Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ըգ գլ. 15 էջ 173-182
  • Մեր տարեց ծնողները յարգենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր տարեց ծնողները յարգենք
  • Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՆՈՆՑ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔԻՆ ԳԻՏԱԿՑԵՑԷՔ
  • ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ
  • ՍԷՐ ԵՒ ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԻՒՆ
  • ԿԱՐԵԿԻՑ ԵՒ ՀԱՍԿԱՑՈՂ ԵՂԷՔ
  • ՇԻՏԱԿ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՊԱՀՊԱՆԵԼ
  • ՀՈԳ ՏԱՆՈՂՆԵՐԸ՝ ՀՈԳԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻՆ
  • ԲՆԱԿԱՆԷՆ ԳԵՐԻՎԵՐ ԵՂՈՂ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տարեց ծնողներուն հոգ տանելու մասին
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Տարեցները հոգալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Տարեցները պատուեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Տարեցներուն հոգ տանիլը քրիստոնէական պատասխանատուութիւն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Տես աւելին
Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
ըգ գլ. 15 էջ 173-182

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԸՀԻՆԳ

Մեր տարեց ծնողները յարգենք

1. Մեր ծնողներուն ի՞նչ պարտական ենք, հետեւաբար անոնց հանդէպ ի՞նչ զգացում պէտք է ունենանք, եւ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք անոնց հետ։

«ՀՆԱԶԱՆԴԷ՛ մօրդ [«հօրդ», ՆԱ], որ քեզ ծներ է ու մի՛ անարգեր քու հայրդ [«մայրդ», ՆԱ], երբ կը ծերանայ»։ (Առակաց 23։22) Թերեւս ըսէք՝ ‘Ես բնաւ այսպիսի բան մը չեմ ըներ’։ Փոխանակ մեր մայրը կամ հայրը անարգելու, շատերս խորապէս կը սիրենք զիրենք։ Գիտենք որ շա՜տ պարտական ենք իրենց։ Նախ՝ մեր ծնողքը մեզի կեանք փոխանցեց։ Թէեւ Եհովա է կեանքի Աղբիւրը, սակայն առանց մեր ծնողներուն, մենք գոյութիւն պիտի չունենայինք։ Ինչ որ ջանանք տալ իրենց, կեանքի չափ արժէքաւոր չի կրնար ըլլալ։ Նաեւ՝ խորհեցէք այն անձնազոհութեան, հոգածութեան, ծախսին, եւ սիրալիր ուշադրութեան մասին, որոնք երախայի մը կը տրուին, մինչեւ որ ան չափահաս մը դառնայ։ Ուստի, որքա՜ն տրամաբանական է Աստուծոյ Խօսքին խրատը. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, . . . որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։—Եփեսացիս 6։2, 3

ԱՆՈՆՑ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔԻՆ ԳԻՏԱԿՑԵՑԷՔ

2. Չափահաս զաւակներ ի՞նչպէս կրնան «փոխարէն հատուցանել» իրենց ծնողներուն։

2 Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաներուն գրեց. «Թող [զաւակները կամ թոռները] առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ [«աստուածպաշտութիւն», ՆԱ] ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։4) Չափահաս զաւակներ կրնան «փոխարէն հատուցանել», գնահատութիւն յայտնելով այդքան տարիներու ընթացքին իրենց ծնողքին եւ մեծ–ծնողքին կողմէ իրենց ստացած սիրոյն, աշխատանքին, եւ հոգածութեան հանդէպ։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է, գիտակցիլ որ ուրիշներու նման՝ նոյնիսկ աւելիով՝ տարեցները պէտք ունին վստահ ըլլալու որ զիրենք կը սիրենք։ Ինչպէս մենք՝ իրե՛նք ալ պէտք ունին զգալու որ յարգուած են եւ իրենց կեանքը արժէք մը կը ներկայացնէ։

3. Մեր ծնողները ու մեծ–ծնողները ի՞նչպէս կրնանք պատուել։

3 Ուստի, մեր ծնողներն ու մեծ–ծնողները պատուած կ’ըլլանք, անոնց հանդէպ մեր սէրը յայտնելով։ (Ա. Կորնթացիս 16։14) Եթէ մեր ծնողները մեզի հետ չեն ապրիր, պէտք է յիշենք որ իրենց համար շատ կարեւորութիւն ունի մեր լուրերը լսել։ Զուարթ նամակ մը, հեռաձայն մը, կամ այցելութիւն մը մեծապէս կը նպաստէ անոնց ուրախութեան։ Միյոն, որ Ճափոն կ’ապրի, հետեւեալը գրեց, երբ 82 տարեկան էր. «Աղջիկս [որուն ամուսինը շրջուն տեսուչ մըն է] ինծի կ’ըսէ. ‘Մայրիկ, մեզի հետ «ճամբորդէ»’։ Ան ամէն շաբաթ իրենց յայտագիրը եւ հեռաձայնի թիւը կը ղրկէ։ Ես քարտէսս կը բանամ եւ կ’ըսեմ. ‘Ա՜հ, հիմա հո՛ս են’։ Միշտ Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ որ այսպիսի զաւակ մը ունիմ»։

ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

4. Հրեայ կրօնական առաջնորդները տարեց ծնողներու հանդէպ ի՞նչպէս անզգամութիւն կը քաջալերէին։

4 Կրնա՞յ ըլլալ որ ծնողք յարգելը նաեւ կը պարփակէ անոնց նիւթական կարիքներուն հոգ տանիլ։ Այո՛. շատ յաճախ։ Յիսուսի օրերուն, Հրեայ կրօնական առաջնորդները կը ջատագովէին այն աւանդութիւնը, ըստ որու, եթէ անհատ մը յայտարարէր որ իր դրամը կամ ստացուածքը «Աստուծոյ տալու ընծայ է», անիկա իր ծնողքին պէտքերուն համար զայն գործածելու պատասխանատուութենէն ազատ կ’ըլլար։ (Մատթէոս 15։3-6) Ի՜նչ անզգամութիւն։ Արդարեւ, այս կրօնական առաջնորդները կը քաջալերէին որ մարդիկ իրենց ծնողները չպատուէին, զանոնք անարգէին, անձնասիրաբար մերժելով անոնց պէտքերը հոգալ։ Բնա՛ւ այսպէս չվարուինք։—Բ. Օրինաց 27։16

5. Կարգ մը երկիրներու մէջ հակառակ կառավարական նպաստին, ծնողները պատուելը ինչո՞ւ երբեմն նիւթական օգնութիւն ալ կը նշանակէ։

5 Ներկայիս, շատ երկիրներու մէջ, կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ընկերային օգնութեամբ, տարեցներուն կարիքներուն որոշ չափով հոգ կը տարուի, զոր օրինակ, ուտելիք, հագուելիք եւ պատսպարան հայթայթուելով։ Ասկէ զատ, կրնայ ըլլալ որ տարեցներն ալ քիչ մը խնայողութիւն ըրած ըլլան, իրենց ծերութեան համար։ Բայց եթէ այդ հայթայթումները հատնին, կամ բաւարար չըլլան, զաւակներ իրենց ծնողքը յարգած կ’ըլլան անոնց կարիքներուն հասնելով, իրենց կարողութեան համաձայն։ Իրապէս, տարեց ծնողներու հոգատարութիւնը աստուածպաշտութեան՝ ուրիշ խօսքով, Եհովա Աստուծոյ՝ ընտանեկան կարգադրութեան Ծագում Տուողին՝ կապուած ըլլալու ապացոյց մըն է։

ՍԷՐ ԵՒ ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԻՒՆ

6. Ոմանք կարիքի մէջ եղող իրենց ծնողներուն հոգ տանելու համար ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրած են։

6 Շատ մը չափահաս զաւակներ, սիրով ու անձնազոհութեամբ հոգ տարած են իրենց տկարացած ծնողներու կարիքներուն։ Ոմանք իրենց տունը առած են իրենց ծնողները, կամ իրենք անոնց տան մօտերը փոխադրուած են։ Ուրիշներ իրենց ծնողքին տունը փոխադրուած են։ Յաճախ, այսպիսի կարգադրութիւններ, օրհնութիւն մը եղած են թէ՛ ծնողքին եւ թէ զաւակներուն։

7. Տարեց ծնողներու նկատմամբ ինչո՞ւ հապճեպով որոշումներ պէտք չէ տանք։

7 Երբեմն սակայն, ասիկա լաւ արդիւնք չէ տուած։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս որոշումները հապճեպով կամ զգացումի վրայ հիմնուած տրուած են։ Աստուածաշունչը իմաստունօրէն կը խրատէ, ըսելով. «Խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ (Առակաց 14։15) Ենթադրենք, զոր օրինակ, որ ձեր տարեց մայրը առանձին ապրելու դժուարութիւն ունի եւ կը խորհիք որ լաւ է որ ձեր տունը բերէք զինք։ Մինչ խոհեմօրէն կը կշռէք ձեր առնելիք քայլը, թերեւս լաւ է որ սա բաները նկատի ունենաք. Ի՞նչ են անոր իսկական կարիքները։ Սեփական, կամ պետութեան կողմէ խնամակալուած սպասարկութիւններ կա՞ն, որոնք ուրիշ կարելի լուծում մը կը մատուցանեն։ Ձեր մայրը կը փափաքի՞ փոխադրուիլ։ Եթէ այո, ասիկա ի՞նչպէս պիտի ազդէ իր կեանքին։ Իր բարեկամներէն պիտի հեռանա՞յ։ Զգացականօրէն ի՞նչպէս պիտի ազդուի։ Այս բաներու մասին իր հետ խօսա՞ծ էք։ Այս փոխադրութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր վրայ, ձեր կողակիցին ու զաւակներուն վրայ։ Եթէ ձեր մայրը խնամքի կը կարօտի, ո՞վ պիտի ընէ պէտք եղածը։ Այս պատասխանատուութեան ուրիշներն ալ կրնա՞ն մասնակցիլ։ Խնդրոյ առարկայ անհատներուն հետ այս բաներուն մասին խօսա՞ծ էք։

8. Երբ ձեր տարեց ծնողներուն համար որոշումի մը դիմաց գտնուիք, որո՞նցմէ խորհուրդ առնելը յարմար կ’ըլլայ։

8 Քանի որ հոգածութեան պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ բոլոր զաւակներուն վրայ, խոհեմութիւն է ընտանեկան ժողով մը գումարել, որպէսզի բոլորն ալ մասնակցին տրուելիք որոշումներուն։ Քրիստոնէական ժողովքի երէցներու, կամ նոյնանման պարագաներ դիմագրաւած բարեկամներու հետ խօսիլն ալ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին»։—Առակաց 15։22

ԿԱՐԵԿԻՑ ԵՒ ՀԱՍԿԱՑՈՂ ԵՂԷՔ

Նկար՝ էջ 179

Իմաստութիւն չէ ծնողի մը համար որոշումներ տալ, առանց նախապէս իր կարծիքը հարցնելու

9, 10. (ա) Հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին, տարեցներուն հանդէպ ի՞նչ նկատողութիւն պէտք է ունենաք։ (բ) Չափահաս զաւակ մը իր տարեց ծնողքին հանդէպ ի՛նչ քայլ ալ առնելու ըլլայ, միշտ ի՞նչ բանի առիթ պէտք է տայ։

9 Մեր տարեց ծնողները պատուելը՝ կարեկցութիւն եւ հասկացողութիւն կը պահանջէ։ Մինչ տարիները իրենց տոյժը զգալի կը դարձնեն, տարեցները հետզհետէ աւելի դժուար կը քալեն, կ’ուտեն եւ կը յիշեն։ Յաճախ զաւակները շատ պահպանողական կը դառնան եւ կը փորձեն անոնց ուղղութիւն տալ։ Բայց տարեցները չափահասներ են եւ ամբողջ կեանքի մը իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը ունին. անոնք ամբողջ կեանքի տեւողութեան իրենք իրենց հոգ տարած եւ անձնապէս որոշումներ տուած են։ Անոնց անհատականութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, թերեւս որպէս ծնող եւ չափահաս իրենց դերին վրայ կեդրոնացած են։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք ընկճուին եւ բարկանան, զգալով որ իրենց կեանքին սանձը իրենց զաւակներուն ձեռքը պիտի անցնի։ Ոմանք կ’ընդվզին եւ կ’ընդդիմանան, խորհելով որ ասիկա իրենց անկախութիւնը գողնալու ջանք մըն է։

10 Այս խնդիրներուն լուծումը դիւրին չէ, բայց ձեր կողմէ ազնուութիւն պիտի ըլլայ թոյլ տալ որ ձեր ծնողները իրենց պէտքերուն հոգ տանին եւ կարելի եղած չափով՝ իրենք իրենց որոշումներ տան։ Իմաստութիւն չէ որ դուք ձեզմէ որոշէք թէ ի՛նչ բանը իրենց համար լաւագոյնն է, առանց նախապէս իրենց կարծիքը առնելու։ Թերեւս անոնք ծերութեան պատճառաւ շատ բան կորսնցուցած են, սակայն թոյլ տուէք որ պահեն ինչ որ տակաւին ունին։ Թերեւս նկատէք որ որքան փորձէք քիչ ղեկավարել ձեր ծնողներուն կեանքը, այդքան լաւ պիտի ըլլայ ձեր յարաբերութիւնը անոնց հետ։ Անոնք աւելի ուրախ պիտի ըլլան, հետեւաբար՝ դուք ալ։ Նոյնիսկ երբ պատահի որ հարկ ըլլայ իրենց բարօրութեան համար կարգ մը բաներու վրայ պնդել, ձեր ծնողքը պատուել կը պահանջէ որ անոնց տաք այն արժանապատուութիւնն ու յարգանքը, որու արժանի են։ Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ. «Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ՛»։—Ղեւտացւոց 19։32

ՇԻՏԱԿ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՊԱՀՊԱՆԵԼ

11-13. Եթէ անցեալին չափահասի մը փոխյարաբերութիւնը լաւ չէ եղած իր ծնողքին հետ, անոնց յառաջացած տարիքին մէջ անոնց հոգ տանելու հարցը ի՞նչպէս կրնայ ձեռք առնել։

11 Երբեմն չափահաս զաւակներ իրենց ծնողներուն հետ նախապէս իրենց ունեցած փոխյարաբերութեան պատճառաւ, իրենց տարեց ծնողները պատուելու դժուարութիւն կ’ունենան։ Թերեւս ձեր հայրը պաղ եւ անսիրալիր էր, իսկ ձեր մայրը՝ թերեւս տիրող եւ բիրտ։ Թերեւս մինչեւ հիմա ընդվզում, ցասում կամ վիրաւորանք կը զգաք, քանի որ անոնք ձեր ուզած ծնողները չէին։ Կրնա՞ք այս զգացումները յաղթահարել։a

12 Ֆինլանտա մեծցած Պասէ անունով երիտասարդ մը կը պատմէ. «Իմ խորթ հայրս Նացի Գերմանիոյ մէջ ԷՍ. ԷՍ. պաշտօնեայ մը եղած էր։ Ան դիւրութեամբ կը զայրանար եւ վտանգաւոր կը դառնար։ Աչքերուս առջեւ քանի՜ անգամ մօրս ծեծած է։ Անգամ մը, երբ ինծմէ բարկացած էր, իր գօտին հանեց եւ վրայի ճարմանդով երեսիս խփեց։ Այնքա՛ն ցաւեցայ որ ուշաթափ անկողինին վրայ ինկայ»։

13 Սակայն, այս մարդը ուրիշ լաւ կողմեր ալ ունէր։ Պասէ կը շարունակէ. «Իսկ միւս կողմէ, ան ծանր կ’աշխատէր եւ ինքզինքին չէր խնայեր, նիւթական գետնի վրայ ընտանիքին հոգ տանելու համար։ Ան բնաւ հայրական գուրգուրանք ցոյց տուած չէր ինծի հանդէպ, բայց գիտեմ որ զգացականօրէն վիրաւորուած մէկն էր։ Պատանի եղած ատեն իր մայրը զինք դուրս դրած էր։ Ան իր բռունցքը գործածելով մեծցած եւ երիտասարդ տարիքին պատերազմի մէջ նետուած էր։ Կը փորձէի որոշ չափով հասկնալ զինք ու՝ չայպանել։ Երբ քիչ մը մեծցայ, մինչեւ իր մահը ձեռքէս եկածին չափ օգնեցի իրեն։ Ասիկա դիւրին չէր, բայց կարելիս ըրի։ Մինչեւ իր մահը, ջանացի լաւ որդի մը ըլլալ, եւ կը խորհիմ որ զիս որպէս իր որդին ընդունեց»։

14. Ո՞ր համարը կը կիրարկուի բոլոր պարագաներուն, նոյնիսկ տարեց ծնողներ խնամելու պարագային։

14 Ընտանեկան պարագաներու, կամ ուրիշ հարցերու մէջ, Աստուածաշունչի հետեւեալ խրատը գործնական է. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [«Եհովա», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։—Կողոսացիս 3։12, 13

ՀՈԳ ՏԱՆՈՂՆԵՐԸ՝ ՀՈԳԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻՆ

15. Ծնողներու հոգատարութիւնը երբեմն ինչո՞ւ ճնշիչ կ’ըլլայ։

15 Անկարող ծնողի մը հոգ տանիլը ծանր գործ է։ Անիկա շատ աշխատանք, պատասխանատուութիւն եւ երկար ժամեր կը պահանջէ։ Բայց ամենէն դժուարը՝ զգացական մասն է։ Շատ ցաւ կը պատճառէ տեսնել որ մեր ծնողները իրենց առողջութիւնը, յիշողութիւնը եւ անկախութիւնը կը կորսնցնեն։ Սէնտին, որ Բորթօ Ռիքոյէն է, կը պատմէ. «Մայրս մեր տան կորիզը կը կազմէր։ Շա՜տ ցաւալի էր իրեն հոգ տանիլ։ Նախ՝ ան սկսաւ կաղալ. յետոյ պէտք ունեցաւ գաւազանի, ապա յենարանի եւ վերջապէս՝ հաշմակառքի մը։ Անկէ ետք աւելի վատթարացաւ, մինչեւ իր մահը։ Ան ոսկորի խլիրդ ունեցաւ եւ ցերեկ ու գիշեր խնամքի կը կարօտէր։ Զինք կը լոգցնէինք, կը կերակրէինք եւ իրեն համար ընթերցանութիւն կ’ընէինք։ Շա՜տ դժուար էր, մանաւանդ՝ զգացական գետնի վրայ։ Երբ անդրադարձայ որ մայրս մահուան սեմին կը գտնուէր՝ սկսայ լալ, քանի որ զինք շա՛տ կը սիրէի»։

16, 17. Ո՞ր խրատը կրնայ օգնել հոգատարին, որպէսզի հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենայ։

16 Ի՞նչպէս կրնաք դիմագրաւել նման կացութիւն մը։ Շատ օգտակար պիտի ըլլայ Աստուածաշունչ կարդալ, Եհովայի մտիկ ընել եւ աղօթքի միջոցաւ իրեն հետ խօսիլ։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Իսկ գործնական գետնի վրայ, հոգ տարէք որ լաւ կերպով սնանիք եւ բաւարար քնանաք։ Այսպէս ընելով, թէ՛ զգացական եւ թէ մարմնաւոր գետնի վրայ ձեր սիրելիին հոգ տանելու համար ի վիճակի պիտի ըլլաք։ Թերեւս պէտք ըլլայ ձեր առօրեայ ընթացքը երբեմն ընդհատել։ Եթէ նոյնիսկ կարելի չէ արձակուրդ առնել, իմաստութիւն է հանգստանալու որոշ ժամանակ տրամադրել։ Թերեւս կրնաք կարգադրութիւն մը ընել որ ուրիշ մէկը մնայ ձեր հիւանդին մօտ, որպէսզի դուք քիչ մը դուրս ելլէք։

17 Անսովոր չէ որ հիւանդի հոգ տանողներ շատ պահանջկոտ ըլլան իրենց անձին հանդէպ։ Բայց երբ բան մը ընելու չէք հասնիր, դուք ձեզ յանցաւոր մի՛ զգաք։ Կարգ մը պարագաներու, թերեւս հարկ ըլլայ որ ձեր սիրելին խնամատուն մը դնէք։ Եթէ մէկը կը խնամէք, դուք ձեր անձին հանդէպ տրամաբանական եղէք։ Դուք ո՛չ միայն ձեր հիւանդ ծնողին, այլ նաեւ ձեր, ձեր զաւակներուն եւ ձեր կողակիցին կարիքները հաւասարակշռել պէտք է գիտնաք։

ԲՆԱԿԱՆԷՆ ԳԵՐԻՎԵՐ ԵՂՈՂ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

18, 19. Եհովա ի՞նչպէս խոստացած է օգնել, եւ ան ի՛նչպէս կը պահէ իր խոստումը։

18 Իր Խօսքին, Աստուածաշունչին միջոցաւ, Եհովա սիրալիր կերպով ուղղութիւններ կու տայ, որոնք կրնան մեծապէս օգնել հիւանդ ծնող մը խնամող անհատի մը։ Բայց միմիայն այսքանով չի բաւականանար։ Ներշնչումի ներքեւ, սաղմոսերգուն գրեց. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն»։ «Անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք»։ Եհովա իր հաւատարիմ ծառաները պիտի փրկէ կամ պիտի պահպանէ, շատ դժուար կացութիւններէ։—Սաղմոս 145։18, 19

19 Ֆիլիպեան Կղզիներ բնակող Միրնան ասիկա սորվեցաւ, երբ իր մօրը հոգ կը տանէր, որ կաթուածահար ըլլալով, անկարող դարձած էր։ «Սիրելիիդ տառապանքը տեսնելէն գէշ բան չկայ, երբ չի կրնար ըսել թէ ո՛ւր կը ցաւի», կը գրէ ան։ «Ճիշդ կը նմանի, հետզհետէ իր խեղդուիլը տեսնել, առանց կարենալու բան մը ընել։ Շատ անգամ ծունկի եկած ու Եհովայի հետ խօսած եմ թէ որքա՜ն յոգնած եմ։ Ես ալ կու լայի Դաւիթի նման, որ Եհովայէ խնդրեց որ իր արցունքները տիկի մը մէջ դնէր ու զինք յիշէր։ [Սաղմոս 56։8] Իսկ Եհովա իր խոստումին համաձայն, պէտք եղած ոյժը տուաւ ինծի։ ‘Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ’»։—Սաղմոս 18։18

20. Աստուածաշունչի ո՞ր խոստումները կրնան օգնել հոգատարին որ իր լաւատեսութիւնը պահէ, նոյնիսկ երբ իր խնամած անհատը մահանայ։

20 Ըսուած է որ տարեց ծնողները խնամելը՝ «ուրախ վերջաւորութիւն չունեցող պատմութեան մը կը նմանի»։ Հակառակ տրուած լաւագոյն խնամքին, տարեցները կրնան մեռնիլ, Միրնային մօրը նման։ Բայց Եհովայի վստահողները գիտեն որ մահը պատմութեան վերջը չէ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած, . . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Անոնք որոնք մահուան մէջ տարեց ծնողներ կորսնցուցած են, կրնան մխիթարուիլ յարութեան յոյսով եւ Աստուծոյ շինած հաճելի նոր աշխարհով, որու մէջ «մահ պիտի չըլլայ»։—Յայտնութիւն 21։4

21. Տարեց ծնողները պատուելուն լաւ արդիւնքները ի՞նչ են։

21 Աստուծոյ ծառաները խոր յարգանք ունին իրենց ծնողներուն հանդէպ, նոյնիսկ երբ անոնք ծերանան։ (Առակաց 23։22-24) Զանոնք կը պատուեն։ Այսպէս ընելով, փորձառաբար կը տեսնեն ներշնչուած առակին ըսածը. «Քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ [պիտի] ուրախանան ու քեզ ծնանողը [պիտի] ցնծայ»։ (Առակաց 23։25) Ամենէն կարեւորը, իրենց տարեց ծնողները պատուողները ուրախացուցած ու պատուած կ’ըլլան Եհովա Աստուած։

a Հոս չենք խօսիր այն պարագաներու մասին, երբ ծնողներ իրենց ունեցած հեղինակութիւնը կամ վստահութիւնը չարաչար գործածած են, ոճրագործ նկատուելու աստիճան։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՅՍ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ . . . ՈՐ ՄԵՐ ՏԱՐԵՑ ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՏՈՒԵՆՔ

Մեր ծնողներուն եւ մեծ–ծնողներուն պէտք եղած հատուցումը պէտք է ընենք։—Ա. Տիմոթէոս 5։4

Մեր բոլոր գործերը սիրով պէտք է ընենք։—Ա. Կորնթացիս 16։14

Կարեւոր որոշումները բնաւ հապճեպով պէտք չէ տրուին։—Առակաց 14։15

Տարեց ծնողներ պէ՛տք է յարգուին, նոյնիսկ երբ հիւանդ կամ տկար են։—Ղեւտացւոց 19։32

Ծերութեան ու մահուան վախը միշտ մեզի հետ պիտի չմնայ։—Յայտնութիւն 21։4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել