Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ17 Յունիս էջ 8
  • Բարի լուրը քարոզելով ուրախացիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բարի լուրը քարոզելով ուրախացիր
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բարի լուրը ինչպէ՞ս կը քարոզուի
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • ‘Բարութեան աւետիս բերենք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • «Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը Ուրախութեամբ»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Խնդութիւն. աստուածատուր յատկութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
ժտ17 Յունիս էջ 8

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Բարի լուրը քարոզելով ուրախացիր

Երբեք քարոզելը դժուար գտա՞ծ ես։ Մեզմէ շատեր թերեւս այո՛ պատասխանեն։ Ինչո՞ւ։ Կրնայ ըլլալ որ թաղամասին մէջ միշտ անտարբերութիւն կամ հակառակութիւն կը տեսնենք կամ ալ օտարներու հետ խօսելէ կը վախնանք։ Անշուշտ այս բաները կրնան մեր ուրախութիւնը նուազեցնել։ Բայց մենք կը պաշտենք ուրախ Աստուածը, որ կ’ուզէ որ իրեն ուրախութեամբ ծառայենք (Սաղ. 100։2. Ա. Տիմ. 1։11)։ Ի՞նչ երեք պատճառներ ունինք որ ուրախութեամբ քարոզենք։

Առաջին, մենք յոյսի պատգամ մը կը ծանուցանենք։ Ճիշդ է որ մարդիկ երթալով յուսահատ կը դառնան, բայց մենք կրնանք մարդոց սրտերը լեցնել «բարութեան աւետիս»ով կամ լաւագոյն բաներու մասին բարի լուրով (Եսա. 52։7)։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կրնայ մե՛զ ալ ուրախացնել։ Քարոզելէ առաջ, խոկա՛ երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն վրայ։

Երկրորդ, մեր քարոզած բարի լուրը մարդոց կ’օգտէ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեւորապէս։ Անոնք կը սորվին վնասակար սովորութիւններ ձգել եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենալ (Եսա. 48։17, 18. Հռով. 1։16)։ Քարոզելու գործը կրնանք նմանցնել մարդիկ փնտռելու եւ ազատելու գործին։ Ճիշդ է որ կարգ մը մարդիկ չեն ուզեր ազատիլ, բայց մենք կը շարունակենք փնտռել անոնք որոնք կ’ուզեն ազատիլ (Մատ. 10։11-14)։

Երրորդ, եւ ամէնէն կարեւորը, մեր քարոզչութիւնը Եհովան կը պատուէ։ Ան շատ կ’արժեւորէ մեր վկայութիւնը (Եսա. 43։10. Եբ. 6։10)։ Ասկէ զատ, ան առատաձեռնօրէն մեզի իր սուրբ հոգին կու տայ որ այս գործը կատարենք։ Ուրեմն Եհովային աղաչէ որ ունենաս ուրախութիւն, որ սուրբ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է (Գաղ. 5։22)։ Իրեն օգնութեամբ մենք կրնանք մեր մտահոգութիւնները յաղթահարել եւ համարձակութեամբ քարոզել (Գործք 4։31)։ Այն ատեն, թաղամասի մարդոց հակազդեցութիւնը ինչ որ ալ ըլլայ, պիտի կրնա՛նք ուրախանալ մեր քարոզելու նշանակումով (Եզեկ. 3։3)։

Ծառայութեան ընթացքին քոյր մը տարբեր վիճակներու մէջ. տխուր եւ ուրախ

Տրամադրութիւնդ ինչպէ՞ս կ’ուզես որ ըլլայ ծառայութեան ընթացքին։ Ինչպէ՞ս կրնաս ուրախ ըլլալ։

ԴԻՏԷ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՎԵՐԱԳՏՆԵԼ ՍԵՐՏԵԼՈՎ ԵՒ ԽՈԿԱԼՈՎ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ինչո՞ւ պէտք է նախապատուութիւն տանք մեր ուսումնասիրութեան, նոյնիսկ եթէ ամէն ամիս շատ ժամանակ կը տրամադրենք քարոզելու։

  • Ինչպէ՞ս պէտք է Մարիամը ընդօրինակենք։

  • Ե՞րբ ժամանակ կը տրամադրես Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալու։

  • Ի՞նչ բան քեզ կ’ուրախացնէ երբ բարի լուրը կը քարոզես։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել