‘Հաւատքո՛վ քալէ, եւ ո՛չ թէ երեւոյթով’
Երուսաղէմի պաշարումէն եւ վերջնական կործանումէն կարճ ժամանակ մը առաջ, Պօղոս առաքեալ գրեց թէ քրիստոնեաները, որպէս Քրիստոսի բարի զինուորներ, պէտք է ակնկալեն որ դժուարութիւններու պիտի հանդիպին եւ իրենց հանգստութեան ու հաճոյքին նախապատուութիւն չտան (Բ. Տիմ. 2։3, 4)։ Այս չար աշխարհը երթալէն աւելի տառապալից ըլլալով, հարկ է որ զօրաւոր հաւատք ունենանք, որպէսզի կարենանք հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած մնալ (Բ. Կոր. 4։18. 5։7)։ Դիտէ ‘Հաւատքո՛վ քալէ, եւ ո՛չ թէ երեւոյթով’ տեսաերիզը (jw.org կայքին մէջ, նայէ՛ PUBLICATIONS > VIDEOS)։ Նկատէ թէ նիւթական բաներուն անտեղի կապուածութիւնը ինչպէ՛ս մահացու թակարդ մը եղաւ Նայեմի եւ Աբիտալի համար։ Ապա նկատի առ հետեւեալ հարցումները։
1) Առաջին դարուն ի՞նչ էր «պղծութիւնը՝ որ. . . սուրբ տեղը կը կենայ», եւ Երուսաղէմի մէջ ապրող քրիստոնեաները ի՞նչ վճռական քայլ պէտք էր առնէին (Մատ. 24։15, 16)։ 2) Ինչո՞ւ քաղաքէն փախչիլը հաւատք կը պահանջէր։ 3) Փախչիլը ի՞նչ զոհողութիւններ կը պարփակէր։ 4) Նայեմ եւ Աբիտալ ինչո՞ւ ուշացան (Մատ. 24։17, 18)։ 5) Երուսաղէմը ձգելու ժամանակ, Ռաքէլ հաւատքի ի՞նչ յաւելեալ փորձ մը դիմագրաւեց (Մատ. 10։34-37. Մար. 10։29, 30)։ 6) Եթան հաւատքի եւ Եհովային վստահելու նկատմամբ ինչպէ՞ս լաւ օրինակ հանդիսացաւ։ 7) Պելլայի մէջ քրիստոնեաները ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցան։ 8) Նայեմի եւ Աբիտալի հաւատքը ինչպէ՞ս աստիճանաբար տկարացաւ։ 9) Եհովան ինչպէ՞ս հոգ տարաւ Պելլայի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն (Մատ. 6։33. Ա. Տիմ. 6։6-8)։ 10) Ինչպէ՞ս կրնանք Աբրահամն ու Սառան ընդօրինակել, մինչ այս չար աշխարհին վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք (Եբ. 11։8-10)։ 11) Նայեմ եւ Աբիտալ ինչպէ՞ս իրենք զիրենք համոզեցին որ Երուսաղէմ վերադառնան, եւ իրենց մտածելակերպը ինչո՞ւ սխալ էր (Ղուկ. 21։21)։ 12) Երբ Նայեմ եւ Աբիտալ Երուսաղէմ վերադարձան, հոն կեանքը ինչպէ՞ս էր։ 13) Ինչո՞ւ պէտք է մեր հաւատքը զօրացնենք հիմա՝ առաջ որ այս աշխարհին վերջը գայ (Ղուկ. 17։31, 32. 21։34-36)։
Հաւատքով քալելը կը նշանակէ. 1) Եհովայի առաջնորդութեան վստահիլ, 2) թոյլ տալ որ ինք ուղղէ մեր քայլերը, եւ 3) ցոյց տալ որ աւելի՛ կ’արժեւորենք հոգեւոր բաները, քան՝ նիւթական բաները։ Թող որ վճռենք հաւատքով քալել, վստահ ըլլալով որ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհ. 2։17)։