Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան»
    Դիտարան 1999 | Մայիս 1
    • «Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան»

      «Յիսուս պատասխանեց. ‘. . . Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան, բայց դեռ վերջը չէ’»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։4-6

      1. Ի՞նչ նիւթով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։

      ԱՆԿԱՍԿԱԾ հետաքրքրուած էք ձեր կեանքով ու ձեր ապագայով։ Ուրեմն պէտք է հետաքրքրուած ըլլաք նաեւ նիւթով մը որ Չ. Թ. Ռասըլի ուշադրութիւնը գրաւեց 1877–ին։ Ռասըլ, որ հետագային հիմնեց Դիտարանի Ընկերութիւնը, 64 էջնոց գրքոյկ մը գրեց, Մեր Տիրոջ Վերադարձին Նպատակն ու Կերպը խորագրով որ Յիսուսի վերադարձին կամ ապագայ գալուստին մասին կը խօսէր։ (Յովհաննու 14։3) Առիթով մը, երբ Յիսուս Ձիթենեաց Լերան վրայ նստած էր, առաքեալները իրեն հարցուցին այդ վերադարձին մասին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։3

      2. Յիսուսի նախագուշակածին մասին ինչո՞ւ հակաճառելի շատ տեսակէտներ կան։

      2 Յիսուսի տուած պատասխանը գիտէ՞ք ու զայն կը հասկնա՞ք։ Անիկա կը գտնուի երեք Աւետարաններուն մէջ։ Ուսուցչապետ Տ. Ա. Գարսըն կը նշէ. «Աստուածաշունչի շատ քիչ գլուխներ այսքան հակաճառութեան նիւթ դարձած են մեկնաբանողներու կողմէ, որքան Մատթէոս 24, Մարկոս 13 եւ Ղուկաս 21–ը»։ Ապա ան կու տայ իր անձնական կարծիքը, որ մարդկային տեսակէտներու ուրիշ հակաճառելի հայեցողութիւն մըն է։ Անցեալ դարուն, այսպիսի տեսակէտներէն շատեր հաւատքի պակաս կ’արտացոլացնէին։ Այս տեսակէտները ներկայացնողները այն գաղափարը յայտնեցին թէ Յիսուս բնաւ չէ ըսած ինչ որ Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք, թէ իր խօսքերը հետագային խեղաթիւրուած էին, կամ իր նախագուշակութիւնը ձախողած էր. բարձրագոյն քննադատութեան կողմէ յառաջ քշուած տարբեր տեսակէտներ։ Մեկնաբան մը նոյնիսկ Մարկոսի Աւետարանը դիտեց ‘Մահայանա–Պուտտայական փիլիսոփայութեան ոսպնեակով’։

      3. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կը նկատեն Յիսուսի մարգարէութիւնը։

      3 Ասոնց հակառակը, Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչին հարազատութիւնը եւ վստահելիութիւնը կ’ընդունին, մէջը ըլլալով ինչ որ Յիսուս ըսաւ չորս առաքեալներուն, որոնք իրեն հետ էին Ձիթենեաց Լերան վրայ, իր մահուընէ երեք օր առաջ։ Չ. Թ. Ռասըլի օրերէն ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդը աստիճանաբար աւելի յստակ հասկացողութիւն մը ձեռք ձգած է հոն տուած Յիսուսի մարգարէութեան մասին։ Վերջին քանի մը տարիներուն, Դիտարան–ը տակաւին շատ աւելի յստակացուցած է այս մարգարէութեան նկատմամբ իրենց տեսակէտը։ Այդ տեղեկութիւնը իւրացնելով ձեր կեանքին վրայ անոր ունեցած տպաւորութիւնը տեսա՞ծ էք։a Եթէ կ’ուզէք, դարձեալ աչքէ անցընենք զայն։

      Աղիտալի Կատարում մը Մօտ Ապագային

      4. Առաքեալները հաւանաբար ինչո՞ւ ապագայի մասին Յիսուսի հարցումներ հարցուցին։

      4 Առաքեալները գիտէին որ Յիսուս Մեսիան էր։ Ուստի, երբ անոնք լսեցին որ Յիսուս իր մահուան, յարութեան եւ վերադարձին մասին կը խօսէր, անպայման հարց տուած ըլլալու էին. ‘Եթէ Յիսուս մեռնի եւ երթայ, ի՞նչպէս պիտի կարենայ իրագործել Մեսիայէն ակնկալուած հոյակապ բաները’։ Ասկէ զատ, Յիսուս խօսեցաւ Երուսաղէմի ու անոր տաճարին վախճանին մասին։ Առաքեալները իրենք իրենց հարց տուած ըլլալու էին. ‘Ասիկա ե՞րբ եւ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ’։ Այս բաները հասկնալ փորձելով, առաքեալները հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը»։—Մարկոս 13։4. Մատթէոս 16։21, 27, 28. 23։37–24։2

      5. Յիսուսի ըսածը ի՞նչպիսի կատարում մը ունեցաւ առաջին դարուն։

      5 Յիսուս նախագուշակեց որ պիտի ըլլային պատերազմներ, սովեր, մահտարաժամներ, երկրաշարժներ, Քրիստոնեաներու հանդէպ ատելութիւն ու հալածանք, սուտ Մեսիաներ, եւ Թագաւորութեան բարի լուրին լայնածաւալ քարոզչութիւն։ Ասոնցմէ ետքն էր որ վախճանը պիտի գար։ (Մատթէոս 24։4-14. Մարկոս 13։5-13. Ղուկաս 21։8-19) Յիսուս ասիկա ըսաւ Հ.Դ. 33–ի սկիզբը։ Յաջորդ տասնամեակներու ընթացքին, իր արթուն աշակերտները պիտի գիտակցէին որ նախագուշակուած բաները իրապէս ուշագրաւօրէն տեղի կ’ունենային։ Այո, պատմութիւնը կը փաստէ որ տրուած նշանը այդ ժամանակ կատարում մը ունեցաւ եւ ասիկա Հռովմէացիներու ձեռքով հրէական իրերու դրութեան կործանման առաջնորդեց, Հ.Դ. 66-70–ին։ Ասիկա ի՞նչպէս պատահեցաւ։

      6. Հ.Դ. 66–ին Հռովմէացիներու ու Հրեաներու միջեւ ի՞նչ զարգացաւ։

      6 Հ.Դ. 66–ի Հրէաստանի տաք ամառուան ընթացքին, Հրեայ Նախանձայոյզներ, Երուսաղէմի տաճարին մօտ գտնուող բերդի մը մէջ հռովմէական պահակներուն վրայ յարձակեցան, երկրին ուրիշ մասերուն մէջ ալ բռնութիւն հրահրելով։ Հրեաներուն Պատմութիւնը գրքին մէջ, Ուսուցչապետ Հէնրիխ Կրաթց կը պատմէ. «Սեսդիոս Գաղիոս, որպէս Սուրիոյ Կուսակալ, իր պարտականութիւնն էր հռովմէական բանակին պատիւը պաշտպանել, . . . այլեւս չէր կրնար հանդուրժել իր շուրջ տարածուող ապստամբութեան, որու ականատես էր, առանց անոր յառաջխաղացքը կասեցնելու ջանք մը թափելու։ Ան իր լեգէոնները հաւաքեց, իսկ շրջակայ պետութիւնները սիրայօժար կերպով իրենց բանակները ղրկեցին»։ 30,000 հոգիէ բաղկացած այս բանակը, պաշարեց Երուսաղէմը։ Քիչ մը կռուելէ ետք, Հրեաները տաճարին մօտ գտնուող պարիսպներուն ետին քաշուեցան։ «Յաջորդական հինգ օրերու ընթացքին, Հռովմէացիները յարձակեցան պարսպին վրայ, բայց միշտ ստիպուեցան նահանջել, Յուդայականներու նետարձակութեան դիմաց։ Միայն վեցերորդ օրն էր որ անոնք յաջողեցան Տաճարին դիմացի հիւսիսային պարիսպին մէկ մասին տակէն փորել»։

