Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 11/15 էջ 13
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Հին կտակարան»ը որքա՞ն արժանահաւատ է
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Վստահէ մեր Առաջնորդին՝ Քրիստոսին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Գիտէի՞ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Երիքովի պարիսպները
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 11/15 էջ 13
Քահանաները փողերը կը հնչեցնեն, Յեսուն եւ ժողովուրդը կ’աղաղակեն ու Երիքովի պարիսպները կը սկսին փլիլ

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԷՆ

Ի՞նչ փաստ կայ թէ վաղեմի Երիքով քաղաքին պաշարումն ու գրաւումը երկար չտեւեց։

Ըստ Յեսու 6։10-15, 20–ին, իսրայէլացիները վեց օր Երիքովի շուրջ պտըտեցան, օրը մէկ անգամ։ Եօթներորդ օրը անոնք եօթը անգամ դարձան քաղաքին շուրջ, եւ Աստուած պատճառ դարձաւ որ Երիքովի ահեղ պարիսպները վար իյնան, իսրայէլացիներուն թոյլ տալով որ քաղաքը մտնեն եւ գրաւեն։ Հնագիտութիւնը կը փաստէ՞ որ Երիքովի պաշարումը կարճ տեւեց, ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ։

Վաղեմի ժամանակներուն, սովորական էր որ զօրքը պարսպապատ քաղաք մը պաշարէր, առաջ որ վրան յարձակէր։ Եթէ պաշարումը երկար տեւէր, քաղաքին մարդիկը իրենց պահած ուտելիքներուն մեծամասնութիւնը կ’ուտէին։ Երբ զինուորները վերջապէս քաղաքը գրաւէին, ատոր հարստութիւնները կ’առնէին, մէջը ըլլալով մնացած ուտելիքները։ Այս պատճառով հնագէտները շատ քիչ ուտելիք կամ ոչ մէկ ուտելիք գտած են պաղեստինեան քաղաքներու աւերակներուն մէջ։ Սակայն գալով Երիքովի աւերակներուն, անոնք մեծ քանակով ուտելիք գտած են։ Պարբերաթերթ մը կ’ըսէ. «Կաւեղէնէն զատ, աւերակներուն մէջ ամէնէն շատ հատեղէն գտնուած է. . . Ընդհանրապէս, կարելի է որ մէկ–երկու կուժ հատեղէն գտնուի, բայց այսպիսի մեծ քանակով հատեղէն գտնուիլը բացառութիւն է» (Biblical Archaeology Review)։

Ըստ Աստուածաշունչին, իսրայէլացիները լաւ պատճառ ունէին որ Երիքովի հատեղէնը չառնէին. Եհովա՛ն իրենց պատուիրած էր որ չառնեն (Յես. 6։17, 18)։ Իսրայէլացիները գարնան եղանակին յարձակեցան, հունձքէն անմիջապէս ետք, երբ հատեղէնին պաշարը շատ կ’ըլլար (Յես. 3։15-17. 5։10)։ Երիքովի մէջ մեծ քանակով հատեղէն մնալը ցոյց կու տայ, որ իսրայէլեան պաշարումը կարճ տեւեց, ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել