Ուսումնասիրութիւն 44
Հարցումներու Ազդու Գործածութիւն
ՔԱՆԻ որ հարցումները պատասխանի կը կարօտին՝ ըլլայ բերանացի կամ մտային, անոնք կ’օգնեն որ ձեր ունկնդիրները հարցին մէջ պարփակուած զգան։ Հարցումները կրնան օգնել որ զրոյցներ սկսիք եւ գաղափարներու հետաքրքրական փոխանակում մը ունենաք։ Որպէս դասախօս եւ ուսուցիչ, կրնաք հարցումներ գործածել՝ հետաքրքրութիւն արթնցնելու, անհատի մը օգնելու որ տրամաբանէ նիւթի մը շուրջ, կամ ձեր ըսածին աւելի կշիռ տալու համար։ Երբ հարցումները լաւ կերպով գործածէք, կ’օգնէք որ դիմացինները իրենց միտքը աշխատցնեն, փոխանակ կրաւորականօրէն մտիկ ընելու։ Ձեր մտքին մէջ նպատակ մը ունեցէք, եւ ձեր հարցումները այնպէս մը ուղղեցէք որ զայն իրագործելու օգնեն։
Խօսակցութիւն Քաջալերելու Համար։ Երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիք, առիթը մի՛ փախցնէք մարդոց հրաւէր տալու որ արտայայտուին՝ եթէ կը փափաքին։
Շատ Վկաներ հետաքրքրական խօսակցութիւններ կը սկսին պարզապէս հարցնելով. «Բնաւ դուք ձեզի հարց տուա՞ծ էք թէ . . . »։ Եթէ անոնք ընտրեն հարցում մը որ իրապէս կը մտահոգէ մարդիկը, վստահաբար հաճելի ժամանակ մը պիտի անցընեն դաշտի ծառայութեան մէջ։ Նոյնիսկ երբ հարցումը նոր է դիմացինին համար, անիկա կրնայ հետաքրքրութիւն արթնցնել։ Շատ այլազան նիւթեր կարելի է ներկայացնել, հետեւեալին նման արտայայտութիւններ գործածելով. «Ի՞նչ կը խորհիք . . . », «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը . . . », եւ՝ «Կը հաւատա՞ք որ . . . »։
Երբ աւետարանիչ Փիլիպպոս մօտեցաւ Եթովպիացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը, որ բարձրաձայն կը կարդար Եսայիի մարգարէութիւնը, Փիլիպպոս պարզապէս հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ (Գործք 8։31) Այս հարցումը ճամբան հարթեց որ Փիլիպպոս ճշմարտութիւններ բացատրէ Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Նոյնանման հարցում մը գործածելով, արդի Վկաներէն ոմանք գտած են անհատներ, որոնք իրապէս ծարաւ էին Աստուածաշունչի ճշմարտութեան յստակ հասկացողութեան։
Երբ մարդոց առիթ տրուի որ իրենց տեսակէտները արտայայտեն, շատեր աւելի հակամէտ պիտի ըլլան մտիկ ընելու։ Հարցում մը հարցնելէ ետք, ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք։ Ազնիւ եղէք՝ փոխանակ քննադատելու անհատին պատասխանը։ Անհատը գովեցէք, երբ ասիկա անկեղծօրէն ընելու պատճառ ունենաք։ Առիթով մը, երբ դպիր մը «խելացութիւնով պատասխան տուաւ», Յիսուս գովեց զինք, ըսելով՝ «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»։ (Մար. 12։34) Նոյնիսկ երբ դիմացինին տեսակէտը չէք բաժներ, իր գաղափարը յայտնելուն համար շնորհակալութիւն յայտնեցէք։ Իր ըսածը թերեւս որոշ կեցուածք մը յայտնէ, զոր հաշուի պէտք է առնէք, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը իրեն հետ բաժնելու համար։
Կարեւոր Գաղափարներ Ներկայացնելու Համար։ Երբ կը խօսիք խումբի մը, կամ կը զրուցէք անհատի մը հետ, փորձեցէք հարցումներ գործածել՝ կարեւոր գաղափարներու հասնելու համար։ Վստահ եղէք որ ձեր հարցումները իրապէս կը հետաքրքրեն ձեր ունկնդիրները։ Կրնաք նաեւ հարցնել հարցումներ, որոնք միտք կը գրգռեն, քանի որ պատասխանները բացայայտ չեն։ Եթէ հարցում մը հարցնելէ ետք կարճ դադար մը ընէք, ձեր ունկնդիրները հաւանաբար աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւին շարունակութեան։
Անգամ մը Միքիա մարգարէն քանի մը հարցում հարցուց։ Հարցնելէ ետք թէ Աստուած ի՛նչ կ’ակնկալէ զինք պաշտողներէն, մարգարէն չորս ուրիշ հարցումներ եւս հարցուց՝ իւրաքանչիւրը հաւանական պատասխան մը պարփակելով։ Այս բոլոր հարցումները ընթերցողը կը պատրաստեն այն խորունկ պատասխանին, որով աւարտեց իր քննարկման այդ մասը։ (Միք. 6։6-8) Կրնա՞ք այսպիսի կերպ մը գործածել ուսուցանելու ատեն։ Փորձեցէ՛ք։
Նիւթի մը Շուրջ Պատճառաբանելու Համար։ Կարելի է հարցումներ գործածել, օգնելու համար որ դիմացինները պատճառաբանութեան մը տրամաբանական եզրին հետեւին։ Երբ Իսրայէլի լուրջ ծանուցում մը կ’ընէր, Եհովա ասիկա ըրաւ, ինչպէս կը տեսնուի Մաղաքեայ 1։2-10–ի մէջ։ Նախ անոնց ըսաւ. «Ես ձեզ սիրեցի»։ Անոնք չգնահատեցին այդ սէրը, ուստի հարցուց. «Միթէ Եսաւը Յակոբին եղբայրը չէ՞ր»։ Ապա Եհովա Եդովմի աւերուած վիճակը մատնանշեց, ապացուցանելու համար թէ իրենց ամբարշտութեան համար Աստուած չսիրեց այդ ազգը։ Անկէ ետք ան օրինակներ գործածեց՝ հարցումներ մտցնելով անոնց մէջ՝ ընդգծելու համար թէ Իսրայէլ պէտք եղած կերպով չէր ընդառաջած իր սիրոյն։ Հարցումներէն ոմանք այնպէս մը կազմուած են, որպէս թէ անհաւատարիմ քահանաներ կը հարցնէին։ Ուրիշներ՝ հարցումներ են զորս Եհովա կը հարցնէ քահանաներուն։ Երկխօսութիւնը յոյզեր կ’արթնցնէ եւ մեր ուշադրութիւնը վառ կը պահէ. հոս տրուած բանականութիւնը անհերքելի է, իսկ պատգամը՝ անմոռանալի։
Կարգ մը դասախօսներ նոյնանման հարցումներ ազդու կերպով կը գործածեն։ Թէեւ բերանացի պատասխան մը չ’ակնկալուիր, բայց ունկնդիրները մտովին կը պատասխանեն, որպէս թէ երկխօսութեան կը մասնակցին։
Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք, մեր գործածած կերպը աշակերտին մասնակցութիւնը կը պահանջէ։ Անշուշտ, շատ աւելի օգտակար կ’ըլլայ, երբ աշակերտը տպուած պատասխանը պարզապէս չկարդայ։ Ազնիւ թոնով մը երկրորդական հարցումներ հարցուցէք, աշակերտին հետ տրամաբանելու համար։ Գլխաւոր գաղափարներուն համար, քաջալերեցէք զինք որ Աստուածաշունչի համարներով պատասխանէ։ Կրնաք նաեւ հարցնել. «Հիմա մեր քննարկած կէտը մեր նախապէս ուսումնասիրած այս միւս կէտին հետ ի՞նչ կապ ունի։ Ինչո՞ւ կարեւոր է։ Անիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր կեանքին»։ Այսպիսի կերպ մը շա՛տ աւելի ազդու է քան ձեր անձնական համոզումները արտայայտելը, կամ ձեր կողմէ յաւելեալ բացատրութիւն տալը։ Այս կերպով աշակերտին կ’օգնէք որ իր ‘բանականութիւնը’ գործածէ Աստուած պաշտելու համար։—Հռովմ. 12։1, ՆԱ
Եթէ աշակերտը որոշ կէտ մը չըմբռնէ, համբերատար գտնուեցէք։ Կրնայ ըլլալ որ ան ձեր ըսածը կը փորձէ բաղդատել տարիներէ իր հաւատացած մէկ բանին հետ։ Տարբեր անկիւնէ մը նիւթին մօտենալը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Երբեմն սակայն, շատ պարզ պատճառաբանութիւն մը պէտք է։ Յաւելեալ համարներ գործածեցէք։ Օրինակներ գործածեցէք։ Ասոնց հետ միատեղ, պարզ հարցումներ գործածեցէք, որոնք անհատին հրաւէր կու տան որ տրուած ապացոյցին վրայ տրամաբանէ։
Ներքին Զգացումներ Դրսեւորելու Համար։ Երբ մարդիկ հարցումներու կը պատասխանեն, անոնք միշտ իրենց խոր զգացումները չեն յայտներ։ Անոնք թերեւս տան պատասխաններ, զորս կը խորհին թէ դուք կ’ակնկալէք լսել։ Խորատեսութիւն կը պահանջուի։ (Առ. 20։5) Յիսուսի նման, դուք ալ կրնաք հարցնել՝ «Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։—Յովհ. 11։26
Երբ Յիսուսի աշակերտներէն շատեր նեղուեցան իր ըսած խօսքէն եւ իրմէ հեռացան, Յիսուս իր առաքեալներուն հրաւէր տուաւ որ արտայայտուին այդ մասին։ Ան հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ Պետրոս անոնց զգացումները արտայայտեց, ըսելով. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։ (Յովհ. 6։68-70) Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս իր աշակերտներուն հարցուց. «Մարդիկ իմ մասիս ի՞նչ կ’ըսեն, ո՞վ է մարդու Որդին»։ Անկէ ետք, Յիսուս ուրիշ հարցում հարցուց, առիթ տալով որ իրենց սրտին մէջի եղածը արտայայտեն։ «Իսկ դուք իմ մասիս ի՞նչ կ’ըսէք, ո՞վ եմ ես»։ Պետրոս պատասխանեց. «Դուն Քրիստոսն ես՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին»։—Մատթ. 16։13-16, Երուսաղէմ
Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք, կարգ մը նիւթերու համար գործնական պիտի ըլլայ նոյնանման մօտեցում մը։ Կրնաք հարցնել. «Դասընկերներդ (կամ գործընկերներդ) ի՞նչպէս կը նկատեն այս հարցը»։ Ապա կրնաք հարցնել. «Դո՞ւն ինչ կը խորհիս այս մասին»։ Երբ անհատի մը բուն զգացումները գիտնաք, ասիկա կարելիութիւն կու տայ որ աւելի օգտակար ըլլաք որպէս ուսուցանող։
Աւելի Շեշտելու Համար։ Գաղափարները շեշտելու համար ալ հարցումներ կրնան գործածուիլ։ Պօղոս առաքեալ ասիկա ըրաւ, ինչպէս արձանագրուած է Հռովմայեցիս 8։31, 32–ի մէջ. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ։ Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր»։ Նկատի առէք թէ իւրաքանչիւր պարագային, հարցումը իրեն նախորդող նախադասութիւնը աւելի կը մանրամասնէ։
Բաբելոնի թագաւորին դէմ Եհովայի դատավճիռը արձանագրելէ ետք, Եսայի մարգարէն զօրաւոր համոզում արտայայտեց, աւելցնելով. «Զօրքերու Տէրը նախասահմանեց, ո՞վ կրնայ զանիկա խափանել։ Անոր ձեռքը երկնցած է, ո՞վ կրնայ զանիկա ետ դարձնել»։ (Եսայ. 14։27) Իրենց բովանդակութենէն իսկ այսպիսի հարցումներ կը նշեն, թէ արտայայտուած գաղափարը անհերքելի է։ Պատասխանի կարիք չկայ։
Սխալ Մտածմունքը Քօղազերծելու Համար։ Հոգածութեամբ կանխամտածուած հարցումները նաեւ զօրաւոր գործիքներ են սխալ մտածմունքը քօղազերծելու։ Մարդ մը բուժելէ առաջ, Յիսուս Փարիսեցիներուն ու կարգ մը օրինականներուն հարցուց. «Արժա՞ն է շաբաթ օրը բժշկել»։ Բուժելէն ետք, ան ուրիշ հարցում մը հարցուց. «Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը եթէ հորը իյնայ, չի հաներ զանիկա շաբաթ օրը»։ (Ղուկ. 14։1-6) Ինք պատասխան չէր ակնկալեր, ոչ ալ մէկը պատասխան մը տուաւ։ Հարցումները քօղազերծեցին անոնց սխալ մտածմունքը։
Երբեմն նոյնիսկ ճշմարիտ Քրիստոնեաներ կրնան սխալ մտածմունքի մէջ իյնալ։ Առաջին դարու Կորնթոս քաղաքին մէջ ոմանք իրենց եղբայրները դատի կը քաշէին, լուծելու համար կարգ մը խնդիրներ, զորս իրարու միջեւ պէտք էր լուծէին։ Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս ձեռք առաւ հարցը։ Անոնց մտածելակերպը սրբագրելու համար, ան շարք մը շեշտակի հարցումներ հարցուց։—Ա. Կորն. 6։1-8
Վարժութեամբ՝ կրնաք հարցումները ազդու կերպով գործածել։ Սակայն մի՛ մոռնաք յարգալից ըլլալ, մանաւանդ երբ կը խօսիք տարեցներու, անծանօթ եւ հեղինակաւոր անհատներու։ Հարցումներ գործածեցէք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը հաճելի կերպով ներկայացնելու համար։