      7. Յիսուսի աշակերտները ինչո՞ւ հարցերը շատ մը Հրեաներէն տարբեր կերպով կը տեսնէին։

      7 Միայն խորհեցէք թէ Հրեաները որքա՜ն շփոթած ըլլալու էին, քանի որ միշտ կը խորհէին որ Աստուած զիրենք եւ իրենց սուրբ քաղաքը պիտի պաշտպանէր։ Յիսուսի աշակերտները սակայն, կանխազդարարուած էին որ Երուսաղէմի մեծ չարիք կը սպասէր։ Յիսուս նախագուշակած էր. «Օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ»։ (Ղուկաս 19։43, 44) Բայց անիկա Հ.Դ. 66–ին Երուսաղէմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն համա՞ր ալ մահ պիտի նշանակէր։

      8. Յիսուս ի՞նչ չարիք նախագուշակեց, եւ որո՞նք էին «ընտրեալներ»ը, որոնց համար օրերը պիտի կարճեցուէին։

      8 Երբ Ձիթենեաց Լերան վրայ առաքեալներուն կը պատասխանէր, Յիսուս նախագուշակեց. «Այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ Եթէ Տէրը այն օրերը չկարճեցնէ, բնաւ մարմին մը պիտի չապրի։ Բայց ընտրեալներուն համար որոնք ընտրեց՝ այն օրերը կարճեցուց»։ (Մարկոս 13։19, 20. Մատթէոս 24։21, 22) Ուստի, օրերը պիտի կարճեցուէին եւ «ընտրեալներ»ը պիտի փրկուէին։ Որո՞նք էին այս ընտրեալները։ Վստահաբար ապստամբ Հրեաները չէին, որոնք կը դաւանէին Եհովան պաշտել, բայց անոր Որդին մերժած էին։ (Յովհաննու 19։1-7. Գործք 2։22, 23, 36) Այն ատեն ճշմարիտ ընտրեալները, որպէս Մեսիա կամ Փրկիչ Յիսուսի հաւատք ընծայող Հրեաները եւ ոչ–Հրեաներն էին։ Աստուած այսպիսիները ընտրած էր եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, զանոնք ձեւակերպած էր որպէս հոգեւոր նոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը։—Գաղատացիս 6։16. Ղուկաս 18։7. Գործք 10։34-45. Ա. Պետրոս 2։9

      9, 10. Հռովմէացիներու յարձակման օրերը ի՞նչպէս ‘կարճեցուեցան’ եւ ի՛նչ արդիւնքով։

      9 Օրերը ‘կարճեցուելով’ Երուսաղէմի օծեալ ընտրեալները փրկուեցա՞ն։ Ուսուցչապետ Կրաթց կը թելադրէ. «[Սեսդիոս Գաղիոս] իմաստութիւն չհամարեց հերոս մոլեռանդներու դէմ կռիւը շարունակել եւ այդ եղանակին երկար արշաւի մը ձեռնարկել, երբ աշնան անձրեւները շուտով պիտի սկըսէին . . . թերեւս բանակին պաշար հասնելուն արգելք ըլլալով։ Հաւանաբար, անոր համար ան աւելի խոհեմութիւն նկատեց նահանջել»։ Ինչ որ ալ ըլլար Սեսդիոս Գաղիոսի խորհուրդը, հռովմէական բանակը քաղաքէն նահանջեց, զիրենք հետապնդող Հրեաներուն կողմէ ծանր վնասներ կրելով։

      10 Հռովմէացիներու այդ անակնկալ նահանջը թոյլ տուաւ որ «մարմին մը»՝ Երուսաղէմի մէջ վտանգուած Յիսուսի աշակերտները՝ փրկուէր։ Պատմութիւնը կ’ըսէ թէ երբ պատեհութեան այս դուռը բացուեցաւ, Քրիստոնեաները այդ շրջանէն փախան։ Ապագան գիտնալու եւ իր երկրպագուներուն վերապրումը ապահովելու աստուածային կարողութեան ի՜նչ հոյակապ ցուցադրութիւն։ Սակայն Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ մնացած անհաւատ Հրեաներուն ի՞նչ պիտի պատահէր։

      Ժամանակակիցները Պիտի Տեսնէին

      11. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ «այս սերունդ»ին մասին։

      11 Հրեաներէն շատեր կը խորհէին որ տաճարին շուրջ կեդրոնացած իրենց պաշտամունքի դրութիւնը անվերջ պիտի շարունակուէր։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Թզենիէն . . . սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը [«սերունդը», Անթիլիաս] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան։ Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։—Մատթէոս 24։32-35

      12, 13. Աշակերտները ի՞նչպէս հասկցած ըլլալու էին Յիսուսի ակնարկած «այս սերունդը»։

      12 Հ.Դ. 66–ին առաջնորդող տարիներուն, Քրիստոնեաները տեսած ըլլալու էին բաղադրեալ նշանին նախնական շատ մը մասերուն կատարուիլը. պատերազմներ, սովեր, նոյնիսկ Թագաւորութեան բարի լուրին լայնածաւալ քարոզչութիւնը։ (Գործք 11։28. Կողոսացիս 1։23) Սակայն, վախճանը ե՞րբ պիտի գար։ Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Այս սերունդը [Յունարէն կէ·նէ·իա] պիտի չանցնի»։ Յիսուս իրեն ժամանակակից հակառակորդ Հրեաները, մէջը ըլլալով անոնց կրօնական առաջնորդները, յաճախ կոչած էր «չար եւ շնացող ազգ [«սերունդ», Անթիլիաս]»։ (Մատթէոս 11։16. 12։39, 45. 16։4. 17։16. 23։36) Ուստի, երբ Ձիթենեաց Լերան վրայ ան դարձեալ խօսեցաւ «այս սերունդ»ին մասին, ան բացայայտօրէն ամբողջ պատմութեան ընթացքին հրէական համայն ցեղին չակնարկեց. ոչ ալ ակնարկեց իր հետեւորդներուն, հակառակ անոր որ անոնք «ընտիր ցեղ մըն» էին։ (Ա. Պետրոս 2։9) Ոչ ալ Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ «այս սերունդը» ժամանակաշրջան մըն է։

      13 Ընդհակառակը, Յիսուս ի մտի ունէր այն ատենուան հակառակորդ Հրեաները, որոնք իր տուած նշանին կատարման ականատես պիտի ըլլային։ Ղուկաս 21։32–ի (Անթիլիաս) «այս սերունդը» ակնարկումին մասին, Ուսուցչապետ Ճոէլ Պ. Կրին կը նշէ. «Երրորդ Աւետարանին մէջ, ‘այս սերունդը’ (եւ կապակից նախադասութիւնները) միշտ կը նշէ մարդոց դասակարգ մը, որ Աստուծոյ նպատակին ընդդիմացած է։ . . . [Անիկա կ’ակնարկէ] այն մարդոց, որոնք յամառօրէն կռնակ կը դարձնեն աստուածային նպատակին»։b

      14. Այդ «սերունդը» ի՞նչ բանի փորձառութիւնը ունեցաւ, սակայն Քրիստոնեաներուն համար արդիւնքը ի՞նչպէս տարբեր եղաւ։

      14 Հրեայ հակառակորդներու չար սերունդը, որոնք կրնային տեսնել կատարուող նշանը, պիտի տեսնէին նաեւ վախճանը։ (Մատթէոս 24։6, 13, 14) Ա՛յսպէս ալ եղաւ։ Հ.Դ. 70–ին, Վեսպասիանոս Կայսրի որդւոյն՝ Տիտոսի գլխաւորութեամբ հռովմէական բանակը վերադարձաւ։ Դարձեալ քաղաքին մէջ խռնուած Հրեաներուն տառապանքը գրեթէ անհաւատալի էր։c Ականատես Փլավիոս Յովսեպոս կը տեղեկագրէ որ Հռովմէացիները քաղաքը կործանած ժամանակ, շուրջ 1,100,000 Հրեաներ մեռան եւ 100,000 ալ գերի տարուեցան, որոնցմէ շատերը ահաւոր կերպով բնաջնջուեցան անօթութենէ կամ հռովմէական թատրոններուն մէջ։ Արդարեւ, Հ.Դ. 66-70–ի նեղութիւնը մեծագոյնն էր զոր Երուսաղէմ կամ հրէական դրութիւնը տեսաւ կամ կրնայ տեսնել։ Քրիստոնեաներուն համար արդիւնքը որքա՜ն տարբեր էր, որոնք Յիսուսի մարգարէական ազդարարութեան ականջ տալով Երուսաղէմէն հեռացած էին Հ.Դ. 66–ին հռովմէական բանակներուն մեկնումէն ետք։ Օծեալ Քրիստոնեաները՝ «ընտրեալներ»ը ‘ապրեցան’ կամ փրկուեցան Հ.Դ. 70–ին։—Մատթէոս 24։16, 22

      Գալիք Ուրիշ Կատարում մը

      15. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուսի մարգարէութիւնը Հ.Դ. 70–էն ետք աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենար։

      15 Սակայն, այսքանով չվերջացաւ։ Յիսուս նախապէս նշած էր որ քաղաքը կործանուելէ ետք, դարձեալ պիտի գար Եհովայի անունով։ (Մատթէոս 23։38, 39. 24։2) Ապա ասիկա աւելի յստակացուց Ձիթենեաց Լերան վրայ իր տուած մարգարէութեան մէջ։ ‘Մեծ նեղութեան’ գալը յիշելէ ետք, ան ըսաւ որ անոր պիտի յաջորդէր սուտ Քրիստոսներու յայտնուիլը եւ Երուսաղէմ ազգերու կողմէ երկար ժամանակ ոտից կոխան պիտի ըլլար։ (Մատթէոս 24։21, 23-28. Ղուկաս 21։24) Կրնա՞յ ըլլալ որ ուրիշ եւ աւելի մեծ կատարում մը տակաւին գալու էր։ Իրողութիւնները այո՛ կը պատասխանեն։ Երբ Յայտնութիւն 6։2-8–ը (որ Հ.Դ. 70–ի Երուսաղէմի նեղութենէն ետք գրուեցաւ) բաղդատենք Մատթէոս 24։6-8 եւ Ղուկաս 21։10, 11–ի հետ, կը տեսնենք որ պատերազմը, սովերը եւ պատուհասները աւելի մեծ տարողութեամբ տակաւին գալիք էին։ Յիսուսի խօսքերուն այս աւելի մեծ կատարումը տեղի կ’ունենայ 1914–ին Առաջին Աշխարհամարտը ծագելէն ասդին։

      16-18. Տակաւին ի՞նչ բանի կատարումը կը սպասենք։

      16 Հիմա տասնամեակներէ ի վեր, Եհովայի Վկաները սորվեցուցած են որ նշանին ընթացիկ կատարումը կը փաստէ որ «մեծ նեղութիւնը» տակաւին մեր դիմաց է։ Ներկայ չար «սերունդը» պիտի տեսնէ այդ նեղութիւնը։ Այնպէս կը թուի որ դարձեալ անիկա նախնական փուլի մէջ պիտի մտնէ (ամբողջ սուտ կրօնքին վրայ յարձակում մը), ճիշդ ինչպէս որ Հ.Դ. 66–ին Գաղիոսի յարձակումը նեղութեան դուռը բացաւ Երուսաղէմի վրայ։d Ապա, ժամանակը չսահմանուած միջոցէ մը ետք, վախճանը՝ համաշխարհային տարողութեամբ կործանումը՝ պիտի գայ, համապատասխանելով Հ.Դ. 70–ի կործանման։

      17 Մեր դիմաց եղող նեղութեան ակնարկելով, Յիսուս ըսաւ. «Այն նեղութեան օրերէն [սուտ կրօնքի կործանումէն] յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։—Մատթէոս 24։29, 30

      18 Ուստի, Յիսուս ինք կ’ըսէ որ «այն նեղութեան օրերէն յետոյ», որոշ ձեւի երկնային անսովոր երեւոյթներ տեղի պիտի ունենան։ (Համեմատել՝ Յովելեայ 2։28-32. 3։15։) Ասիկա այնքան պիտի ապշեցնէ ու ցնցէ անհնազանդ մարդկութիւնը, որ անոնք «կոծ պիտի ընեն»։ Շատերու «սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն»։ Բայց ճշմարիտ Քրիստոնեաները այս պարագային մէջ պիտի չիյնան։ Անոնք իրենց ‘գլուխները պիտի բարձրացնեն, վասն զի իրենց փրկութիւնը կը մօտենայ’։—Ղուկաս 21։25, 26, 28

      Մօտալուտ Դատաստանը

      19. Ոչխարներու ու այծերու առակին կատարման ժամանակը ի՞նչպէս կրնանք սահմանել։

      19 Նկատի առէք որ Մատթէոս 24։29-31–ը կը նախագուշակէ որ (1) Որդին մարդոյ կու գայ, (2) այս գալը մեծ փառքով պիտի ըլլայ, (3) հրեշտակները իրեն հետ պիտի ըլլան, եւ (4) երկրի բոլոր ազգերը պիտի տեսնեն զինք։ Յիսուս ոչխարներու ու այծերու իր առակին մէջ այս երեսակները կը կրկնէ։ (Մատթէոս 25։31-46) Հետեւաբար, կրնանք եզրակացնել որ այս առակը կը կիրարկուի նեղութեան ծագման սկիզբին յաջորդող ժամանակին, երբ Յիսուս իր հրեշտակներով պիտի գայ եւ իր աթոռին վրայ նստի՝ դատելու համար։ (Յովհաննու 5։22. Գործք 17։31. համեմատել՝ Գ. Թագաւորաց 7։7. Դանիէլ 7։10, 13, 14, 22, 26. Մատթէոս 19։28։) Որո՞նք պիտի դատուին եւ ի՛նչ հետեւանքով։ Առակը ցոյց կու տայ որ Յիսուս իր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէ բոլոր ազգերուն, որպէս թէ անոնք իր երկնային գահին առջեւ հաւաքուած ըլլան։

      20, 21. (ա) Յիսուսի առակին ոչխարներուն ի՞նչ վիճակուած է։ (բ) Ապագային՝ այծերը ի՞նչ բանի փորձառութիւնը պիտի ունենան։

