Մահուընէ ետք կեանք՝ ի՞նչ է մարդոց հաւատքը այս մասին
«Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք»։—ՅՈԲԱՅ 14։14
1, 2. Երբ սիրելի մը կորսնցնեն, շատեր ի՞նչպէս մխիթարութիւն կը փնտռեն։
ՆԻՒ ԵՈՐՔ Քաղաքի յուղարկատան մը մէջ, բարեկամներ եւ ընտանիքի անդամներ շարքով կ’անցնին բաց դագաղին առջեւէն, իրենց աչքերը սեւեռած 17 տարեկան տղու մը դիակին, որու մարմինը հիւծուած էր խլիրդէն։ Սրտաբեկ մայրը արտասուալից աչքերով անդադար կը կրկնէր. «Թոմին հիմա աւելի ուրախ է։ Աստուած Թոմին իր քով՝ երկինք առաւ»։ Իրեն այդպէս հաւատացուցած էին։
2 Մօտաւորապէս 11,000 քմ. անդին, Ճամնակարի մէջ, Հնդկաստան, երեք տղոցմէն անդրանիկը, կրակ կը դնէր իրենց մահացած հօրը թաղման խարոյկին վրայ։ Ճարճատող կրակին վրայ, Պրահմանը Սանսկրիտերէն մանթրա–ներ կը տաղերգէ. «Բնաւ չմեռնող հոգին թող շարունակէ վերջնագոյն իրողութեան հետ մէկ ըլլալու իր ջանքերը»։
3. Դարեր շարունակ, մարդիկ ո՞ր հարցումին մասին լրջօրէն խորհած են։
3 Մահուան իրողութիւնը մեզ պատած է։ (Հռովմայեցիս 5։12) Շատ բնական է հարց տալ թէ, արդեօք մահը ամէն բանի վե՞րջ կը դնէ։ Բոյսերու բնականոն շրջանին ակնարկելով, Եհովա Աստուծոյ վաղեմի ծառայ մը՝ Յոբ՝ ըսաւ. «Եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ, որ վերստին ծլի ու ճիւղը պակաս չըլլայ»։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մարդոց մասին։ «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք», հարց տուաւ Յոբ։ (Յոբայ 14։7, 14) Դարեր շարունակ, մարդկային ամէն ընկերութեան պատկանող անհատներ լրջօրէն խորհած են այս մասին, հարց տալով թէ, մահուընէ ետք կեանք կա՞յ։ Եթէ կայ, ի՞նչպիսի կեանք մըն է այդ։ Ուստի, մարդիկ ի՞նչ բաներու հաւատացած են եւ ինչո՛ւ։
Բազմաթիւ Պատասխաններ, Հասարակաց Բնաբան
4. Զանազան կրօնքներու պատկանող մարդոց հաւատքը ի՞նչ է, մահուընէ ետք կեանքի մասին։
4 Քրիստոնէութիւն դաւանողներէն շատեր կը հաւատան, որ մահուընէ ետք մարդիկ երկինք կամ դժոխք կ’երթան։ Իսկ Հինտուները հոգեփոխութեան կը հաւատան։ Ըստ իսլամական հաւատքին, մահուընէ ետք դատաստանի օր մը պիտի ըլլայ, երբ Ալլահը ամէն մէկուն կեանքի ընթացքը պիտի կշռէ եւ անհատը դրախտի կամ դժոխքի կրակին պիտի արժանացնէ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեռելներու շուրջ հաւատալիքները, տեղւոյն աւանդութեան եւ անուանական Քրիստոնէութեան տարօրինակ մէկ խառնուրդն են։ Սրի Լանքայի մէջ, երբ ընտանիքին մէջ մահ մը ըլլայ, թէ՛ Պուտտայականները եւ թէ Կաթողիկէները դռներն ու պատուհանները լայն կը բանան եւ դագաղը կը դնեն այնպէս մը որ դիակին ոտքերը դուրսի դրան նային։ Անոնք կը խորհին որ այս քայլերը ննջեցեալին հոգիին տունէն դուրս ելլելը կը դիւրացնեն։ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, շատ մը Կաթողիկէներու եւ Բողոքականներու մէջ սովորութիւն է հայելիները ծածկել՝ երբ մէկը մահանայ, որպէսզի ոեւէ մէկը անոր մէջ նայելով մեռած անհատին հոգին չտեսնէ։ Ապա, 40 օր ետք, ընտանիքը եւ բարեկամները հոգիին երկինք բարձրանալը կը տօնեն։
5. Ո՞ր հիմնական հաւատալիքին շուրջ, գրեթէ բոլոր կրօնքներն ալ համաձայն են։
5 Հակառակ այսպիսի այլազանութեան, այնպէս կը թուի որ գրեթէ բոլոր կրօնքներն ալ առնուազն հիմնական կէտի մը շուրջ իրարու հետ համաձայն են։ Անոնք կը հաւատան որ մարդուն մէջ բան մը՝ զոր կը կոչեն հոգի, ոգի կամ ուրուական՝ անմահ է եւ կը շարունակէ ապրիլ մարմինը մեռնելէն ետք։ Քրիստոնեայ Աշխարհի հարիւրաւոր կրօնքներուն ու աղանդներուն գրեթէ բոլորը հոգիի անմահութեան կը հաւատան։ Այս հաւատալիքը Հրէականութեան մէջ ալ պաշտօնական վարդապետութիւն մըն է։ Պրահմանականութեան մէջ, անիկա հոգեփոխութեան ուսուցումին ծուծը կը կազմէ։ Մահմետականները կը հաւատան որ մարմինը մեռնելէն ետք, հոգին կը շարունակէ ապրիլ։ Աւստրալիոյ բնիկները, Ափրիկէի Կենսուժականները (անիմիստ), Շինթոյականները եւ նոյնիսկ Պուտտայականները այս նոյն բնաբանին տարբեր երեսակները կը սորվեցնեն։
6. Կարգ մը ուսումնականներ, հոգիի անմահութեան գաղափարը ի՞նչպէս կը նկատեն։
6 Իսկ միւս կողմէ, կան անոնք որոնք կը հաւատան որ գիտակից կեանքը վերջ կը գտնէ մահով։ Անոնց համար մարմինէն անջատ, աննիւթ, ստուերային հոգիի մը մէջ զգացական եւ մտային կեանքի շարունակուիլը ամբողջովին անտրամաբանական է։ Ի. դարու Սպանացի ուսումնական Միկէլ տէ Ունամունօ կը գրէ. «Հոգիի անմահութեան հաւատալ կը նշանակէ փափաքիլ որ հոգին անմահ ըլլայ, բայց այնպիսի վճռակամութեամբ փափաքիլ, որ այս կամեցողութիւնը տրամաբանութիւնը իր ոտքին տակ առնէ եւ անբանաւոր դառնայ»։ Այս ձեւով հաւատացողներուն մէջ կը գտնուին վաղեմի համբաւաւոր իմաստասէրներ՝ Արիստոտէլ եւ Եպիկուրոսը, բժիշկ Հիպպոկրատը, Սկովտիացի իմաստասէր Տէյվիտ Հիումը, Արաբ ուսումնական Ըպն Րուշտ եւ անկախութենէ ետք Հնդկաստանի առաջին վարչապետը՝ Ճավահարլալ Նէհրուն։
7. Հոգիի անմահութեան հաւատալիքին շուրջ, ի՞նչ կարեւոր հարցումներ հիմա նկատի պէտք է առնուին։
7 Այսպիսի հակասական գաղափարներու եւ հաւատալիքներու հետ դէմ յանդիման գտնուելով, պէտք է հարց տանք. Իրապէս անմահ հոգի մը ունի՞նք։ Եթէ հոգին իրապէս անմահ չէ, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ այսպիսի սուտ ուսուցում մը ներկայ շատ մը կրօնքներուն անբաժան մէկ մասը դարձած է։ Այս գաղափարը ուրկէ՞ եկաւ։ Այս հարցումներուն ճշգրիտ եւ գոհացուցիչ պատասխանները ստանալը պայման է, քանի որ մեր ապագան անոնցմէ կախեալ է։ (Ա. Կորնթացիս 15։19) Բայց նախ քննենք թէ հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը ի՛նչպէս ծագում առաւ։
Վարդապետութեան Ծնունդը
8. Հոգիին անմահութեան գաղափարը յառաջացնելու մէջ, Սոկրատ եւ Պղատոն ի՞նչ դեր ունեցան։
8 Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն ապրած Յոյն իմաստասէրներ՝ Սոկրատ ու Պղատոն՝ հոգիի անմահութեան գաղափարին առաջին ջատագովներէն նկատուած են։ Բայց այս ուսուցումին ծնունդ տուողները իրենք չէին։ Անոնք այս միտքը զարդարեցին եւ փիլիսոփայական ուսուցում մը դարձուցին, իրենց օրուան եւ անկէ ետք զարգացած դասակարգերուն աւելի գրաւիչ դարձնելով զայն։ Իրողութիւնը այն է թէ, վաղեմի Պարսկաստանի Զրադաշտականները եւ անկէ առաջ Եգիպտացիներն ալ հոգիի անմահութեան կը հաւատային։ Ուստի կը հարցնենք. Այս ուսուցումին ակունքը ո՞ւր է։
9. Վաղեմի Եգիպտոսի, Պարսկաստանի եւ Յունաստանի մշակոյթներուն վրայ ազդող հասարակաց աղբիւրը ի՞նչ էր։
9 Բաբելոնի եւ Ասորեստանի Կրօնքը (Անգլերէն) գիրքը կ’ըսէ. «Վաղեմի աշխարհին մէջ, Եգիպտոս, Պարսկաստան եւ Յունաստան բաբելոնական կրօնքին ազդեցութիւնը զգացին»։ Եգիպտոսի կրօնական հաւատալիքներու առնչութեամբ, գիրքը կը շարունակէ ըսել. «Եգիպտոսի եւ Բաբելոնի միջեւ սկիզբէն իսկ եղած շփման ի տես, ինչպէս կը յայտնուի Էլ–Ամառնա սալիկներէն, վստահաբար բազմաթիւ առիթներով եգիպտական աղանդներուն մէջ բաբելոնական տեսակէտներ եւ սովորութիւններ սպրդեցան»։a Նոյնը կրնայ ըսուիլ վաղեմի պարսկական եւ յունական մշակոյթներուն համար։
10. Մահուընէ ետք կեանքի մասին Բաբելոնացիներու տեսակէտը ի՞նչ էր։
10 Արդեօք վաղեմի Բաբելոնացիները հոգիի անմահութեան կը հաւատայի՞ն։ Այս կէտին շուրջ Փէնսիլվանիոյ Համալսարանի ուսուցչապետ Մորիս Ճէսթրօ Կր. գրեց. «Ո՛չ ժողովուրդը եւ ոչ ալ [Բաբելոնիայի] կրօնական մտքի առաջնորդները դիմագրաւած են ժամանակ մը գոյութիւն ունեցող բանի մը ամբողջական բնաջնջումի հաւանականութիւնը։ [Անոնց տեսակէտով] մահը ուրիշ տեսակ կեանքի մը անցնելու կերպ մըն էր, իսկ [ներկայ կեանքի] անմահութեան հերքումը պարզապէս կը շեշտէր մահուամբ պատճառուած գոյակցութեան փոփոխութենէն խուսափելու անկարելիութիւնը»։ Այո, Բաբելոնացիները կը հաւատային որ կեանքը կերպով մը կամ ձեւով մը կը շարունակուի մահուընէ ետք։ Ասիկա կ’արտայայտէին, մեռնողին հետ առարկաներ թաղելով, որոնց պէտք պիտի ունենար Անդէնականին մէջ։
11, 12. Ջրհեղեղէն ետք, հոգիի անմահութեան ուսուցումը ուրկէ՞ ծնունդ առաւ։
11 Որոշ է ուրեմն, որ հոգիի անմահութեան ուսուցումը ետ կ’երթայ մինչեւ վաղեմի Բաբելոն։ Ասիկա յատկանշակա՞ն է։ Արդարեւ, քանի որ Աստուածաշունչի համաձայն, Բաբելոն քաղաքը հիմնած էր Նեբրովթ, որ Նոյի թոռնորդին էր։ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք, միայն մէկ լեզու եւ մէկ կրօնք կար։ Նեբրովթ ոչ միայն «Եհովայի հակառակ» էր, այլ ինք եւ իր հետեւորդները ուզեցին իրենք իրենց համար ‘անուն մը շինել’։ Քաղաքը հիմնելով եւ հոն աշտարակ մը կառուցանելով, Նեբրովթ տարբեր կրօնքի մը ծնունդ տուաւ։—Ծննդոց 10։1, 6, 8-10, ՆԱ. 11։1-4
12 Աւանդութեան համաձայն, Նեբրովթ վայրագ մահով մը մեռաւ։ Անոր մահուընէ ետք, Բաբելոնացիները հաւանաբար մեծապէս պատուեցին զինք, որպէս իրենց քաղաքին հիմնադիրը, կառուցանողը եւ առաջին թագաւորը։ Քանի որ Մարովդաք չաստուածը կը կարծուէր Բաբելոնի հիմնադիրը ըլլալ, եւ բազմաթիւ Բաբելոնացի թագաւորներ այդ անունով կոչուեցան, կարգ մը ուսումնականներ թելադրած են որ Մարովդաքը կը ներկայացնէ աստուածացուած Նեբրովթը։ (Դ. Թագաւորաց 25։27. Եսայեայ 39։1. Երեմեայ 50։2) Եթէ ասիկա ճիշդ է, ուրեմն մարդուն մահուընէ ետք վերապրող անմահ հոգիի մը գաղափարը առնուազն Նեբրովթի մահուան ժամանակ գոյութիւն ունեցած ըլլալու է։ Ամենայնդէպս, պատմութեան էջերը կը յայտնեն որ Ջրհեղեղէն ետք հոգիի անմահութեան ուսուցումը ծնունդ առաւ Բաբելոնէն։
13. Հոգիի անմահութեան ուսուցումը ի՞նչպէս երկրի երեսին վրայ տարածուեցաւ, եւ ի՞նչ արդիւնքով։
13 Աստուածաշունչը նաեւ ցոյց կու տայ թէ Աստուած արգելք հանդիսացաւ Բաբելոնի աշտարակը կառուցանողներու ջանքերուն, անոնց լեզուները խառնակելով։ Չկարողանալով այլեւս իրարու հետ հաղորդակցիլ, անոնք իրենց ծրագիրը լքեցին եւ «անկէ բոլոր երկրի երեսը» ցրուեցան։ (Ծննդոց 11։5-9) Չմոռնանք որ թէեւ այս աշտարակը շինել ուզողներուն լեզուն փոխուեցաւ, սակայն անոնց մտածելակերպը եւ գաղափարները նոյնը մնացին։ Հետեւաբար, անոնք ուր որ գացին, իրենց հետ տարին նաեւ իրենց կրօնական գաղափարները։ Այս կերպով, բաբելոնական կրօնքի ուսուցումները, մէջը ըլլալով հոգիի անմահութիւնը, երկրի երեսին վրայ տարածուեցան եւ գլխաւոր կրօնքներուն հիմը կազմեցին։ Այս կերպով համաշխարհային սուտ կրօնքի կայսրութիւն մը հաստատուեցաւ, որ յարմարօրէն Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած է որպէս «Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։—Յայտնութիւն 17։5
Համաշխարհային Սուտ Կրօնքի Կայսրութիւնը կը Տարածուի Դէպի Արեւելք
14. Բաբելոնական կրօնքի հաւատալիքները ի՞նչպէս հնդկական հողամասին վրայ տարածուեցան։
14 Կարգ մը պատմաբաններ կ’ըսեն թէ 3,500 տարիներ առաջ, գաղթականութեան ալիք մը Արիական ցեղին պատկանող դեղնամորթ ժողովուրդ մը, հիւսիս–արեւմուտքէն Հինդոս Հովիտը բերաւ, որ գլխաւորաբար ներկայ Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի մէջ կը գտնուի։ Անկէ, անոնք տարածուեցան Գանգէս գետին հարթավայրէն դէպի Հնդկաստան։ Կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն որ այս գաղթականներու կրօնական գաղափարները հիմնուած էին վաղեմի պարսկական եւ բաբելոնական ուսուցումներու վրայ։ Յետոյ կրօնական այս գաղափարները Պրահմանականութեան հիմքը կազմեցին։
15. Հոգիի անմահութեան գաղափարը ի՞նչպէս ազդած է արդի Պրահմանականութեան։
15 Հնդկաստանի մէջ, հոգիի անմահութեան գաղափարը հոգեփոխութեան վարդապետութեան կերպարը առաւ։ Հինտու գիտունները, որոնք կը մարտնչէին չարի եւ մարդկային տառապանքի նման տիեզերական հարցով, ծնունդ տուին Գարմա՝ պատճառ եւ հետեւանք՝ կոչուած օրէնքին։ Այս օրէնքը հոգիի անմահութեան հաւատալիքին միացնելով, անոնք կազմեցին հոգեփոխութեան վարդապետութիւնը, ըստ որու մէկ կեանքի մէջի արժանիքներն եւ սխալները, կը վարձատրուին կամ կը պատժուին՝ յաջորդ կեանքին մէջ։ Հաւատացեալի մը նպատակակէտը մոգշա–ն է, կամ՝ վերածնունդներու շրջանէն ազատագրուիլ եւ վերջնագոյն իրողութեան հետ մէկ ըլլալ, կամ՝ Նիրվանա։ Դարերու ընթացքին մինչ Պրահմանականութիւնը տարածուեցաւ, անոր հետ տարածուեցաւ նաեւ հոգեփոխութեան վարդապետութիւնը։ Իսկ այս վարդապետութիւնը, ներկայ Պրահմանականութեան գլխաւոր յենարանը եղաւ։
16. Անդէնականի մասին ի՞նչպիսի հաւատալիք Արեւելեան Ասիոյ ժողովուրդներու կրօնական մտածելակերպին եւ սովորութիւններուն ազդեց։
16 Պրահմանականութենէն զարգացան ուրիշ կրօնքներ, ինչպէս՝ Պուտտայականութիւնը, Ճէնականութիւնը եւ Սիխականութիւնը։ Ասոնք ալ պահեցին հոգեփոխութեան հաւատալիքը։ Ասկէ զատ, մինչ Պուտտայականութիւնը մուտք գործեց գրեթէ ամբողջ Արեւելեան Ասիա՝ Չինաստան, Քորէա, Ճափոն եւ այլուր, անիկա խոր ազդեցութիւն ունեցաւ բոլոր այդ շրջանի մշակոյթին եւ կրօնքին վրայ։ Ասիկա ծնունդ տուաւ կրօնքներու, որոնք հաւատալիքներու խառնուրդ մըն են, ընդգրկելով Պուտտայականութենէն մասնիկներ, ոգեհարցութիւն եւ նախահայրերու պաշտամունք։ Ասոնց մէջէն գլխաւորներն են՝ Թաոյականութիւնը, Կոնփիւկիոսականութիւնը եւ Շինթոյականութիւնը։ Այս կերպով, մարմնին մեռնելէն ետք կեանքի շարունակութեան հաւատալիքը, այդ շրջանի մէջ ապրող ժողովուրդին հսկայ մեծամասնութեան կրօնական մտածելակերպին եւ սովորութիւններուն մեծապէս ազդած է։
Ի՞նչ Կրնայ Ըսուիլ Հրէականութեան, Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ Իսլամութեան Մասին
17. Վաղեմի Հրեաները ի՞նչ կը հաւատային մահուընէ ետք կեանքի մասին։
17 Հրէականութեան, Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ Իսլամութեան հետեւող ժողովուրդներ ի՞նչ կը հաւատան մահուընէ ետք կեանքի մասին։ Ասոնցմէ ամենահինը Հրէականութիւնն է, որու արմատը շուրջ 4,000 տարի ետ կ’երթայ մինչեւ Աբրահամ, Սոկրատի եւ Պղատոնի հոգիի անմահութեան վարկածին ձեւ տալէն շատ առաջ։ Վաղեմի Հրեաները մեռելներու յարութեան կը հաւատային եւ ոչ թէ բնածին անմահ հոգիի մը։ (Մատթէոս 22։31, 32. Եբրայեցիս 11։19) Ուրեմն, հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը ի՞նչպէս մուտք գործեց Հրէականութեան մէջ։ Պատմութիւնը կը պատասխանէ ասոր։
18, 19. Հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը ի՞նչ կերպով մուտք գործեց Հրէականութեան մէջ։
18 Հ.Դ.Ա. 332–ին, Մեծն Աղեքսանդր Միջին Արեւելքը գրաւեց, մէջը ըլլալով Երուսաղէմը։ Մինչ Աղեքսանդրի յաջորդները հելլենացնելու իր ծրագիրը շարունակեցին, յունական եւ հրէական երկու մշակոյթներու միաձուլումը տեղի ունեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, Հրեաները յունական միտքերու հետ հաղորդակցութեան մէջ եկան եւ ոմանք նոյնիսկ փիլիսոփաներ եղան։
19 Աղեքսանդրիոյ Փիլոն, Հ.Դ. առաջին դարու այսպիսի Հրեայ փիլիսոփայ մըն էր։ Ան կը մեծարէր Պղատոնը եւ ջանաց Հրէականութիւնը բացատրել յունական փիլիսոփայութեան բառերով, հետեւաբար, ճամբան հարթելով հետագայ Հրեայ մտաւորականներու։ Ռաբբիներու կողմէ գրուած բերանացի օրէնքներու գրաւոր բացատրութիւնը՝ Թալմուտը, նաեւ ազդուեցաւ յունական մտածելակերպէն։ Հրէական Համայնագիտարան–ը կ’ըսէ. «Թալմուտի ռաբբիները կը հաւատային մահուընէ ետք հոգիի շարունակական գոյութեան»։ Հետագային, հրէական խորհրդապաշտական գրականութիւնը՝ Գապալան՝ մինչեւ իսկ հոգեփոխութիւն կ’ուսուցանէր։ Ուստի հոգիի անմահութեան գաղափարը, յունական փիլիսոփայութենէն գաղտագողի կերպով անցնելով մտաւ Հրէականութեան մէջ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ անոր մուտքին մասին։
20, 21. (ա) Նախկին Քրիստոնեաներու կեցուածքը ի՞նչ էր պղատոնական, կամ յունական փիլիսոփայութեան նկատմամբ։ (բ) Ի՞նչ բան առաջնորդեց Պղատոնի գաղափարներուն եւ քրիստոնէական ուսուցումներուն միաձուլման։
20 Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը սկսաւ Յիսուս Քրիստոսով։ Յիսուսի մասին, Միկէլ տէ Ունամունօ գրեց. «Ան կը հաւատար մարմնի յարութեան, հրէական կերպին համաձայն, եւ ոչ թէ հոգիի անմահութեան, ըստ [Յոյն] պղատոնական կերպին»։ Ան եզրակացուց. «Հոգիի անմահութիւնը . . . հեթանոս փիլիսոփայական վարդապետութիւն մըն է»։ Ասիկա նկատի ունենալով, կրնանք հասկնալ թէ Պօղոս առաքեալ ինչո՛ւ խստօրէն զգուշացուց առաջին դարու Քրիստոնեաները ‘փիլիսոփայութեան ու փուճ խաբէութեան դէմ, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս’։—Կողոսացիս 2։8
21 «Հեթանոս փիլիսոփայական [այս] վարդապետութիւն»ը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս թափանցեց Քրիստոնէութենէն ներս։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կը նշէ. «Յ.Տ. երկրորդ դարու կէսէն սկսեալ, որոշ չափով յունական փիլիսոփայութեամբ դաստիարակուած կարգ մը Քրիստոնեաներ սկսան իրենց հաւատքը անոր համաձայն արտայայտելու կարիքը զգալ, թէ՛ իրենց մտային յագեցման եւ թէ զարգացած հեթանոսները դարձի բերելու համար։ Անոնք պղատոնական փիլիսոփայութիւնը ամենէն յարմարը գտան»։ Այսպիսի երկու փիլիսոփաներ, շատ մեծ ազդեցութիւն բանեցուցին Քրիստոնեայ Աշխարհի վարդապետութիւններուն վրայ։ Անոնցմէ մէկն էր Աղեքսանդրիոյ Որոգինէսը, իսկ միւսը՝ Հիպպոյի Օգոստինոսը։ Երկուքն ալ խորապէս ազդուած էին Պղատոնի գաղափարներէն եւ այս գաղափարները քրիստոնէական ուսուցումներուն հետ միաձուլելու նպաստեցին։
22. Հոգիի անմահութեան ուսուցումը ի՞նչպէս կարեւոր տեղ մը գրաւեց Իսլամութեան մէջ։
22 Մինչ Հրէականութեան եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ հոգիի անմահութեան գաղափարը պղատոնական ազդեցութեան պատճառաւ մտած էր, Իսլամութեան մէջ այդ գաղափարը սկիզբէն իսկ կերտուած է։ Մահմետականներու սուրբ գիրքը՝ Գուրանը, կը սորվեցնէ որ մարդը հոգի մը ունի, որ մահուընէ ետք կը շարունակէ ապրիլ։ Անիկա նաեւ կը խօսի հոգիին վերջնական ճակատագրին մասին. կա՛մ երկնային դրախտ պարտէզի մը մէջ կեանք, եւ կամ կրակոտ դժոխքի մը մէջ՝ պատիժ։ Ասիկա չի նշանակեր որ Արաբ ուսումնականները չեն փորձած իսլամական ուսուցումները եւ յունական փիլիսոփայութիւնը միաձուլել։ Արդարեւ, արաբական աշխարհը ազդուած էր Արիստոտէլի գործերէն։ Իսկ հոգիի անմահութիւնը կը շարունակէ իսլամական հաւատալիք մը մնալ։
23. Մահուընէ ետք կեանքի մասին հետաքրքրական ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածով։
23 Յստակօրէն, աշխարհի տարածքին կրօնքները շփոթեցուցիչ հաւատալիքներու շարք մը զարգացուցած են Անդէնականին շուրջ, հիմնուելով այն ուսուցումին վրայ թէ հոգին անմահ է։ Այո, այսպիսի հաւատալիքներ ազդած, նոյնիսկ տիրապետած եւ գերեվարած են միլիառաւոր անհատներ։ Այս բոլորին հետ դէմ առ դէմ գալով, հարկը կը զգանք հարցնելու. Մահուընէ ետք պատահելիքին շուրջ ճշմարտութիւնը կրնա՞նք գիտնալ։ Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ ունի ըսելիք այս մասին։ Ասոնք նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածով։
[Ստորանիշ]
a Էլ–Ամառնան եգիպտական Ախէթաթուն քաղաքի աւերակներուն վայրն է, որ կը կարծուի կառուցուած ըլլալ Հ.Դ.Ա. 14–րդ դարուն։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Գրեթէ բոլոր կրօնքներուն մէջ, հասարակաց եղող ի՞նչ բնաբան կը գտնուի մահուընէ ետք կեանքի մասին։
◻ Պատմութիւնը եւ Աստուածաշունչը ի՞նչպէս վաղեմի Բաբելոնին կը մատնանշեն, որպէս անմահ հոգիի վարդապետութեան ծննդավայրը։
◻ Արեւելեան կրօնքները ի՞նչ կերպով ազդուեցան բաբելոնական անմահ հոգիի հաւատալիքէն։
◻ Հոգիի անմահութեան ուսուցումը ի՞նչ կերպով մուտք գործեց Հրէականութեան, Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ Իսլամութեան մէջ։
[Նկար՝ էջ 24]
Մեծն Աղեքսանդրի նուաճումները յունական եւ հրէական մշակոյթները միաձուլելու նպաստեցին
[Նկար՝ էջ 25]
Օգոստինոս ջանաց պղատոնական փիլիսոփայութիւնը Քրիստոնէութեան հետ միաձուլել
[Նկարներուն աղբիւրները]
Alexander։ Musei Capitolini, Roma; Augustine։ From the book Great Men and Famous Women