ՄԱՍ 25
Խրատներ՝ հաւատքի, վարքի եւ սիրոյ վերաբերեալ
Յակոբոս, Պետրոս, Յովհաննէս եւ Յուդա, նամակներ կը գրեն հաւատակիցները քաջալերելու համար։
ՅԱԿՈԲՈՍ եւ Յուդա Յիսուսի խորթ եղբայրներն էին։ Իսկ Պետրոս եւ Յովհաննէս Յիսուսի 12 առաքեալներէն էին։ Այս չորս տղամարդիկը գրի առին եօթը նամակներ, որոնք կը գտնուին Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ եւ իւրաքանչիւրը կը կրէ զայն գրի առնողին անունը։ Այս նամակներուն մէջ նշուած ներշնչեալ յորդորներուն նպատակն էր օգնել քրիստոնեաներուն, որ Եհովայի հանդէպ ուղղամիտ մնային եւ իրենց աչքը սեւեռած պահէին Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ։
Հաւատք ցուցաբերել։ Պարզապէս «հաւատք ունիմ» ըսելը չի բաւեր։ Իսկական հաւատքը գործի կը մղէ։ Յակոբոս գրեց. «Հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակոբոս 2։26)։ Երբ անհատ մը փորձութիւններու ատեն հաւատքով կը գործէ, համբերատարութիւն զարգացուցած կ’ըլլայ։ Ասոր մէջ յաջողութիւն գտնելու համար, քրիստոնեայ մը պէտք է Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրէ, վստահ ըլլալով որ Աստուած զայն իրեն պիտի տայ։ Համբերատարութիւնը Աստուծոյ հաճութեան կ’առաջնորդէ (Յակոբոս 1։2-6, 12)։ Եթէ երկրպագու մը հաւատքով իր ուղղամտութիւնը պահէ, Եհովա Աստուած պիտի ընդառաջէ իրեն։ Յակոբոս ըսաւ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։
Քրիստոնեային հաւատքը այնքա՛ն զօրաւոր պէտք է ըլլայ, որ կարենայ դիմադրել փորձութիւններու եւ անբարոյ ազդեցութիւններու։ Յուդայի օրերուն, բարոյական վատ վիճակ մը կը տիրէր, եւ ասիկա դրդապատճառ դարձաւ որ Յուդան յորդորէր իր հաւատակիցները, որ «պայքարի[ն]. . . հաւատքին համար» (Յուդա 3, ԱԾ)։
Մաքուր վարք մը պահպանել։ Եհովան իր երկրպագուներէն կ’ակնկալէ որ սուրբ ըլլան, այսինքն՝ ամէն կողմանէ մաքուր։ Պետրոս գրեց. «Սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ Վասն զի գրուած է. ‘Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’» (Ա. Պետրոս 1։15, 16)։ Քրիստոնեաները ընդօրինակելու արժանի տիպար մը ունին։ Պետրոս ըսաւ. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք» (Ա. Պետրոս 2։21)։ Քրիստոնեաները Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրելու համար կրնան նեղութիւն կրել, բայց ասով հանդերձ, անոնք «մաքուր խղճմտանք» կը պահպանեն (Ա. Պետրոս 3։16, 17)։ Պետրոս քրիստոնեաները կը յորդորէ որ իրենց սուրբ վարմունքը եւ բարեպաշտ գործերը աւելցնեն, մինչ կը սպասեն Աստուծոյ դատաստանի օրուան եւ խոստացուած նոր աշխարհին, ուր «արդարութիւնը [պիտի] բնակի» (Բ. Պետրոս 3։11-13)։
«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։
Սէր դրսեւորել։ «Աստուած սէր է», գրեց Յովհաննէս։ Ան մատնանշեց, թէ Աստուած իր մեծ սէրը ցոյց տուաւ՝ Յիսուսը ղրկելով որպէս «մեր մեղքերուն քաւութիւն»։ Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս պէտք է հակազդեն ասոր։ Յովհաննէս բացատրեց. «Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել» (Ա. Յովհաննէս 4։8-11)։ Մէկզմէկ սիրելու կերպ մըն է՝ հաւատակիցները հիւրասիրութեամբ ընդունիլ (Գ. Յովհաննէս 5-8)։
Իսկ Եհովայի երկրպագուները ինչպէ՞ս կրնան իրեն հանդէպ սէր դրսեւորել։ Յովհաննէս կը պատասխանէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհաննէս 5։3. Բ. Յովհաննէս 6)։ Այս կերպով Աստուծոյ հնազանդողները վստահ կ’ըլլան, որ Աստուած պիտի շարունակէ զիրենք սիրել, «յաւիտենական կեանք» խոստանալով իրենց (Յուդա 21)։
Աղբիւրը՝ Յակոբոս. Ա. Պետրոս. Բ. Պետրոս. Ա. Յովհաննէս. Բ. Յովհաննէս. Գ. Յովհաննէս. Յուդա։