Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կս դաս 5 էջ 8
  • Ճիշդ կերպով կարդալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ճիշդ կերպով կարդալ
  • Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ճշգրիտ Ընթերցանութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
կս դաս 5 էջ 8

ԴԱՍ 5

Ճիշդ կերպով կարդալ

Նշուած համար

Ա. Տիմոթէոս 4։13

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Բարձրաձայն կարդալ ճիշդ ինչ որ գրուած է էջին վրայ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Նիւթը լաւ պատրաստէ։ Մտածէ թէ նիւթը ինչո՛ւ գրուած է։ Փորձէ կարդալ ոչ թէ առանձին բառեր, հապա՝ քանի մը բառ միասնաբար։ Ուշադիր եղիր որ բառեր չաւելցնես, բառերուն վրայէն չցատկես կամ բառի մը տեղ ուրիշ բառ չկարդաս։ Կէտադրութեան նշանները յարգէ։

    Գործնական առաջարկ

    Ընկերոջմէդ խնդրէ որ ընթերցանութիւնդ մտիկ ընէ եւ ըսէ թէ ո՛ր բառերը ճիշդ չկարդացիր։

  • Ամէն մէկ բառ ճիշդ հնչէ։ Եթէ դժուար կամ անծանօթ բառի մը հանդիպիս, քանի մը անգամ փորձէ բարձրաձայն հնչել, մինչեւ որ բառը լաւ արտասանես կամ ալ լաւ ընթերցողէ մը օգնութիւն խնդրէ։

  • Յստակ խօսէ։ Բառերը լաւ, բայց բնական կերպով հնչէ՝ գլուխդ բարձր պահելով եւ բերանդ լայն բանալով։ Ջանք ըրէ որ ամէն մէկ վանկ հնչես։

    Գործնական առաջարկ

    Ուշադիր եղիր որ բառի ամէն մէկ վանկը չշեշտես, որ ընթերցանութիւնդ անբնական չդառնայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել