ԴԱՍ 4
Համար կարդալէ առաջ՝ գետին պատրաստել
Մատթէոս 22։41-45
ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողին միտքը պատրաստել՝ համար մը կարդալէ առաջ։
Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։
Մտածէ թէ ինչո՛ւ համարը կը կարդաս։ Ամէն մէկ համար այնպէս մը ներկայացուր, որ քեզի մտիկ ընողներուն օգնես գտնելու այն կէտը՝ որ կ’ուզես շեշտել։
Միշտ Սուրբ Գիրքէն սորվեցուր։ Մարդոց հետ խօսած ատեն ըսելիքներդ Սուրբ Գիրքէն թող ըլլան, որ տեսնեն թէ Աստուծո՛յ գաղափարները կը փոխանցես։
Համարին նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցուր։ Հարցում մը հարցուր եւ համարով պատասխանէ։ Խնդիր մը ներկայացուր եւ համարով լուծումը տուր։ Կամ սկզբունք մը նշէ եւ սուրբգրային դէպքով մը յստակացուր։