Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 62-էջ 65 պարբ. 4
  • Ի՛նչպէս Բարելաւել Զրուցելու Կարողութիւնը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՛նչպէս Բարելաւել Զրուցելու Կարողութիւնը
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Տունէն Սկսիլ
  • Օտարականի մը Հետ Խօսակցիլ
  • Ի՛նչպէս Խօսակցութիւն մը Շարունակել
  • Երբ Հաւատակիցներու Հետ Էք
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. խօսակցութիւն մը սկսիլ՝ անպաշտօն կերպով վկայելու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Պէ՞տք է վերջ տաս խօսակցութեան
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Անձով հետաքրքրուէ
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Բարեկամական Խօսակցութիւնները Կրնան Սրտին Հասնիլ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 62-էջ 65 պարբ. 4

Ի՛նչպէս Բարելաւել Զրուցելու Կարողութիւնը

ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ուրիշներու հետ խօսելու դիւրութիւն ունի՞ք։ Ուրիշներու՝ մանաւանդ անծանօթի մը հետ, խօսակցութեան մէջ մտնելու գաղափարն իսկ շատերու համար մեծ հոգ մըն է։ Այսպիսի անհատներ կրնան ամչկոտ ըլլալ։ Անոնք կրնան հարց տալ. ‘Ի՞նչի մասին պիտի խօսիմ։ Ի՞նչպէս կրնամ խօսակցութիւնը սկսիլ։ Ի՞նչպէս կրնամ խօսակցութիւնը շարունակել’։ Ինքնավստահ՝ համարձակ անհատներ, կրնան հակումը ունենալ խօսակցութիւնը իրենց ձեռքը առնելու։ Անոնց համար կրնայ դժուար ըլլալ ուրիշներուն խօսիլ տալ եւ՝ ըսուածը մտիկ ընել սորվիլ։ Ուստի, ամչկոտ ըլլանք թէ՝ համարձակ, բոլորս ալ պէտք է զրուցելու արուեստը զարգացնենք։

Տունէն Սկսիլ

Ձեր զրուցելու հմտութիւնը բարելաւելու համար, նախ տունէն սկսեցէք։ Շինիչ խօսակցութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ընտանեկան ուրախութեան։

Այսպիսի խօսակցութեան գլխաւոր բանալին իրարու հանդէպ խոր հոգատարութիւնն է։ (Բ. Օր. 6։6, 7. Առ. 4։1-4) Երբ հետաքրքրուած ենք՝ կը հաղորդակցինք, եւ մտիկ կ’ընենք, երբ դիմացի անհատը բան մը կ’ըսէ։ Ուրիշ կարեւոր ազդակ մըն է՝ ըսելիք արժէքաւոր բան մը ունենալը։ Եթէ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան կանոնաւոր յայտագիր մը ունինք, շատ բան կրնանք բաժնել։ Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկը իմաստուն կերպով գործածելը կրնայ խօսակցութեան դուռ բանալ։ Թերեւս օրուան ընթացքին ծառայութեան մէջ հաճելի փորձառութիւն մը ունեցանք։ Կրնայ ըլլալ որ դաստիարակչական կամ երգիծական բան մը կարդացինք։ Պէտք է սովորութիւն դարձնենք այսպիսի բաներ բաժնել ընտանեկան պիտանի խօսակցութեան ընթացքին։ Ասիկա պիտի օգնէ որ մեր ընտանեկան շրջանակէն դուրս ալ մարդոց հետ խօսակցինք։

Օտարականի մը Հետ Խօսակցիլ

Շատեր կը վարանին խօսակցութիւն սկսելու մէկու մը հետ, զոր չեն ճանչնար։ Բայց Աստուծոյ եւ իրենց դրացիներուն հանդէպ սէրէ մղուած, Եհովայի Վկաները անկեղծ ջանք կը թափեն սորվելու համար թէ ի՛նչպէս կրնան ուրիշներու հետ խօսակցիլ, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները անոնց հետ բաժնելու համար։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ այս մարզին մէջ բարւոքումներ ընէք։

Փիլիպպեցիս 2։4–ի մէջ նշուած սկզբունքը արժէքաւոր է։ Մեզի քաջա լերութիւն կը տրուի ‘մեր անձերուն շահը չփնտռել, հապա ամէն մէկս մեր ընկերինն ալ’։ Հետեւեալ կերպով խորհեցէք. Եթէ անհատ մը նախապէս բնաւ տեսած չէք, ան ձեզ օտար մը կը սեպէ։ Ի՞նչպէս կրնաք զինք հանգստացնել։ Ջերմ ժպիտ մը եւ բարեկամական բարեւ մը պիտի օգնեն։ Բայց ուրիշ բաներու ալ ուշադրութիւն պէտք է ընէք։

Թերեւս իր խորհուրդները ընդհատեցիք։ Եթէ, առանց իր մտքին մէջ եղածով հետաքրքրուելու, փորձէք անոր հետ խօսիլ ձեր մտքին մէջ եղածը, կը կարծէ՞ք թէ հաճութեամբ պիտի ընդառաջէ։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, երբ Սամարիոյ մէջ ջրհորի մը քով կնոջ մը հանդիպեցաւ։ Կնոջ միտքը ջուր քաշելու վրայ էր։ Յիսուս անոր հետ իր խօսակցութիւնը սկսաւ այդ հիման վրայ, ապա զայն վառ հոգեւոր խօսակցութեան մը դարձուց։—Յովհ. 4։7-26

Եթէ նկատառու ըլլաք, դուք ալ կրնաք հասկնալ թէ մարդիկ ի՛նչ բանի մասին կը մտածեն։ Անհատը ուրա՞խ թէ տխուր կը թուի։ Արդեօք տարե՞ց՝ կամ թերեւս հաշմանդա՞մ է։ Բան մը կը նշէ՞ թէ տան մէջ երախաներ կան։ Անհատը նիւթական գետնի վրայ հանգի՞ստ կ’երեւի, թէ ոչ կեանքի անհրաժեշտութիւնները ունենալու համար կը պայքարի։ Տան յարդարանքը կամ անձնական զարդեղէնները իր կրօնասէր ըլլալը կը նշե՞ն։ Եթէ ձեր բարեւը այսպիսի բաներ հաշուի առնէ, անհատը ձեզ պիտի նկատէ որպէս մէկը՝ որուն հետ հասարակաց բան մը ունի։

Եթէ տանտէրը դէմ առ դէմ չէք տեսներ, թերեւս կղպուած դրան ետեւէն միայն իր ձայնը կը լսէք, ի՞նչ կրնաք եզրակացնել։ Կրնայ ըլլալ որ անհատը վախի մէջ կ’ապրի։ Կրնա՞ք այդ տեղեկութիւնը գործածել փակ դռնէն խօսակցութիւն մը սկսելու համար։

Կարգ մը վայրերու մէջ, հաւանական է որ դուք անհատը խօսակցութեան մէջ մտցնէք, ձեր մասին անոր բան մը ըսելով. ուրկէ՛ էք, ինչո՛ւ իր դուռը եկած էք, ինչո՛ւ Աստուծոյ կը հաւատաք, ինչո՛ւ սկսաք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եւ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս օգնած է ձեզի։ (Գործք 26։4-23) Անշուշտ ասիկա խոհեմութեամբ պէտք է կատարուի, մեր մտքին մէջ որոշ նպատակ մը ունենալով։ Ասիկա իր կարգին կը մղէ որ անհատը ինքն իր մասին եւ հարցերու շուրջ իր տեսակէտին մասին բան մը ըսէ։

Կարգ մը մշակոյթներու մէջ օտարականները հիւրասիրելը սովորական բան մըն է։ Մարդիկ իսկոյն կը հրաւիրեն ձեզ որ ներս մտնէք ու նստիք։ Նստելէ ետք, եթէ քաղաքավարօրէն ընտանիքին որպիսութիւնը հարցնէք ու անկեղծօրէն մտիկ ընէք, տանտէրն ալ իր կարգին ուշադրութեամբ պիտի լսէ ձեր ըսելիքը։ Ուրիշ ժողովուրդներ շատ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան այցելուներու հանդէպ, ուստի սկիզբի բարեւներն ու խօսակցութիւնները կրնան աւելի երկար ըլլալ։ Խօսակցութեան ընթացքին անոնք կրնան տեսնել որ ձեզի հետ հասարակաց բան մը ունին։ Ասիկա հոգեւոր օգտակար խօսակցութեան մը կրնայ առաջնորդել։

Ի՞նչ կրնաք ընել, երբ ձեր շրջանին մէջ տարբեր լեզուներ խօսող շատ անհատներ կան։ Այս մարդոց ի՞նչպէս կրնաք հասնիլ։ Եթէ իրենց լեզուով նոյնիսկ պարզ բարեւ մը սորվիք, մարդիկ պիտի անդրադառնան որ իրենցմով հետաքրքրուած էք։ Ասիկա կրնայ յաւելեալ խօսակցութեան դուռ բանալ։

Ի՛նչպէս Խօսակցութիւն մը Շարունակել

Խօսակցութիւն մը շարունակելու համար, դիմացի անհատին գաղափարներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տուէք։ Զինք քաջալերեցէք որ արտայայտուի, եթէ կը փափաքի։ Լաւ ընտրուած հարցումներ կրնան օգնել։ Իրենց տեսակէտը արտայայտել տալու մղող հարցումները նախընտրելի են, քանի որ անոնք սովորաբար այո կամ ոչ պատասխանէ մը աւելին կը պարփակեն։ Օրինակ, տեղական կարեւորութիւն ունեցող խնդիր մը յիշելէ ետք, կրնաք հարցնել. «Ըստ ձեզի, ի՞նչ բան պատճառ եղած է այս կացութեան», կամ՝ «Ըստ ձեզի, դարմանը ի՞նչ է»։

Երբ հարցում մը կը հարցնէք, ուշադրութեամբ հետեւեցէք պատասխանին։ Ձեր անկեղծ հետաքրքրութիւնը ցոյց տուէք բառով մը, գլխու շարժումով մը, կամ շարժուձեւով մը։ Իր խօսակցութիւնը մի՛ ընդհատէք։ Բաց մտքով ըսուածը նկատի առէք։ ‘Արագ եղէք լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու մէջ’։ (Յակ. 1։19) Երբ կը պատասխանէք, ցոյց տուէք թէ իրապէս կը հետեւէիք խօսակցութեան։

Սակայն ի մտի ունեցէք որ ամէն մարդ պիտի չպատասխանէ ձեր հարցումներուն։ Կարգ մը անհատներ միայն իրենց յօնքերը բարձրացնելով կամ ժպիտով մը թերեւս պատասխանեն։ Ուրիշներ կրնան պարզապէս այո կամ ոչ ըսել։ Մի՛ յուսահատիք։ Համբերատար եղէք։ Մի՛ պարտադրէք խօսակցութիւնը։ Եթէ անհատը մտիկ ընելու տրամադրութիւն ունի, սուրբ գրային շինիչ գաղափարներ բաժնեցէք անոր հետ։ Ժամանակի ընթացքին, անհատը կրնայ ձեզ բարեկամ նկատել։ Թերեւս անկէ ետքն է որ պիտի յօժարի ազատօրէն արտայայտել իր գաղափարները։

Երբ մարդոց հետ կը խօսիք, վերայցելութեան համար տեղ պատրաստեցէք։ Եթէ անհատ մը մի քանի հարցումներ հարցնէ, անոնցմէ ոմանց պատասխանեցէք, բայց մէկ կամ երկուքը ձգեցէք ձեր յաջորդ այցելութեան։ Խոստացէք այդ մասին պրպտում ընել եւ տեղեկութիւնը բաժնել իրեն հետ։ Եթէ հարցումներ չհարցնէ, կրնաք ձեր խօսակցութիւնը վերջացնել հարցումով մը, որ ըստ ձեզի՝ կրնայ զինք հետաքրքրել։ Խոստացէք յաջորդ այցելութեան այդ մասին խօսիլ։ Ճոխ գաղափարներ կրնաք գտնել Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքին, Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկին եւ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի վերջին թիւերուն մէջ։

Երբ Հաւատակիցներու Հետ Էք

Երբ ուրիշ Եհովայի Վկայի մը կը հանդիպիք առաջին անգամ, անոր հետ ծանօթանալու համար նախաքայլը կ’առնէ՞ք, թէ ոչ լուռ կը մնաք։ Մեր եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը պէտք է մղէ մեզ որ ճանչնանք զանոնք։ (Յովհ. 13։35) Ի՞նչպէս կրնաք սկսիլ։ Կրնաք պարզապէս ձեր անունը տալ եւ դիմացինին անունը հարցնել։ Իրեն հարցնելը թէ ի՛նչպէս ճշմարտութիւնը գիտցաւ, սովորաբար հետաքրքրական խօսակցութեան մը դուռը պիտի բանայ եւ ձեզի պիտի օգնէ որ իրարու ծանօթանաք։ Նոյնիսկ երբ ձեր խօսակցութիւնը շատ սահուն չըլլայ, դիմացի անհատը կը նկատէ ձեր ջանքը թէ իրմով հետաքրքրուած էք, եւ կարեւորը ա՛յս է։

Ի՞նչ բան կրնայ նպաստել ձեր ժողովքի անդամի մը հետ իմաստալից խօսակցութիւն մը ունենալու։ Անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուէք անհատին ու իր ընտանիքին հանդէպ։ Ժողովը տակաւին նո՞ր վերջացաւ։ Խօսեցէք այն կէտերուն մասին, զորս օգտակար գտաք։ Ասիկա երկուստեք շինիչ կրնայ ըլլալ։ Կրնաք Դիտարան–ի կամ Զարթի՛ր–ի վերջին թիւերէն կէտ մը յիշել որ ձեզ հետաքրքրած է։ Ասիկա ինքզինք տեսնելու, կամ դիմացինին գիտութիւնը փորձելու նպատակաւ պէտք չէ ըլլայ։ Ասիկա ըրէք, ձեզի համար իրապէս հաճելի եղած բան մը բաժնելու մտքով։ Կրնաք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ձեզմէ մէկուն ունեցած նշանակումին մասին խօսիլ ու գաղափարներ փոխանակել զայն ինչպէս զարգացնելու մասին։ Կրնաք նաեւ դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր ունեցած փորձառութիւնները պատմել։

Անշուշտ, մարդոց հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը յաճախ մարդոց մասին՝ իրենց ըսած ու ըրած բաներուն մասին խօսելու կ’առաջնորդէ։ Կրնանք զուարթամիտ ալ ըլլալ մեր խօսակցութեան մէջ։ Մեր ըսածը շինիչ պիտի ըլլա՞յ։ Եթէ Աստուծոյ Խօսքին խրատները սրտանց կ’ընդունինք եւ աստուածային սիրով մղուած ենք, վստահաբար մեր խօսակցութիւնը շինիչ պիտի ըլլայ։—Առ. 16։27, 28. Եփ. 4։25, 29. 5։3, 4. Յակ. 1։26

Դաշտի ծառայութեան մասնակցելէ առաջ, պատրաստութիւն կը տեսնենք։ Ինչո՞ւ հետաքրքրական նորութիւններ չպատրաստենք, բարեկամներու հետ բաժնելու համար։ Երբ հետաքրքրական բան մը կարդաք կամ լսէք, խորհեցէք այն կէտերուն մասին, զորս կրնաք ուրիշներուն հետ բաժնել։ Ժամանակի ընթացքին, խօսակցութեան շատ նիւթեր կրնաք ունենալ ու անոնց մէջէն ընտրել։ Այսպէս ընելով, առօրեայ կեանքի բաներուն մասին խօսելէն շատ աւելի ընդարձակ պիտի ըլլայ ձեր խօսակցութեան դաշտը։ Մանաւանդ, թող որ ձեր խօսակցութիւնը ցոյց տայ թէ Աստուծոյ Խօսքը ո՛րքան թանկագին է ձեզի համար։—Սաղմ. 139։17

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ՆՊԱՍՏՈՂ ԲԱՆԵՐ

  •  Տեղւոյն սովորութիւններուն հետեւեցէք

  •  Անկեղծ գովասանք մը ըրէք

  •  Ձեզ հետաքրքրող կէտ մը նշեցէք

  •  Տեսակէտը արտայայտող հարցում մը հարցուցէք

ՕԳՏԱԿԱՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

  •  Զուարթ կեցուածք

  •  Ջերմութիւն ու անկեղծութիւն

  •  Անձնական պատշաճ հետաքրքրութիւն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել