Ուսումնասիրութիւն 42
Ունկնդիրներուն Համար Տեղեկատու
ՈՐՊԷՍԶԻ ձեր ներկայացումը ունկնդիրներուն համար տեղեկատու ըլլայ, արժէքաւոր նիւթի մը մասին խօսելէն աւելին պէտք է ընէք։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս ունկնդիրները ինչո՞ւ այս նիւթը լսելու կարիքը ունին։ Ի՞նչ կրնամ ըսել, որպէսզի ունկնդիրները զգան թէ իրապէս օգտուած են այս քննարկումէն’։
Դպրոցին մէջ, եթէ նշանակում ստանաք մէկու մը վկայելու, ձեր տանտէրը ձեր ունկնդիրը պիտի ըլլայ։ Ուրիշ պարագաներու, խօսքը հաւանաբար ամբողջ ժողովքին ուղղէք։
Ձեր Ունկնդիրները Ի՛նչ Գիտեն։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ունկնդիրները ի՞նչ գիտեն այս նիւթին մասին’։ Ասիկա ձեր մեկնակէտը պիտի որոշէ։ Եթէ կը խօսիք ժողովքի մը, որուն մէջ բազմաթիւ հասուն Քրիստոնեաներ կան, պարզապէս հիմնական ճշմարտութիւններ մի՛ կրկնէք, որոնք ծանօթ են մեծամասնութեան։ Այս հիմնական ճշմարտութիւններուն վրայ կառուցանեցէք։ Անշուշտ, եթէ ներկաներուն մէջ կան նաեւ բազմաթիւ նոր հետաքրքրուող անհատներ, երկու խումբերուն կարիքները նկատի պէտք է ունենաք։
Ձեր զեկոյցին արագութիւնը ձեր ունկնդիրներուն ունեցած տեղեկութեան յարմարցուցէք։ Եթէ կարգ մը մանրամասնութիւններ պիտի պարփակէք, որոնք հաւանաբար շատերուն ծանօթ են, ասոնց վրայէն արագ անցէք։ Բայց աւելի դանդաղ եղէք, երբ գաղափարներ կը ներկայացնէք, որոնք նորութիւն կրնան ըլլալ ձեր ունկնդիրներէն մեծամասնութեան, որպէսզի կարենան յստակօրէն ըմբռնել զանոնք։
Ի՛նչ Տեղեկացնել։ Տեղեկատու ըլլալը միշտ ըսելիք նոր բան մը ունենալ չի նշանակեր։ Դասախօսներէն ոմանք կարգ մը ծանօթ ճշմարտութիւններ նշելու այնպիսի կերպ մը ունին, որ ունկնդիրներէն շատեր առաջին անգամ ըլլալով զանոնք լիովին կը հասկնան։
Դաշտի ծառայութեան մէջ, բաւարար չէ լուրերէն բան մը նշել ապացուցանելու համար թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Աստուածաշունչը գործածեցէք ցոյց տալու համար այդ դէպքին իմաստը։ Ասիկա իրապէս տեղեկատու պիտի ըլլայ տանտիրոջ։ Նոյն կերպով, երբ բնութեան օրէնքի, բոյսի կամ անասունի մասին որոշ մանրամասնութիւն մը կը յիշէք, ձեր նպատակակէտը պէտք չէ ըլլայ գիտական շատ հետաքրքրական իրողութիւն մը ներկայացնել որ տանտէրը բնաւ չէ լսած։ Հապա՝ ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ բնութենէն կարգ մը իրողութիւններ կապել Աստուածաշունչի խօսքերուն հետ, ցոյց տալու համար թէ Ստեղծիչ մը կայ, որ կը սիրէ մեզ։ Ասիկա պիտի օգնէ որ տանտէրը հարցերը նոր տեսանկիւնէ մը դիտէ։
Դիւրին չէ ունկնդիրներուն նիւթ մը ներկայացնել, որուն մասին նախապէս շատ անգամ լսած են։ Բայց ատակ ուսուցիչ ըլլալու համար, պէտք է գիտնաք ասիկա յաջող կերպով կատարել։ Ի՞նչպէս կրնաք ընել։
Պրպտում ընելը պիտի օգնէ։ Փոխանակ ձեր դասախօսութեան մէջ զետեղելու իրողութիւններ, որոնք անմիջապէս ձեր միտքը կու գան, պրպտումի գործիքները գործածեցէք, որոնց մասին խօսուած է 33-38–րդ էջերուն մէջ։ Ձեր իրագործելիք նպատակին համար հոն տրուած թելադրութիւնները նկատի առէք։ Ձեր պրպտումին մէջ կրնաք գտնել պատմական շատ ծանօթ չեղող դէպք մը, որ ուղղակիօրէն կապ ունի ձեր նիւթին հետ։ Կամ՝ վերջին լուրերուն մէջ ձեր աչքին կրնայ զարնել բան մը, որ կը լուսաբանէ ձեր քննարկելիք կէտը։
Մինչ ձեր նիւթը կը պատրաստէք, ձեր միտքը գրգռեցէք հարցնելով՝ ի՞նչ, ինչո՞ւ, ե՞րբ, ո՞ւր, ո՞վ եւ ի՞նչպէս։ Օրինակ՝ ասիկա ինչո՞ւ շիտակ է։ Ի՞նչպէս կրնամ փաստել զայն։ Ժողովրդական ի՞նչ հաւատալիքներ Աստուածաշունչի այս ճշմարտութիւնը ըմբռնելը կը դժուարացնեն։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Ասիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ անհատի մը կեանքին։ Ի՞նչ օրինակ ցոյց կու տայ զայն կիրարկելուն օգուտը։ Աստուածաշունչի այս ճշմարտութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ Եհովայի անձնաւորութեան մասին։ Ձեր քննարկած նիւթէն կախեալ ըլլալով, կրնաք հարցնել. Ասիկա ե՞րբ տեղի ունեցաւ։ Այսօր այս նիւթը ի՞նչպէս կրնանք գործնականօրէն կիրարկել։ Կրնաք նոյնիսկ ձեր զեկուցումը վառ դարձնել, ձեր դասախօսութեան ընթացքին կարգ մը այսպիսի հարցումներ հարցնելով ու անոնց պատասխանելով։
Ձեր դասախօսութիւնը կրնայ պահանջել որ ձեր ունկնդիրներուն ծանօթ եղող համարներ գործածէք։ Ի՞նչ կրնաք ընել այս համարները աւելի տեղեկատու դարձնելու համար։ Զանոնք պարզապէս մի՛ կարդաք, այլ՝ բացատրեցէք։
Ծանօթ համար մը քննարկելը կրնայ շատ աւելի տեղեկատու ըլլալ, եթէ համարը կիսէք, դասախօսութեան բնաբանին հետ կապ ունեցող մասերը անջատելով, ապա բացատրելով զանոնք։ Նկատի առէք այս կարելիութիւնները Միքիայ 6։8–ի նման համարներու հետ՝ Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան մէջ։ Ի՞նչ է «արդարութիւն»ը։ Հոս որո՞ւ արդարութեան չափանիշին մասին է խօսքը։ Ի՞նչպէս պիտի բացատրէիք «արդարութիւն ընել»ուն կամ «ողորմութիւն սիրել»ուն իմաստը։ Ի՞նչ է «համեստութիւն»ը։ Նիւթը ի՞նչպէս կրնաք կիրարկել տարեցներու պարագային։ Անշուշտ, կարգ մը ազդակներ ինչպէս՝ ձեր բնաբանը, նպատակը, ունկնդիրները եւ մատչելի եղող ժամանակը, պիտի որոշեն թէ ո՛րքան նիւթ պիտի գործածէք։
Արտայայտութիւնները պարզ կերպով սահմանելը յաճախ օգտակար է։ Ոմանց համար Մատթէոս 6։10–ի մէջի «թագաւորութիւն» արտայայտութեան իմաստը գիտնալը ուղղակի նորութիւն մըն է։ Սահմանում մը վերյիշեցնելը կրնայ նոյնիսկ օգնել երկար ժամանակէ Քրիստոնեայ եղողի մը, որ աւելի ճշգրիտ կերպով ըմբռնէ համարի մը ըսածը։ Ասիկա յստակ կ’ըլլայ, երբ Բ. Պետրոս 1։5-8–ն կարդանք, ապա այս համարներուն մէջ յիշուած տարբեր երեսակները սահմանենք, ինչպէս՝ հաւատք, առաքինութիւն, գիտութիւն, ժուժկալութիւն, համբերութիւն, աստուածպաշտութիւն, եղբայրսիրութիւն եւ սէր։ Երբ նոյն բովանդակութեան մէջ իրարու նմանող բառեր ըլլան, զանոնք սահմանելը անոնց տարբերութիւնը հասկնալու կրնայ նպաստել։ Այս է պարագան Առակաց 2։1-6–ի մէջ իմաստութիւն, գիտութիւն, հանճար եւ հասկացողութիւն բառերուն։
Ձեր ունկնդիրներուն համար կրնայ տեղեկատու ըլլալ, եթէ համարի մը մասին կարգ մը պատճառաբանութիւններ տաք։ Շատեր կը զարմանան, երբ առաջին անգամ կը տեղեկանան թէ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններու մէջ Ծննդոց 2։7–ն Ադամը կը կոչէ կենդանի հոգի մը, եւ թէ Եզեկիէլ 18։4–ի համաձայն, հոգին կը մեռնի։ Առիթով մը Յիսուս զարմացուց Սադուկեցիները, ակնարկում ընելով Ելից 3։6–ին՝ որուն կը դաւանէին հաւատալ՝ ապա զայն կիրարկելով մեռելներու յարութեան։—Ղուկ. 20։37, 38
Երբեմն համարի մը բովանդակութիւնը, անոր գրութեան պայմանները, եւ խօսողին կամ լսողին ինքնութիւնը նշելը կրնայ լուսաբանել։ Փարիսեցիները շատ լաւ գիտէին 110–րդ Սաղմոսը։ Այսուհանդերձ, Յիսուս անոնց ուշադրութեան յանձնեց անոր առաջին համարին մէջ գտնուած կարեւոր մանրամասնութիւն մը։ Ան հարցուց. «‘Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է’։ Ըսին իրեն. ‘Դաւիթին’։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. ‘Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ. «Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։ Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ’»։ (Մատթ. 22։41-45) Երբ սուրբ գրային համարներ այսպէս վերլուծէք, ինչպէս Յիսուս կ’ընէր, մարդոց պիտի օգնէք որ աւելի ուշադիր կերպով կարդան Աստուծոյ Խօսքը։
Երբ դասախօս մը կը նշէ Աստուածաշունչի գրքի մը գրութեան թուականը կամ դէպքի մը տեղի ունեցած թուականը, ան պէտք է նկարագրէ նաեւ այդ ժամանակուան տիրող պայմանները։ Այդ կերպով ունկնդիրները աւելի յստակօրէն պիտի ըմբռնեն այդ գրքին՝ կամ դէպքին՝ կարեւորութիւնը։
Բաղդատութիւններ գործածելը կրնայ օգնել որ ձեր ըսածը աւելի տեղեկատու ըլլայ։ Կրնաք ժողովրդական տեսակէտ մը հակադրել նոյն կէտին մասին Սուրբ Գրքին ըսածին հետ։ Կամ կրնաք Աստուածաշունչի երկու զուգահեռ պատմութիւններ բաղդատել։ Տարբերութիւններ կա՞ն։ Ինչո՞ւ։ Ի՞նչ կը սորվինք անոնցմէ։ Ասիկա ընելը ձեր ունկնդիրներուն նոր հայեացք մը կու տայ այդ նիւթին շուրջ։
Եթէ ձեզի նշանակում տրուած է որ քրիստոնէական ծառայութեան որոշ երեսակ մը քննարկէք, կրնաք ձեր զեկուցումը ճոխացնել՝ նախ ընդհանուր ամփոփում մը ընելով։ Խօսեցէք թէ ի՛նչ պէտք է ընել, անիկա ինչո՛ւ կարեւոր է, եւ ի՛նչ կապ ունի որպէս Եհովայի Վկաներ մեր ընդհանուր նպատակակէտերուն հետ։ Ապա բացատրեցէք թէ ո՛ւր, ե՛րբ եւ ի՛նչպէս ընել այդ գործը։
Իսկ ի՞նչ կրնաք ընել, եթէ ձեր դասախօսութիւնը կը պահանջէ որ խօսիք «Աստուծոյ խորունկ բաներ»էն ոմանց մասին։ (Ա. Կորն. 2։10) Եթէ սկսիք նիւթին կարգ մը բանալի կէտերը մասնաւորելով ու բացատրելով՝ մանրամասնութիւնները շատ աւելի դիւրաւ պիտի հասկցուին։ Իսկ եթէ համառօտ ամփոփումով մը եզրափակէք ձեր նիւթը, հաւանաբար ձեր ունկնդիրները գոհունակ պիտի մեկնին, զգալով որ իրապէս բան մը սորվեցան։
Քրիստոնէական Ապրելակերպի Մասին Խրատներ։ Ձեր ունկնդիրները մասնաւորաբար պիտի օգտուին, եթէ անոնց օգնէք տեսնելու թէ ձեր դասախօսութեան տեղեկութիւնը ի՛նչպէս կը կիրարկուի իրենց կեանքին մէջ։ Մինչ ձեզի նշանակուած նիւթին համարները կը քննէք, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս տեղեկութիւնը ինչո՞ւ Սուրբ Գրքին մէջ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը’։ (Հռովմ. 15։4. Ա. Կորն. 10։11) Խորհեցէք կեանքի կացութիւններու մասին, որոնց մէջ կը գտնուին ձեր ունկնդիրները։ Այդ կացութիւնները նկատի առէք Սուրբ Գրքի խրատներուն ու սկզբունքներուն լոյսին տակ։ Ձեր դասախօսութեան մէջ, Սուրբ Գրքով պատճառաբանեցէք թէ անիկա ի՛նչպէս կրնայ անհատի մը օգնել որ այսպիսի կացութիւններ իմաստուն կերպով ձեռք առնէ։ Ընդհանրացումէն զգուշացէք։ Մասնայատուկ կեցուածքներ եւ արարքներ քննարկեցէք։
Սկսելու համար, վերոյիշեալ թելադրութիւններէն մէկ կամ երկուքը կիրարկեցէք։ Երբ փորձառութիւն ձեռք ձգէք, յաւելեալ թելադրութիւններ կիրարկեցէք։ Ժամանակի ընթացքին պիտի տեսնէք որ ունկնդիրները անհամբեր պիտի ըլլան ձեր դասախօսութիւնները լսելու, վստահ ըլլալով որ պիտի լսեն բան մը որ իրապէս իրենց օգտակար է։