Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Եզեկիէլ 37–րդ գլուխը կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս երկու փայտեր իրարու միացան։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
Եհովան Եզեկիէլի միջոցաւ մարգարէացաւ, որ իսրայէլ ազգը Աւետեաց երկիր պիտի վերադառնար եւ դարձեալ որպէս մէկ ազգ միացած պիտի ըլլար։ Այս մարգարէութիւնը նաեւ կը նախագուշակէ Աստուծոյ ժողովուրդին միացումը, որ սկսաւ կատարուիլ վերջին օրերուն ընթացքին։
Եհովան Եզեկիէլին ըսաւ որ երկու փայտերու վրայ գրէ. առաջինին վրայ գրէ՝ «Յուդային համար ու անոր ընկերներուն, Իսրայէլի որդիներուն համար», իսկ երկրորդին վրայ գրէ՝ «Յովսէփին համար, Եփրեմին ու անոր ընկերներուն բոլոր Իսրայէլի տանը փայտը»։ Երկու փայտերը «մէկ փայտ» պիտի դառնային Եզեկիէլի ձեռքին մէջ (Եզեկ. 37։15-17)։
«Եփրեմ» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ Եփրեմը՝ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան տասը ցեղերուն գլխաւոր ցեղն էր։ Նոյնիսկ այդ թագաւորութեան առաջին թագաւորը՝ Յերոբովամ, Եփրեմի ցեղէն էր (Բ. Օր. 33։13, 17. Գ. Թագ. 11։26)։ Այս ցեղը եկաւ Յովսէփի որդիէն՝ Եփրեմէն (Թուոց 1։32, 33)։ Յովսէփ մասնաւոր օրհնութիւն մը ստացած էր իր հօրմէն՝ Յակոբէն։ Ուստի, յարմար էր որ ‘Եփրեմի փայտը’ ներկայացնէր տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը։ Ք.Ա. 740–ին, Եզեկիէլի այս մարգարէութենէն շա՜տ առաջ, ասորեստանցիները յաղթեցին Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան եւ ժողովուրդը գերի առին (Դ. Թագ. 17։6)։ Տարիներ ետք, բաբելոնացիները յաղթեցին ասորեստանցիներուն։ Ուստի, երբ Եզեկիէլ երկու փայտերուն մասին մարգարէութիւնը գրեց, այդ իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը ցրուած էր Բաբելոնական կայսրութեան չորս կողմը։
Ք.Ա. 607–ին, բաբելոնացիները յաղթեցին հարաւային երկու–ցեղեան թագաւորութեան եւ ժողովուրդը գերի տարին Բաբելոն։ Անոնք թերեւս իրենց հետ տարին նաեւ անոնք որ մնացած էին հիւսիսային թագաւորութենէն։ Հարաւային թագաւորութեան թագաւորները Յուդայի ցեղէն էին։ Քահանաներն ալ Յուդայի մէջ կ’ապրէին, քանի որ Երուսաղէմի տաճարին մէջ կը ծառայէին (Բ. Մն. 11։13, 14. 34։30)։ Ուստի, յարմար էր որ «Յուդայի» փայտը ներկայացնէր հարաւային երկու–ցեղեան թագաւորութիւնը։
Այս երկու փայտերը ե՞րբ իրարու միացան։ Ատոնք միացան Ք.Ա. 537–ին, երբ իսրայէլացիները Երուսաղէմ վերադարձան որպէսզի տաճարը վերաշինեն։ Թէ՛ հարաւային թագաւորութենէն եւ թէ հիւսիսային թագաւորութենէն ներկայացուցիչներ միասնաբար վերադարձան աքսորէն։ Իսրայէլ ազգը այլեւս բաժնուած չէր. իսրայէլացիները անգամ մը եւս միասին կը պաշտէին Եհովան (Եզեկ. 37։21, 22)։ Եսայի եւ Երեմիա մարգարէներն ալ այս միութեան մասին մարգարէացած էին (Եսա. 11։12, 13. Եր. 31։1, 6, 31)։
Եզեկիէլի մարգարէութիւնը ի՞նչ կը նախագուշակէ մաքուր պաշտամունքին մասին։ Այս մէկը. Եհովան պիտի պատճառէ որ բոլոր անոնք որոնք զինք կը պաշտեն՝ ‘մէկ ըլլան’ (Եզեկ. 37։18, 19)։ Այս խոստումը մեր օրերուն իրականացա՞ծ է։ Այո՛։ Մարգարէութիւնը սկսաւ կատարուիլ 1919–ին, երբ Աստուծոյ ժողովուրդը աստիճանաբար վերակազմակերպուեցաւ եւ վերամիացաւ։ Ատկէ առաջ, Սատանան փորձած էր զիրենք մնայուն կերպով բաժնել, բայց չէր յաջողած։
Այդ ժամանակ, Աստուծոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը յոյս ունէր, որ երկնքին մէջ Յիսուսի հետ թագաւոր եւ քահանայ ըլլար (Յայտ. 20։6)։ Անոնք Յուդայի փայտին պէս էին։ Սակայն նաեւ կային քիչեր, որոնց յոյսն էր յաւիտեան ապրիլ երկրի վրայ, եւ ժամանակի ընթացքին անոնց թիւը շատցաւ (Զաք. 8։23)։ Անոնք Յովսէփի փայտին պէս էին։
Ներկայիս, երկու խումբերն ալ միասին Եհովան կը պաշտեն։ Եւ անոնք ունին մէկ Թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոս, որուն մասին Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ կ’ըսուի՝ «իմ ծառաս Դաւիթը» (Եզեկ. 37։24, 25)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն մասին աղօթեց. «Ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ» (Յովհ. 17։20, 21)a։ Ան նաեւ մարգարէացաւ որ իր օծեալ հետեւորդներու պզտիկ հօտը՝ ‘մէկ հօտ պիտի ըլլար’ իր «ուրիշ ոչխարներ»ուն հետ։ Բոլորն ալ պիտի հետեւէին «մէկ հովիւ»ի (Յովհ. 10։16)։ Յիսուսի խօսքերը ի՜նչ գեղեցիկ կերպով կը նկարագրեն այն հոգեւոր միութիւնը, որ ներկայիս Եհովայի ժողովուրդը կը վայելէ, չնայած թէ ապագային նկատմամբ ի՛նչ յոյս ունին։
a Երբ Յիսուս վերջին օրերուն նշանին մասին խօսեցաւ, քանի մը առակ պատմեց իր աշակերտներուն։ Հետաքրքրական է որ ան նա՛խ խօսեցաւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մասին, որ օծեալ եղբայրներու այն պզտիկ խումբն է, որ առաջնորդութիւնը պիտի առնէր (Մատ. 24։45-47)։ Ետքը, ան պատմեց առակներ որոնք կը կիրարկուին բոլոր օծեալներուն (Մատ. 25։1-30)։ Եւ վերջապէս, ան խօսեցաւ երկրային յոյս ունեցողներուն մասին, որոնք Քրիստոսի եղբայրներուն պիտի աջակցէին (Մատ. 25։31-46)։ Նմանապէս, Եզեկիէլի մարգարէութեան արդի կատարումը նա՛խ կը ցուցնէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար երկնային յոյս ունեցողներուն։ Եւ թէեւ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը սովորաբար չի ներկայացներ երկրային յոյս ունեցողները, բայց այս մարգարէութեան նկարագրած միացումը մեզի կը յիշեցնէ՝ երկրային յոյս ունեցողներուն եւ երկնային յոյս ունեցողներուն միջեւ եղած միութիւնը։