      20 Ոչխարանման այրեր ու կիներ Յիսուսի հաճութեան աջ կողմը պիտի զատուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք իր եղբայրներուն՝ Քրիստոսի երկնային Թագաւորութեան մասնակից ըլլալիք օծեալ Քրիստոնեաներուն՝ բարիք ընելու առիթը օգտագործած էին։ (Դանիէլ 7։27. Եբրայեցիս 2։9–3։1) Առակին հետ համընթաց ըլլալով, ոչխարանման միլիոնաւոր Քրիստոնեաներ Յիսուսի հոգեւոր եղբայրները ճանչցած են, եւ անոնց նեցուկ կանգնելու համար աշխատած են։ Որպէս հետեւանք, մեծ բազմութիւնը՝ «մեծ նեղութենէն» վերապրելու ու յաւիտեան Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային ծիրին, Դրախտին մէջ ապրելու, Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած յոյսը ունի։—Յայտնութիւն 7։9, 14. 21։3, 4. Յովհաննու 10։16

      21 Այծերը ի՜նչ տարբեր վախճան մը պիտի ունենան։ Անոնք Մատթէոս 24։30–ի մէջ նկարագրուած են, որպէս Յիսուսի եկած ժամանակ ‘կոծ ընողներ’։ Պատճառ ունին կոծ ընելու, քանի որ անոնք Թագաւորութեան բարի լուրը մերժելու, Յիսուսի աշակերտներուն հակառակելու եւ վաղանցիկ աշխարհը նախընտրելու գէշ արձանագրութիւնը շինած են իրենց համար։ (Մատթէոս 10։16-18. Ա. Յովհաննու 2։15-17) Ոչ թէ երկրի վրայ իր աշակերտները, հապա Յիսուս անձամբ կ’որոշէ թէ որոնք այծեր են։ Անոնց մասին ան կ’ըսէ. «Անոնք պիտի երթան յաւիտենական պատիժի»։—Մատթէոս 25։46, Անթիլիաս։

      22. Յիսուսի մարգարէութեան ո՞ր մասը մեր յաւելեալ ուշադրութեան արժանի է։

      22 Մատթէոս 24 եւ 25–րդ գլուխներու մարգարէութեան հասկացողութեան մէջ մեր յառաջդիմելը ցնծալի եղած է մեզի համար։ Սակայն, Յիսուսի մարգարէութեան մէկ մասը կայ որ մեր յաւելեալ ուշադրութեան արժանի է. ‘աւերմունքին պղծութիւնը որ սուրբ տեղը կեցած է’։ Յիսուս քաջալերեց իր հետեւորդները որ այս ուղղութեամբ ներատեսութիւն գործածեն եւ գործի լծուելու պատրաստ ըլլան։ (Մատթէոս 24։15, 16, ՆԱ) Ի՞նչ է «պղծութիւնը»։ Անիկա ե՞րբ սուրբ տեղը կը կենայ։ Իսկ մեր ներկայ ու ապագայ կեանքի ակնկալութիւնները ի՞նչպէս անկէ կախեալ են։ Յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի ասոնց մասին։

      [Ստորանիշներ]

      a Տես՝ Դիտարան 1 Մայիս 1994, 1 Յունուար, 1 Մարտ եւ 1 Նոյեմբեր 1996–ի ուսումնասիրութեան նիւթերը։

      b Բրիտանացի ուսումնական Ճ. Ռ. Պիսլի–Մըռէյ դիտել կու տայ. «‘Այս սերունդը’ արտայայտութիւնը մեկնաբաններուն համար դժուարութիւն պէտք չէ յարուցանէ։ Թէեւ ընդունելի է որ նախկին Յունարէնին մէջ կէ·նէ·իա կը նշանակէր ծնունդ, զաւակ եւ հետեւաբար՝ ազգ, . . . [Եօթանասնից–ի Յունարէնին] մէջ անիկա յաճախ Եբրայերէն տոր արտայայտութեան տեղ թարգմանուած է, որ կը նշանակէ տարիք, մարդկութեան տարիքը, կամ սերունդ՝ ժամանակակիցներու իմաստով։ . . . Յիսուսի վերագրուած արտայայտութիւններուն մէջ, այս բառը երկու իմաստ կը թուի ունենալ. մէկ կողմէն անիկա միշտ կը նշանակէ իր ժամանակակիցները, իսկ միւս կողմէ, անիկա միշտ իր մէջ կը բովանդակէ լռելեայն քննադատութիւն»։

      c Հրեաներուն Պատմութիւնը գրքին մէջ, Ուսուցչապետ Կրաթց կ’ըսէ որ Հռովմէացիներ երբեմն օրական 500 բանտարկեալներ կը ցցահանէին։ Ուրիշ բռնուած Հրեաներուն ձեռքերը կը կտրէին եւ ետ քաղաք կը ղրկէին։ Հոն ի՞նչ վիճակներ կը տիրէին։ «Դրամը իր արժէքը կորսնցուցած էր, քանի որ անով հաց չէին կրնար գնել։ Փողոցներուն մէջ մարդիկ յուսահատօրէն զզուելի եւ նողկալի ուտելիքի, ափ մը յարդի, կաշիի կտորի մը, կամ շուներուն նետուած փորոտիքի համար կը կռուէին։ . . . Անթաղ դիակներուն հետզհետէ աւելցող թիւը ամառնային հեղձուցիչ օդը համաճարակային վիճակի հասցուցած էր եւ ժողովուրդը հիւանդութեան, սովի ու սուրի զոհ գնաց»։

      d Յաջորդ յօդուածը կը խօսի ապագայ նեղութեան այս երեսակին մասին։

      Կը Յիշէ՞ք

      ◻ Մատթէոս 24։4-14–ը ի՞նչ կատարում ունեցաւ առաջին դարուն։

      ◻ Առաքեալներուն ժամանակ, օրերը ի՞նչպէս կարճեցուեցան ու մարմին մը փրկուեցաւ, ինչպէս նախագուշակուած էր Մատթէոս 24։21, 22–ի մէջ։

      ◻ Մատթէոս 24։34–ի մէջ յիշուած «սերունդը» ի՞նչ բանով յատկորոշուած է։

      ◻ Ի՞նչպէս գիտենք թէ Ձիթենեաց Լերան վրայ տրուած մարգարէութիւնը ուրիշ եւ աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենայ։

      ◻ Ոչխարներու ու այծերու առակը ե՞րբ եւ ի՛նչպէս պիտի կատարուի։

      [Նկար՝ էջ 18]

      Հռովմի մէջ Տիտոսի Կամարէն մանրամասնութիւններ, որոնք ցոյց կու տան Երուսաղէմի կործանումէն բերուած աւարները

      [Նկարին աղբիւրը]

      Soprintendenza Archeologica di Roma

  • «Ով որ կարդայ, թող հասկնայ»
    Դիտարան 1999 | Մայիս 1
    • «Ով որ կարդայ, թող հասկնայ»

      «Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ . . . թէ սուրբ տեղը կը կենայ . . . այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։15, 16

      1. Ղուկաս 19։43, 44–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի տուած ազդարարութեան հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

      ՄՕՏԱԼՈՒՏ չարիքի մը մասին նախապէս ազդարարուած ըլլալը կրնայ օգնել մեզի որ անկէ խուսափինք։ (Առակաց 22։3) Ուստի, պահ մը երեւակայեցէք Երուսաղէմի մէջ գտնուած Քրիստոնեաներուն կացութիւնը, Հ.Դ. 66–ի հռովմէական յարձակումէն ետք։ Յիսուս ազդարարած էր որ քաղաքը պիտի շրջապատուէր ու կործանուէր։ (Ղուկաս 19։43, 44) Հրեաներէն շատեր կարեւորութիւն չտուին անոր։ Բայց իր աշակերտները ուշադրութիւն ընծայեցին իր ազդարարութեան։ Որպէս հետեւանք, անոնք Հ.Դ. 70–ի չարիքէն փրկուեցան։

      2, 3. Մատթէոս 24։15-21–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի մարգարէութեամբ ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք։

      2 Ներկայիս, մեզի հետ առնչութիւն ունեցող մարգարէութեան մը մէջ, Յիսուս բաղադրեալ նշան մը ուրուագծեց, որ իր մէջ կը պարփակէր պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ, մահտարաժամներ, եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզող Քրիստոնեաներուն դէմ հալածանք։ (Մատթէոս 24։4-14. Ղուկաս 21։10-19) Վախճանին մօտ ըլլալը գիտնալու համար Յիսուս կծիկին թելը տուաւ իր աշակերտներուն ձեռքը. ‘աւերմունքի պղծութիւնը սուրբ տեղը պիտի կենար’։ (Մատթէոս 24։15) Հիմա այս իմաստալից խօսքերը վերաքննենք, տեսնելու համար թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան ազդել մեր կեանքին՝ հիմա եւ ապագային։

      3 Նշանը ուրուագծելէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Ուստի երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ, թող հասկնայ). այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին։ Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու։ Ան որ արտին մէջ է, թող ետ չդառնայ իր հանդերձները առնելու։ Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ Աղօթք ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ, ոչ ալ շաբաթ օրը. Քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։15-21

      4. Ի՞նչ բան կը նշէ որ Մատթէոս 24։15–ը կատարում մը ունեցաւ առաջին դարուն։

      4 Մարկոսի ու Ղուկասի տեղեկութիւնները յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հայթայթեն։ Հոն ուր Մատթէոս կ’ըսէ «սուրբ տեղը կը կենայ», Մարկոս 13։14–ը (Անթիլիաս) կ’ըսէ. «կանգնած հոն՝ ուր պէտք չէր կանգնէր»։ Ղուկաս 21։20–ը Յիսուսի խօսքերուն վրայ հետեւեալը կ’աւելցնէ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է»։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ առաջին կատարումը կապ ունէր Երուսաղէմի ու անոր տաճարին վրայ հռովմէական յարձակման հետ, որ սկսաւ Հ.Դ. 66–ին։ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը սուրբ վայր մըն էին Հրեաներուն համար, բայց անոնք այլեւս սուրբ չէին Եհովայի աչքին։ Ամբողջական աւերումը տեղի ունեցաւ երբ Հռովմէացիները կործանեցին քաղաքն ու տաճարը՝ Հ.Դ. 70–ին։ Այն ատեն ի՞նչ էր «պղծութիւնը»։ Իսկ անիկա ի՞նչպէս ‘սուրբ տեղը կեցաւ’։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզի պիտի օգնեն որ արդի կատարումը աւելի յստակօրէն հասկնանք։

      5, 6. (ա) Դանիէլի 9–րդ գլուխը կարդացողները ինչո՞ւ ներատեսութեան կարիքը ունին։ (բ) ‘Պղծութեան’ մասին Յիսուսի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։

      5 Յիսուս ընթերցողները յորդորեց որ ներատես ըլլան։ Ի՞նչ բան կարդացողները։ Հաւանաբար Դանիէլի 9–րդ գլուխը։ Հոն մարգարէութիւն մը կը գտնենք, ուր կը նշէ Մեսիայի յայտնուելու ժամանակը, եւ կը նախագուշակէ որ անկէ երեքուկէս տարի ետք ան «պիտի կտրուի»։ Մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Պղծութեան թեւին վրայ աւերողը պիտի գայ, մինչեւ որ աւերուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի»։—Դանիէլ 9։26, 27, ստորանիշ. տես նաեւ՝ Դանիէլ 11։31. 12։11։

      6 Հրեաները խորհեցան որ ասիկա շուրջ 200 տարիներ առաջ Անտիոքոս Դ. կողմէ տաճարի սրբապղծութեան կը կիրարկուէր։ Բայց Յիսուս ցոյց տուաւ որ այդ չէր պարագան, յորդորելով որ անհատներ ներատեսութիւն գործածեն, քանի որ «պղծութիւնը» տակաւին պիտի գար եւ «սուրբ տեղը» պիտի կենար։ Բացայայտ էր որ Յիսուս հռովմէական բանակին կ’ակնարկէր, որ Հ.Դ. 66–ին յատկանշական զինանշաններով պիտի գար։ Այսպիսի զինանշաններ, որոնք անցեալին կը գործածուէին, իսկական կուռքեր էին եւ Հրեաներուն համար՝ զզուելի։a Արդ, Հռովմէացի զինուորները ե՞րբ ‘սուրբ տեղը կեցան’։ Ասիկա տեղի ունեցաւ, երբ հռովմէական բանակը իր զինանշաններով, Երուսաղէմի ու անոր տաճարին վրայ յարձակեցաւ, որոնք Հրեաներուն աչքին սուրբ նկատուած էին։ Հռովմէացիները նոյնիսկ սկսան տաճարի շրջանին պարիսպին տակէն փորել։ Իրապէս, ինչ որ միշտ պիղծ համարուած էր, հիմա սուրբ տեղը կեցած էր։—Եսայեայ 52։1. Մատթէոս 4։5. 27։53. Գործք 6։13

      Արդի «Պղծութիւն»

      7. Մեր օրերուն Յիսուսի ո՞ր մարգարէութիւնը կատարում մը կ’ունենայ։

      7 Առաջին Աշխարհամարտէն ի վեր, Մատթէոս 24–րդ գլուխի մէջ արձանագրուած Յիսուսի նշանին աւելի մեծ կատարումը տեսած ենք։ Սակայն, անգամ մը եւս յիշենք իր խօսքերը. «Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ . . . թէ սուրբ տեղը կը կենայ . . . այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին»։ (Մատթէոս 24։15, 16) Մարգարէութեան այս երեսակը մեր օրերուն ալ կատարում մը պէտք է ունենայ։

      8. Եհովայի Վկաները տարիներէ ի վեր ներկայ «պղծութիւնը» ի՞նչպէս բնորոշած են։

      8 Այս մարգարէութեան կատարման վրայ Եհովայի ծառաներուն վստահութիւնը ցոյց տալով, 1 Յունուար 1921–ի Դիտարան–ը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց անոր վրայ, Միջին Արեւելքի անցուդարձերուն կապակցաբար։ Հետագային, Դիտարան–ը, իր 15 Դեկտեմբեր 1929–ի համարին էջ 374–ի վրայ, վճռականօրէն ըսաւ. «Ազգերու Դաշնակցութեան ամբողջ միտումն է մարդիկը հեռացնել Աստուծմէ եւ Քրիստոսէն, հետեւաբար անիկա աւերիչ բան մըն է, Սատանայի հնարքն է եւ Աստուծոյ աչքին՝ նողկալի բան մը»։ Ուստի, 1919–ին «պղծութիւնը» երեւան եկաւ։ Ժամանակի ընթացքին, Ազգերու Դաշնակցութիւնը փոխարինուեցաւ Միացեալ Ազգերով։ Եհովայի Վկաները շատոնց խաղաղութեան այս կազմակերպութիւնները բնորոշած են որպէս Աստուծոյ աչքին պիղծ նկատուած բաներ։

      9, 10. Մեծ նեղութեան նախկին հասկացողութիւնը ի՞նչպէս ‘պղծութեան’ սուրբ տեղը կենալուն ժամանակին նկատմամբ մեր տեսակէտին ազդած էր։

      9 Նախորդ յօդուածը աւելի յստակ կերպով ամփոփեց Մատթէոս 24 եւ 25–րդ գլուխներուն մեծ մասը։ ‘Սուրբ տեղը կեցած պղծութեան’ մասին կարգ մը յստակացումներ տեղի՞ն են։ Երեւութապէս այո։ Յիսուսի մարգարէութիւնը՝ ‘սուրբ տեղը կենալը’ սերտօրէն կը կապէ նախագուշակուած ‘նեղութեան’ պայթելուն հետ։ Ուստի, հակառակ անոր որ «պղծութիւնը» շատոնց առկայ է, սակայն, անոր ‘սուրբ տեղը կենալուն’ եւ մեծ նեղութեան միջեւ եղող կապը պէտք է ազդէ մեր մտածելակերպին։ Ի՞նչպէս։

      10 Անցեալին, Աստուծոյ ժողովուրդը հասկցած էր որ մեծ նեղութիւնը իր սկզբնական փուլին մէջ մտաւ 1914–ին եւ անիկա վերջ պիտի գտնէ Արմագեդոնի պատերազմով։ (Յայտնութիւն 16։14, 16. համեմատել՝ 1 Ապրիլ 1939–ի Դիտարան–ին հետ, էջ 110։) Ուստի, կրնանք հասկնալ թէ ժամանակին ինչո՛ւ կը կարծուէր որ արդի «պղծութիւնը» Առաջին Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք՝ սուրբ տեղը պիտի կենար։

      11, 12. 1969–ին, մեծ նեղութիւնը ո՞ր բարեճշդուած տեսանկիւնէն ներկայացուեցաւ։

      11 Սակայն, վերջին տարիներուն հարցերը ուրիշ անկիւնէ սկսանք դիտել։ Հինգշաբթի 10 Յուլիս 1969–ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ, «Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ» Միջազգային Համաժողովին, Ֆ. Ու. Ֆրանզ, որ այդ ժամանակ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան փոխնախագահն էր, չափազանց ոգեւորիչ դասախօսութիւն մը տուաւ։ Յիսուսի մարգարէութեան նախկին հասկացողութիւնը վերաքաղ ընելով, Եղբայր Ֆրանզ ըսաւ. «Այն բացատրութիւնը տրուած էր թէ ‘մեծ նեղութիւնը’ սկսաւ Հ.Դ. 1914–ին, բայց թոյլ չտրուեցաւ որ անիկա իր ամբողջական ընթացքը կատարէ այն ատեն, հապա Աստուած Առաջին Աշխարհամարտը կասեցուց 1918–ի Նոյեմբերին։ Անկէ ի վեր, Արմագեդոնի պատերազմով ‘մեծ նեղութիւնը’ իր վերջին փուլին մէջ բերելէն առաջ, Աստուած ժամանակամիջոց մը թոյլատրած է ընտրեալ Քրիստոնեաներու իր օծեալ մնացորդին գործունէութեան համար»։

      12 Ապա յատկանշականօրէն բարեճշդուած բացատրութիւն մը մատուցուեցաւ. «Առաջին դարու դէպքերուն հետ համապատասխանելու համար, . . . հակատիպ ‘մեծ նեղութիւնը’ չսկսաւ Հ.Դ. 1914–ին։ Այլ, 1914-1918–ին Երուսաղէմի արդի հակատիպին վրայ եկածը պարզապէս ‘ցաւերուն սկիզբն’ էր . . . ‘Մեծ նեղութիւնը’, որու նմանը պիտի չըլլայ, տակաւին մեր դիմաց է, քանի որ անիկա սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան (Քրիստոնեայ Աշխարհն ալ ներառեալ) կործանումը կը նշանակէ, որու պիտի յաջորդէ ‘Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուան պատերազմը’՝ Արմագեդոնը»։ Ասիկա կը նշանակէր թէ ամբողջ մեծ նեղութիւնը տակաւին մեր դիմաց էր։

      13. Ինչո՞ւ տրամաբանական է ըսել որ «պղծութիւնը» ‘սուրբ տեղը կենալը’ տակաւին ապագային պիտի ըլլայ։

      13 Ասիկա ուղղակիօրէն կապ ունի ‘պղծութեան’ սուրբ տեղը կենալուն ժամանակը հասկնալուն հետ։ Յիշեցէք ինչ որ տեղի ունեցաւ առաջին դարուն։ Հռովմէացիները յարձակեցան Երուսաղէմի վրայ Հ.Դ. 66–ին, բայց անակնկալօրէն քաշուեցան, թոյլ տալով որ Քրիստոնեայ «մարմին մը» փրկուի։ (Մատթէոս 24։22) Նոյն կերպով, կ’ակնկալենք որ շուտով մեծ նեղութիւնը սկսի, բայց անիկա պիտի կարճեցուի Աստուծոյ ընտրեալներուն սիրոյն։ Նկատի առէք հետեւեալ գլխաւոր կէտը. Անցեալի օրինակին մէջ, ‘սուրբ տեղը կեցող պղծութիւնը’ կապուած էր Հ.Դ. 66–ին Զօրավար Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ հռովմէական յարձակման հետ։ Այդ յարձակման արդի զուգահեռը՝ մեծ նեղութեան պայթիլը, տակաւին մեր դիմաց է։ Ուստի, «աւերմունքին պղծութիւնը» որ 1919–էն ի վեր գոյութիւն ունի, փաստացիօրէն տակաւին սուրբ տեղ մը պիտի կենայ։b Ասիկա ի՞նչպէս տեղի պիտի ունենայ եւ մենք ի՞նչպէս կրնանք անկէ ազդուիլ։

      Ապագայ Յարձակում մը

      14, 15. Յայտնութիւն 17–րդ գլուխը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ հասկնալու Արմագեդոնին առաջնորդող դէպքերը։

      14 Յայտնութիւն գիրքը կը նկարագրէ ապագայ կործանարար յարձակում մը սուտ կրօնքին վրայ։ 17–րդ գլուխը կ’ուրուագծէ Աստուծոյ դատաստանին գործադրութիւնը «Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը» եղող սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան վրայ։ Քրիստոնեայ Աշխարհը անոր հիմնական տարրն է եւ կը դաւանի Աստուծոյ հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ ըլլալ։ (Համեմատել՝ Երեմեայ 7։4։) Սուտ կրօնքները, մէջը ըլլալով Քրիստոնեայ Աշխարհը, երկար ժամանակէ ի վեր անօրէն յարաբերութիւն մը ունին ‘երկրի թագաւորներուն’ հետ, բայց այդ կրօնքներուն աւերումով, ասիկա վերջ պիտի գտնէ։ (Յայտնութիւն 17։2, 5) Որո՞ւ ձեռքով։

      15 Յայտնութիւնը կը նկարագրէ «կարմիր գազան» մը, որ ժամանակ մը առկայ էր, ապա կ’անյայտանայ եւ յետոյ դարձեալ երեւան կ’ելլէ։ (Յայտնութիւն 17։3, 8) Աշխարհի կառավարիչները նեցուկ կը կանգնին այս գազանին։ Մարգարէութեան մէջ հայթայթուած մանրամասնութիւնները կ’օգնեն մեզի որ այս այլաբանական գազանը ճանչնանք, որպէս խաղաղութեան կազմակերպութիւն մը որ գոյութիւն ունեցաւ 1919–ին, Ազգերու Դաշնակցութիւն («պղծութիւն» մը) անուան ներքեւ եւ հիմա կը կոչուի Միացեալ Ազգեր։ Յայտնութիւն 17։16, 17–ը ցոյց կու տայ թէ Աստուած տակաւին, այս «գազան»ին մէջ կարկառուն եղող մարդկային կարգ մը կառավարիչներուն սրտին մէջ պիտի դնէ որ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը աւերեն։ Ա՛յդ յարձակումը մեծ նեղութեան սկիզբը պիտի նշէ։

      16. Կրօնքի հանդէպ ի՞նչ ուշագրաւ փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան։

      16 Քանի որ մեծ նեղութիւնը տակաւին ապագային պիտի սկսի, արդեօք ‘սուրբ տեղը կենալը’ տակաւին մեր դիմա՞ց է։ Բացայայտօրէն այո։ Թէեւ «պղծութիւնը» այս դարուն սկիզբը երեւան եկաւ, եւ թէ հիմա տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունի, բայց անիկա մօտ ապագային անզուգական կերպով «սուրբ տեղը» պիտի կենայ։ Ճիշդ ինչպէս որ առաջին դարու Քրիստոսի հետեւորդները մեծ հետաքրքրութեամբ սպասած ըլլալու էին թէ ‘սուրբ տեղը կենալը’ ինչպէս պիտի ըլլար. նոյնն է պարագան արդի Քրիստոնեաներուն։ Ճիշդ է որ պէտք է սպասենք, տեսնելու համար անոր ժամանակակից կատարման ամբողջ մանրամասնութիւնները։ Սակայն, նկատելիօրէն կարգ մը երկիրներու մէջ կրօնքի հանդէպ հակակրանքը հետզհետէ կը շատնայ։ Քաղաքական կարգ մը տարրեր, ճշմարիտ հաւատքէն հեռացած նախկին Քրիստոնեաներու համագործակցութեամբ ընդհանուր կրօնքին՝ եւ մասնաւորաբար ճշմարիտ Քրիստոնեաներու հանդէպ, թշնամանք կը հրահրեն։ (Սաղմոս 94։20, 21. Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21) Հետեւաբար, քաղաքական հեղինակութիւններ արդէն ‘Գառնուկին հետ կը պատերազմին’ եւ ինչպէս Յայտնութիւն 17։14 ցոյց կու տայ այս պայքարը պիտի սաստկանայ։ Թէեւ անոնք բառացիօրէն չեն կրնար ձեռք զարնել Աստուծոյ Գառնուկին՝ Յիսուս Քրիստոսի, իր բարձրացեալ ու փառաւոր դիրքին մէջ, անոնք տակաւին իրենց հակառակութիւնը պիտի թափեն Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուներուն՝ մասնաւորաբար իր «սուրբերուն» վրայ։ (Դանիէլ 7։25. համեմատել՝ Հռովմայեցիս 8։27. Կողոսացիս 1։2. Յայտնութիւն 12։17։) Աստուած մեզ կը վստահեցնէ որ Գառնուկը ու անոր հետ եղողները պիտի յաղթեն։—Յայտնութիւն 19։11-21

      17. Առանց կտրական ըլլալու, ի՞նչ կրնանք ըսել «պղծութիւնը» ի՛նչպէս սուրբ տեղը կենալուն մասին։

      17 Գիտենք որ սուտ կրօնքին կործանում կը սպասէ։ Մեծ Բաբելոնը ‘սուրբերուն արիւնովը գինովցած է’ եւ որպէս թագուհի վարուած է, բայց անոր կործանումը ստոյգ է։ Երկրի թագաւորներուն վրայ անոր ունեցած պիղծ ազդեցութիւնը յանկարծ վայրագ ատելութեան պիտի փոխուի, ‘տասը եղջիւրներուն եւ գազանին’ կողմէ։ (Յայտնութիւն 17։6, 16. 18։7, 8) Երբ «կարմիր գազանը» կրօնական պոռնիկին վրայ յարձակում գործէ, «պղծութիւնը» սպառնագին պիտի կենայ Քրիստոնեայ Աշխարհի այդպէս կոչուած սուրբ տեղը։c Այս կերպով, ինքզինք սուրբ նկատող անհաւատ Քրիստոնեայ Աշխարհի աւերումը պիտի սկսի։

      ‘Փախչիլ’—Ի՞նչպէս

      18, 19. Ի՞նչ պատճառներ տրուած են, ցոյց տալու համար թէ ‘լեռները փախչիլը’ կրօնք փոխել պիտի չնշանակէ։

      18 ‘Պղծութիւնը սուրբ տեղը կենալուն’ մասին գուշակելէ ետք, Յիսուս ազդարարեց որ ասիկա տեսնողները գործի լծուին։ Արդեօք ըսել ուզեց որ այդ ուշ ժամանակին՝ երբ «պղծութիւնը» ‘սուրբ տեղը կենայ’՝ շատեր սուտ կրօնքէն փախչելով ճշմարիտ պաշտամո՞ւնքը պիտի ընդունին։ Ասիկա կարելի չէ։ Առաջին կատարումը նկատի առէք։ Յիսուս ըսաւ. «Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու։ Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ Աղօթք ըրէք, որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ»։—Մարկոս 13։14-18

      19 Յիսուս չըսաւ որ միայն Երուսաղէմի մէջ եղողները պէտք էր անկէ ելլէին, այնպէս մը հասկցնելով թէ անոնք հրէական պաշտամունքի կեդրոնէն պէտք էր հեռանային. Ան իր ազդարարութեան մէջ կրօնք փոխելու ակնարկութիւն ալ չըրաւ, թելադրելով որ սուտը ձգեն ու ճշմարիտին յարին։ Յիսուսի աշակերտները մէկ կրօնքը ձգելով ուրիշի մը երթալու ազդարարութեան կարիքը չունէին, քանի որ արդէն ճշմարիտ Քրիստոնեաներ եղած էին։ Իսկ Հ.Դ. 66–ի յարձակումը, Երուսաղէմի ու ամբողջ Հրէաստանի մէջ Հրէականութեան հետեւողները չդրդեց որ այդ կրօնքը լքեն ու Քրիստոնէութիւնը ընդունին։ Ուսուցչապետ Հէնրիխ Կրաթց կ’ըսէ թէ փախչող Հռովմէացիները հալածողները քաղաք վերադարձան. «Նախանձայոյզները՝ ցնծութեամբ եւ բարձրաձայն ռազմական երգեր երգելով, Երուսաղէմ վերադարձան (Հոկտեմբեր 8–ին), իրենց սիրտը կը տրոփէր ազատութեան ու անկախութեան ուրախ յոյսով։ . . . Աստուած ինչպէս օգնած էր իրենց նախահայրերուն, նոյն կերպով իրենց ալ գթառատօրէն չէ՞ր օգնած։ Նախանձայոյզներուն սրտերուն մէջ ապագայի վախ չկար»։

      20. Առաջին դարու աշակերտները լեռները փախչելու Յիսուսի ազդարարութեան ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

      20 Ուստի, բաղդատաբար փոքր թիւով ընտրեալները այն ատեն ի՞նչպէս ընդառաջեցին Յիսուսի խրատին։ Հրէաստանէն հեռանալով եւ անդր–Յորդանանի լեռները փախչելով, անոնք ցոյց տուին թէ քաղաքական ու կրօնական գետնի վրայ իրենք հրէական դրութեան մաս չէին կազմեր։ Անոնք դաշտեր ու տուներ լքեցին, նոյնիսկ առանց իրենց ինչքերը հաւաքելու իրենց տուներէն։ Եհովայի պաշտպանութեան ու պահպանութեան ապաւինելով, անոնք իր պաշտամունքը կարեւոր նկատուած որեւէ բանէ առաջ դրին։—Մարկոս 10։29, 30. Ղուկաս 9։57-62

      21. Երբ «պղծութիւնը» յարձակում գործէ, ի՞նչ պէտք չէ ակնկալենք։

      21 Հիմա նկատի առէք աւելի մեծ կատարումը։ Բազմաթիւ տասնամեակներէ ի վեր մարդոց կը յորդորենք որ սուտ կրօնքէն դուրս գան եւ ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրեն։ (Յայտնութիւն 18։4, 5) Միլիոնաւորներ ասիկա ըրած են։ Յիսուսի մարգարէութիւնը չի նշեր որ մեծ նեղութիւնը սկսելուն պէս, մարդկային զանգուածներ մաքուր պաշտամունքին պիտի դառնան. վստահաբար Հրեաներուն մէջ զանգուածային հաւատափոխութիւն չեղաւ Հ.Դ. 66–ին։ Սակայն, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Յիսուսի ազդարարութիւնը կատարելու եւ փախչելու մեծ դրդապատճառ մը պիտի ունենան։

      22. Լեռները փախչելու Յիսուսի խրատը կիրարկելը ի՞նչ կրնայ պարփակել։

      22 Ներկայիս մեծ նեղութեան մասին ամէն մանրամասնութիւն չենք կրնար ունենալ, բայց տրամաբանօրէն կրնանք եզրակացնել թէ մեզի համար Յիսուսի ըսած փախչիլը՝ աշխարհագրական առումով պիտի չըլլայ։ Աստուծոյ ժողովուրդը արդէն ամբողջ երկրագունդին վրայ կը գտնուի, գրեթէ ամէն անկիւն։ Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ որ երբ հարկ ըլլայ փախչիլ, Քրիստոնեաները պէտք է շարունակեն որոշ տարբերութիւն մը պահպանել իրենց եւ կրօնական կեղծ կազմակերպութիւններուն միջեւ։ Նշանակալից է նաեւ Յիսուսի ազդարարութիւնը որ տուն չդառնանք հագուստ կամ ուրիշ որեւէ իր առնելու համար։ (Մատթէոս 24։17, 18) Ուստի, նիւթական բաներու հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտը պիտի փորձուի. արդեօք մեզի համար անոնք ամենակարեւոր բանե՞րն են, թէ ոչ Աստուծոյ կողմը դիրք բռնողներուն համար եղած փրկութեան աւելի կարեւորութիւն կու տանք։ Այո, մեր փախչիլը թերեւս կարգ մը նեղութիւններ ու զրկանքներ պատճառէ մեզի։ Հարկ եղածը ընելու պատրաստ պէտք է ըլլանք, ինչպէս ըրին առաջին դարուն մեր համանմանները, որոնք Հրէաստանէն անդր–Յորդանան գտնուող Բերիա փախան։

      23, 24. (ա) Միայն ո՞ւր կրնանք պաշտպանութիւն գտնել։ (բ) ‘Սուրբ տեղը կեցող պղծութեան’ մասին Յիսուսի ազդարարութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

      23 Պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր ապաստանը միշտ Եհովան ու իր լեռնանման կազմակերպութիւնն է։ (Բ. Թագաւորաց 22։2, 3. Սաղմոս 18։2. Դանիէլ 2։35, 44) Հո՛ն է որ պաշտպանութիւն պիտի գտնենք։ Մենք մնացեալ մարդիկը պիտի չընդօրինակենք, որոնք պիտի փախչին «քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներու»՝ մարդկային կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւններու դիմելով, որոնք Մեծ Բաբելոնի աւերումէն ետք թերեւս քիչ մը ատեն պիտի մնան։ (Յայտնութիւն 6։15. 18։9-11) Ճիշդ է որ երթալով աւելի դժուար ժամանակներ պիտի ըլլան, ինչպէս Հ.Դ. 66–ին եղած ըլլալու էր, Հրէաստանէն փախչող յղի կիներուն եւ ցուրտ ու անձրեւոտ եղանակին ոեւէ ճամբորդողի համար։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած վերապրումը կարելի պիտի դարձնէ։ Ուստի, մեր վստահութիւնը հիմա իսկ զօրացնենք Եհովայի՝ ինչպէս նաեւ իր Որդւոյն հանդէպ, որ հիմա Թագաւորութեան Թագաւորն է։

      24 Գալիք բաներուն վախով ապրելու պէտք չունինք։ Յիսուս չուզեց որ առաջին դարուն իր աշակերտները վախնային, ոչ ալ կ’ուզէ որ մենք վախնանք հիմա, ոչ ալ գալիք օրերուն։ Ան մեզ զգուշացուց, որպէսզի մեր սրտերն ու միտքերը պատրաստենք։ Վստահ ենք որ հնազանդ Քրիստոնեաները պիտի չպատժուին, երբ սուտ կրօնքին եւ մնացեալ ամբարիշտ դրութեան վրայ կործանում գայ։ Անոնք պիտի հասկնան եւ ‘սուրբ տեղը կեցող պղծութեան’ մասին տրուած ազդարարութեան պիտի անսան։ Անոնք իրենց անսասան հաւատքով վճռական կերպով պիտի վարուին։ Բնաւ չմոռնանք Յիսուսի խոստումը. «Ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի»։—Մարկոս 13։13

      [Ստորանիշներ]

      a «Հռովմէական դրօշները կրօնական ակնածութեամբ Հռովմի տաճարներուն մէջ կը պահուէին. իսկ իրենց զինանշաններուն հանդէպ այս ժողովուրդին ունեցած ակնածանքը ուրիշ ազգերու դէմ տարուած յաղթանակներուն համաձայն կ’աւելնար . . . [Զինուորներուն համար անիկա] հաւանաբար, երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող ամենասուրբ բանն էր։ Հռովմէացի զինուորը իր զինանշանով երդում կ’ընէր»։—Պրիթանիքա Համայնագիտարանը, ԺԱ. Հրատարակութիւն։

      b Պէտք է նկատի առնել թէ մինչ Հ.Դ. 66-70–ին կատարուած Յիսուսի խօսքերը կրնան մեզի օգնել հասկնալու թէ մեծ նեղութեան ատեն անոնք ի՛նչպէս պիտի կատարուին, բայց երկու կատարումները չեն կրնար ճշգրտօրէն յարանման ըլլալ, քանի որ տարբեր ենթահողերու վրայ կը կատարուին անոնք։

      c Տես՝ Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1975 (Անգլերէն), էջ 741-744։

      Կը Յիշէ՞ք

      ◻ «Աւերմունքին պղծութիւնը» ի՞նչպէս ի յայտ եկաւ առաջին դարուն։

      ◻ Ինչո՞ւ տրամաբանական է խորհիլ որ արդի «պղծութիւնը» ապագային սուրբ տեղ մը պիտի կենայ։

      ◻ «Պղծութիւնը» ի՞նչ յարձակում պիտի գործէ, ըստ Յայտնութեան։

      ◻ Թերեւս մեզմէ ի՞նչպիսի ‘փախչիլ’ պահանջուի։

      [Նկար՝ էջ 24]

      Մեծ Բաբելոնը կոչուած է ‘պոռնիկներու մայրը’

      [Նկար՝ էջ 25]

      Յայտնութիւն 17–րդ գլուխի կարմիր գազանը Յիսուսի ակնարկած «պղծութիւն»ն է

      [Նկար՝ էջ 26]

      Կարմիր գազանը կործանարար յարձակում մը պիտի գործէ կրօնքին վրայ

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել