Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ասմ գլ. 4 էջ 36-49
  • Ինչո՞ւ հեղինակութիւնը յարգել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ հեղինակութիւնը յարգել
  • «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ԴԺՈՒԱՐ Է ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵԼ
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵԼ
  • ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷՋ
  • ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ
  • ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ
  • Պատուեցէք ձեր վրայ հեղինակութիւն ունեցողները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Հեղինակութեան շուրջ քրիստոնէական տեսակէտը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը ինչո՞ւ կենսական է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
ասմ գլ. 4 էջ 36-49

ԳԼՈՒԽ 4

Ինչո՞ւ հեղինակութիւնը յարգել

«Ամէնքը պատուեցէ՛ք» (Ա. ՊԵՏՐՈՍ 2։17)։

1, 2. ա) Հեղինակութեան վերաբերեալ ի՞նչ պայքար կը մղենք։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ԵՐԲԵՔ տեսա՞ծ ես թէ ի՛նչ դժգոհ դէմք մը կ’ունենայ երեխան, երբ չ’ուզեր ընել բան մը որ իրմէ կը խնդրուի։ Իր դէմքին արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ իր ներքին պայքարը։ Ան կը լսէ իր ծնողքին ձայնը, եւ գիտէ թէ իրմէ կ’ակնկալուի յարգել անոնց հեղինակութիւնը։ Բայց այս պարագային, ան պարզապէս չ’ուզեր հնազանդիլ։ Անոր ներքին պայքարը կը նկարագրէ ճշմարտութիւն մը, որ բոլորս ալ կը դիմագրաւենք։

2 Հեղինակութեան հանդէպ յարգանք ցուցաբերելը մեզի համար միշտ ալ դիւրին չէ։ Այդպէս չէ՞։ Եթէ այո, գիտցիր որ առանձին չես։ Կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր հեղինակութեան հանդէպ յարգանքը գրեթէ կորսուած է։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ պէտք է յարգենք անոնց, որոնք մեր վրայ հեղինակութիւն ունին (Առակաց 24։21)։ Իրականութեան մէջ, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ, ասիկա ընելը շա՛տ կարեւոր է։ Հետեւաբար, պարզ է որ հետեւեալին նման հարցումներ ծագին։ Հեղինակութիւնը յարգելը ինչո՞ւ շատ դժուար է։ Եհովան ինչո՞ւ ասիկա կը պահանջէ մեզմէ, եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ հնազանդելու։ Ի վերջոյ, ի՞նչ կերպերով կրնանք հեղինակութեան հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԴԺՈՒԱՐ Է ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵԼ

3, 4. Մեղքն ու անկատարութիւնը ինչպէ՞ս սկսան, եւ մեր մեղաւոր բնոյթը ինչպէ՞ս կը դժուարացնէ հեղինակութիւն յարգելը։

3 Հակիրճ կերպով նկատի առնենք երկու պատճառներ, թէ ինչո՛ւ այսքան դժուար է հեղինակութիւն ունեցողներուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։ Առաջին՝ անկատար ենք. երկրորդ՝ մեր վրայ հեղինակութիւն ունեցող մարդիկն ալ անկատար են։ Մարդկային մեղքն ու անկատարութիւնը շատո՜նց սկիզբ առին Եդեմի պարտէզին մէջ, երբ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ հեղինակութեան դէմ ըմբոստացան։ Ուստի մեղքը յառաջ եկաւ ըմբոստութենէն։ Եւ մինչեւ օրս, ըմբոստանալու բնածին հակումը ունինք (Ծննդոց 2։15-17. 3։1-7. Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12)։

4 Մեր մեղաւոր բնոյթին պատճառով շատ դիւրաւ կրնանք հպարտանալ ու գոռոզանալ, բայց խոնարհութիւնը հազուագիւտ յատկութիւն մըն է, որ մշակելու եւ պահպանելու համար պէտք է ծանր աշխատինք։ Նոյնիսկ երկար տարիներ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայելէ ետք, կրնանք յամառութեան ու հպարտութեան տեղի տալ։ Օրինակի համար, նկատի առ Կորխը։ Թէեւ ան հաւատարմօրէն Եհովայի ժողովուրդին կառչեցաւ բազմաթիւ նեղութիւններու ընթացքին, բայց ան տենչաց յաւելեալ հեղինակութիւն ձեռք ձգել եւ անամօթաբար ըմբոստութիւն մը առաջնորդեց Մովսէսի դէմ, որ այն ատեն ապրող ամէնէն հեզ մարդն էր (Թուոց 12։3. 16։1-3)։ Նաեւ խորհէ Ոզիա թագաւորի մասին, որուն հպարտութիւնը պատճառ դարձաւ որ Եհովայի տաճարը մտնէ եւ քահանաներու համար վերապահուած սրբազան պաշտօն մը կատարէ (Բ. Մնացորդաց 26։16-21)։ Այս տղամարդիկը իրենց ըմբոստութեան համար սուղ գին վճարեցին։ Սակայն անոնց ժխտական օրինակները օգտակար յիշեցումներ են բոլորիս համար։ Ուստի պէտք է պայքարինք հպարտութեան դէմ, որ կը դժուարացնէ հեղինակութիւն յարգելը։

5. Անկատար մարդիկ իրենց հեղինակութիւնը ինչպէ՞ս չարաշահած են։

5 Միւս կողմէ, հեղինակաւոր անհատներ, որոնք անկատար են, մեծ դեր խաղցած են որ մարդիկ հեղինակութեան հանդէպ յարգանք չունենան։ Անոնցմէ շատեր անգութ, նախատող կամ բռնակալ եղած են։ Իրականութեան մէջ, պատմութեան էջերը մեծաւ մասամբ լեցուն են հեղինակութիւնը չարաշահող օրինակներով (կարդա՛ Ժողովող 8։9)։ Օրինակ, երբ Եհովա Սաւուղը ընտրեց թագաւոր ըլլալու, ան բարի ու խոնարհ մարդ մըն էր։ Սակայն ան հպարտութեան ու նախանձի տեղի տալով՝ հաւատարիմ Դաւիթը հալածեց (Ա. Թագաւորաց 9։20, 21. 10։20-22. 18։7-11)։ Յետագային, Դաւիթ Իսրայէլի ամենալաւ թագաւորներէն մէկը դառնալով հանդերձ իր հեղինակութիւնը չարաչար գործածեց, երբ քետացի Ուրիայի կնոջ տիրացաւ եւ այդ անմեղ մարդը պատերազմի ճակատ ղրկեց որպէսզի սպաննուի (Բ. Թագաւորաց 11։1-17)։ Արդարեւ, անկատարութիւնը կը դժուարացնէ որ մարդիկ իրենց հեղինակութիւնը ճիշդ կերպով բանեցնեն։ Իսկ երբ այդպիսիներ Եհովան չեն յարգեր, կրնան նոյնիսկ աւելի գէշ կերպով վարուիլ։ Բրիտանացի քաղաքագէտ մը, կարգ մը կաթողիկէ պապերու կողմէ հրահրուած լայնատարած հալածանքը նկարագրելէ ետք, գրեց. «Հեղինակութիւնը ապականելու հակամէտ է, եւ բացարձակ հեղինակութիւնը ամբողջովին կ’ապականէ»։ Այս պատմական արձանագրութիւնը ի մտի ունենալով, այժմ քննարկենք սա հարցումը. ինչո՞ւ պէտք է յարգենք հեղինակութիւնը։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵԼ

6, 7. ա) Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ի՞նչ ընելու կը մղէ մեզ եւ ինչո՞ւ։ բ) Հպատակիլը ի՞նչ կեցուածք կ’ընդգրկէ, եւ զայն ինչպէ՞ս կրնանք ցուցաբերել։

6 Հեղինակութիւնը յարգելու լաւագոյն պատճառները ծագում կ’առնեն սէրէն,– Եհովայի, մեր ընկեր արարածին, եւ նոյնիսկ մեր անձին հանդէպ։ Առաջին պատճառը այն է, թէ քանի որ ամէն բանէ աւելի Եհովան կը սիրենք, կ’ուզենք իր սիրտը ուրախացնել (կարդա՛ Առակաց 27։11. Մարկոս 12։29, 30)։ Գիտենք թէ երկրի վրայ Եդեմի ըմբոստութենէն ի վեր մարտահրաւէր ուղղուած է իր գերիշխանութեան,– տիեզերքը կառավարելու իր իրաւունքը,– եւ թէ մարդկութեան մեծամասնութիւնը Սատանայի կողքին դիրք բռնելով Իր իշխանութիւնը մերժած է։ Բայց մենք ուրախ ենք որ Եհովայի գերիշխանութեան կողքին դիրք բռնած ենք։ Երբ Յայտնութիւն 4։10բ–ի սքանչելի խօսքերը կը կարդանք, անոնք մեր սրտին կը դպչին։ Մեզի համար որքա՜ն յստակ է թէ Եհովա տիեզերքի իրաւացի Իշխանն է։ Մենք Եհովայի գերիշխանութեան զօրավիգ կը կանգնինք՝ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ իր իշխանութեան ենթարկուելով։

7 Հեղինակութիւնը յարգել կը նշանակէ հնազանդիլ, նոյնիսկ հպատակիլ։ Եհովայի սիրայօժար կը հնազանդինք, որովհետեւ զինք կը սիրենք։ Սակայն պիտի ըլլան ժամանակներ, երբ հնազանդիլը շատ դժուար պիտի ըլլայ։ Այսպիսի պարագաներու, այս գլուխին սկիզբը նշուած երեխային նման պիտի սորվինք հպատակիլ կամ ենթարկուիլ։ Կը յիշենք թէ Յիսուս իր Հօր կամքին ենթարկուեցաւ, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը շատ դժուար կը թուէր։ Ան իր Հօր ըսաւ. «Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ» (Ղուկաս 22։42)։

8. ա) Ներկայիս Եհովայի հեղինակութեան ենթարկուիլը յաճախ ի՞նչ կ’ընդգրկէ, եւ այս առնչութեամբ Եհովայի զգացումները ի՞նչ կը յայտնեն։ բ) Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ խրատն ու սրբագրութիւնը ընդունինք (տե՛ս «Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛» շրջանակը)։

8 Անշուշտ, ներկայիս Եհովան մեզի հետ անհատապէս չի խօսիր, այլ՝ ան կը գործածէ իր Խօսքը եւ երկրի վրայ մարդկային ներկայացուցիչներ։ Ուստի յարգելով մեր վրայ Իր կարգած կամ թոյլատրած հեղինակաւոր անհատները, ենթարկուած կ’ըլլանք Եհովայի հեղինակութեան։ Եթէ այդ մարդոց դէմ ըմբոստանանք,– մերժենք անոնց աստուածաշնչական խրատն ու սրբագրութիւնը,– մեր Աստուածը կը նեղացնենք։ Օրինակ՝ երբ իսրայէլացիները տրտնջացին եւ ըմբոստացան Մովսէսի դէմ, Եհովան անոնց արարքները նկատեց անձնապէս իրեն դէմ ուղղուած արարքներ (Թուոց 14։26, 27)։

9. Մեր ընկեր արարածին հանդէպ սէրը ինչո՞ւ մեզ կը մղէ հեղինակութիւնը յարգելու. բացատրէ՛։

9 Մեր ընկեր արարածին հանդէպ սէրը երկրորդ պատճառն է հեղինակութեան հանդէպ յարգանք ցոյց տալու։ Ինչպէ՞ս։ Պատկերացուր, որ բանակի մը մէջ զինուոր մըն ես։ Բանակին յաջողութիւնը, նոյնիսկ գոյատեւումը, կախեալ է բանակի հրամանատարութեան հետ իւրաքանչիւր զինուորի համագործակցութենէն, անոր հանդէպ զինուորին ցուցաբերած հնազանդութենէն ու յարգանքէն։ Եթէ բանակին հրամանատարութեան դէմ ըմբոստանաս, բոլոր զինուորակիցներուդ կեանքը կրնաս վտանգի ենթարկել։ Ճիշդ է որ ներկայիս աշխարհի մէջ մարդկային բանակները մեծ աւերներ կը գործեն, սակայն Եհովան ունի բանակներ, որոնք միայն բարիք կը գործեն։ Աստուածաշունչը հարիւրաւոր անգամներ Աստուծոյ կ’ակնարկէ որպէս «զօրքերու Տէրը» (Եսայի 13։4)։ Ան հոգեղէն հզօր արարածներու հսկայ խումբի մը Հրամանատարն է։ Երբեմն Եհովան իր երկրային ծառաները բանակի մը կը նմանցնէ (Սաղմոս 68։11, ԱԾ. Եզեկիէլ 37։1-10)։ Ուստի, եթէ Եհովայի կողմէ մեր վրայ նշանակուած հեղինակաւոր անհատներուն դէմ ըմբոստանանք, մեր զինուորակիցներուն կեանքը վտանգած չե՞նք ըլլար։ Երբ քրիստոնեայ մը ըմբոստանայ երէցներուն դէմ, ժողովքի միւս անդամներն ալ կը տառապին (Ա. Կորնթացիս 12։14, 25, 26)։ Իսկ երբ զաւակ մը ըմբոստանայ, ամբողջ ընտանիքը կը տառապի։ Ուստի մեր ընկեր արարածին հանդէպ սէր ցոյց կու տանք՝ մշակելով յարգալից ու համագործակցական ոգի մը։

10, 11. Մեր անձին օգտակար ըլլալու պատշաճ փափաքը ինչպէ՞ս մեզ կը մղէ հեղինակութեան հնազանդելու։

10 Հեղինակութիւնը յարգելու երրորդ պատճառը այն է, թէ ասիկա ընելը մեր լաւագոյն շահերուն համար է։ Երբ Եհովա մեզմէ կը պահանջէ որ հեղինակութիւնը յարգենք, ան յաճախ կը նշէ անոր օգուտները։ Օրինակ՝ ան զաւակներէն կը պահանջէ որ իրենց ծնողներուն հնազանդին, որպէսզի երկար ու երջանիկ կեանք մը վայելեն (Բ. Օրինաց 5։16. Եփեսացիս 6։2, 3)։ Ան մեզի կը պատուիրէ որ ժողովքի երէցները յարգենք, քանի որ ասիկա չընելը մեզի հոգեւորապէս վնասակար պիտի ըլլայ (Եբրայեցիս 13։7, 17)։ Ան նաեւ մեզի կը պատուիրէ որ աշխարհային իշխանութիւններուն հնազանդինք, մեր իսկ պաշտպանութեան համար (Հռովմայեցիս 13։4)։

11 Երբ գիտնաս թէ Եհովան ինչո՛ւ կ’ուզէ որ հեղինակութեան հնազանդիս, ասիկա քեզի պիտի չօ՞գնէ հեղինակութիւնը յարգելու։ Այժմ նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնաք հեղինակութեան հանդէպ յարգանք ցուցաբերել՝ կեանքի երեք գլխաւոր մարզերու մէջ։

ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷՋ

12. Եհովա ընտանիքին մէջ ի՞նչ դեր կը նշանակէ ամուսինին ու հօր, եւ տղամարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ այդ դերը կատարել։

12 Եհովան ի՛նքն է ընտանեկան կարգադրութեան Հիմնադիրը։ Կարգուկանոնի Աստուած ըլլալով, ան ընտանիքը կազմակերպած է որպէսզի դիւրասահօրէն գործէ (Ա. Կորնթացիս 14։33)։ Ան ամուսինին ու հօր հեղինակութիւն կու տայ որ իբրեւ ընտանիքի գլուխ գործէ։ Ամուսինը իր Գլուխին՝ Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ յարգանք ցոյց կու տայ, ընդօրինակելով այն կերպը՝ որով Յիսուս ժողովքին վրայ գլխաւորութիւն ի գործ կը դնէ (Եփեսացիս 5։23)։ Հետեւաբար, ամուսինը պէտք չէ թերանայ իր պատասխանատուութեան մէջ, այլ պէտք է զայն վճռականօրէն կրէ։ Ան պէտք չէ ըլլայ բռնակալ կամ կոշտ, այլ՝ սիրալիր, խոհեմ ու ազնիւ։ Ան ի մտի կ’ունենայ թէ իր հեղինակութիւնը յարաբերական է, այսինքն՝ Եհովայի հեղինակութեան ենթակայ է։

Քրիստոնեայ հայր մը գլխաւորութիւն ցուցաբերելու Քրիստոսի կերպը կ’ընդօրինակէ

13. Կողակից մը ու մայր մը ինչպէ՞ս կրնայ իր ընտանեկան դերը կատարել Եհովայի հաճելի կերպով։

13 Կողակից մը ու մայր մը պէտք է գործէ որպէս ամուսինին օգնական կամ լրացուցիչ։ Ընտանիքին մէջ կնոջ ալ հեղինակութիւն շնորհուած է, քանի որ Աստուածաշունչը կը խօսի ‘մօր օրէնքին’ մասին (Առակաց 1։8)։ Անշուշտ, անոր հեղինակութիւնը իր ամուսինին հեղինակութենէն ստորադաս է։ Քրիստոնեայ կինը իր ամուսինին հեղինակութեան հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերէ, երբ անոր կ’օգնէ որ իբրեւ ընտանիքի գլուխ իր դերը կատարէ։ Ան իր ամուսինը չի նուաստացներ, ոչ ալ խորամանկօրէն զինք կը ղեկավարէ, կամ անոր դիրքը կը գրաւէ։ Փոխարէն, ան կ’աջակցի ու կը համագործակցի անոր հետ։ Երբ իր ամուսինին որոշումները չի հաւնիր, ան կրնայ յարգալից կերպով իր միտքը արտայայտել, բայց՝ կը շարունակէ հպատակիլ։ Եթէ ամուսինը անհաւատ մըն է, կինը կրնայ դժուար պարագաներ դիմագրաւել, բայց եւ այնպէս իր հնազանդ վարքը կրնայ ամուսինը մղել Եհովան փնտռելու (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։1)։

14. Զաւակներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց ծնողներն ու Եհովան ուրախացնել։

14 Իրենց հօր ու մօր հնազանդելով, զաւակներ կրնան Եհովայի սիրտը ուրախացնել։ Անոնք նաեւ իրենց ծնողքին կրնան պատիւ եւ ուրախութիւն բերել (Առակաց 10։1)։ Միածնող ընտանիքներու մէջ, երեխաներ կը կիրարկեն հնազանդութեան նո՛յն օրէնքը, գիտակցելով թէ իրենց ծնողը կրնայ ա՛լ աւելի կարիք ունենալ իրենց աջակցութեան ու համագործակցութեան։ Երբ ընտանիքի բոլոր անդամները իրենց աստուածատուր դերերը կատարեն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը տիրէ։ Ասիկա պատիւ կը բերէ բոլոր ընտանիքներու Ծագում Տուողին՝ Եհովա Աստուծոյ (Եփեսացիս 3։14, 15)։

ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ

15. ա) Ժողովքին մէջ ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք թէ Եհովայի հեղինակութիւնը կը յարգենք։ բ) Ո՞ր սկզբունքները կրնան մեզի օգնել որ առաջնորդութիւնը առնողներուն հնազանդինք (տե՛ս «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք» շրջանակը)։

15 Եհովան իր Որդին նշանակած է որպէս քրիստոնէական ժողովքին Կառավարիչը (Կողոսացիս 1։13)։ Յիսուս, իր կարգին, նշանակած է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», երկրի վրայ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր կարիքները հոգալու համար (Մատթէոս 24։45-47)։ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը կը ծառայէ որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Ինչպէս առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքներուն մէջ, ներկայիս ալ երէցները Կառավարիչ մարմինէն հրահանգներ ու խրատներ կը ստանան, ուղղակիօրէն կամ անոր ներկայացուցիչներուն միջոցով, ինչպէս՝ շրջագայող տեսուչները։ Երբ անհատապէս կը յարգենք քրիստոնեայ երէցներու հեղինակութիւնը, հնազանդած կ’ըլլանք Եհովայի (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12. Եբրայեցիս 13։17)։

16. Ի՞նչ առումով երէցները սուրբ հոգիով կը նշանակուին։

16 Երէցներն ու օգնական ծառաները կատարեալ չեն։ Անոնք ալ մեզի պէս թերութիւններ ունին։ Այսուհանդերձ, երէցները «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» են, որոնք տրուած են ժողովքին օգնելու որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ (Եփեսացիս 4։8, ՆԱ)։ Երէցները կը նշանակուին սուրբ հոգիով (Գործք 20։28)։ Ինչպէ՞ս։ Անոնք նախ գոհացում պէտք է տան Աստուծոյ սուրբ հոգիէն ներշնչուած Խօսքին մէջ արձանագրուած որակումներուն (Ա. Տիմոթէոս 3։1-7, 12. Տիտոս 1։5-9)։ Ասկէ զատ, եղբօր մը որակումները աչքէ անցընող երէցները, ջերմեռանդօրէն կ’աղօթեն Եհովայի սուրբ հոգիին առաջնորդութեան համար։

17. Երբ քրիստոնեայ կիներ ժողովքին մէջ կարգ մը պարտականութիւններ կը կատարեն, ինչո՞ւ իրենց գլուխը երբեմն պէտք է ծածկեն։

17 Կը պատահի որ ժողովքներ չունենան բաւարար երէցներ եւ օգնական ծառաներ։ Այսպիսի պարագաներուն մկրտուած եղբայրներ կրնան ընել անոնց պարտականութիւնները, օրինակ՝ դաշտի ծառայութեան ժողով մը վարել։ Իսկ եթէ մկրտուած եղբայրներ ալ չկան, ապա որակեալ քրիստոնեայ քոյրեր կրնան զանոնք կատարել։ Սակայն, երբ կին մը ստանձնէ սովորաբար մկրտուած տղամարդու մը կատարած դերը, ան իր գլուխը կը ծածկէ (Ա. Կորնթացիս 11։3-10)a։ Այս պահանջը կիները չի նուաստացներ, այլ առիթ կ’ընծայէ որ Եհովայի գլխաւորութեան կարգադրութեան հանդէպ յարգանք ցուցաբերուի, թէ՛ ընտանիքին եւ թէ ժողովքին մէջ։

ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ

18, 19. ա) Հռովմայեցիս 13։1-7–ի մէջ նշուած սկզբունքները ինչպէ՞ս կը բացատրես։ բ) Աշխարհային հեղինակութիւններուն հանդէպ ինչպէ՞ս կրնաս յարգանք ցուցաբերել։

18 Ճշմարիտ քրիստոնեաները խղճմտօրէն կը կառչին Հռովմայեցիս 13։1-7–ին մէջ նշուած սկզբունքներուն (կարդա՛)։ Մինչ այս հատուածը կը կարդաս, կրնաս տեսնել թէ հոն նշուած «իշխանութիւններ»ը աշխարհային կառավարութիւններն են։ Այնքան ատեն որ Եհովան կը թոյլատրէ, որ այս մարդկային իշխանութիւնները գոյութիւն ունենան, անոնք կարեւոր պարտականութիւններ կը կատարեն, ինչպէս՝ որոշ չափով կարգուկանոն պահպանել եւ անհրաժեշտ ծառայութիւններ մատակարարել։ Այս հեղինակութիւններուն հանդէպ մեր յարգանքը կը ցուցաբերենք՝ մեր օրինապահ վարքով։ Ուշադիր ենք որ մեզմէ պահանջուած որեւէ տուրք վճարենք, պետութեան պահանջած որեւէ պատճէն կամ փաստաթուղթ պատշաճօրէն լեցնենք, եւ ենթարկուինք որեւէ օրէնքի որ կը վերաբերի մեզի, մեր ընտանիքին, գործին կամ ստացուածքներուն։ Սակայն եթէ աշխարհային հեղինակութիւններ մեզմէ պահանջեն այնպիսի բաներ, որոնք կը հակասեն Աստուծոյ օրէնքներուն, անոնց չենք հնազանդիր։ Ընդհակառակը, կը կրկնենք այն խօսքը որ անցեալին առաքեալները ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։28, 29. տե՛ս «Որո՞ւն հեղինակութեան պէտք է հնազանդիմ» շրջանակը)։

ՈՐՈ՞ՒՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ Է ՀՆԱԶԱՆԴԻՄ

Սկզբունք. «Մեր դատաւորը Տէրն է, մեր օրէնսդիրը Տէրն է, մեր թագաւորը Տէրն է» (Եսայի 33։22)։

Դուն քեզի հարցուր

  • Ի՞նչ կ’ընէի եթէ ինձմէ պահանջուէր որ Եհովայի չափանիշները բեկանեմ (Մատթէոս 22։37-39. 26։52. Յովհաննէս 18։36)։

  • Ի՞նչ կ’ընէի եթէ ինծի հրաման տրուէր որ Եհովայի պատուիրանները պահելէ ետ կենամ (Գործք 5։27-29. Եբրայեցիս 10։24, 25)։

  • Ի՞նչ բան ինծի կրնայ օգնել որ փափաքիմ հեղինակաւոր անհատներու հնազանդիլ (Հռովմայեցիս 13։1-4. Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 6։1-3)։

19 Աշխարհային հեղինակութիւններուն հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերենք նաեւ՝ ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքով։ Երբեմն ուղղակիօրէն գործ կ’ունենանք պետական պաշտօնեաներու հետ։ Պօղոս առաքեալ այսպիսի պաշտօնեաներու հետ գործ ունեցաւ, ինչպէս՝ Հերովդէս Ագրիպպաս արքան եւ Փեստոս կուսակալը։ Թէեւ այս տղամարդիկը լուրջ թերութիւններ ունէին, բայց Պօղոս անոնց հետ յարգանքով խօսեցաւ (Գործք 26։2, 25)։ Մեր դիմաց գտնուողը ըլլայ զօրաւոր կառավարիչ կամ սովորական ոստիկան, մենք Պօղոսի օրինակին կը հետեւինք։ Դպրոցը, դեռատի քրիստոնեաներ կը ջանան նման յարգանք ցուցաբերել իրենց ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան եւ պաշտօնեաներուն հանդէպ։ Անշուշտ, մենք չենք յարգեր միա՛յն անոնց, որոնք մեր հաւատալիքները կ’ընդունին, նաեւ կը յարգենք անոնց, որոնք Եհովայի վկաներուն հանդէպ թշնամական կեցուածք կը ցուցաբերեն։ Իրականութեան մէջ, անհաւատներ ընդհանրապէս պէտք է կարենան մեր յարգալից ըլլալը նկատել (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։17, 18. Ա. Պետրոս 3։15)։

20, 21. Հեղինակութեան հանդէպ պատշաճ յարգանք ցուցաբերելուն կարգ մը օրհնութիւնները ի՞նչ են։

20 Յարգանք ցուցաբերելու մէջ առատաձեռն ըլլանք։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ամէնքը պատուեցէ՛ք» (Ա. Պետրոս 2։17)։ Երբ մարդիկ զգան թէ իրենց հանդէպ իսկական յարգանք ունինք, անոնք խորապէս կ’ազդուին։ Մի՛ մոռնար, որ այս յատկութիւնը հետզհետէ հազուագիւտ կը դառնայ։ Հետեւաբար, զայն ցուցաբերելը, Յիսուսի սա պատուիրանին անսալու կերպերէն մէկն է. «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է» (Մատթէոս 5։16)։

21 Այս խաւար աշխարհին մէջ, հոգեւոր լոյսը կը հրապուրէ բարեսիրտ մարդիկը։ Ուստի ընտանիքին, ժողովքին եւ աշխարհային հեղինակութիւններուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերելը կրնայ ոմանց հրապուրել եւ մղել որ մեզի հետ լոյսին մէջ քալեն։ Ի՜նչ փառաւոր հեռանկար։ Նոյնիսկ եթէ այսպիսի բան չպատահի, մէկ բան ստոյգ է. մարդոց հանդէպ մեր յարգանքը Եհովա Աստուած կը հաճեցնէ եւ մեզի կ’օգնէ իր սիրոյն մէջ մնալու։ Ասկէ աւելի մեծ վարձատրութիւն չի կրնար ըլլալ։

a «Քոյր մը ե՞րբ եւ ինչո՞ւ իր գլուխը պէտք է ծածկէ» յաւելուածը կը քննարկէ այս սկզբունքը կիրարկելու կարգ մը գործնական կերպեր։

«ԽՐԱՏԸ ԼՍԷ՛ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԷ՛»

Ներկայիս աշխարհի վրայ տարածուած է Սատանայի հոգին՝ իր ըմբոստ ու կռուազան կեցուածքը։ Ուստի Աստուածաշունչը Սատանային կ’ակնարկէ որպէս «օդին իշխանութեանը իշխան»ը եւ կը նշէ այն յառաջացած ոգին, որ «ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ» (Եփեսացիս 2։2)։ Ներկայիս շատեր կ’ուզեն ուրիշներու հեղինակութենէն ամբողջովին անկախ ըլլալ։ Ցաւալիօրէն, նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքէն ոմանք վարակուած են այդ անկախութեան ոգիէն։ Օրինակ՝ երէց մը կրնայ ազնուօրէն խրատներ տալ զգուշացնելով անբարոյ կամ վայրագ ժամանցի վտանգներէն, բայց ոմանք թերեւս ընդդիմանան կամ նոյնիսկ զայրանան։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է գործադրէ Առակաց 19։20–ի խօսքերը. «Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս»։

Այս առնչութեամբ ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել։ Նկատի առնենք երեք գլխաւոր պատճառներ թէ մարդիկ ինչո՛ւ խրատը կամ կրթութիւնը կը մերժեն եւ ապա նկատի առնենք աստուածաշնչական տեսակէտը։

  • «Չեմ խորհիր թէ խրատը տեղին էր»։ Թերեւս զգանք թէ տրուած խրատը իրապէս կիրարկելի չէ մեր պարագաներուն, կամ թէ զայն տուողը հարցին բոլոր մանրամասնութիւններուն տեղեակ չէ։ Մեր անմիջական հակազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ նոյնիսկ խրատը նուաստացնել (Եբրայեցիս 12։5)։ Քանի որ բոլորս ալ անկատար ենք, կարելի չէ՞ որ հարցին շուրջ մեր հայեցակէտն է որ ճշդուելու կարիք ունի (Առակաց 19։3)։ Չե՞ս կարծեր որ խրատը տրուեցաւ, քանի որ որոշ չափով վաւերական պատճառ մը կար։ Ուրեմն պէտք է ատո՛ր վրայ կեդրոնանանք։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը խրատէ. «Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է» (Առակաց 4։13)։

  • «Խրատին տրուած կերպը չհաւնեցայ»։ Ճիշդ է որ Աստուծոյ Խօսքը խրատ տալու կերպին նկատմամբ բարձր չափանիշ մը կը սահմանէ (Գաղատացիս 6։1)։ Բայց եւ այնպէս Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կ’ըսէ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» (Հռովմայեցիս 3։23)։ Պատշաճ կերպով կատարեալ խրատ կրնանք ստանալ միայն՝ կատարեալ անձէ մը (Յակոբոս 3։2)։ Եհովան անկատար մարդիկ կը գործածէ մեզ խրատելու համար, ուստի իմաստութիւն պիտի ըլլայ խուսափիլ խրատին տրուած կերպին վրայ կեդրոնանալէ։ Փոխարէն, կեդրոնացիր խրատին բովանդակութեան վրայ եւ աղօթքով նկատի առ թէ զայն ինչպէ՛ս պիտի կիրարկես։

  • «Ան ինծի խրատ տալու որակեալ չէ»։ Եթէ կը խորհինք թէ խրատատուին թերութիւնները իր տուած խրատը անվաւեր կը դարձնեն, պէտք է յիշենք վերոնշեալ կէտերը։ Իսկ եթէ խորհինք թէ մեր տարիքին, փորձառութեան կամ ժողովքին մէջ մեր պատասխանատուութիւններուն պատճառով խրատի պէտք չունինք, մեր մտածելակերպը պէտք է սրբագրենք։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, թագաւորը մեծ պատասխանատուութիւններ ունէր, բայց եւ այնպէս ան պէտք էր խրատ ընդունէր մարգարէներէ, քահանաներէ եւ իր կարգ մը հպատակներէն (Բ. Թագաւորաց 12։1-13. Բ. Մնացորդաց 26։16-20)։ Ներկայիս, Եհովայի կազմակերպութիւնը անկատար տղամարդիկ կը նշանակէ խրատ տալու համար, եւ հասուն քրիստոնեաներ զայն ուրախութեամբ կ’ընդունին եւ կը գործադրեն։ Եթէ ուրիշներէն աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ կամ փորձառութիւն ունինք, պէտք է ա՛լ աւելի գիտակցինք խոհեմութեան ու խոնարհութեան օրինակ մը հանդիսանալու կարիքին՝ խրատը ընդունելով եւ զայն կիրարկելով (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 3. Տիտոս 3։2)։

Բացայայտօրէն, բոլորս ալ պէտք ունինք խրատի։ Ուստի վճռենք խրատը արագօրէն ընդունիլ, զայն հնազանդօրէն կիրարկել եւ Եհովայի սրտանց շնորհակալ ըլլալ այս կենարար պարգեւին համար։ Խրատը իրապէս մեզի հանդէպ Եհովայի ունեցած սիրոյն մէկ դրսեւորումն է, եւ մենք կ’ուզե՛նք այդ սիրոյն մէջ մնալ (Եբրայեցիս 12։6-11)։

«ՁԵՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄՏԻԿ ԸՐԷ՛Ք»

Վաղեմի իսրայէլի մէջ, կազմակերպելու հրատապ կարիք մը ստեղծուեցաւ։ Մովսէս առանձին կարող չէր վերակացութիւն ընել միլիոնաւորներու վրայ, որոնք վտանգաւոր անապատի մը մէջ միասնաբար կը ճամբորդէին։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ «Մովսէս բոլոր Իսրայէլէն կարող մարդիկ ընտրեց ու զանոնք ժողովուրդին վրայ գլուխներ, այսինքն՝ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ եւ տասնապետներ կարգեց» (Ելից 18։25)։

Ներկայիս, քրիստոնէական ժողովքին մէջ կազմակերպուած ըլլալու նոյնանման կարիք կայ։ Այդ պատճառով է որ դաշտի ծառայութեան խումբ մը ունի տեսուչ մը, ժողովք մը ունի երէցներ, խումբ մը ժողովքներ ունին շրջանային տեսուչ մը, եւ երկիր մը ունի Երկրի յանձնախումբ կամ Մասնաճիւղի յանձնախումբ մը։ Այս լաւ կազմակերպուած կառոյցին շնորհիւ, որպէս հովիւ ծառայող իւրաքանչիւր տղամարդ կարող է իր հոգատարութեան յանձնուած Եհովայի ոչխարներուն մօտէն ուշադրութիւն ընծայել։ Այս հովիւները համարատու են Եհովայի ու Քրիստոսի (Գործք 20։28)։

Այս կազմակերպչական կառոյցը մեր իւրաքանչիւրէն կը պահանջէ որ հնազանդ ու ենթարկուող ըլլայ։ Երբեք պիտի չուզենք Դիոտրեփէսի կեցուածքը որդեգրել, որ իր ատենուան առաջնորդութիւնը առնողներուն հանդէպ յարգանք չունէր (Գ. Յովհաննէս 9, 10)։ Ընդհակառակը, կ’ուզենք Պօղոս առաքեալի խօսքերուն անսալ, որ գրեց. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ» (Եբրայեցիս 13։17)։ Ոմանք կը հնազանդին, երբ առաջնորդութիւն առնողներուն կողմէ տրուած որոշ մէկ ուղղութեան հետ համաձայն են, բայց կը մերժեն ենթարկուիլ, երբ այդ ուղղութեան հետ համաձայն չեն կամ անոր պատճառը չեն հասկնար։ Սակայն ի մտի ունեցիր, որ ենթարկուիլը կամ հպատակիլը կը պարփակէ այն գաղափարը, թէ մենք կը հնազանդինք նոյնիսկ երբ ասիկա չենք ուզեր ընել։ Ուստի իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Առաջնորդութիւնը առնողներուն հնազանդ եւ ենթարկուո՞ղ եմ’։

Անշուշտ, Աստուծոյ Խօսքը չի նշեր ժողովքի գործունէութեան նպաստող իւրաքանչիւր կարգադրութիւն կամ գործընթաց։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ» (Ա. Կորնթացիս 14։40)։ Կառավարիչ մարմինը սոյն ուղղութեան կը հնազանդի, հաստատելով զանազան օգտակար գործընթացներ եւ ուղեգծեր, որոնք կը նպաստեն ժողովքի սահուն եւ կարգապահ ընթացքին։ Պատասխանատու քրիստոնեայ տղամարդիկ իրենց ինկած բաժինը կ’ընեն՝ հնազանդութեան օրինակ հանդիսանալով, մինչ այս կարգադրութիւնները ի գործ կը դնեն։ Անոնք նաեւ ցոյց կու տան թէ «բանաւոր» են եւ «պատրաստ հնազանդելու» անոնց, որոնք վերակացու նշանակուած են (Յակոբոս 3։17, ՆԱ)։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր խումբ, ժողովք, շրջան եւ երկիր օրհնուած է միակամ ու կարգապահ հաւատացեալներու մարմինով մը, որ ուրախ Աստուծոյ մասին լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ (Ա. Կորնթացիս 14։33. Ա. Տիմոթէոս 1։11)։

Միւս կողմէ, Եբրայեցիս 13։17–ի մէջ գտնուող Պօղոսի խօսքերը նաեւ կ’ընդգծեն թէ ինչո՛ւ անհնազանդ ոգի մը վնասակար է։ Անիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ պատասխանատու դիրքերու վրայ եղողներ իրենց պարտականութիւնը «հառաչելով» կատարեն։ Երբ եղբայր մը հօտին մէջ ստիպուի վերաբերիլ անհամագործակցող ու ըմբոստ ոգիի մը հետ, այն ինչ որ սրբազան ծառայութեան առանձնաշնորհում մը պէտք է նկատուի, կրնայ բեռ մը ըլլալու զգացումը տալ։ Ասիկա իր կարգին կրնայ «ձեզի»՝ ամբողջ ժողովքին՝ վնասակար ըլլալ։ Անշուշտ, կայ նաեւ ա՛յլ տեսակի վնաս մը որ յառաջ կու գայ, երբ անհատ մը մերժէ աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուիլ։ Եթէ ան չափազանց հպարտանալով մերժէ ենթարկուիլ, ասիկա ի՛ր հոգեւորութեան կը վնասէ, իր անձին եւ իր երկնաւոր Հօր միջեւ բացութիւն մը ստեղծելով (Սաղմոս 138։6)։ Հետեւաբար, բոլորս ալ վճռենք հնազանդ ու հպատակ մնալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել