Երգ 44
Ուրախութեամբ մասնակցինք հունձքի գործին
1. Կ’ապրինք մենք հունձքի օրերուն մէջ.
զայս շատ մեծ պատիւ կը սեպենք։
Հնձողները հրեշտակներն են,
որոնց հետ մենք ալ կը գործենք։
Քրիստոս մեզի թողուց օրինակ՝
այդ գործը առաջնորդելով։
Մեզի այս պատիւը շնորհուեցաւ.
հունձքին մասնակցինք բերկրանքով։
2. Աստուածն ու դրացին կը սիրենք,
մեր քայլերը կ’արագացնենք։
Մեր հունձքի գործը հրատապ է.
չէ՞ որ վախճանին հասած ենք։
Եհովայի գործակիցներն ենք.
չկայ աւելի մեծ բերկրանք։
Թագաւորութեան գործին մէջ տոկանք
եւ օրհնութիւններ ստանանք։
(Տե՛ս նաեւ Մատ. 24։13. Ա. Կոր. 3։9. Բ. Տիմ. 4։2)