Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 25
  • Երկրի վրայ ինչպէ՞ս խաղաղութիւն պիտի ըլլայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երկրի վրայ ինչպէ՞ս խաղաղութիւն պիտի ըլլայ
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Իսկական խաղաղութիւն. ո՞ր աղբիւրէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Իսկական խաղաղութիւն փնտռեցէք եւ անոր ետեւէն գացէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 25
Տարբեր էթնիկ խումբերու պատկանող մարդիկ

Երկրի վրայ ինչպէ՞ս խաղաղութիւն պիտի ըլլայ

Աստուածաշունչին պատասխանը

Աստուծոյ Թագաւորութի՛ւնը երկրի վրայ խաղաղութիւն պիտի բերէ, եւ ոչ թէ մարդիկ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է, որուն Թագաւորը Յիսուս Քրիստոս է։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ այս հրաշալի յոյսին մասին։

  1. Աստուած «պատերազմները [պիտի] դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» եւ այսպիսով պիտի կատարէ իր այս խոստումը. «Երկրի վրայ խաղաղութիւն, անոր բարեհաճութիւնը ունեցող մարդոց մէջ» (Սաղմոս 46։9. Ղուկաս 2։14, ՆԱ)։

  2. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկինքէն պիտի իշխէ ամբողջ երկրի վրայ (Դանիէլ 7։14)։ Համաշխարհային կառավարութիւն ըլլալով, ատիկա ազգայնականութիւնը մարդոց սրտերէն պիտի ջնջէ, քանի որ շատ մը խնդիրներու բուն պատճառն է։

  3. Աստուծոյ Թագաւորութեան Կառավարիչը ըլլալով, Յիսուս կը կոչուի «Խաղաղութեան Իշխան»։ Ան վստահ պիտի ըլլայ որ ‘խաղաղութեան սահման չըլլայ’ (Եսայի 9։6, 7)։

  4. Աստուած պիտի չձգէ որ իր Թագաւորութեան իշխանութեան տակ ապրին մարդիկ, որոնք միտքերնին դրած են շարունակել պատերազմիլ, քանի որ «[Աստուած] կ’ատէ... բռնութիւն սիրողը» (Սաղմոս 11։5. Առակաց 2։22)։

  5. Աստուած իր ծառաներուն կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս խաղաղութեամբ ապրիլ։ Այդ դաստիարակութեան արդիւնքը նկարագրելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Եսայի 2։3, 4)։

Աշխարհի չորս կողմը, արդէն իսկ միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ Աստուծմէ կը սորվին խաղաղարար ըլլալ (Մատթէոս 5։9)։ Թէեւ շատ մը տարբեր էթնիկ խումբերու կը պատկանինք եւ աւելի քան 230 երկիրներու մէջ կ’ապրինք, մենք կը մերժենք զէնք բարձրացնել մեր ընկեր արարածին վրայ։

Այսօր, Եհովայի վկաները կը սորվին ինչպէ՛ս խաղաղարար ըլլալ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել