Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 5/1 էջ 32
  • Տասը պատուիրանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Տասը պատուիրանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 5/1 էջ 32

Տասը պատուիրանները

ԱՆԳԼԻՈՅ Կլուսէսթըրի եպիսկոպոսը երեւան հանեց թէ իր թեմի կղերականներուն աւելի քան կէսը, չէին կրնար Տասը Պատուիրանները գոց ըսել, իսկ 10 առ հարիւրը չէր գիտեր թէ անոնք Աստուածաշունչին մէջ ո՛ւր կը գտնուին։ Սակայն, ասիկա 450 տարի առաջ էր։ Անկէ ի վեր պարագան բարելաւուա՞ծ է։ Ո՛չ. ինչպէս ցոյց տրուած է Անգլիքան կղերներու մէջ Սանտէյ Թայմզ–ի վերջերս կատարած պատահական մէկ փորձագիտանքով։

Փորձագիտանքին մասնակցող 200 կղերներէն, միայն 34 առ հարիւրը կրցաւ Տասը Պատուիրաններուն բոլորը գոց ըսել։ Իսկ մնացածներուն մէջ կար մէ՛կը, որ կը խորհէր թէ այս Պատուիրանները շատ բացասական են, իսկ ուրիշ մը, ըսաւ թէ անոնք լուրջի պէտք չէ առնուին, քանի որ չեն յարմարիր բարոյական արդի խնդիրներուն։

Տասը Պատուիրաններուն ծանօ՞թ էք, կամ գիտէ՞ք անոնք ո՛ւր կը գտնուին։ Անոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչի երկրորդ գրքին՝ Ելիցին, 20–րդ գլուխին առաջին 17 համարներուն մէջ։ Հաճեցէք զանոնք կարդալ։ Ահաւասիկ պարզ կերպ մը զանոնք դասաւորելու։ Առաջին չորսը Աստուծոյ պաշտամունքին հետ առնչութիւն ունին, հինգերորդը ուշագրաւ կը դարձնէ ընտանեկան կեանքը, վեցերորդէն մինչեւ իններորդը ընկեր արարածին հետ մեր յարաբերութեան հետ կապ ունին, իսկ տասներորդը յատուկ է՝ մեզ կը մղէ որ մեր սրտին մէջինը երեւան հանենք եւ մեր շարժառիթները քննենք։ Ահաւասիկ հակիրճ ամփոփում մը, թէ Քրիստոնեաները ի՛նչպէս կրնան այս սկզբունքները կիրարկել։

Առաջին. Մեր Ստեղծիչին բացարձակ պաշտամունք մատուցանեցէք։ Երկրորդ. Պաշտամունքի մէջ կուռքեր մի՛ գործածէք։ Երրորդ. Աստուծոյ անունը միշտ յարգեցէք ու պատուեցէք։ Չորրորդ. Ժամանակ տրամադրեցէք հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալու, ժամակորուստ չըլլալով։ Հինգերորդ. Ո՛վ զաւակներ, ձեր ծնողները յարգեցէք։ Վեցերորդ. Մի՛ սպաննէք։ Եօթներորդ. Շնութենէ խուսափեցէք։ Ութերորդ. Մի՛ գողնաք։ Իններորդ. Ճշմարտութիւնը խօսեցէք։ Տասներորդ. Ընչաքաղցութենէ զգուշացէք։

Տասը Պատուիրանները Մովսէսի տրուած օրինագրքին մաս կը կազմէին։ Սակայն անոնց բովանդակած սկզբունքները ժամանակի սահմանափակուած չեն։ (Հռովմայեցիս 6։14. Կողոսացիս 2։13, 14) Այս պատճառաւ, Յիսուսի հետեւորդները Տասը Պատուիրաններէն մէջբերեցին եւ անոնց ակնարկեցին։ (Հռովմայեցիս 13։8-10) Կեանքը որքա՜ն աւելի ուրախ եւ ապահով պիտի ըլլար, եթէ բոլոր մարդիկ այս ներշնչուած սկզբունքները յարգէին եւ անոնց համաձայն ապրէին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել