրինակի համար, ճի՞շդ է թէ երբ Աստուած մեղաւորներուն վրայ դատաստան բերէ, անոնք դժոխք կրակին մէջ պիտի նետուին։

Աստուածային դատաստանին մասին առաջին արձանագրութիւնը եղած է մարդկային պատմութեան սկիզբը։ Ադամ ու Եւա դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը ունէին։ (Ծննդոց 1։26–28. 2։7–9, 15–25) Անոնք մեղանչեցին, սակայն, եւ Աստուծոյ դատավճիռին ներքեւ եկան։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աստուած անոնցմէ առաւ կեանքի պարգեւը։ Ուրիշ խօսքով, անոնք մեռան։ Աստուած անոնց ըսաւ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։—Ծննդոց 3։16–19

Ասիկա խիստ թէեւ արդար դատաստան մըն էր, բայց որու մէջ դժոխքի կրակ չկար։ Երբ Ադամ ու Եւա մեռան, անոնք փոշի դարձան. գոյութենէ դադրեցան։ Աստուածաշունչին ո՛չ մէկ մասը կը թելադրէ թէ Ադամ, կամ ոեւէ ուրիշ մարդ մահուընէ յետոյ վերապրած է, տեղ մը յաւիտեան չարչարուելու համար։ Ընդհակառակը, կը կարդանք. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր»։—Ժողովողի 9։5

Գիտէի՞ք որ Աստուածաշունչը ասիկա կ’ըսէ։ Նաեւ գիտէի՞ք թէ Աստուածաշունչին մէջ բնաւ «անմահ հոգի» արտայայտութիւնը չկայ։ Ընդհակառակը, ան կ’ըսէ. «Այն հոգին որ մեղք կը գործէ, անիկա պիտի մեռնի»։ (Եզեկիէլ 18։4, Գինկ Ճէյմս Թարգմանութիւն) Ասիկա իրապէս ներդաշնակ է Աստուածաշունչի այն սկզբունքին հետ, թէ՝ «մեղքին վարձքը մահ է»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Այս կանոնը բոլորիս կ’ազդէ։ Բոլորս ալ մեղաւոր Ադամի սերունդն ենք, ուստի բոլորս ալ կը մեղանչենք եւ մեղքին վարձքը՝ մահը կը ստանանք։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Դատաստանի Օրը, մեզ այս վիճակէն փրկելու համար եղած գլխաւոր կարգադրութիւնն է։

Դատաստանի Օրուան Հիմը

Ըստ Աստուածաշունչին, գրեթէ 2,000 տարի առաջ էր որ Աստուած հիմը դրաւ ինչ որ տեղի պիտի ունենար Դատաստանի Օրը։ Ասիկա եղաւ երբ Յիսուս երկիր եկաւ եւ իր մարդկային կեանքը մեզի համար զոհ մատուցանեց։ Յիսուս անձամբ բացատրեց. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։—Յովհաննու 3։16

Եթէ Յիսուսի հաւատանք, հիմակուընէ իսկ հոգեւոր առումով կ’օգտուինք իր զոհագործութենէն։ Աստուած մեր մեղքերը կը ներէ եւ կ’արտօնէ որ իրեն մօտենանք։ (Յովհաննու 14։6. Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Բայց տակաւին անկատար, մեղաւոր ենք, եւ անոր համար տակաւին ֆիզիքապէս կը հիւանդանանք եւ վերջապէս կը մեռնինք։ Տակաւին Յիսուսի խոստացած յաւիտենական կեանքը չունինք։ Ասիկա պիտի գայ Դատաստանի Օրուընէ ետք։

Դատաստանի Օրը

Յովհաննէս առաքեալ Դատաստանի Օրուան տեսիլքը ունեցաւ եւ հետեւեալ ձեւով նկարագրեց զայն. «Մեծ ճերմակ աթոռ մը տեսայ, որուն վրայ մէկը նստած էր։ Անոր երեսէն երկիր ու երկինք փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինք կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած[ներէն] մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ»։—Յայտնութիւն 20։11, 12

Այո, Յովհաննէսի տեսիլքին համաձայն, Դատաստանի Օրը Աստուծոյ հսկողութեան ներքեւ պիտի ըլլայ։ Բայց ուրիշ մէկն ալ պարփակուած է անոր մէջ։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Ինք [Աստուած] օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց»։ (Գործք 17։31) Ո՞վ էր այդ մարդը։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Հայրը մէ՛կը չի դատեր, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ»։ (Յովհաննու 5։22) Ուստի, Յիսուս պիտի ըլլայ Դատաստանի Օրուան Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Դատաւորը։

Ասիկա բարի լուր մըն է մարդոց համար։ Աւետարանները կը յայտնեն որ Յիսուս շատ կարեկից անհատ մըն էր։ Ան սնապարծ կամ պահանջկոտ չէր, այլ, «հեզ ու սրտով խոնարհ» էր։ (Մատթէոս 11։29. 14։14. 20։34) Ուրախ ենք որ այսպիսի դատաւորի մը ձեռքին մէջն ենք։

Ատիկա Ե՞րբ Պիտի Ըլլայ

Սակայն, Դատաստանի Օրը ե՞րբ պիտի ըլլայ։ Ըստ Յայտնութիւն գրքին, անիկա պիտի ըլլայ երբ ‘երկինք ու երկիր փախին’։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Պետրոս առաքեալի հետեւեալ խօսքերը. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։ (Բ. Պետրոս 3։7) Բառացի երկիրը պիտի այրի՞։ Ոչ, Աստուածաշունչը յստակ է այս կէտին շուրջ։ Բառացի երկիրը բնաւ պիտի չկործանի։ «Երկիրը ... յաւիտեանս յաւիտենից [պիտի] չխախտի»։ (Սաղմոս 104։5) Պետրոսի խօսքերուն բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ թէ ներկայ ամբարիշտ իրերու դրութիւնն է որ պիտի կործանի։ Ամբարիշտ մարդիկը եւ ոչ թէ երկիր մոլորակը պիտի բնաջնջուի։—Յովհաննու 12։31. 14։30. Ա. Յովհաննու 5։19

Այս ամբարիշտ մարդիկը պիտի բնաջնջուին Արմագեդոնին, որու մասին այս պարբերաթերթը յաճախ խօսած է եւ որ շատ շուտով տեղի պիտի ունենայ։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Անկէ ետք, Սատանան անդունդը պիտի ձգուի եւ անոր պիտի արգիլուի մարդկութեան գործերուն խառնուիլ հազար տարի. ուստի, այս հազար տարին Դատաստանի Օրուան տեւողութիւնը պիտի կազմէ։ (Յայտնութիւն 19։17–20։3) Երբ Արմագեդոնին ամբարիշտները կործանին, հաւատարիմներուն ի՞նչ պիտի պատահի։ Անոնք պիտի վերապրին եւ պիտի մտնեն Դատաստանի Օրը։ Այս մասին կը կարդանք. «Կատարեալները անոր [երկրին] մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին»։—Առակաց 2։21, 22

Այս գաղափարը պաշտպանելով, Աստուածաշունչը կը խօսի ‘մեծ բազմութեան մը մասին, զոր մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն’, որոնք Արմագեդոնէն առաջ երկրի վրայ պիտի երեւնային։ Ասոնք ‘մեծ նեղութենէն եկողներն’ են, ուրիշ խօսքով, անոնք կը վերապրին այս ամբարիշտ աշխարհի վախճանէն, ճիշդ ինչպէս որ Նոյ վերապրեցաւ իր օրուան աշխարհի վախճանէն։ (Յայտնութիւն 7։9–17. Բ. Պետրոս 2։5) Գիտէի՞ք որ գործունեայ Քրիստոնեաներու այս միջազգային մեծ բազմութիւնը հիմա իսկ գոյութիւն ունի։ Անոնք կը յուսան վերապրիլ մեծ նեղութենէն եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Անոնց գոյութիւնը վստահ ապացոյց մըն է, թէ Դատաստանի Օրը մօտ է։

Ո՞վ Պիտի Դատուի

Այս մեծ բազմութիւնը պիտի դատուի Դատաստանի Օրը։ Բայց անոնք առանձին պիտի չըլլան։ Յովհաննէս կը շարունակէ ըսել. «Ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 20։13) Ասիկա յաւելեալ փաստ մըն է թէ մարդիկ դժոխքին մէջ յաւիտեան չեն տառապիր։ Եթէ դժոխքը իր մէջի մեռելները կու տայ, ուրեմն անոր մէջ եղողները յաւիտեան հոն չեն մնար։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի դժոխքը, մարդկութեան հասարակ գերեզմանն է, ուր մեռելները անգիտակից կը մնան, յարութեան սպասելով։ Դատաստանի Օրը, դժոխքը ամբողջովին պիտի պարպուի իր մեռելներէն։—Ժողովողի 9։10

Դատաստանի Օրը որո՞նք պիտի յարուցուին։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մեռելներու յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Հետեւաբար, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները՝ «արդարները» պիտի յարուցուին։ Բայց նաեւ անթիւ ուրիշներ՝ «մեղաւորներ»։ Բացայայտօրէն, յարութիւնը իր մէջ պիտի պարփակէ բոլոր գերեզմաններու մէջ եղողները, ի բացառեալ անոնցմէ, որոնց մեղքերը այնքան լուրջ էին որ Աստուած արդէն դատած է զանոնք որպէս կեանքի անարժան եղողներ։—Մատթէոս 12։31

Դատաստանը

Արդ, ի՞նչ կը պատահի վերապրողներու մեծ բազմութեան եւ Դատաստանի Օրը յարուցուողներուն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Գրքերուն մէջ գրուած[ներէն] մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ»։ Ահաւասիկ զննումի շրջան մը։ Անոնք որոնք կը յօժարին ‘գրքերուն մէջ գրուածներուն (հաւանաբար այն ատենուան մարդոց համար Աստուածային պահանջներուն) համեմատ’ վարուիլ, անոնց անունը «կենաց գրքին» մէջ պիտի գրուի։ (Յայտնութիւն 20։12) Անոնք յաւիտենական կեանք ստանալու ճամբուն մէջ պիտի ըլլան։

Ապա վերջապէս, Քրիստոսի զոհաբերական մահը ֆիզիքական օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Անոնց որոնց անունները կենաց գրքին մէջն են, այլեւս հիւանդութեան եւ մահուան անձնատուր պիտի չըլլան։ Ընդհակառակը, անոնք աստիճանաբար մարդկային կատարելութեան պիտի հասնին, յաւիտենական կեանք ունենալով, զոր խոստացուած է բոլոր Յիսուսի հաւատացողներուն։ Ի՜նչ հոյակապ ակնկալութիւն մը։ Այսուհանդերձ, ոմանք պիտի չուզեն հնազանդիլ ‘գրքերուն մէջ գրուածներուն’։ Ի՞նչ պիտի պատահի անոնց։ Անոնք յաւիտենական կեանք պիտի չստանան, այլ՝ ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ»։—Յայտնութիւն 20։15

Ասիկա Քրիստոնեայ Աշխարհին խօսած դժոխքի կրա՞կն է։ Ոչ, քանի որ անոր նախորդող համարին մէջ կը կարդանք. «Մահը եւ դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը»։ (Յայտնութիւն 20։14) Եթէ դժոխքը կրակի լիճին մէջ կը ձգուի, ուրեմն լիճը ինք դժոխքի կրակը չի կրնար ըլլալ։ Ասկէ զատ, մահը շօշափելի բան մը չէ որ առնուի ու տեղ մը ձգուի։ Ուստի, կրակի լիճը փոխաբերական իմաստ մը պէտք է ունենայ։ Ի՞նչ բանի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ասիկա է երկրորդ մահը»։ Երբ մահը եւ Հատէսը կրակի լիճին մէջ կը ձգուին, անոնք կը «մեռնին», գոյութենէ կը դադրին։ Նմանապէս, ըմբոստ մարդիկ, որոնց վախճանը կրակի լիճն է, անոնք ալ կը մեռնին, կամ գոյութենէ կը դադրին։ Սակայն ասիկա երկրորդ մահ մըն է, առանց յարութեան յոյսի։

Դատաստանի Օրը. Յոյսի Ժամանակ Մը

Ուստի, երբ Դատաստանի Օրուան մասին մտածենք, պէտք չէ սարսափինք կամ վանողական նկատենք զայն։ Դատաստանի Օրը յոյսի ժամանակ մըն է, ժամանակ մը, երբ մարդկութեան վերստին պիտի տրուի այն յաւիտենական կեանքը զոր Ադամ կորսնցուց։ Մտիկ ըրէք թէ հաւատարիմ գտնուողներուն ի՛նչ օրհնութիւններ կը սպասեն. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։3, 4

Հազար տարուան Դատաստանի Օրուան աւարտին, աշխարհի բոլոր մասերէն եկող հաւատարիմները վերջապէս կատարեալ պիտի ըլլան։ Անոնք բառին բուն իմաստով պիտի ‘ապրին’ եւ Դատաստանի Օրը իր նպատակին ծառայած պիտի ըլլայ։ (Յայտնութիւն 20։5) Ապա, ըստ Աստուածաշունչին, Սատանային առիթ պիտի տրուի վերջին անգամ ըլլալով մարդոց մօտենալու։ (Յայտնութիւն 20։3, 7–10) Անոնք որոնք անոր կ’ընդդիմանան այդ վերջին ժամանակ, լիովին պիտի վայելեն Աստուածաշունչի հետեւեալ խոստումը. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։29

Դատաստանի Օրը ի՜նչ հոյակապ կարգադրութիւն մըն է։ Իսկ ի՜նչ սքանչելի է որ հիմակուընէ իսկ կրնանք անոր համար պատրաստուիլ, Աստուածաշունչը սերտելով, Աստուծոյ կամքը գիտնալով եւ զայն մեր կեանքերուն մէջ կիրարելով։ Զարմանալի չէ որ սաղմոսերգուն ուրախութիւն յայտնեց Աստուծոյ դատաստանին մասին մտածելով, երբ գրեց. «Երկինք թո՛ղ ուրախանայ ու երկիր ցնծայ. ծովը իր լիութիւնովը թո՛յ գոռայ. դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թո՛ղ ուրախանան. այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան Տէրոջը առջեւ, վասնզի պիտի գայ, վասնզի պիտի գայ երկիրը դատելու»։—Սաղմոս 96։11–13

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել