Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աբ դաս 3 էջ 5
  • Աստուծոյ մասին պէտք է սորվիք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ մասին պէտք է սորվիք
  • Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կրնա՛ս Եհովայի բարեկամը ըլլալ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուած կը հրաւիրէ ձեզ որ իր բարեկամը ըլլաք
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Ի՛նչպէս գտնել ճշմարիտ կրօնքը
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Ի՛նչպէս կրնաք մշակել բարեկամութիւններ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
աբ դաս 3 էջ 5

ԴԱՍ 3

Աստուծոյ մասին պէտք է սորվիք

Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, պէտք է իր մասին սորվիք։ Ձեր բարեկամները ձեր անունը գիտեն ու զայն կը գործածե՞ն։ Անշուշտ։ Աստուած կ’ուզէ որ իր անունը գիտնաք ու զայն գործածէք։ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ (Սաղմոս 83։18. Մատթէոս 6։9) Պէտք է նաեւ սորվիք ինչ որ ան կը սիրէ ու չի սիրեր։ Պէտք է գիտնաք թէ որո՛նք են իր բարեկամները եւ որոնք են իր թշնամիները։ Ժամանակ կ’առնէ, մինչեւ որ մէկը ճանչնանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ իմաստութիւն է ժամանակ տրամադրել, Եհովան ճանչնալու համար։—Եփեսացիս 5։15, 16

Աստուծոյ բարեկամները կ’ընեն ինչ որ իրեն հաճելի է։ Ձեր բարեկամներուն մասին խորհեցէք։ Եթէ դուք անոնց հետ լաւ չվարուիք եւ անոնց ատած բաները ընէք, անոնք պիտի շարունակե՞ն ձեր բարեկամները մնալ։ Անշուշտ ո՛չ։ Նոյնպէս ալ, եթէ կ’ուզէք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, պէտք է ընէք ինչ որ իրեն հաճելի է։—Յովհաննու 4։24

Ընտանիք մը նեղ պարսպի մը քով կանգնած՝ կը նային թէ մարդիկ ինչպէ՛ս նեղ ճամբայէ մը կ’անցնինA family stands beside a narrow gate and looks at people on a cramped road

Բոլոր կրօնքները Աստուծոյ հետ բարեկամանալու չեն առաջնորդեր։ Յիսուս՝ որ Աստուծոյ ամենամտերիմ բարեկամն է, երկու ճամբու մասին խօսեցաւ։ Մէկ ճամբան լայն է եւ անոր մէջ շատ մարդ կայ։ Բայց այս ճամբան կորուստի կ’առաջնորդէ։ Միւս ճամբան նեղ է եւ անոր մէջ քիչ մարդիկ կը քալեն։ Բայց անիկա յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Ասիկա կը նշանակէ որ եթէ կը փափաքիք Աստուծոյ հետ բարեկամ ըլլալ, զինք պաշտելու շիտակ կերպը պէտք է սորվիք։—Մատթէոս 7։13, 14

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել