Ուսումնասիրութիւն 11
Ջերմութիւն եւ Զգացում
ՅՈՅԶԵՐԸ մարդկային կեանքին անբաժան մէկ մասն են։ Երբ անհատ մը իր զգացումները կ’արտայայտէ, ան կը յայտնէ իր սրտին մէջ եղածը, իր ներքին մարդը, կացութիւններու ու մարդոց նկատմամբ իր զգացումները։ Կեանքի մէջ իրենց ունեցած խիստ փորձառութեանց պատճառաւ, իսկ կարգ մը պարագաներուն՝ մշակութային ազդեցութիւններու պատճառաւ, շատեր իրենց յոյզերը կը թաքցնեն։ Բայց Եհովա մեզ կը քաջալերէ որ մեր ներքին մարդուն մէջ դրական յատկութիւններ մշակենք, ապա՝ անոր մէջ եղածը պատշաճօրէն դրսեւորենք։—Հռովմ. 12։10. Ա. Թես. 2։7, 8
Երբ կը խօսինք, մեր գործածած բառերը կրնան ճշգրիտ կերպով յոյզեր բնորոշել։ Բայց եթէ մեր բառերը համապատասխան զգացումով չարտայայտենք, մեզի մտիկ ընողները կրնան կասկածիլ մեր անկեղծութեան վրայ։ Միւս կողմէ, եթէ բառերը պատշաճ զգացումով արտայայտուին, մեր խօսակցութիւնը աւելի հաճելի ու ճոխ կը դառնայ, որ կրնայ մեզի մտիկ ընողներուն սրտին դպչիլ։
Ջերմութիւն Արտայայտել։ Ջերմ զգացումները յաճախ անհատներու մասին մեր մտածումին արդիւնքն են։ Ուստի, երբ Եհովայի հրապուրիչ յատկութիւններուն մասին կը խօսինք, եւ երբ Եհովայի բարութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’արտայայտենք, մեր ձայնին մէջ ջերմութիւն պէտք է ըլլայ։ (Եսայ. 63։7-9) Իսկ երբ մեր ընկեր արարածին հետ կը խօսինք, մեր խօսելակերպը նաեւ հաճելի ջերմութիւն մը պէտք է փոխանցէ։
Բորոտ մը Յիսուսի կը մօտենայ եւ իրմէ կը խնդրէ որ բուժուի։ Երեւակայեցէք Յիսուսի ձայնի թոնը, երբ կ’ըսէ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ (Մար. 1։40, 41) Մտապատկերացուցէք նաեւ տեսարանը, երբ 12 տարիէ ի վեր արիւնի տեռատեսութեան մէջ եղող կին մը, Յիսուսի ետեւէն գաղտուկ կը մօտենայ ու իր հանդերձին քղանցքին կը դպչի։ Երբ կ’անդրադառնայ որ իր ըրածը աննկատ չէ մնացած, կինը դողալով կու գայ, Յիսուսի ոտքերուն կ’իյնայ եւ ամբողջ ժողովուրդին առջեւ կը յայտնէ թէ ինչո՛ւ իր հանդերձին դպաւ՝ եւ ի՛նչպէս բժշկուեցաւ։ Խորհեցէք թէ Յիսուս ի՛նչ կերպով անոր կ’ըսէ. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Գնա խաղաղութեամբ»։ (Ղուկ. 8։42բ-48) Այդ առիթներով Յիսուսի ցուցաբերած ջերմութիւնը մինչեւ օրս մարդոց սրտերը կը շարժէ։
Մենք ալ երբ Յիսուսի նման մարդոց հանդէպ կարեկցութիւն ունենանք եւ երբ իրապէս ուզենք իրենց օգնել, ասիկա մեր խօսակցութեան կերպէն զգալի կ’ըլլայ։ Ջերմութեան այսպիսի արտայայտութիւն մը անկեղծ է եւ ո՛չ թէ չափազանցուած։ Մարդոց ընդառաջումը մեծաւ մասամբ կախեալ է մեր ջերմութենէն։ Դաշտի ծառայութեան մէջ մեր ըսածները սովորաբար ջերմութեամբ ըսուելիք բաներ են, մանաւանդ երբ կը տրամաբանենք, կը քաջալերենք, կը յորդորենք եւ կը կարեկցինք։
Եթէ դիմացիններուն հանդէպ ջերմ զգացում ունիք, ձեր դէմքին վրայ ցոյց տուէք զայն։ Երբ ջերմութիւն կը յայտնաբերէք, ձեր ունկնդիրները մօտիկ պիտի զգան ձեզի, ցուրտ գիշեր մը կրակին մօտեցողի մը պէս։ Եթէ ձեր դէմքին վրայ ջերմութիւնը զգալի չըլլայ, թերեւս ձեր ունկնդիրը չհամոզուի որ դուք անկեղծօրէն հետաքրքրուած էք իրմով։ Կարելի չէ ջերմութիւնը դիմակի մը նման հագնիլ. անիկա հարազատ պէտք է ըլլայ։
Ջերմութիւնը ձեր ձայնին մէջ ակներեւ պէտք է ըլլայ։ Եթէ կարծր, անտաշ ձայն մը ունիք, կրնայ դժուար ըլլալ ձեր խօսակցութեան մէջ ջերմութիւն արտայայտել։ Բայց ժամանակի ընթացքին եւ ջանադրութեամբ, կրնաք յաջողիլ։ Որպէս զուտ տեղեկութիւն, օգտակար կրնայ ըլլալ յիշել թէ կարճ ու կտրուկ հնչումները խօսակցութիւնը կոպիտ կը դարձնեն։ Փորձեցէք բառերուն մէջի աւելի մեղմ հնչումները երկարել։ Ասիկա ձեր խօսակցութեան մէջ ջերմութիւն դնելու պիտի նպաստէ։
Բայց ասոնցմէ շատ աւելի կարեւոր է թէ ձեր միտքը ի՛նչ բանի վրայ կեդրոնացած է։ Եթէ ձեր միտքը անկեղծօրէն կեդրոնացած է ձեր խօսելիք անհատներուն վրայ, եւ անոնց համար օգտակար եղող բան մը փոխանցելու իսկական ցանկութիւնը ունիք, ձեր խօսած կերպին մէջ այդ զգացումը պիտի յայտնաբերուի։
Խանդավառ ելոյթ մը կ’ոգեւորէ, բայց գորովալից զգացումն ալ հարկաւոր է։ Միշտ բաւարար չէ միտքը համոզել, պէտք է սիրտն ալ շարժել։
Ուրիշ Զգացումներ Արտայայտել։ Նեղութեան մէջ եղող անհատ մը կրնայ մտահոգութեան, վախի եւ յուսալքումի նման յոյզեր արտայայտել։ Ուրախութիւնը յոյզ մըն է որ ուշագրաւ պէտք է ըլլայ մեր կեանքին մէջ եւ պէտք է ազատօրէն արտայայտենք, երբ կը խօսինք ուրիշներու հետ։ Միւս կողմէ, կարգ մը յոյզեր պէտք է սանձել։ Անոնք քրիստոնէական անձնաւորութեան չեն յարմարիր։ (Եփ. 4։31, 32. Փիլ. 4։4) Բոլոր յոյզերը կը փոխանցուին մեր ընտրած բառերով, մեր ձայնին թոնով, մեր խօսելու ուժգնութեամբ, մեր դէմքի արտայայտութեամբ եւ շարժուձեւերով։
Աստուածաշունչը մարդկային յոյզերու երկար շարք մը կու տայ։ Երբեմն անիկա պարզապէս կը յիշէ յոյզերը։ Ուրիշ ատեններ, յոյզեր յայտնող դէպքեր կը պատմէ կամ խօսքեր կը մէջբերէ։ Երբ այսպիսի նիւթ մը բարձրաձայն կը կարդաք, անիկա շատ աւելի տպաւորութիւն պիտի ձգէ ձեր վրայ եւ ձեզի մտիկ ընողներուն վրայ, եթէ ձեր ձայնին մէջ այս յոյզերը դրսեւորուին։ Ասիկա իրագործելու համար, պէտք է դուք ձեզ դնէք անոնց տեղը, որոնց մասին կը կարդաք։ Դասախօսութիւն մը սակայն, թատերական արտադրութիւն մը չէ, ուստի ուշադիր եղէք որ չչափազանցէք։ Ձեր կարդացած հատուածները ձեզի մտիկ ընողներուն մտքերուն վրայ տպաւորեցէք։
Նիւթին Յարմար։ Ինչպէս խանդավառութեան պարագային, ձեր արտայայտութիւններուն մէջ դրած ջերմութիւնը եւ այլ յոյզերը մեծաւ մասամբ կախեալ են ձեր ըսածէն։
Բացէք Մատթէոս 11։28-30–ը եւ նկատի առէք թէ ի՛նչ կ’ըսէ հոն։ Ապա կարդացէք Մատթէոս 23–րդ գլուխին մէջ Փարիսեցիներուն ու դպիրներուն ուղղած Յիսուսի դատապարտութիւնը։ Չենք կրնար երեւակայել որ ան այս դատապարտութեան խօսքերը արտասանեց սառն եւ անկենդան կերպով մը։
Ըստ ձեզի, Ծննդոց 44–րդ գլուխի պատմութեան, իր եղբօր՝ Բենիամինի համար Յուդայի աղաչանքին նման պատմութիւն մը, ի՞նչպիսի զգացում կը պահանջէ։ Ուշադրութիւն ըրէք 13–րդ համարին մէջ արտայայտուած յոյզին, 16–րդ համարին մէջ այս չարիքին պատճառին մասին Յուդայի զգացումին, իսկ Ծննդոց 45։1–ի մէջ Յովսէփի հակազդած կերպին։
Ուրեմն, երբ կը կարդանք կամ կը խօսինք, զայն ազդու կերպով ընելու համար պէտք է ո՛չ միայն բառերուն եւ գաղափարներուն մասին մտածենք, այլ նաեւ՝ անոնց ընկերակցող զգացումին մասին։