Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թկ գլ. 14 էջ 166-175
  • Հաւատարիմ՝ միա՛յն Աստուծոյ կառավարութեան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հաւատարիմ՝ միա՛յն Աստուծոյ կառավարութեան
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարց մը կարեւոր կը դառնայ
  • Հակառակութիւններու «գետ» մը
  • ‘Երկիրը կը կլլէ գետը’
  • Հայրենասիրական արարողութիւններու հարցը
  • Չէզոքութիւնը միութեան կ’առաջնորդէ
  • Ազատօրէն Աստուած պաշտելու համար պայքարիլ
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Թագաւորութեան քարոզիչները դատարան կը դիմեն
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • «Պատերազմը Եհովայինն է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
թկ գլ. 14 էջ 166-175

ԳԼՈՒԽ 14

Հաւատարիմ՝ միա՛յն Աստուծոյ կառավարութեան

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Թագաւորութեան հաւատարիմ մնալով՝ Աստուծոյ ժողովուրդը աշխարհի մէկ մասը չի կազմեր

1, 2. ա) Մինչեւ օրս, ո՞ր սկզբունքը Յիսուսի հետեւորդները առաջնորդած է։ բ) Թշնամիները ինչպէ՞ս փորձած են մեր վրայ յաղթանակ տանիլ եւ ի՞նչ արդիւնքով։

ԵՐԲ Յիսուս կեցած էր Պիղատոսին առջեւ,– հրեայ ազգին ամէնէն ազդու դատաւորը,– նշեց սկզբունք մը՝ որ մինչեւ օրս իր հետեւորդները կ’առաջնորդէ։ «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ», ըսաւ ան։ «Եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ» (Յովհ. 18։36)։ Պիղատոս Յիսուսը մահուան դատապարտեց, բայց անոր տարած յաղթանակը երկար չտեւեց։ Յիսուս յարութիւն առաւ։ Յետագային հզօր Հռոմի կայսրերը ջանք թափեցին Քրիստոսի հետեւորդները բնաջնջելու, բայց ի զուր։ Քրիստոնեաները Թագաւորութեան պատգամը ամբողջ աշխարհին մէջ տարածեցին (Կող. 1։23)։

2 1914–ին Թագաւորութիւնը հաստատուելէ ետք, պատմութեան ամէնէն զօրեղ կարգ մը զինուորական ուժերը ջանացին Աստուծոյ ժողովուրդը մէջտեղէն վերցնել։ Բայց ատոնցմէ ո՛չ մէկը կրցաւ մեր վրայ յաղթանակ տանիլ։ Բազմաթիւ կառավարութիւններ եւ կուսակցութիւններ փորձեցին մեզ ստիպել որ իրենց բախումներուն մէջ կողմ բռնենք։ Բայց անոնք չյաջողեցան մեզ բաժնել։ Հակառակ անոր որ տարբեր երկիրներու մէջ կ’ապրինք, մենք համաշխարհային եղբայրութեամբ միացած ենք եւ աշխարհի քաղաքական հարցերուն մէջ ամբողջովին չէզոք կը մնանք։ Մեր միութիւնը յստակ ապացոյց է թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ եւ թէ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս կը շարունակէ իր հպատակները առաջնորդել, զտել եւ պաշտպանել։ Նկատի առ թէ ան այս մէկը ինչպէ՛ս ըրած է, եւ կարդա՛ կարգ մը հաւատք զօրացնող օրինական յաղթանակներու մասին, որոնք մեզի շնորհած է՝ մինչ կը շարունակենք ‘աշխարհէն չըլլալ’ (Յովհ. 17։14)։

Հարց մը կարեւոր կը դառնայ

3, 4. ա) Թագաւորութեան ծնունդին ատեն ի՞նչ դէպքեր պատահեցան։ բ) Աստուծոյ ժողովուրդը մի՞շտ լիովին հասկցած է չէզոքութեան հարցը. բացատրէ՛։

3 Թագաւորութեան ծնունդէն ետք, երկնքի մէջ պատերազմ մը ծագեցաւ եւ Սատանան երկիր ձգուեցաւ (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։7-10, 12)։ Երկրի վրայ ալ ծագեցաւ պատերազմ մը, որ Աստուծոյ ժողովուրդին վճռականութիւնը փորձի տակ առաւ։ Անոնք վճռած էին Յիսուսի օրինակին հետեւիլ եւ աշխարհին մէկը մասը չըլլալ։ Բայց սկիզբը անոնք լիովին չէին հասկցած թէ քաղաքական հարցերուն մէջ չէզոք մնալը ճիշդ ի՛նչ կը նշանակէր։

4 Օրինակ, Հազարամեայ արշալոյս–ին 6–րդ հատորը, որ հրատարակուեցաւ 1904–ին, քրիստոնեաները քաջալերեց, որ պատերազմներուն չմասնակցինa։ Բայց անիկա ըսաւ որ եթէ քրիստոնեայ մը զինուորագրուի, պէտք է ջանայ ոչ–պատերազմական ծառայութիւններ կատարել։ Իսկ եթէ այդ մէկը ձախողի եւ ան պատերազմելու ուղարկուի, պէտք է զգոյշ ըլլայ որ մէ՛կը չսպաննէ։ Այդ ժամանակուան մասին խօսելով՝ Հէրպէրթ Սինեըր,– որ Բրիտանիոյ մէջ կ’ապրէր եւ 1905–ին մկրտուեցաւ,– ըսաւ. «Եղբայրները շփոթած էին եւ յստակ ուղղութիւն մը չկար թէ արդեօք ճի՛շդ է բանակին միանալ՝ ոչ–պատերազմական ծառայութիւններ կատարելու համար»։

5. Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 1915 թիւը ինչպէ՞ս սկսաւ չէզոքութեան հարցը յստակացնել։

5 Բայց Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 1915 թիւը սկսաւ այս հարցին շուրջ մեր հասկացողութիւնը յստակացնել։ Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութիւններ գրքին մէջ նշուած ուղղութիւններուն նկատմամբ անիկա ըսաւ. «Կը կասկածինք որ այսպիսի ընթացք մը զիջումներ ընել չի պարփակեր»։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ քրիստոնեային սպառնան որ զինք պիտի գնդակահարեն, եթէ զինուորական տարազ չհագուի եւ զինուորական ծառայութենէն խուսափի։ Յօդուածը պատճառաբանեց. «Ո՞ր մէկը աւելի լաւ է. սպաննուիլ Խաղաղութեան Իշխանին հանդէպ հաւատարիմ գտնուելուն եւ անոր հնազանդելո՞ւն համար, թէ ոչ սպաննուիլ մինչ այս աշխարհի թագաւորներուն կ’աջակցինք, եւ դիտորդներուն այնպէս թուի թէ մեր երկնաւոր Թագաւորին ուսուցումներուն մէջ զիջումներ կ’ընենք։ Երկուքէն կ’ընտրենք առաջինը. սպաննուիլ մեր Թագաւորին հաւատարիմ գտնուելուն համար»։ Հակառակ անոր որ այդ խօսքերը ազդու էին, յօդուածը եզրափակեց. «Մենք այս ընթացքը չենք պարտադրեր։ Զայն պարզապէս կ’առաջարկենք»։

6. Եղբայր Հէրպէրթ Սինեըրին օրինակէն ի՞նչ սորվեցար։

6 Կարգ մը եղբայրներ յստակ կերպով հասկցան չէզոքութեան հարցը եւ պատրաստ էին հետեւանքները կրելու։ Վերոնշեալ Հէրպէրթ Սինեըր ըսաւ. «Ինծի համար տարբերութիւն չկար փամփուշտները նաւէն իջեցնելուն [ոչ–պատերազմական ծառայութիւն] եւ զանոնք հրացաններու մէջ դնելուն միջեւ» (Ղուկ. 16։10)։ Քանի՛ որ ան մերժեց զինուորական ծառայութեան մասնակցիլ, բանտարկուեցաւ։ Եղբայր Սինեըր եւ 4 այլ եղբայրներ 16 առարկուներէ բաղկացած խումբի մը մէջ էին, որ նաեւ կը պարփակէր տարբեր կրօնքներէ անհատներ՝ որոնց խղճմտանքը չէր ներեր որ զինուորական ծառայութեան մասնակցին։ Անոնք ժամանակ մը Բրիտանիոյ Ռիչմընտ բանտին մէջ մնացին։ Անգամ մը, եղբայր Հէրպէրթ եւ ուրիշներ նաւով գաղտնաբար ուղարկուեցան Ֆրանսայի պատերազմի ճակատ։ Հոն, անոնք դատապարտուեցան թէ պիտի գնդակահարուին։ Ինք եւ ուրիշներ գնդակահարող ջոկատին առջեւ շարուեցան, բայց այդ վճիռը չգործադրուեցաւ։ Փոխարէն անոնց դատապարտութիւնը եղաւ 10 տարուան բանտարկութիւն։

Սայմըն Քրէյքըր

«Հասկցայ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք է ամէնուն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւններ պահպանէ, նո՛յնիսկ պատերազմներու ժամանակ»Սայմըն Քրէյքըր (Տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ հասկցաւ։

7 Երբ Բ. Աշխարհամարտը պայթեցաւ, Եհովայի ժողովուրդը աւելի յստակ կերպով հասկցաւ թէ ի՛նչ կը նշանակէ չէզոք մնալ եւ թէ Յիսուսի օրինակին հետեւիլը ի՛նչ կը պահանջէ (Մատ. 26։51-53. Յովհ. 17։14-16. Ա. Պետ. 2։21)։ Օրինակ, Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 1939 թիւը կը բովանդակէր «Չէզոքութիւն» խորագրով կարեւոր յօդուած մը, որ նշեց. «Այն սկզբունքը՝ որով Եհովայի ժողովուրդը պէտք է առաջնորդուի, ազգերու պատերազմին ընթացքին չէզոք մնալն է»։ Այդ յօդուածին նկատմամբ, Սայմըն Քրէյքըր,– որ յետագային ծառայեց Պրուքլինի կեդրոնատեղիին մէջ, Նիւ Եորք,– ըսաւ. «Հասկցայ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք է ամէնուն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւններ պահպանէ, նո՛յնիսկ պատերազմներու ժամանակ»։ Այդ հոգեւոր սնունդը ճիշդ ժամանակին տրուեցաւ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեց, որ պատրաստուի դիմագրաւելու աննախադէպ յարձակում մը, որ Թագաւորութեան հանդէպ իր հաւատարմութիւնը փորձի տակ պիտի դնէր։

Հակառակութիւններու «գետ» մը

8, 9. Յովհաննէս առաքեալի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

8 Յովհաննէս առաքեալ մարգարէացաւ թէ Թագաւորութեան ծնունդէն ետք, վիշապը՝ Բանսարկու Սատանան՝ պիտի ջանայ Աստուծոյ Թագաւորութեան համակիրները բնաջնջել՝ իր բերնէն այլաբանական գետ մը վազցնելով (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։9, 15)b։ Յովհաննէսի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։ 1920–ական թուականներէն սկսեալ, Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ բուռն հակառակութիւն մը եղաւ։ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ապրող բազմաթիւ ուրիշ եղբայրներու նման, եղբայր Քրէյքըր բանտարկուեցաւ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ մնալուն պատճառաւ։ Պատերազմին ժամանակ, ԱՄՆ–ի բանտերուն մէջ, Եհովայի վկաները կազմեցին աւելի քան երկու երրորդը այն բանտարկուած մարդոց, որոնք կրօնական համոզումներու պատճառաւ մերժեցին պատերազմներու մասնակցիլ։

9 Բանսարկուն եւ իր գործակալները մտադրած էին Թագաւորութեան հպատակներուն ուղղամտութիւնը բեկանել, ո՛ւր որ ալ անոնք կ’ապրէին։ Ափրիկէի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոնք դատարաններու եւ ներումի դիմումներ քննող յանձնախումբերու առջեւ տարուեցան։ Չէզոք մնալու իրենց անխախտ վճռականութեան պատճառաւ, անոնք բանտարկուեցան, ծեծուեցան եւ հաշմանդամ դարձան։ Գերմանիոյ մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդը մեծ ճնշումի ենթարկուեցաւ, քանի որ մերժեց «Հայլ Հիթլեր» ըսել կամ պատերազմի մասնակցիլ։ Նացիական շրջանին շուրջ 6000 անհատներ բանտարկութեան դատապարտուեցան եւ աւելի քան 1600 գերմանացի եւ ոչ–գերմանացի Վկաներ մահացան՝ զիրենք չարչարողներուն ձեռքին տակ։ Ասով հանդերձ, Բանսարկուն չկրցաւ յարատեւ վնաս հասցնել Աստուծոյ ժողովուրդին (Մար. 8։34, 35)։

«ԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄԵՌԱՒ»

Կէրհարտ Շթայնաքըր

Բ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻՆ, Վկաները նացի Գերմանիոյ մէջ փոքրամասնութիւն մըն էին։ Պատմաբան Տեթլէֆ Կարպէ կը գրէ թէ հակառակ այդ իրողութեան, «զինուորական դատարաններու մէջ որպէս խղճմտանքի առարկու դատապարտուողներուն մեծամասնութիւնը. . . Եհովայի վկայ էր»։ Աւստրիայէն 19 տարեկան Կէրհարտ Շթայնաքըր անոնցմէ մէկն էր։ Բ. Աշխարհամարտը սկսելէն քանի մը օր ետք, նացի հեղինակութիւնները զինք ձերբակալեցին, քանի որ մերժեց գերմանական բանակին միանալ։

Նոյեմբեր 1939–ին, Կէրհարտ մահուան դատապարտուեցաւ։ Այդ ամիս բանտէն գրեց. «Բան մը չեմ ուզեր, բայց միայն՝ Աստուծոյ փառք բերել, անոր պատուիրանները պահել եւ իրմէ խնդրել որ մեզ ընդունի իր Թագաւորութեան մէջ, ուր յաւիտենական կեանք եւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»։

29 մարտ 1940–ին, մահապատիժի ենթարկուելէ մէկ օր առաջ, Կէրհարտ իր ծնողքին հրաժեշտի տողեր գրեց՝ ըսելով. «Դեռ պզտիկ եմ։ Միայն եթէ Տէրը ոյժ տայ, կրնամ տոկալ. եւ ատիկա միակ խնդրանքս է»։ Յաջորդ առաւօտ շուրջ ժամը 6–ին ան մահապատիժի ենթարկուեցաւ, թերեւս գլխատուելով։ Իր դամբանագիրին վրայ գրուած է. «Ան Աստուծոյ փառքին համար մեռաւ»։

‘Երկիրը կը կլլէ գետը’

10. «Երկիրը» ի՞նչ կը ներկայացնէ եւ ինչպէ՞ս Աստուծոյ ժողովուրդին ի նպաստ միջամտած է։

10 Յովհաննէս առաքեալին արձանագրած մարգարէութիւնը յայտնեց թէ «երկիրը»,– այս աշխարհի տարրերը, որոնք աւելի տրամաբանող են,– պիտի կլլէ հալածանքի «գետը», այսպիսով Աստուծոյ ժողովուրդին օգնութեան հասնելով։ Մարգարէութեան այս մասը ինչպէ՞ս կատարուած է։ Բ. Աշխարհամարտին յաջորդող տասնամեակներուն, «երկիրը» յաճախ միջամտած է ի նպաստ մեսիական Թագաւորութեան հաւատարիմ համակիրներուն (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։16)։ Օրինակ, զանազան հեղինակաւոր դատարաններ պաշտպանած են զինուորական ծառայութիւն մերժելու եւ հայրենասիրական արարողութիւններու չմասնակցելու Եհովայի վկաներուն իրաւունքը։ Նախ նկատի առ կարգ մը գլխաւոր յաղթանակներ, որոնք Եհովան իր ժողովուրդին շնորհած է զինուորական ծառայութեան հարցով (Սաղ. 68։20)։

11, 12. Եղբայր Սիքըրէլլա եւ եղբայր Թլիմմէնոս ի՞նչ խնդիր դիմագրաւեցին եւ ի՞նչ արդիւնքով։

11 Միացեալ Նահանգներ։ Էնթընի Սիքըրէլլան Վկայ զոյգի մը 6 զաւակներէն մէկն էր։ 15 տարեկանին, ան մկրտուեցաւ։ Երբ 21 տարեկան դարձաւ, զինուորագրական խորհուրդին մօտ իր անունը արձանագրեց որպէս կրօնական ծառայ։ Երկու տարի ետք, 1950–ին, ան խնդրեց որ դարձեալ իր անունը արձանագրուի որպէս խղճմտանքի առարկու։ Թէեւ Հետաքննութեան դաշնակցային գրասենեակը (FBI) խնդիր մը չգտաւ, բայց արդարադատութեան նախարարութիւնը անոր խնդրանքը մերժեց։ Դատը հասաւ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ատեան, որ մերժեց նախադատ ատեանին որոշումը եւ եղբայր Սիքըրէլլային ի նպաստ վճիռ արձակեց։ Այս վճիռը նախադէպ հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու այլ քաղաքացիներու, որոնք զինուորական ծառայութեան խղճմտանքի առարկուներ էին։

12 Յունաստան։ 1983–ին, Իաքովոս Թլիմմէնոս դատապարտուեցաւ որպէս ըմբոստ, քանի որ կը մերժէր զինուորական տարազ հագուիլ. ուստի բանտարկուեցաւ։ Ազատ արձակուելէ ետք, ան հաշուապահութեան դիմումնագիր մը ներկայացուց, բայց մերժուեցաւ՝ քրէական անցեալ (criminal record) ունենալուն պատճառաւ։ Եղբայրը դատարան դիմեց, բայց յունական դատարաններու մէջ իր դատը կորսնցնելէ ետք, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) դիմեց։ 2000–ին, ՄԻԵԴ–ի Մեծ պալատը, որ կազմուած է 17 դատաւորներէ, իրեն ի նպաստ վճիռ արձակեց. ինչ որ խտրականութեան դէմ որպէս նախադէպ ծառայեց։ Այս վճիռէն առաջ, Յունաստանի մէջ աւելի քան 3500 եղբայրներ քրէական անցեալ ունէին, քանի որ չէզոքութիւն պահպանելու համար բանտարկուած էին։ Բայց եղբօր ի նպաստ եղած այդ որոշումէն ետք, Յունաստան դրաւ օրէնք մը, որ բոլոր եղբայրները քրէական ամբաստանութիւններէ անմեղ սեպեց։ Իսկ երբ Յունաստանի սահմանադրութիւնը վերատեսութեան ենթարկուեցաւ, վերահաստատուեցաւ քանի մը տարի առաջ ընդունուած այն օրէնքը, որ Յունաստանի բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունք կու տայ այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութիւն ընել։

Իվայլօ Սթեֆանով

«Դատարան մտնելէ առաջ ջերմեռանդօրէն Եհովային աղօթեցի, եւ զգացի թէ ան ինծի հանդարտութիւն տուաւ»Իվայլօ Սթեֆանով (Տե՛ս պարբերութիւն 13)

13, 14. Ի՞նչ կը սորվինք Իվայլօ Սթեֆանովի եւ Վահան Պայաթեանի դատերէն։

13 Պուլկարիա։ 1994–ին, Իվայլօ Սթեֆանովը 19 տարեկան էր երբ զինուորական ծառայութեան կանչուեցաւ։ Ան մերժեց բանակին միանալ կամ զինուորական վերահսկողութեան ներքեւ ոչ–պատերազմական ծառայութիւններ կատարել։ Սթեֆանով 18 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, բայց խղճմտանքի հիման վրայ պատերազմի չմասնակցելու իր իրաւունքը պաշտպանելու համար՝ վճիռը բողոքարկեց։ Ի վերջոյ իր դատը հասաւ ՄԻԵԴ։ 2001–ին, դատը լսուելէ առաջ, Պուլկարիոյ կառավարութիւնը խաղաղ համաձայնութեան մը եկաւ եղբայր Սթեֆանովի հետ։ Պուլկարական կառավարութիւնը ներում շնորհեց ոչ միայն եղբայր Սթեֆանովին, այլ նաեւ՝ բոլոր պուլկարացի քաղաքացիներուն, որոնք կը փափաքէին այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութիւն ընելc։

14 Հայաստան։ 2001–ին, Վահան Պայաթեան պարտադիր զինուորական ծառայութեան կանչուեցաւd։ Ան խղճմտանքի հիման վրայ առարկեց եւ մերժեց մասնակցիլ, բայց տեղական դատարաններու մէջ ամէն բողոքարկում կորսնցուց։ Սեպտեմբեր 2002–ին, ան դատապարտուեցաւ երկուք ու կէս տարուան բանտարկութեան, բայց տասնուկէս ամիս ետք՝ ազատ արձակուեցաւ։ Այդ ժամանակ, ան բողոքարկեց ՄԻԵԴ–ին մօտ, որ իր դատը լսեց։ Բայց 27 հոկտեմբեր 2009–ին այդ դատարանն ալ իրեն դէմ վճիռ արձակեց։ Այդ վճիռը մեծ հարուած մըն էր Հայաստանի եղբայրներուն համար, որոնք նոյն պարագան կը դիմագրաւէին։ Բայց ՄԻԵԴ–ի Մեծ պալատը վճիռը վերատեսութեան ենթարկեց։ 7 յուլիս 2011–ին, դատարանը Պայաթեանին ի նպաստ վճիռ արձակեց։ Ասիկա առաջին անգամն էր որ ՄԻԵԴ–ը ընդունեց թէ մտքի, խիղճի եւ կրօնքի ազատութեան իրաւունքները կը պաշտպանեն նաեւ զինուորութեան չմասնակցիլ փափաքող խղճմտանքի առարկուներուն իրաւունքները։ Այդ վճիռը կը պաշտպանէ ոչ միայն Եհովայի վկաներուն իրաւունքները, այլեւ հարիւր միլիոնաւորներու իրաւունքները այն երկիրներուն մէջ, որոնք Եւրոպական խորհուրդի անդամներ ենe։

Հայաստանի մէջ քրիստոնեայ եղբայրներ ազատ կ’արձակուին

Հայաստանի եղբայրները բանտէն ազատ կ’արձակուին իրենց ի նպաստ եղած ՄԻԵԴ–ի որոշումէն ետք

Հայրենասիրական արարողութիւններու հարցը

15. Եհովայի ժողովուրդը ինչո՞ւ կը մերժէ հայրենասիրական արարողութիւններու մասնակցիլ։

15 Եհովային ժողովուրդը մեսիական Թագաւորութեան հաւատարիմ կը մնայ ոչ միայն զինուորական ծառայութիւնը մերժելով, այլեւ՝ հայրենասիրական արարողութիւններուն մասնակցիլը յարգալից կերպով մերժելով։ Մանաւանդ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, աշխարհի տարածքին ազգայնամոլութեան հսկայ ալիք մը բարձրացած է։ Բազմաթիւ երկիրներու քաղաքացիներէն պահանջուած է ուխտել իրենց հայրենիքին հաւատարիմ մնալ։ Ինչպէ՞ս։ Երդում մը արտասանելով, ազգային քայլերգ մը երգելով կամ երկրին դրօշակին բարեւելով։ Բայց մենք մեր բացարձակ նուիրուածութիւնը Եհովային կու տանք (Ել. 20։4, 5)։ Առ ի արդիւնք, հալածանքի հեղեղ մը դիմագրաւած ենք։ Ասով հանդերձ, Եհովան դարձեալ «երկիրը» գործածած է՝ այս հակառակութիւնը որոշ չափով կլլելու համար։ Այս ուղղութեամբ, նկատի առ միայն կարգ մը ուշագրաւ յաղթանակներ, որոնք Եհովան Քրիստոսի միջոցաւ մեզի շնորհած է (Սաղ. 3։8)։

16, 17. Լիլիան եւ Ուիլիամ Կոպայթըս ի՞նչ խնդիր դիմագրաւեցին եւ ի՞նչ սորվեցար իրենց դատէն։

16 Միացեալ Նահանգներ։ 1940–ին, Մայնըրզվիլի ուսումնական վարչութիւնը ընդդէմ Կոպայթիսի դատին մէջ Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ատեանի 9 դատաւորներէն 8–ը Եհովայի վկաներուն դէմ վճիռ արձակեցին։ 12 տարեկան Լիլիան Կոպայթըսf եւ անոր 10 տարեկան եղբայրը՝ Ուիլիամ, ուզեցին Եհովայի հաւատարիմ մնալ, ուստի մերժեցին դրօշակին բարեւել կամ երդումը արտասանել։ Առ ի արդիւնք, անոնք դպրոցէն վտարուեցան։ Անոնց դատը հասաւ բարձրագոյն ատեան, որ եզրակացուց թէ դպրոցը սահմանադրութեան համաձայն գործած է, քանի որ ատիկա «ազգային միութեան» կը նպաստէ։ Այդ վճիռը կայծ տուաւ կատաղի հալածանքի։ Աւելի՛ թիւով Վկաներու զաւակներ դպրոցներէ վտարուեցան, չափահաս Վկաներ իրենց գործերը կորսնցուցին, իսկ ուրիշներ խուժանային վայրագ յարձակումներու թիրախ դարձան։ Գիրք մը կը նշէ թէ «1941-1943–ին Վկաներուն դիմագրաւած հալածանքը 20–րդ դարու կրօնական անհանդուրժողութեան գագաթնակէտն էր Ամերիկայի մէջ» (The Lustre of Our Country)։

17 Աստուծոյ թշնամիներուն յաղթանակը երկար չտեւեց։ 1943–ին, բարձրագոյն ատեանը լսեց ուրիշ դատ մը, որ կը նմանէր Կոպայթիս դատին։ Անիկա ճանչցուած է որպէս Ուէսթ Վըրճինիա նահանգի կրթական խորհուրդը ընդդէմ Պառնէթի անունով։ Այս անգամ, բարձրագոյն ատեանը Եհովայի վկաներուն ի նպաստ վճիռ մը արձակեց։ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր որ բարձրագոյն ատեանը կարճ ժամանակուան մէջ իր վճիռը կը փոխէր։ Այդ վճիռէն ետք, Եհովայի վկաներուն դէմ եղած բացայայտ հալածանքը արագօրէն նուազեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքներուն վրայ շեշտ դրուեցաւ։

18, 19. Ի՞նչը Փապլօ Պառոսին օգնեց որ հաւատարիմ մնայ եւ Եհովայի միւս ծառաները ինչպէ՞ս կրնան զինք ընդօրինակել։

18 Արժանթին։ 1976–ին ութ տարեկան Փապլօ եւ եօթը տարեկան Հիւկօ Պառոս դպրոցէն վտարուեցան՝ դրօշակի արարողութեան չմասնակցելու պատճառաւ։ Օր մը տեսչուհին Փապլոն հրեց եւ գլխուն զարկաւ։ Դպրոցէն ետք, ան երկու տղեկները 1 ժամ եւս հոն ձգեց, փորձելով զիրենք ստիպել որ հայրենասիրական արարողութիւններու մասնակցին։ Իրենց փորձութիւնը յիշելով Փապլօ ըսաւ. «Առանց Եհովային օգնութեան, պիտի չկարենայի այդ ճնշումին տոկալ եւ ուղղամտութիւնս պահպանել»։

19 Երբ հարցը դատարան հասաւ, դատաւորը Փապլոն եւ Հիւկոն դպրոցէն վտարելու որոշումին թիկունք կանգնեցաւ։ Բայց անոնց դատը բողոքարկուեցաւ Արժանթինի բարձրագոյն ատեանին մօտ։ 1979–ին, այդ ատեանը նախադատ ատեանին որոշումը չեղեալ համարեց, նշելով. «Սահմանուած պատիժը [վտարումը] կը հակասէ կրթութիւն ստանալու սահմանադրական իրաւունքին (յօդուած 14) եւ հիմնական կրթութիւն հայթայթելու կառավարութեան պատասխանատուութեան (յօդուած 5)»։ Այդ յաղթանակէն օգտուեցան շուրջ 1000 Վկաներու զաւակներ։ Աշակերտներ վտարելու որոշումներ չեղեալ նկատուեցան, իսկ Փապլոյին եւ Հիւկոյին նման կարգ մը վտարուած աշակերտներ ալ դպրոց վերընդունուեցան։

Դեռատի քրիստոնեայ մը չէզոք կը մնայ դպրոցին մէջ

Բազմաթիւ դեռատի Վկաներ փորձութեան տակ հաւատարիմ մնացած են

20, 21. Ռոէլ եւ Էմիլի Էմպրալինակի դատը ինչպէ՞ս հաւատքդ կը զօրացնէ։

20 Ֆիլիփիններ։ 1990–ին, 9 տարեկան Ռոէլ Էմպրալինակg եւ իր 10 տարեկան քոյրը՝ Էմիլի, շուրջ 66 այլ Վկայ աշակերտներու հետ դպրոցէն վտարուեցան՝ դրօշակին չբարեւելու պատճառաւ։ Ռոէլին եւ Էմիլիին հայրը՝ Լէոնարտօ, փորձեց դպրոցի տնօրէնութեան հետ լեզու գտնել, բայց ի զուր։ Մինչ հարցը կը բարդանար, ան բարձրագոյն ատեանին խնդրագիր ներկայացուց։ Լէոնարտոն ո՛չ դրամ ունէր ոչ ալ զինք ներկայացնող փաստաբան։ Ան իր ընտանիքին հետ Եհովային ջերմեռանդօրէն աղօթեց, որ զիրենք առաջնորդէ։ Մինչ այդ անոր զաւակները կը ծաղրուէին եւ կ’անարգուէին։ Լէոնարտոն զգաց թէ դատը շահելու յոյս չունէր, քանի որ օրինական փորձառութիւն չունէր։

21 Ի վերջոյ, դատարանին մէջ այս ընտանիքը ներկայացուց Ֆէլինօ Կանալը՝ փաստաբան մը, որ նախապէս երկրին ամէնէն բարեհամբաւ օրինական հաստատութեան մէջ աշխատած էր։ Դատին ժամանակ, եղբայր Կանալը հաստատութեան մէջ իր գործը ձգած եւ Եհովայի վկայ մը դարձած էր։ Երբ դատը բարձրագոյն ատեան հասաւ, անիկա Եհովայի վկաներուն ի նպաստ միաձայն վճիռ մը արձակեց եւ վտարումի հրամանները չեղեալ նկատեց։ Դարձեալ, անոնք՝ որոնք ջանացին Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղամտութիւնը բեկանել, ձախողեցան։

Չէզոքութիւնը միութեան կ’առաջնորդէ

22, 23. ա) Ինչո՞ւ այսքան շատ ուշագրաւ օրինական յաղթանակներ տարած ենք։ բ) Մեր համաշխարհային եւ խաղաղ եղբայրութիւնը ի՞նչ բանի ապացոյց է։

22 Եհովայի վկաները ինչո՞ւ ա՛յսքան շատ ուշագրաւ օրինական յաղթանակներ տարած են։ Մենք քաղաքական որեւէ ազդեցութիւն չունինք։ Ասով հանդերձ, տարբեր երկիրներու եւ տարբեր դատարաններու մէջ անաչառ դատաւորներ մեզ պաշտպանած են հակառակորդներուն յարձակումներէն եւ սահմանադրական օրէնքին մէջ նախադէպ վճիռներ արձակած են։ Անկասկած, այդ յաղթանակներուն ետին կը գտնուի Քրիստոս (կարդա՛ Յայտնութիւն 6։2)։ Ինչո՞ւ այսպիսի օրինական պայքարներ կը մղենք։ Մեր նպատակը չէ օրինական դրութիւնը բարեփոխել։ Փոխարէն, մեր նպատակն է որ շարունակենք առանց խոչընդոտներու ծառայել մեր Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսին (Գործք 4։29)։

23 Թէեւ կ’ապրինք քաղաքական պայքարներով պառակտուած եւ ատելութեամբ լի աշխարհի մը մէջ, մեր իշխող Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ ամէնուրեք օրհնած է իր հետեւորդներուն ջանքերը, որպէսզի կարենան չէզոքութիւն պահպանել։ Սատանան ձախողած է մեզ բաժնել եւ մեզի տիրել։ Թագաւորութիւնը ունի միլիոնաւոր հպատակներ, որոնք կը մերժեն ‘ա՛լ պատերազմ սորվիլ’։ Մեր համաշխարհային եւ խաղաղ եղբայրութիւնը ինքնին հրաշք մըն է եւ անհերքելի ապացոյց՝ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ (Եսա. 2։4)։

a Հատորը նաեւ ծանօթ է Նոր ստեղծագործութիւն անունով։ Յետագային Հազարամեայի արշալոյս–ի հատորները կոչուեցան՝ Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութիւններ։

b Այս մարգարէութեան քննարկութեան համար, տե՛ս Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է գիրքը, գլուխ 27, էջ 184-186։

c Համաձայնութիւնը նաեւ պուլկարական կառավարութենէն պահանջեց բոլոր խղճմտանքի առարկուներուն ապահովել այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութիւն, որ քաղաքացիական վարչութեան կողմէ պիտի վերահսկուէր։

d Այս դատին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ձեռք ձգելու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2012 թիւը, էջ 29-31 (անգլերէն)։

e 20 տարուան մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը բանտարկած էր աւելի քան 450 երիտասարդ Վկաներ։ Նոյեմբեր 2013–ին, բանտէն ազատ արձակուեցաւ վերջին Վկան։

f Օրինական թուղթերուն մէջ ընտանիքին անունը սխալ գրուած էր։

g Օրինական թուղթերուն մէջ ընտանիքին անունը սխալմամբ գրուած էր Էպրալինակ։

Թագաւորութիւնը որքա՞ն իրական է քեզի համար

  • Բացատրէ թէ Եհովայի ժողովուրդը քաղաքական հարցերու մէջ ինչո՛ւ չէզոք է։

  • Դատական յաղթանակները քեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ միա՛յն Աստուծոյ Թագաւորութեան կ’աջակցիս։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել