Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բոլորս մխիթարուելու պէտք ունինք
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 5
    • ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ

      Բոլորս մխիթարուելու պէտք ունինք

      Մայր մը կը մխիթարէ իր պզտիկ տղան

      Ո՞վ գիտէ քանի՜ անգամներ ինկած ես պզտիկուց։ Թերեւս ձեռքդ կը վիրաւորէիր կամ ծունկդ կը քերթուէր։ Կը յիշե՞ս ինչպէ՛ս մայրդ կը մխիթարէր քեզ։ Թերեւս ան վէրքդ կը մաքրէր եւ յետոյ կը կապէր զայն։ Անշո՛ւշտ կու լայիր, բայց իր անուշ խօսքերուն եւ ջերմ փաթթուկին վրայ աւելի լաւ կը զգայիր։ Կեանքիդ այդ հանգրուանին դիւրին էր մխիթարուիլ։

      Բայց որքա՛ն մեծնանք, կեանքը այնքան խրթին կը դառնայ։ Խնդիրները կը մեծնան եւ աւելի դժուար կ’ըլլայ մխիթարուիլը։ Ցաւօք սրտի, չափահասներուն խնդիրները չեն լուծուիր վէրքը կապելով ու մօր փաթթուկով։ Նկատի առ քանի մը օրինակներ։

      • Երբեք գործդ կորսնցուցա՞ծ ես։ Յուլիան կ’ըսէ թէ երբ գործէն հանուեցաւ, կարծես թէ պաղ ջուր թափուեցաւ իր վրայ։ Ան մտածեց. «Ինչպէ՞ս պիտի հոգամ ընտանիքս։ Տարինե՜ր ծանր աշխատեցայ, բայց հիմա հաստատութիւնը ինչո՞ւ կը զգայ թէ գործի չեմ ծառայեր»։

      • Թերեւս ամուսնութիւնդ քանդուեցաւ եւ սիրտդ կտոր–կտոր եղած է։ Ռաքէլ կը բացատրէ. «Երբ 18 ամիս առաջ ամուսինս յանկարծ զիս ձգեց գնաց, զգացի տխրութիւն մը եկաւ վրաս։ Կարծես թէ սիրտս երկուքի բաժնուեցաւ։ Թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ զգացական ցաւ ունեցայ։ Շատ վախցայ»։

      • Կրնայ ըլլալ որ առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունիս եւ չես լաւանար։ Թերեւս ատեններ Յոբ նահապետին պէս կը զգաս, որ ողբալով ըսաւ. «Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր. . . ապրիլ» (Յոբ 7։16)։ Թերեւս կը զգաս ի՛նչ որ Լուիս անունով մարդ մը զգաց, որ 80–ական տարիքի մէջ է։ Ան ըսաւ. «Ատեններ կը զգամ որ պարզապէս մեռնիլս կը սպասեմ»։

      • Կամ թերեւս շատ պէտք ունիս մխիթարութեան, քանի որ սիրելի մը կորսնցուցած ես։ Ռապըրթ կը բացատրէ. «Երբ տղաս օդանաւի արկածի մը պատճառով մեռաւ, սկիզբը չկրցայ ընդունիլ իրողութիւնը։ Ետքը զգացի ցաւը, այն ցաւը որ Սուրբ Գիրքը կը նմանցնէ՝ մէկու մը մէջէն սուր անցնելուն» (Ղուկաս 2։35)։

      Ռապըրթ, Լուիս, Ռաքէլ եւ Յուլիան մխիթարուեցան, նոյնիսկ այդ նեղութիւններուն մէջ։ Անոնց մխիթարութեան աղբիւրն էր Ամենակարող Աստուածը։ Ան ինչպէ՞ս կը մխիթարէ։ Ան պէտք եղած մխիթարութիւնը պիտի տա՞յ քեզի։

  • Աստուած ինչպէ՞ս կը մխիթարէ
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 5
    • Յիսուս բորոտին կը դպնայ առաջ որ զինք բժշկէ

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ

      Աստուած ինչպէ՞ս կը մխիթարէ

      Պօղոս առաքեալ Ստեղծիչը կը նկարագրէ որպէս՝ «ամէն մխիթարութեան Աստուածը, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։ Յստակ է որ Սուրբ Գիրքը մեզի կը վստահեցնէ, թէ մեր երկնաւոր Հայրը կրնայ մխիթարել ոեւէ անհատ եւ որեւէ նեղութեան ընթացքին, որքան ալ մեծ ըլլայ։

      Անշուշտ, եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեզ մխիթարէ, պէտք է բան մը ընենք։ Բժիշկ մը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի, եթէ ո՛չ մէկ ատեն ժամադրութիւն առնենք զինք տեսնելու։ Ամովս մարգարէն կը հարցնէ. «Երկու մարդիկ միասին կը քալե՞ն՝ եթէ իրարու չհանդիպին» (Ամովս 3։3, ԱԾ)։ Այս պատճառով, Սուրբ Գիրքը մեզի կը պատուիրէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։

      Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած մեզի պիտի մօտենայ։ Նախ եւ առաջ, քանի որ ինք կ’ըսէ թէ կ’ուզէ մեզի օգնել (տե՛ս շրջանակը)։ Իսկ երկրորդ, քանի որ կան մարդիկ, թէ՛ մեր ժամանակուան մէջ թէ ալ անցեալէն, որ Աստուծմէ մխիթարուած են։

      Դաւիթ թագաւորի գլուխէն շատ նեղութիւններ անցան, ճիշդ ներկայիս շատ մը մարդոց պէս։ Անգամ մը, ան Աստուծոյ աղերսեց. «Լսէ՛ իմ խնդրուածքիս ձայնը երբ քեզի աղաչեմ»։ Աստուած ի՞նչ ըրաւ։ Դաւիթ աւելցուց. «Ես օգնութիւն գտայ։ Ուստի սիրտս ուրախացաւ» (Սաղմոս 28։2, 7)։

      ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԽԻԹԱՐԵՑ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐԸ

      Աստուած մտադրեց որ Յիսուս մխիթարելու մէջ մեծ դեր խաղայ։ Օրինակ՝ Աստուած իրեն պարտականութիւն տուաւ որ ‘կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկէ եւ բոլոր սգաւորները մխիթարէ’ (Եսայի 61։1, 2)։ Ինչպէս որ մարգարէացուած էր, Յիսուս մասնաւորապէս հետաքրքրուեցաւ «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ով (Մատթէոս 11։28-30)։

      Յիսուս մարդիկը մխիթարեց՝ իմաստուն խրատներ տալով, ազնուօրէն վարուելով անոնց հետ եւ նոյնիսկ ատեններ անոնց հիւանդութիւնները բժշկելով։ Օր մը, բորոտ մը աղաչեց Յիսուսին. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս խղճալով պատասխանեց. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ», եւ ան իսկապէս բժշկուեցաւ (Մարկոս 1։40, 41)։

      Այսօր Յիսուս մեր հետը չէ որ մեզ անձամբ մխիթարէ, բայց իր Հայրը՝ «ամէն մխիթարութեան Աստուածը» կը շարունակէ մեզի օգնել (Բ. Կորնթացիս 1։3)։ Նկատի առ թէ Աստուած ո՛ր գլխաւոր չորս միջոցներով կը մխիթարէ մարդիկը։

      • Սուրբ Գիրքը։ «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռովմայեցիս 15։4)։

      • Աստուծոյ սուրբ հոգին։ Յիսուսի մահուան վրայ շատ չանցած, ամբողջ քրիստոնէական ժողովքը խաղաղութիւն ունեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Ժողովքները «Տէրոջը երկիւղովը եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնովը [կը քալէին]» (Գործք 9։31)։ Սուրբ հոգին, Աստուծոյ գործօն ուժը, շա՜տ զօրաւոր է։ Աստուած կրնայ զայն գործածել որ մխիթարէ ոեւէ անձ, որեւէ պայմանի մէջ։

      • Աղօթքը։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը խրատէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք. . . ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը. . . պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։

      • Քրիստոնեայ հաւատակիցները կրնան իսկական բարեկամներ ըլլալ եւ մեզ մխիթարել երբ նեղութեան մէջ ըլլանք։ Պօղոս առաքեալ իր ընկերակիցներուն նկատմամբ ըսաւ, թէ «վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ» իրեն «մխիթարութիւն» եղան (Կողոսացիս 4։11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։7)։

      Երկու Եհովայի վկաներ կը մխիթարեն հաւատակից մը

      Բայց թերեւս կը մտածես որ գետնի վրայ այս բոլորը ինչպէ՞ս կ’ըլլան։ Նկատի առնենք սկիզբը նշուած խնդիրները ունեցող անհատներու փորձառութիւնները։ Դուն ալ կրնաս իրենց պէս անդրադառնալ, որ Աստուած տակաւին այս սիրտ–տուող խոստումին տէրն է. «Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ» (Եսայի 66։13)։

      Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուած կ’ուզէ մեզ մխիթարել

      • «Դուն, ո՛վ Տէր, ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր» (Սաղմոս 86։17)։

      • «‘Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք իմ ժողովուրդս’, կ’ըսէ ձեր Աստուածը» (Եսայի 40։1)։

      • «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. . . ‘Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ’» (Եսայի 66։12, 13)։

      • «Երանի՜ սգաւորներուն, վասն զի անոնք պիտի մխիթարուին» (Մատթէոս 5։4)։

      • «Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7)։

  • Ինչպէ՞ս մխիթարուիլ նեղութեան ժամանակ
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 5
    • ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ

      Ինչպէ՞ս մխիթարուիլ նեղութեան ժամանակ

      Տեսակաւոր նեղութիւններ կան։ Այս յօդուածին մէջ վստահաբար չենք կրնար խօսիլ բոլոր նեղութիւններուն մասին, բայց նկատի առնենք մեր նշած չորս օրինակները։ Տե՛ս թէ ինչպէս Աստուած մխիթարած է շատ տարբեր խնդիրներ ունեցող անհատներ։

      ԱՆԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

      Ճոնաթան կը մաքրէ պատուհան մը

      «Սորվեցայ ընդունիլ որեւէ գործ, եւ պէտք չեղած ծախսերը թեթեւցուցինք» (Ճոնաթան)

      Սէթa կը յիշէ. «Կինս ու ես նոյն ատենը մեր գործը կորսնցուցինք։ Ստիպուեցանք երկու տարի ապրիլ ազգականներուն օգնութիւններով եւ պզտիկ–պզտիկ գործեր ընելով։ Այս պատճառով, կինս՝ Փրիսիլա ընկճուեցաւ, իսկ ես ինքզինքս անարժէք զգացի։

      «Ինչպէ՞ս գլուխ ելանք։ Փրիսիլան շարունակ ինքն իրեն յիշեցուց Մատթէոս 6։34–ի Յիսուսի խօսքը, ուր ըսաւ որ պէտք չէ վաղուան համար հոգ ընենք, քանի որ իւրաքանչիւր օր ունի իր հոգերը։ Եւ կինս սրտանց աղօթքներ ընելով ունեցաւ զօրութիւն որ տոկայ։ Իսկ իմ պարագայիս, Սաղմոս 55։22–ով մխիթարուեցայ։ Սաղմոսը գրողին նման, հոգս Աստուծոյ վրայ ձգեցի եւ տեսայ որ ինծի հոգ տարաւ։ Թէեւ հիմա գործ ունիմ, մեր կեանքը պարզ կը պահենք, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս խրատեց Մատթէոս 6։20-22–ի մէջ։ Ամէնէն աւելի, Աստուծոյ եւ իրարու աւելի մօտեցած ենք ժամանակի ընթացքին»։

      Ճոնաթան կը խոստովանի. «Երբ մեր ընտանեկան պզտիկ գործը մեր ձեռքէն գնաց, սկսայ ապագան վախով դիտել։ Տնտեսական տագնապի մը պատճառով, 20 տարուան մեր ծանր աշխատանքը պարապի ելաւ։ Կինս ու ես սկսանք դրամի պատճառով առնել–տալ։ Նոյնիսկ վարկաքարտով գնումներ չէինք ըներ, վախնալով որ ատիկա մերժուի։

      «Բայց Աստուծոյ Խօսքը եւ սուրբ հոգին մեզի օգնեցին որ լաւ որոշումներ առնենք։ Սորվեցայ ընդունիլ որեւէ գործ, եւ պէտք չեղած ծախսերը թեթեւցուցինք։ Մեր հաւատակիցներն ալ՝ Եհովայի վկաները օգնեցին մեզի։ Անոնք մեր ինքնավստահութիւնը աւելցուցին եւ ձեռք տուին, երբ իրապէս դժուար պարագաներէ կ’անցնէինք»։

      ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՆԴՈՒԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

      Ռաքէլ կը յիշէ. «Երբ ամուսինս յանկարծ զիս ձգեց գնաց, վիրաւորուած զգացի եւ բարկացայ։ Շատ գէշ տխրութիւն մը եկաւ վրաս։ Բայց Աստուծոյ մօտեցայ եւ ինք մխիթարեց զիս։ Աստուծոյ խաղաղութիւնով կը լեցուէր սիրտս, երբ օրական իրեն կ’աղօթէի։ Զգացի թէ Աստուած բուժեց կոտրուած սիրտս։

      «Եւ Սուրբ Գիրքին շնորհիւ կրցայ մէկ կողմ դնել բարկութիւնս ու զայրոյթս։ Լուրջի առի Հռովմայեցիս 12։21–ի մէջ Պօղոս առաքեալին խօսքը. ‘Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին’։

      Ռաքէլ կնոջ մը կը կարդայ համար մը

      «Ատեններ պէտք է ընդունինք որ ‘կորսնցուցինք’. . . Այլեւս կեանքիս մէջ նոր նպատակակէտեր դրած եմ» (Ռաքէլ)

      «Իմաստուն բարեկամ մը ինծի օգնեց որ տեսնեմ թէ պէտք է նոր էջ մը բանամ։ Ան ինծի կարդաց Ժողովող 3։6–ը եւ ազնուութեամբ ըսաւ որ ատեններ պէտք է ընդունինք որ ‘կորսնցուցինք’։ Ծանր խրատ մըն էր, բայց ատոր պէտք ունէի։ Այլեւս կեանքիս մէջ նոր նպատակակէտեր դրած եմ»։

      Էլիզապէթ կ’ըսէ. «Երբ ամուսնութիւնդ քանդուի, օգնութեան պէտք կ’ունենաս։ Սիրելի բարեկամուհի մը ունէի որ օրէ օր ինծի կռնակ էր։ Ան հետս կու լար, կը մխիթարէր զիս ու կը զգացնէր որ սիրուած եւ ընդունուած եմ։ Համոզուած եմ որ Եհովան զինք գործածեց որ զգացական վէրքերս բուժէ»։

      ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ԾԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

      Լուիս աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրէ

      «Աղօթելէ ետք կը զգամ որ սուրբ հոգին զիս կը զօրացնէ» (Լուիս)

      Լուիս, որուն մասին խօսեցանք առաջին յօդուածին մէջ, սրտի լուրջ խնդիր մը ունի։ Ան երկու առիթներով քիչ մնաց որ մեռնէր։ Ան հիմա օրը 16 ժամ պէտք է թթուածին գործածէ։ Ան կ’ըսէ. «Միշտ Եհովային կ’աղօթեմ, եւ աղօթելէ ետք կը զգամ որ սուրբ հոգին զիս կը զօրացնէ։ Աղօթքը պէտք եղած քաջութիւնը կու տայ ինծի որ տոկամ, քանի որ իրեն կը հաւատամ եւ գիտեմ որ ինձմով հետաքրքրուած է»։

      Փեթրա, որ 80–ական տարիքին մէջն է, կը բացատրէ. «Շատ բաներ կ’ուզեմ ընել, բայց չեմ կրնար։ Կը տխրիմ տեսնելով որ երթալէն ուժս կը քիչնայ։ Շատ յոգնած կը զգամ եւ դեղերով կ’ապրիմ։ Շատ անգամներ միտքս կը բերեմ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր Հօրմէն խնդրեց, որ որոշ դժուարութիւն մը իրմէ հեռացնէ, եթէ կարելի էր, բայց Եհովան զօրութիւն տուաւ իրեն։ Ան ինծի՛ ալ զօրութիւն կու տայ։ Աղօթքը իմ առօրեայ դարմանումս է։ Աստուծոյ խօսելէ ետք շատ աւելի լաւ կը զգամ» (Մատթէոս 26։39)։

      Յուլիան, որ գրեթէ 30 տարիէ ի վեր բազմադիմի կարծրախտ ունի, նոյնպէս կը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Տնօրէնի աթոռի վրայ կը նստէի, իսկ հիմա հաշմանդամի կառքին վրայ կը նստիմ։ Բայց կեանքս պարապի չէ, քանի որ ուրիշներուն ծառայելու շուրջ կը դառնայ։ Տալը կը թեթեւցնէ ցաւը, իսկ Եհովան իր խոստումին տէրը ելլելով՝ պէտք եղած ատենը զօրութիւն կու տայ մեզի։ Իսկապէս կրնամ Պօղոս առաքեալին պէս ըսել. ‘Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց’» (Փիլիպպեցիս 4։13)։

      ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

      Անթոնիոն կը յիշէ. «Երբ Հայրս արկածով մը մահացաւ, սկիզբը չկրցայ հաւատալ։ Զգացի որ եղածը շատ անարդար էր. ան պարզապէս ճամբան կը քալէր երբ արկածը եղաւ։ Բայց բան մը չէի կրնար ընել։ Ան հինգ օր մահաքունի մէջ մնաց եւ յետոյ մահացաւ։ Կրցայ ձեւով մը մօրս առջեւ ինքզինքս զսպել որ չլամ, բայց երբ առանձին մնացի, փրթայ։ ‘Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ’ սկսայ հարցնել ինքզինքիս։

      «Այդ սոսկալի օրերուն, շարունակ Եհովայէն կը խնդրէի որ ինծի խաղաղութիւն տայ եւ օգնէ որ զգացումներս զսպեմ։ Եւ երթալէն աւելի հանդարտեցայ։ Յիշեցի որ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ, թէ ոեւէ անհատի կրնայ «դիպուած» պատահիլ։ Եւ քանի որ Աստուած չի կրնար սուտ խօսիլ, համոզուած եմ որ հայրս պիտի տեսնեմ երբ յարութիւն առնէ» (Ժողովող 9։11. Յովհաննէս 11։25. Տիտոս 1։2)։

      Ռապըրթ եւ իր կինը կը դիտեն նկարներու ալպոմ մը

      «Ճիշդ է որ մեր տղան կորսնցուցինք օդանաւի արկածով, բայց տակաւին ունինք անոր հետ մեր անցուցած ժամանակներուն ուրախ յիշատակները» (Ռապըրթ)

      Նախապէս նշուած Ռապըրթ նոյնպէս կը մտածէ։ Ան կ’ըսէ. «Կինս ու ես մտքի խաղաղութիւն ունեցանք, որուն մասին խօսուած է Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ին մէջ։ Ատիկա Եհովային աղօթելէն կու գար։ Այս ներքին խաղաղութեան շնորհիւ կրցանք յարութեան յոյսին մասին խօսիլ լրագրողներուն։ Ճիշդ է որ մեր տղան կորսնցուցինք օդանաւի արկածով, բայց տակաւին ունինք անոր հետ մեր անցուցած ժամանակներուն ուրախ յիշատակները։ Կը փորձենք ատոնց վրայ կեդրոնանալ։

      «Երբ մեր հաւատակիցները՝ Վկաները մեզի ըսին թէ նկատեցին որ հեռատեսիլին մէջ հանդարտօրէն կը խօսէինք մեր հաւատքին մասին, իրենց ըսինք որ ատիկա անկասկած մեզի համար եղած աղօթքներուն շնորհիւ էր։ Իրապէս համոզուած եմ որ Եհովան իրենց ղրկած մխիթարական խօսքերուն միջոցաւ կռնակ կը կենար մեզի»։

      Ինչպէս որ այս օրինակները կը ցուցնեն, Աստուած կրնայ մխիթարել մարդիկը, ինչ խնդիրներ ալ ունենան։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել քու մասիդ։ Ինչ նեղութիւն ալ ունենաս, կրնա՛ս մխիթարուիլ որ տոկասb։ Ուրեմն Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէ։ Ան «ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է (Բ. Կորնթացիս 1։3)։

      a Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

      b Եթէ կ’ուզես օգնութիւն ստանալ որպէսզի Աստուծոյ մօտենաս եւ մխիթարուիս, հաճիս կապ պահէ շրջանիդ մէջ Եհովայի վկայի մը հետ, կամ գրէ ամէնէն մօտիկ մասնաճիւղին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել