Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/03 էջ 1
  • Խոնարհութիւն Պահանջող Գործ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Խոնարհութիւն Պահանջող Գործ մը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իսկական խոնարհութիւն մշակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Եհովան իր խոնարհ ծառաները կ’արժեւորէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Յիսուսի օրինակելի խոնարհութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ընդօրինակուելու արժանի խոնարհութեան տիպարներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 1/03 էջ 1

Խոնարհութիւն Պահանջող Գործ մը

1 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ ‘խոնարհ ըլլանք. չարի փոխարէն չար բան չհատուցանենք, . . . այլ, ընդհակառակն, օրհնենք’։ (Ա. Պետ. 3։8, 9, Երուսաղէմ) Այս խրատը վստահաբար կը կիրարկուի քարոզչութեան գործին։ Արդարեւ, քրիստոնէական ծառայութիւնը կրնայ մեր խոնարհութիւնը փորձի ենթարկել։

2 Խոնարհութիւնը յատկութիւն մըն է, որ մեզի կ’օգնէ անախորժ պարագաներու տոկալու։ Երբ կը քարոզենք, անկոչ կերպով օտարներու կը մօտենանք, գիտնալով որ ոմանք ազնուօրէն պիտի չվարուին։ Այսպիսի վերաբերմունքի մը դիմաց քարոզելը խոնարհութիւն կը պահանջէ։ Շատ դժուար թաղամասի մը մէջ, երկու ռահվիրայ քոյրեր երկու տարի ամէն օր դռնէ դուռ գացին եւ ոչ ոք դուռը բացաւ։ Սակայն անոնք յարատեւեցին եւ ներկայիս այդ շրջանին մէջ երկու ժողովք կայ։

3 Կոշտութեան Հետ Գլուխ Ելլել. Խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ Յիսուսը ընդօրինակելու, երբ ուրիշներ անազնիւ կամ անքաղաքավար ըլլան։ (Ա. Պետ. 2։21-23) Տան մը առջեւ քոյր մը նախատուեցաւ, նախ՝ կնոջ, ապա՝ անոր ամուսնոյն կողմէ, որ քրոջ հրամայեց որ տունէն հեռանայ։ Քոյրը պարզապէս ժպտաց եւ ըսաւ թէ կը յուսար ուրիշ անգամ իրենց հետ խօսիլ։ Ասիկա ա՛յնքան տպաւորեց ամոլը, որ իրենց այցելող յաջորդ Վկային մտիկ ըրին եւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովի մը ներկայ գտնուելու հրաւէրը ընդունեցին։ Նախապէս մերժուած քոյրը, Սրահին մէջ զիրենք դիմաւորեց եւ անոնց յաւելեալ վկայութիւն տուաւ։ Մենք ալ կրնանք չընդառաջող անհատներու հակառակութիւնը մեղմացնել, ‘հեզութիւն ու երկիւղածութիւն’ ցուցաբերելով։—Ա. Պետ. 3։15. Առ. 25։15

4 Ամբարտաւանութենէ Խուսափեցէք. Մեր ունեցած Աստուածաշունչի գիտութիւնը պատճառ մը չէ որ ուրիշները մեզմէ ստորադաս նկատենք, կամ անոնց մասին արհամարհական խօսքեր ըսենք։ (Յովհ. 7։49) Ընդհակառակը, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը խրատէ որ ‘մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընենք’։ (Տիտ. 3։2) Երբ սրտով խոնարհ ըլլանք, ինչպէս Յիսուս էր, ուրիշները կը թարմացնենք։ (Մատթ. 11։28, 29) Խոնարհ մօտեցում մը մեր պատգամը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ։

5 Այո, խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ որ դժուար թաղամասերու մէջ յարատեւենք։ Անիկա կրնայ չընդառաջող անհատները մեղմացնել եւ ուրիշները Թագաւորութեան պատգամին հրապուրել։ Ամէն բանէ աւելի, անիկա Եհովան կը հաճեցնէ, որ «խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։—Ա. Պետ. 5։5

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել